Ճանապարհի բեմ՝ ձայն եւ տեսարան – 4

November 13, 2021
Քոլաժի խորքին՝ Aleppo room (circa 1600), Museum of Islamic Art, Berlin.

Չորրորդ ներկայացումն է արդէն, սիրելի՛ ընթերցող։ Նոյն ձեւով պիտի սկսիմ, բայց նոյն  ձեւով պիտի չաւարտեմ։ Առաջին տեսարանը Հալէպի հսկայ բեմին վրայ պիտի կատարուի, իսկ երկրորդ  ու վերջին տեսարանը պիտի ներկայացնեմ Շուէտի բեմէն։ Շատ չերկարեմ, ու եկէք սկսինք․ վարագոյրը բաց է։

Տեսարան առաջին՝

Վայրը՝ Հալէպի քիչ մը լայն թաղ մը կամ անկիւն մը, ուր տեղաւորուած է ձմերուկներով շինուած բուրգ մը կամ բուրգեր եւ կենդանի Ապուլհոլ[1] մը, որուն ձեռքը շատ յաճախ  երկար դանակ մը կ՛ըլլայ։

Ժամանակը՝ ամառնային որեւէ օր։ Նախընտրելի է, երբ արեւի տաքութեան ազդեցութիւնը կայ, բայց ինքը չկայ։

Դերասանները՝

Պապաս, որ հակառակ յոգնած ըլլալուն՝ սիրտը ճապաս[2] ուզեց թաղին անկիւնը տեղաւորուած ձմերուկի բուրգէն,

ես՝ հազիւ տասը տարեկան․ սատանան ու իր չարութիւնները արդէն բոյն դրած են աչքերուս եւ ուղեղիս մէջ։ Յոգնած եմ, բայց այդ բուրգը մօտէն տեսնելու ու շօշափելու փափաքը զիս կը գրգռէ,

վաճառող ամմոն[3]՝ որ դանակով Ապուլհոլ պիտի կոչեմ:

Գործողութիւն՝

Ես ու պապաս տունէն իջանք ու կ՛ուղղուինք դէպի մեր տան մօտ մատինաթ մալահիի[4] դիմացի մայթը, ուր, ինչպէս որ ըսի, կայ ձմերուկի երկու բուրգ ու մէջտեղնին՝ տարօրինակ տեսքով ու հագուստներով մարդ մը։ Ձեռքը երկար դանակ կայ։ Առաջին բուրգը, որ զիս աւելի կը հետաքրքրէ, բաղկացած է «կըբբըս-կլոր» ձմերուկներէ՝ կանաչ գոյնի ու խենթանալիք հաւասար ձեւով տեղաւորուած են վրայ վրայի։ Միւս բուրգին բաղադրութիւնը երկարաւուն հաւկթաձեւ ձմերուկներ են՝ բաց եւ գոց կանաչ գոյներով, որ զիս շատ չգրաւեց։ Հայրիկիս դիրքը երկու բուրգերուն մէջտեղն է, ուր դանակով Ապուլհոլը կեցած է։ Կը փորձեմ պապայէս հեռանալ ու մտքիս մէջ բոյն դրած սատանային թելադրանքով կը փորձեմ ձմերուկ մը ընտրել վարի շարքերէն, որ եթէ հանեմ տեղէն, ամբողջ բուրգը կը քանդուի։  Պապաս կարծես թէ կը լսէ սատանային ձայնը ու հայրական ձայնով կ՛ըսէ․ «Սաղօ՛, եկո՛ւր հոս, քովս կեցի՛ր, չդպնա՛ս բանի մը»։

Նոյն ժամանակ ինքը բուրգին վերի շարքերէն կըբբըս-կլոր ձմերուկ մը կը բռնէ ու կը սկսի դանակով Ապուլհոլին հետ զրոյցը․

«Ինչպէ՞ս են ձմերուկներդ, մուալլէմ (վարպետ)»։

Մտքիս մէջ կ՛ըսեմ, արդէն ջղայնացած պապայիս քիչ առաջուան հրամանէն․ « Բարեւ ունին, ինչպէ՞ս պիտի ըլլան ձմերուկները»։

Նոյն ժամանակ դանակով Ապուլհոլը ուրիշ ձմերուկ մը ձեռքը կը վերցնէ, վարպետօրէն թմբուկ նուագելու պէս կը զարնէ․ «Թըխ-թըխ»։ Պապաս ալ ինքն իրեն պակաս չզգալու համար իր ձեռքի ձմերուկին վրայ կը հարուածէ․ «Թըխ-թըխ»։ Հինգ երկվայրկեան երկուքը իրարու հետ համերաշխաբար եւ ներդաշնակօրէն՝ ականջները սրած «Թըխ-թըխ, թըխ-թըխ» կը նուագեն։ Մտքէս  կ՛ըսեմ․ «ԷԷԷԷ, յետո՞յ, ես ալ նուագե՞մ»։ Ներկայացումը կ՛աւարտի դանակով Ապուլհոլի խօսքով.  «Ալ սըքքին ու ալ տաուա՛[5], ասի լաւ է»,- նկատի ունենալով ձեռքի ձմերուկը։

Պապաս իր ձեռքի ձմերուկը զգուշօրէն կը վերադարձնէ տեղը ու կարծես յանձնուելով դանակով Ապուլհոլի կարծիքին՝ համաձայնութիւնը կը յայտնէ։ Յանկարծ դանակով Ապուլհոլը, շատ արագ ու վարպետօրէն ձեռքի երկար դանակով եռանկիւնաձեւ ճեղք մը կը գոյացնէ ձմերուկին մէջ։ Ապշած կը դիտեմ այդ շարժումը։ Մարդը այդ կտորը զգուշօրէն դուրս կը հանէ ու նոյն վարպետութեամբ եռանկիւնին գլուխը կը կտրէ ու կարմիր ձմերուկը կը հրամցնէ պապայիս։

«Տու’, Մուալլեմ, մըտլըլ ՛ասալ»[6]։

Պապաս առանց տատանելու կը համտեսէ ու ժպիտով դարձեալ կը յայտնէ իր համաձայնութիւնը։ Մտքէս կ՛անցնի, թէ այդ կտրուած եռանկիւնը ինչ պիտի ըլլայ հիմա։ Սակայն դանակով Ապուլհոլը նոյն վարպետութեամբ կրկին տեղը կը վերադարձնէ՝ կարծես բան մը չեր եղած։ Պապաս ձմերուկը կը շալկէ ու կրկին կ՛ուղղուինք տուն՝ վայելելու այս մեղրահամ ճապասը։ Հանդիսատեսները ուրախ են, մէկ մասը անօթեցաւ, միւս մասն ալ կ՛երեւի կը պատրաստուի երթալու ու ձմերուկ գնելու, իսկ ես Հալէպի բեմը կը փակեմ, վարագոյրը կ՛իջեցնեմ ու դադար մը կը յայտարարեմ, տեղափոխուելու համար այլ թատերաբեմ՝ աւելի պզտիկ, աւելի համեստ, որպէսզի ներկայացնեմ իմ վերջին տեսարանս։ Այս մէկը, ի տարբերութիւն նախորդ տեսարաններուն, պիտի ըլլայ մնջախաղ-մենախօսութիւն։

Երկար դադար, ճամբորդութիւններ, տեղափոխումներ, նոր միջավայր․․․․

Տեսարան երկրորդ

Վայրը՝ որեւէ տեղ կամ անկիւն, ուր Հալէպցի կայ, բայց այդ տեղը արդէն Հալէպ չի կոչուիր։

Ժամանակը՝ կարեւոր չէ, կամ ալ այն ժամանակն է, երբ տեսած իրականութիւնդ եւ երեւակայած յիշողութիւնդ իրարու խօսք կը զարնեն, իրարմէ կը նեղուին ու կը սկսին կռուիլ։

Դերասանները՝ միայն ես. մինակ եմ, բայց կը նմանիմ շատերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը այսօր յիշելով մեր բեմը ու հսկայ հանդիսատեսը՝ ստեղծած է իր փոքրիկ բեմը ու ունի սեղմ թիւով հանդիսատեսներ։

Գործողութիւն՝

Ներկայացումը մնջախաղ է․ ձայն կայ, բայց առանց զրոյցի, երեւակայութիւն կայ, բայց առանց աչքերու։ Կեցած եմ փոքրիկ տանս մեծ պատուհանին առջեւ, ձեռքս ունիմ  նէսքաֆէի պզտիկ կարմիր բաժակը։  Շուէտ եմ, դուրսը պաղ է, գեղեցիկ տեսարան պէտք է ըլլայ․ կոկիկ շարուած ծառեր՝ հաւասարաչափ ու ոչ նմանատիպ։ Կարծես՝ քաղաքին բնոյթը այդպէս է։ Աջ կողմս աւազան մը կայ, որ լեցուած է փափուկ ու գոյնով-չափով լաւ սերտուած աւազով։ Մէջը նստած է մէկ հատիկ ու մինակ երեխայ մը․ ան հագուած է հագուստ մը, որ սկզբունքով զինք պէտք է պաշտպանէ անձրեւէն, պաղէն, հովէն, բայց ոչ՝ առանձնութենէն, միւս կողմը՝ եօթանասունհինգ տարեկան «երիտասարդ» մը, որ կը փորձէ իր շան հետ վայելել կեանքը։ Ան մարզանքով կը փորձէ յաղթահարել անխուսափելի ծերութիւնը ու շունը ցատկռտելով կը փորձէ յայտնել այն միտքը, թէ «ես ուրախ ու երջանիկ եմ, ես դրախտի մէջ եմ»։ Տեսարանը հետաքրքրական է, բոլորն ալ ուրախ են, բայց մինակ․ պզտիկը՝ իր խաղերով, ծերուկը՝ իր մարզանքով ու վերջապէս շունը՝ իր դրախտով։ Ես ալ պատուհանիս ետեւէն կը հետեւիմ  սուսիկ-փուսիկ, միայն յիշողութիւնս է, որ երբեմն կ՛աղմկէ ու կը փորձէ զիս խանգարել․ երբեմն փողոցը փոքրիկներ կը յայտնուին կռիւի ժամանակ կամ ինչ-որ գնդակի մը համար, կամ անիմաստ գնդիկի մը համար, միւս կողմէն ծերուկներ կը յայտնուին՝ յոգնած, յանձնուած այդ նոյն ծերութեան։ Իսկ շուները՝ արդէն աւելորդ է նշելը։

Հանդիսատեսի թեթեւ ծափեր կը լսեմ ու ատոր համեմատ կը փորձեմ վարագոյրս կամաց-կամաց իջեցնել, այս անգամ, ինչպէս տեսաք՝ իմ փոքրիկ բեմիս վրայէն։

Վերջաւորութեան գրեմ, որ անյայտ ժամանակ մը յետոյ այդ ընդհանուր մեծ բեմը կը պզտիկնայ, տեսարաններն ու հանդիսատեսը կը տարածուին աշխարհով մէկ, կը ստեղծեն ինծի պէս իրենց սեփական բեմերը ու մէկ բան կը մնայ իրենց կապող՝ այդ հին, հզօր ու մեծ բեմը, որ Հալէպ կը կոչուէր, ուր ինչ-որ ժամանակ բոլորս կա՛մ­ դերասան եղած ենք, կամ հանդիսատես։

Խոնարհութեամբ՝

Սաղաթէլ

ՎԵՐՋ

[1] Ապուլհոլ՝ Սֆինքս

[2] Ճապաս՝ ձմերուկի ընդունուած անուանումը Հալէպի մէջ:

[3] Ամմօ՝ արաբերէնով ոեւէ տղամարդ ամմօ կը կոչեն, որ բառացի կը նշանակէ՝ հօրեղբայր:

[4] Մատինաթ մալահի՝ մանուկներու խաղավայր:

[5] «Ալ սըքքին ու ալ տաուա»՝ արաբերէն արտայայտութիւն, որ կը նշանակէ՝ դանակով կտրել ու յաճախորդին համտեսեցնել:

[6] «Տու’, Մուալլեմ, մըտլըլ ՛ասալ»՝ արաբերէն արտայայտութիւն, բառացի կը նշանակէ՝ «Համտեսէ  վարպետ, մեղրի պէս է»:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x