Շատ կարճ ճամբայ 2. վերելակէն պատշգամ

July 17, 2021
«Արամ Մանուկեան կեդրոն», Հալէպ

«Արամ Մանուկեան» շէնք կամ «Արամ Մանուկեան կեդրոն» կամ ճամբաներու խիտ խաչմերուկ․․․Շատ մարդոց ճամբաները այստեղ հանդիպած են ու /կամ բաժնուած։ Այս կառոյցը եթէ լեզու ունենար ու խօսելու կարողութիւն՝ ինչեր ու ինչեր պիտի պատմէր։

Ճիշդ հիմա վերելակին առջեւն եմ, հետս մէկը կայ, գիտեմ, որ ընկեր ասինչն է, բայց երբեք խօսակցութիւն չունիմ հետը։ Վերելակը եկաւ, դուռը բացի, «հրամէ՛, ընկե՛ր»․․Ընկերը հրամեց, վերելակին մէջ ենք, չարաճճիութեամբ կ’ըսեմ․ «3րդ յա՞րկ»․․․ «Այո»․․․ժպիտով կը սեղմեմ կոճակը՝ այսինքն, «գիտցայ քեզ ու գիտեմ ուր կ’ելլես կոր»։ Փամբուկչեանը կ’երգէ կոր ցած ձայնով։

․․․ Հասանք։ Դուռը կը բանայ ու ինձմէ առաջ կ’ելլէ ընկերը։ Ետեւէն զգոյշ կը նայիմ՝ ի՛նչ պիտի ընէ։ Դիմացի մեծ դռան աջ կողմը անդրֆոն կայ, կը սեղմէ, ո՞վ է․․․այո․․․դըննննն, դուռը կը բացուի ու ընկերը շատ արագ ներս կը յայտնուի, ․․․․լաւ, գործ չունիք, ուրիշ անգամ ձեզի կը պատմեմ այդ դռան ու այդ «ներս»ին մասին։ Հիմա եկէք շարունակենք իմ ճամբան․․․ ուրեմն դէպի ձախ պզտիկ ու սովորական դուռ մը կայ, ներս կը մտնես, ճիշդ դիմացդ քառակուսի երկար ջուրի սառնարան մըն է․ երկու ծորակ ունի, մէկը՝ դէպի վեր, միւսը՝ դէպի վար։ Մի քանի տարի յետոյ, երբ ես վարչական եղայ, մեր վարչութեան որոշումով այդ անթիք սառնարանը վերցուցինք ու տեղը սիրուն պահարան մը տեղաւորեցինք։ Հա ուալլա, այդ քայլը իմ օրերուս էր։

Մի քանի քայլ նեղ միջանցքին մէջ ու ձախ կողմի վրայ կը յայտնուի հայրիկ Ապու Կարոն. սենեականման շատ պզտիկ տարածք մըն էր անոր տնօրինածը՝ այս հրաշալի մարդը հոն ինչ գործեր կը տեսնէր։

Պզտիկ սառնարան, քովը նստելու տեղ, բայց աթոռ չէ՝ տակը գազոզի հին սնտուկ։ Կողքը Ապու Կարոյին աթոռն է, որ շատ յաճախ մեզի կու տար։ Սախխան, պահարան, լուացարան ու վերջ։ Ապու Կարոյին մենյուին մէջ կայ չորս տեսակ սենտվիչ՝ սուճուխ, պանիր, շոքոլա, իտալական, յաւելեալ՝ թէյ, սուրճ, քոլա ու անշուշտ տերպի։

«Բարեւ, Ապու Կարօ»․․․․

«Բարեւ, պապ»․․․․

Քալելով կ’ըսեմ՝ «Մէկ հատ իտալական, հաճիս, անօթի եմ, կու գամ կոր»․․․

Ճամբաս եթէ շարունակեմ՝ կը հասնիմ աջիս սենեակ մը. Կեդրոնական վարչութեան սենեակն է։ Ընդհանրապէս չէի սիրեր այդ սենեակը մտնել։ Ճիշդ քովը տեղական վարչութեան սենեակն էր՝ հոն ալ չէի սիրեր մտնել։ Դէ ո՞վ կը սիրէ վարչութիւններու հետ հանդիպիլ։ Բայց երբ արդէն վարչական դարձայ, այդ սենեակէն դուրս չէի ելլեր։

Հիմա եկէք շարունակեմ ճամբան. վարչութեան սենեակէն քանի մը քայլ առջեւ՝ աջ կողմս փոստարկղ մը կայ, վրան՝ «Փոթորիկ» պարբերաթերթին կողքը։ Ճիշդ դիմացը երկար-երկար սենեակ մը կայ՝ ժողովներու համար, իսկ աջ կողմը՝ մեր մեծ սրահը։ Պատի եզրին շարուած ճերմակ փլասթիքէ աթոռներ, իսկ պատին վրայ՝ հրաշալի տղոց նկարներ, որոնք մահ ու ազատութեան ընտրութեան առջեւ ընտրեր էին «մահը»։ Կար նաեւ մէկ սեղան, վրան՝ «Ազդակ»ը, «Գանձասար»ը եւ քանի մը այլ պարբերաթերթեր։ Անոր քով՝ նոր պէյպիֆուդի սեղան, դիմացը՝ փինկ-փոնկի սեղան, իսկ միւս կողմը՝ երկար պահարանը, պզտիկ գրադարանը, նոր ժապաւէն ու Ներսիկի ու Գառնիկի բոլոր քասէդները։ Սրահը հիմա պաս-պարապ է. լաւ է, որովհետեւ եթէ մէկը ըլլար՝ պիտի սկսէի փինկ-փոնկ խաղալ։ Ի միջի այլոց, այդ ժամանակ համոզուած էի, որ բոլոր ազգային տղաքը շատ լաւ փինկ-փոնկ կը խաղան կամ պէյպիֆուդ, որովհետեւ, գիտցածիս համեմատ, բոլոր նմանատիպ կեդրոններուն մէջ կամ փինկ-փոնկի սեղան կամ պէյպիֆուդ կայ…

«Սաղօ՛, պապ, սանտուիշդ պատրաստ է, ու՞ր բերեմ» ․․․․

«Ապու Կարօ՛, պալքօն, հաճիս»։ Պալքոնը չի նմանիր Հալէպի տուներու պալքոններուն, լուացք փռելու թելեր չունի, աթոռներ, օրօրոցներ նոյնպէս չկան, ընդամէնը լայն տարածք, ազատ քամի եւ բաց տեսարան։ Հիմա պալքոնն եմ, լման Հալէպը դիմացս է՝ խենթանալիք տեսարան։ Փակ աչքերով շատ լաւ կը յիշեմ։

«Մերսի, Ապու Կարօ»․․․

«Անուշ, տղաս»․․․․

«Ալա րասի»․․․

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x