«ՀՄԸՄ պարտէզ»ին ճամբաներով

September 4, 2021
Ենիշեհիր, Անտիոքի շրջան. գիւղացիներ ֆութպոլ կը խաղան: Լուսանկարը՝ houshamadyan.org-ի:

Մարզական «ամէնաթիթիզ» ֆութպոլի տարազով կեցած եմ շէնքիս առջեւ։ Ըսեմ, որ այդ տարուայ իմ մտայնութեամբս «թիթիզ տարազ» կը նշանակէր ՀՄԸՄ-ի նարնջագոյն քազակը, կապոյտ շորթը, մինչեւ ծունկ կարմիր գուլպան․ եռագոյն դրօշն էր։ Բայց միշտ կը մտածէի՝ ինչո՞ւ հակառակ ընտրած են գոյները, ու մանկական տրամաբանութեամբ պատասխանս կ’ըլլար՝ կ’երեւի` նարնջագոյն գուլպայ ճարելը դժուար էր այդ ժամանակ։ Լաւ, ֆանֆարին ձայնը արդէն ամբողջ Ազիզիէով լեցուած է, ու սա կը նշանակէ՝ ֆանֆարի խումբը փորձ ունի։ Ու աս ալ կը նշանակէ, որ մեր տունին մօտ՝ «ՀՄԸՄ պարտէզ»ին ետեւի մեծ սեւ դուռը բաց կրնայ ըլլալ։ Երկու քայլով արդէն հասեր եմ Մաղսալէթ Հաֆֆարին քով, եւս երկու քայլ՝ Մաֆրուշաթ Թորոս, ու դիմացս է արդէն մեծ սեւ դուռ մը։ Այս դուռը շատ քիչ բաց տեսած եմ. քանի մը անգամ երեւի, երբ մեր աւազի ֆութպոլի դաշտին վրայ սիրքը կու գար, կամ երբ քանի մը անգամ առեւտուրի մեծ պետական ցուցահանդէս եղաւ։ Դռան վերը երկաթէ շինուած չորս մեծ տառեր կան՝ Հ Մ Ը Մ ։ Հ-ին ճիշդ տակը պզտիկ դուռ մը կար, ու հիմա կարծես թէ բաց է։ Դուռը կը բանամ ու հպարտ-հպարտ ներս կը յայտնուիմ։ Ձախ կողմին վրայ ֆանֆարի խումբը կեցած է լռիւ կազմով։ Ետեւնին մեր ֆութպոլի աշպալ՝  «կորիւններ»ու խումբին սենեակն է։ Եղբայր Տիգրանը չափ կու տայ ու հազիւ սխալ նոթ  մը կը հնչէ՝ ձեռքի արագ նշանով մը կը դադրեցնէ նուագը։ Այս պահէն է, որ ես կ’օգտուիմ ու ձախ կողմէն կը վազեմ դէպի մեր սենեակը։ Ի միջի այլոց ըսեմ՝ մեր սենեակին ճիշդ կողքը ֆանֆարի վարչութեան սենեակն էր։

Դէպի աջ կողմ՝ պզտիկ զառիվարէ մը յետոյ կը սկսի մեր աւազէ ֆութպոլի դաշտը։ Կարծեմ աշխարհի ամէնատարօրինակ ֆութպոլի դաշտն է անիկա։ Դեռ առիթ կ’ունենամ պատմելու այս դաշտին մասին։ Նախքան դաշտին առաջին կոլը՝ դարպասը հասնիլը, հոն՝ ետեւը, ինչ որ անկիւն մը շատ մեծ երկաթէ կաթսայ մը կայ։ Այս կաթսան եթէ լեզու ունենար՝ շատ բաներ կը խօսէր։ Շատ յաճախ մէջը կը պահուըտէինք փիփ խաղալու ժամանակ, աւազ կը լեցնէինք, քերմեսի ժամանակ կ’օգտագործուէր որպէս կազոզի մեծ սառնարան։ Նոյնիսկ տարի մը, կը յիշեմ, լաւ մը մաքրելէն վերջ, պարտէզին տիկինները իրենց ճաշերը պատրաստելու համար օգտագործեցին։ Հիմա տխուր-տխուր անկիւնը նետուած է։

Առաջին կոլին՝ դարպասին քովն եմ. երեւի գաղտնիք մը չէ եթէ ըսեմ, որ ֆութպոլի դաշտը ուղղանկիւն պէտք է ըլլայ, սակայն մեր դաշտը այդպէս չէ. աւելի ճիշդ՝ մէկ կողմը ուղղանկիւն է, իսկ միւս կողմը՝ սենեակներ, դռներ, պատուհաններ, ջուրի ծորակ, է՛հ, եւայլն․․․ Ու հիմա քալելով ձեզի հատիկ-հատիկ կը ծանօթացնեմ այս վայրը։ Կոլէն անցայ քանի մը  քայլ, ձախ կողմս սենեակի մը դուռը կար, որուն մուտքը պարտէզին մէջէն էր։ Առաջ այս սենեակը ֆութպոլիստներուն կը պատկանէր, յետոյ անցաւ իրենց գլխաւոր մրցակիցներուն՝ պասքեթպոլիստներուն։ Աս դուռը յետոյ ծեփեցին, փակեցին։ Քանի մը քայլ յետոյ կեդրոնական դուռ մը կայ՝ բանտի դռան նման՝ երկաթէ ձողերով պատրաստուած։ Շատ յաճախ այս դուռը կ’օգտագործէինք երկրորդ յարկ մագլցելու համար։ Այս դուռէն կ’երթանք դէպի «ՀՄԸՄ պարտէզ»ի ներքին բակը։ Բայց ես ձեզի խոստացայ, որ ֆութպոլի դաշտին մասին պիտի պատմեմ։ Դռան կողքը՝ ծուռ պատ մը, պատին մէջտեղը՝ պատուհան մը, դարձեալ բանտային հոգեբանութեամբ՝ երկաթէ ձողերով։ Ասոր ետեւը ֆութպոլի շապապի՝ երիտասարդական խումբին սենեակն էր։ Տարիներ յետոյ հոս ալ պիտի հաւաքուէինք, ժողով ընէինք ու պատրաստուէինք մեր մրցումներուն։ Այս պատին անկիւնը երեք հոգի նստելու սթրաթեժիք տեղ մը կար. միայն երեք հոգիի տեղ։ Ան որ կը յաջողէր հոս նստիլ ֆութպոլի խաղը դիտելու համար շատ բախտաւոր կը համարուէր։ Այս պատին հետ եթէ շարունակեմ քալել, արդէն դաշտը ֆութպոլի դաշտ կոչելը անիմաստ կը դառնայ, որովհետեւ լռիւ ուրիշ անկիւն մը կ’երթանք։ Այդ անկիւնն ալ ունէր երկու պատուհան։ Մէկը՝ դէպի հայրիկին սենեակը, միւսը՝ դէպի հայրիկին խոհանոցը։ Նոյն անկիւնին վրայ՝ ջուրի ծորակ և գետինը՝ երկար խորթում՝ խողովակ, որ յաճախ ամառը կ’օգտագործուէր աւազի դաշտը ջրելու համար։ Այնտեղ, պատին վրայ կը մնային երեք սենեակներ․ երկուքը՝ ՀՄԸՄ-ի գայլիկներուն, իսկ ամէնածայրինը՝ ֆութպոլի նաշիին՝ պատանեկան խումբին համար: Հոս ալ մէկ տարիի չափ վայելեր եմ։ Այս սենեակէն վերջ նորմալ պատ մը կու գայ, որ շատ յաճախ ֆութպոլի դաշտի թրիպունային դերը կը խաղար։ Ծայրը՝ քորների՝ անկիւնին տեղն է, կողքը՝ երկրորդ կոլը, կողքը՝ միւս քորների անկիւնը, ուր կար այս դաշտին ամէնահռչակաւոր աստիճանը։ Ինչո՛ւ կ’ըսեմ` հռչակաւոր, որովհետեւ երեւի ֆութպոլիստ մը չկայ, որ այս աւազի դաշտին վրայ փորձ ըրած ատէն չէ բարձրացած այս աստիճանին վրայ ու փողոցին նայելով չէ կանչած․ «թապէ, թապէ, մաալլեմ, շութա՛, շութա՛, լա հոն» («գնդա՛կը, գնդա՛կը, վարպետ, զարկ՝ նետէ դէպի հոս») ։ Այս էր իմ ժամանակուայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դաշտին պատկերը։ Իւրաքանչիւր աւազի հատիկ եթէ կարենար խօսիլ՝ անպայման յուշ մը կը պատմէր հազարաւոր երիտասարդներու մասին, որոնք ժամեր անցուցած են այս դաշտին վրայ։ Եւ ոչ թէ միայն ֆութպոլ խաղալով, այլեւ հազարումէկ խենթ-խենթ խաղեր` սկսած փիփէն, վերջացուցած «ուզուն էշակ»ով։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x