Շատ կարճ ճամբայ. դռնէ դուռ

July 9, 2021
Դրուագ մը՝ Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային տողանցքի աւարտին կայացած երգահանդէսէն (Յունիս 2021, աղբիւրը՝ Գանձասար շաբաթաթերթի ՖՊ էջ)

Տարբեր բառեր կան, զորս կարելի է օգտագործել ճամբաները նկարագրելու համար. կարճ ճամբայ, երկար ճամբայ, ծուռումուռ, հեշտ, դժուար, յիշատակներով խիտ, հոտերով հարուստ ճամբայ․․․․․․

Բոլոր այս ճամբաներէն կեանքիս մեջ ունեցած եմ։ Բայց այսօր ձեզի հետ կը քալեմ շատ-շատ կարճ ճամբայ մը՝ դռնէ դուռ։ Ճիշդ հիմա «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան շէնքի «Րիայէդ շապապի» կողմէն դռան առջեւն եմ. 3 աստիճան դէպի վեր, ձախ կողմը Ապու Եուսէֆը կեցեր է, հետաքրքրուած կը քննէ կոր՝ ծանօ՞թ է, թէ՞ անծանօթ։ Մի քանի քայլ առջեւ, աջ կողմս արդէն Արամ Մանուկեանի կիսանդրին է, իր մեծ պեխերով, ետեւը պատին՝ տարբեր-տարբեր ձեռնարկներու յայտարարութիւններ, ձախ կողմը՝ պահեստամաս, որ քանի մը տարի յետոյ պիտի ըլլար «Մեղրի» անուշավաճառը իր համով կաթոներով։ Իսկ աջ կողմը՝ «Դուին» ծաղկավաճառի խանութն է. այնտեղ է Հուրին, որ իր գեղեցիկ ժպիտով ու թաշխալայով փունջ մը ծաղիկ կը պատրաստէ կոր։ Դիմացս, ապակիէ դրան վրայ, դէպի ձախ, որպէս պաշտպանութեան առաջին գիծ օտարներու մուտքը արգիլելու համար արաբերենով պաստառ մը կախուած է ու վրան գրուած ”للأعضاء فقط” – «Մուտքը միայն անդամներուն»։

Դուռը բացի, մտայ։ Ձախ կողմս մէկ հատիկ «որբ» սառնարան, երկարաւուն, թափանցիկ ապակիէ դուռով, մէջը տեղաւորուած են կարմիր ժելոյի բաժակներ, քաստր եւ փուտինկ (այս մէկը նորություն էր այդ ժամանակ)։ Սառնարանին քով՝ եւս դուռ մը, որ կը հասցնէր «Թրքական դեսպանատուն» (այդ ժամանակ այսպէս կ’ըսէի զուգարաններուն)։ Աջ կողմը՝ կլոր-կլոր մեծ սեղաններ, որոնք ընդհանրապէս ազատ չէին մնար։ Հիմա բայց պիտի ենթադրեմ, որ ազատ է եւ միայն Ամմo Պետրոսը ինքը նստած է։ Այս հրաշալի ծերուկ մարդը շատ կը չարչարուէր մեր ձեռքէն։ Մարդը փրոֆեսիոնալ կարսոն էր, «Պարոն» պանդոկը կ’աշխատէր, քանի մը լեզու գիտէր, միշտ ժպտուն, ճերմակ քոստիւմը միշտ մաքուր, ինկած էր մեզի պէս «սէրսէրի» ջահելներու ձեռքը, որոնք կ’ուզէին ժամերով սեղանի վրա նստիլ առանց ինչ-որ բան ապսպրելու. «Ամմo Պետրոս, ժողով ունինք, հիմա կ’ելլենք»․․․․․․

Շարունակեմ ․․․․ ձախ կողմի թուալէթիի դուռէն վերջ, փայտէ պզտիկ ամպիոն մը. Սոնան հոն նստած է, կողքը երկու հատ հին հեռախoս ու դիմացը` ֆագդուրներ։ Սոնային ճիշտ կողքը պարն է՝ գունաւոր, տարօրինակ, անհասկնալի շիշեր, գոնէ այդ տարիքիս համար, էսպրեսսոյի գործիք, սուրճի գաւաթները վրան թարս շարուած և Ամմօ Մարտոն այնտեղ կեցած։ Պարին ճիշդ կողքէն մինչեւ յաջորդ դուռը շատ դանդաղ կը քալէի, կը փորձէի նայիլ դէպի աջ կողմը սրահին սեղաններուն շուրջ ո՞վ կայ․․․ ո՞վ չկայ։ Հա, յիշեցի, պարին ճիշդ քովը տուփ մը կար, որուն մէկ մասին վրայ ամրացուած էր հին հեռախօս մը, իսկ տակը՝ գանձանակի պէս բան մը։ Սուրիական նիքէլ կը դնէինք, կարծեմ մէկ «թուղթ» կամ երկու «թուղթ», որպէսզի թելէֆոն խօսինք։ Ինչքան քոյրեր, ընկերուհիներ այնտեղ տեսած եմ՝ խեղճուկ դէմքով կը փորձէին մամային բացատրել, որ «ժողովը ուշ տեւեց ու հիմա եղբայր ասինչը կամ ընկեր այդինչը («գիտես դուն իրենց, մամա, ․․․․») «ինծի պիտի հասցնեն»։

Պատին վրա նկար մը կար, բայց չեմ յիշեր կոր ինչ էր։ Կամաց-կամաց հասայ միւս ապակիէ մեծ դրան։ Աս դուռին հետաքրքրութիւնը այն էր, որ առջեւ-ետեւ կը բացուէր։ Նախքան բանալը ձեզի ըսեմ, որ ճիշդ դիմացս կայ քաուպոյական պարի դրան նման դուռ մը։ Ետեւը հիմակ ու հիմա պարապ է. այնտեղ ատեն ատեն խրախճանք կ’ըլլար, քանի մը տարի յետոյ պիտի ըլլար պիլիարի սրահ, իսկ յետոյ դառնար նոր «Սպիտակ» ճաշարան։

Ապակիէ դուռը անցայ, մէկ աստիճան դէպի վեր, ձախ կողմս պատին վրայ դարձեալ յայտարարութիւններ, դիմացս՝ աստիճաններ՝ մէկ մասը կը տանի դէպի դուրս, իսկ միւս մասը՝ դէպի վերի սրահները։ Աջ կողմս է վերելակը. երբ որ մտնէի հոն, միշտ թիւ 3 կոճակը կը սեղմէի։ Եկէք հիմա չսեղմեմ, որովհետեւ այդ երրորդ յարկը լրիւ ուրիշ աշխարհ է։ Այս կարճ, դռնէ դուռ ճանապարհը կեանքիս մէջ շատ մեծ դեր խաղցաւ։ Հալէպի բոլոր ճանապարհները վերը նշուած յատկանիշներով մեծ դեր խաղցեր են հալէպցիներու կեանքի մեջ։ ․․․․Շարունակելի․․․

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x