Ճանապարհի բեմ՝ ձայն եւ տեսարան – 3

November 6, 2021

Սիրելի՛ ընթերցող, արդէն երրորդ անգամն է, որ Հալէպ կոչուած հսկայ բեմին վարագոյրը կը բարձրացնեմ ու քեզի կը ներկայացնեմ ձայներ ու տեսարաններ այդ քաղաքին կեանքէն։ Քանի մը յիշեցում ընեմ, ու սկսինք։ Բոլորս ալ այստեղ եղած ենք ե՛ւ դերասան ե՛ւ հանդիսատես, իսկ տեսարանները իրարու հետ որեւէ կապ չունին։ Ներկայացումը սկսաւ, վարագոյրը արդէն բաց է։

Տեսարան առաջին՝

Վայրը՝ Հալէպի մէջ հանգիստ ու քիչ մը լայն թաղ մը, ուր կայ ալիմինիումէ[1] պալգոն [2] մը։

Ժամանակը՝ առաւօտ, նախաճաշի ժամանակ:

Դերասանները՝

Ես՝ հազիւ սկսած եմ «ոչ» ըսել, ու այդ արտայայտութեան արձագանգը վայելել։

Մայրս՝ զարմացած՝ լսելով իր 5-6 տարեկան զաւակին «ոչ»ը, չի գիտեր ինչ պէտք է ընէ այս երկու թիզ լակոտին հետ։

Գործողութիւն.

Պալգոնն ենք, ջղային ձեւով նստած եմ, դիմացս կայ, ըստ մամայիս ու թեթայիս, շատ օգտակար նախաճաշը, որ բնաւ չեմ սիրեր, կը ճննիմ[3] ու կը պայթիմ իրմէ՝ խաշուած հաւկիթ, տաք կաթ առանց որեւէ մէկ բանի ու կլոր փաթթուած ծիրանի անուշի սենտուիչ։ Արդէն 2-3 «ոչ» ըսեր եմ, ու ամբողջ հնարաւորութիւններս օգտագործեր եմ մերժելու համար այս նախաճաշը, բայց կարծես դեռ մամաս համբերատար կը փորձէ կոր հետս շարունակել։

«Քա տղաս, կե՛ր, համով է։ Կե՛ր, որ մեծնաս, զօրաւոր ըլլաս։ Եալլա, փորձէ՛»։

«Չե՛մ ուզեր, պիտի չուտեմ, համով չէ, չեմ ուզեր զօրաւոր ըլլալ, եաու, համով չէ»։

Մամաս երկար շունչ մը կ՛առնէ որպէս նշան համբերութեան աւարտին ու կը փորձէ նոյն ժամանակ ինչ-որ թեքնիք (հնարամատութիւն) գործածել այս յամառ, անդրանիկ զաւակին հետ։

«Նայի՛ր, հա, պիտի ուտե՛ս, քէֆիդ չէ։ Ամէն օր նոյն ֆիլիմը կ՛ընես, հայտէ նայիմ»։

«Չեմ ուզեր, պիտ’ չի, պիտ’ չի, պիտ’ չի», – կ՛ըսեմ շատ ինքնավստահ ու կը պատրաստուիմ արդէն աթոռէս իջնել ու ամէն անգամուան պէս վազելով փախիլ դէպի սենեակս, երբ յանկարծ կը պատահի մամայիս սպասածը․ փողոցէն յանկարծ տարօրինակ ու վախնալիք ձայն մը կը հնչէ․

«Ըլլի ՛անտօ աղրատ լըլպեա՛»[4],- երկուքս մէկ անգամէն կը սառինք ու վերջ կու տանք մեր անվերջ կռիւին։ Մամայիս աչքերը կը փայլին ու կարծես կ՛ըսեն․ «Հիմա կը տեսնես ծօ, պիտի չուտես, չէ՞»։

«Ահա եկաւ ամմոն, ահա ասապ ըլպէ՛ը[5]։ Ահա ադ ամմոն, որ չար պզտիկները տոպրակով կը տանի, մանաւանդ ա՛յն պզտիկները, որ մամային խօսքը մտիկ չեն ըներ»։

Ձայնը իսկապէս վախնալիք էր, առաւել՝ մամայիս ըսածը։ Աչք կը նետեմ դէպի փողոց․ մօրուքով ամմօ մըն է, ու իսկապէս ուսին վրայ կայ ճերմակ տոպրակ մը։ Կը վախնամ։ Ամմոն անգամ մը եւս կ՛արձակէ այդ ժամանակ ինծի համար անհասկնալի նախադասութիւնը․ «Ըլլի ՛անտօ աղրատ լըլպեա՛»։

Մաման նորէն կը կրկնէ․ «Ահա եկաւ, ահա եկաւ։ Տե՛ս, վեր ալ կը նայի կոր»։

Հայեացքս կը կեդրոնացնեմ․ իսկապէս վեր կը նայի կոր։

Առանց բան մը խօսելու, վազելով կ՛ուղղուիմ դէպի սենեակ ու սենեակէս կը շարունակեմ մանկական յեղափոխութիւնս նախաճաշին դէմ։

Տարիներ յետոյ ես ու հանդիսատեսը պիտի հասկնայինք այդ ամմոյին աշխատանքը, վախնալիք կանչին իմաստը, տոպրակին մէջինը եւ վեր նայելուն պատճառը։ Բայց նոյնն է՝ վախնալիք էր։

ԴԱԴԱՐ․․․․․

Տեսարան երկրորդ

Վայրը՝ մեծ դաշտ մը կամ դպրոցի մեծ բակ մը, ուր  բազմահազար մարդիկ կան, ու գլխաւոր վերնագիրը «Քերմես» է։

Ժամանակը՝ Հալէպի տաք ամառուան  մէջ չորս օր, շատ յաճախ՝ Հինգշաբթիէն Կիրակի տեղի կ՛ունենայ:

Դերասանները՝

Ես ու հետս կամաւորներու հսկայ բանակ մը,

Ռատիոկայանը՝ իր կազմով,

Սենտուիչ եւ խմիչք ծախող անկիւնը՝ իր կազմով,

Բազմահազար ժողովուրդ:

 

Յաւելուած– միջավայրը՝

Խաղեր, ֆիշեր[6], կէտեր ու երբեմն ալ՝ կռիւներ,

Երգեր, նուէրներ ու շատ յաճախ՝ սիրային-զգացական տրամաներ

Գործողութիւն.

Ամէն մարդ զբաղած է ըստ իր հետաքրքրութեան։ Կամաւորներու բանակը իր ժպիտով ու միատեսակ գազակներով, որոնք յաճախ կը կրեն սփոնսըրին (հովանաւորին) անունը, տարածուած է ամէն տեղ։

Պզտիկները չարաճճի հայեացքով տաղաւարէ տաղաւար կը վազեն։ Ամէն մէկուն ձեռքը կայ քանի մը ֆիշ,  ու գլխուն մէջ՝ յաղթելու որոշում․ որքան որ շատ կէտ հաւաքէ, աւելի լաւ նուէր կը շահի։

«Բադիկին խաղը[7] եկուր խաղանք»։

«Ծօ, չէ, ծօ, շատ դժուար է։ Եկուր վարունգ կտրելու խաղը[8] խաղանք, աւելի դիւրին է, կը շահինք»։

Անվերջ զրոյցներ ու մանկական պազարներ (սակարկութեան բանավէճեր) կէտեր հաւաքելու համար…

Միւս կողմէն, երիտասարդներ զբաղած են իրենց սիրած խաղով՝ նայուածքներ, աչքեր, արտայայտություններ ու վերջապէս, ռատիոկայանէն սիրային ու ռոմանթիք երգեր։ Ու կը սկսին. «Սագոյէն՝ կարմիր հագուող գեղեցիկ աղջկան» կամ «Գէորգէն՝ իր մէկ հատիկ սիրածին»․․․ ու անշուշտ երգ նուիրողներու շարքը երկար է։

Մէկ խօսքով՝ քերմես է, ու ամէն մարդ ուրախ է․ կամաւորները կ՛աշխատին, պզտիկները կը խաղան, անօթիները կ՛ուտեն ու կը խմեն, երիտասարդները երգեր կը նուիրեն, տնօրէնութիւնը հեռուէն նստած կը դիտէ ու գաղտնի ապահովական տղաքը կը հսկեն։ Յանկարծ սակայն կը պատահի թաշխալա (իրարանցում) մը, աջէն ձախէն կը լսուի՝ կռի՛ւ –կռի՛ւ, տնօրէնութիւնը ոտքի կը կենայ, իսկ ապահովականի տղաքը կը վազեն։ Ի՞նչ կայ, ո՞վ է, ի՞նչ կ՛ըլլայ կոր, յանկարծ կ՛ելլէ, որ բան մը չկայ․ երիտասարդ մը որոշած է, որ պարէ, իսկ ընկերները, շուրջը օղակ ընելով, զինք կը քաջալերեն ծափերով։ Գաղտնի ապահովականի տղաքը, որ այլեւս գաղտնի չեն, կը միջամտեն․

«Ընկե՛ր, չ՛ըլլար հոս պարես»։

«Ինչո՞ւ»։

«Ասանկ, չ՛ըլլար, հրաման է»։

Ու իսկապէս, պարող փայլուն երիտասարդը կը դադրի, ու քերմեսը կը վերադառնայ իր նախկին հունին՝ ֆիշեր, կէտեր, խաղեր, վախցած ու յոգնած բադիկ, սահող վարունգ, երգեր, կարգադրութիւններ։ Ու յանկարծ նորէն թաշխալա, կարծես աւելի մեծ, տնօրէնութիւնը ոտքի կը կենայ, ապահովական տղաքը, զորս այլեւս բոլորը կը ճանչնան, կը վազեն։ Կռի՛ւ-կռի՛ւ, ո՞ւր է-ո՞ւր է, հո՛ն-հո՛ն․․․ ու արդէն կռուողները տղոց ձեռքն են․

«Ի՞նչ կ՛ընէք կոր, ծօ՛»։

«Ընկերուհիիս նայեցաւ, խօսք զարկաւ»։

Կ՛ըլլայ-չըլլար, ամօթ է-ամօթ չէ, թաշխալա ու տասը վայրկեան յետոյ տնօրէնութիւնը արդէն իր  տեղը նստած է այս անգամ արդէն կռուող տղոց հետ միասին, ապահովական տղաքը իրենց դիրքերուն վրայ են, ու ամէն բան կը շարունակուի՝ կարծես բան մը չեղաւ։ Դերասանները լաւ են, հանդիսատեսին մէկ մասը՝ գոհ, միւս մասը՝ ոչ, մէկ մասը յաջող կապեր հաստատեց, միւս մասը պիտի սպասէ յաջորդ առիթին, իսկ ես արդէն պէտք է վարագոյրը իջեցնեմ պատրաստելու համար յաջորդ տեսարանը։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ

[1] Ալիմինիումէ պալգոն՝ պատշգամներ կային Հալէպ, որոնք ալիւմինիում մետաղով ու ապակիով փակուած կ՛ըլլային:

[2] Պալգոն՝ պատշգամ

[3] Ճննիլ՝ արաբերէն ծագումով՝ ջղայնանալ

[4] «Ըլլի ՛անտօ աղրատ լըլպեա՛»՝ արաբերէն արտայայտություն, որ բառացի կը նշանակէ՝ «Ան, որ ծախու ապրանք ունի»։

[5] Ասապ Ալպեա՛՝ այն մարդը, որը փողոցը շրջելով կը գնէ տուներէն գործածուած ապրանք շատ ցած գինով, ու միշտ ուսին կ՛ունենար մեծ տոպրակ մը։

[6] Ֆիշ – պզտիկ թուղթէ կտոր, որ կը գնուի տաղավարէն, քերմեսի ժամանակ, ու առիթ կու տայ մէկ անգամ խաղի մը մասնակցելու:

[7] Բադիկին խաղը հին խաղ մը կը համարուի, որուն նպատակը թենիսի գնդակի հարուածով զարնել է երկաթի կտորի մը ու բադիկը ձգել աթոռին վրայէն՝ վարը տեղաւորուած ջուրի մեծ ամանին մէջ։

[8] Վարունգ կտրելու խաղը դարձեալ քերմեսի հին խաղ մըն է։ Կը գործածուի շեղակի խողովակ մը, որուն մէջէն խաղցնողը վարունգը վերէն կը նետէր, իսկ  խաղցողը արագ սահող վարունգը պէտք է կտրէր։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x