Մեր այսօրուայ podcast-ին հիւրն է լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որ իր երաժշտական ուղիով կը համադրէ կատարողական արուեստը, մանկավարժութիւնը եւ հայ մշակոյթը։ Իր գործունէութեամբ, ան ոչ միայն կը ներկայանայ որպէս բեմական արուեստագիտուհի, այլեւ որպէս ձայնի մշակման եւ փոխանցման գործին մէջ ներգրաւուած մանկավարժուհի մը:
Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ երգելու հաճոյալի եւմթնոլորտ ստեղծելու, այլ նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ վերագտնելու կապը սփիւռքի մէջ հայերէն երգեր սորվելու եւ լեզուին հետ մտերմանալու։
Խաղերը շատ անգամ կրնան պարզ ժամանցէն աւելին ըլլալ։ Անոնք կրնան միջոց դառնալ մարդիկ իրարու մօտեցնելու, խօսակցութիւն խթանելու եւ նոյնիսկ լեզու մը կենդանի պահելու։
Վերջերս, Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան» հայագիտական ամբիոնը։ Այս նոր կառոյցը ոչ միայն ակադեմական նախաձեռնութիւն մըն է, այլ նաեւ՝ յիշողութիւնը, պատմութիւնը եւ հաւաքական կեանքը նոր ձեւով վերաիմաստաւորելու փորձ մը։
Մեր այսօրուած զրոյցը հրաւէր մըն է մտածելու՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի է այսօր ազատ երիտասարդ ըլլալ եւ միաժամանակ հոգեւոր, ինչպէ՞ս կարելի է երգով, մշակոյթով եւ ազատ ներկայութեամբ վերագտնել այն հոգեւոր տարածքը, որ շատերու համար կորսուած կը թուէր։
Լիլիթն եւ Թամարը կը խօսին իրենց նորութիւններուն եւ արեւմտահայերէնի եւ հայկական աւանդութիւններու շուրջ իրենց ստեղծած մթնոլորտին մասին:
Մեր այսօրուան հիւրն է Երուանդ Հաւարեանը՝ արուեստագէտ մը, որուն գործը սերտօրէն կապուած է Լիբանանի շարժապատկերի պատմութեան, քաղաքային յիշողութեան եւ ժողովրդական պատկերագրութեան հետ։
Տարբերակ21 հարթակի «Խօսինք ու լսենք« փոտքասթի հիւրն է լիբանանահայ հանրածանօթ բժիշկ Տոքթ. Փաուլօ Գազազեանը: Բայց տոքթ. Փաուլոն իր այս հանգամանքով չէ որ կը հիւրընկալենք այսօր:
Կը խօսինք Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններուն հետ՝ անդրադառնալով «Ayp to Zed»-ի ծնունդին, ուսուցման փիլիսոփայութեան եւ 20-ամեակի ցուցահանդէսին:
Մեր այսօրուան զրոյցին նպատակն է հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք AI-ի ուսուցման եւ կիրարկման քայլեր ձեռնարկել դպրոցներուն մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է ան դարձնել ուսուցման օգտակար գործիք, եւ ինչ փոփոխութիւններ կը սպասեն մեր դասարաններուն մէջ։
Տարբերակ21 հարթակի փոթքասթին հիւրն է մայսթրօ Վիգէն Չալեանը՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Երիտասարդական Նուագախումբին՝ The Youth Band-ին խմբավարը։
Ալինին հետ կը խօսինք շատ կարեւոր նիւթի մը՝ դպրոցներու մէջ bullying-ի մասին: Ծանօթ է, որ Bullying-ը ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ անհատներու, մանաւանդ աշակերտներու վրայ:
Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի հիւրն է աղեղնագործ Վիգէն Պօղոսեան՝ փաստօրէն միակ աղեղնագործը Լիբանանի եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:
«տարբերակ21» հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի հիւրերն են երկու երիտասարդ տաղանդաւոր երաժիշտներ եւ շնորհալի երիտասարդներ՝ Անտրիա Տեմիրճեանը եւ Ալեք Տօներեանը։
Լիբանանի Համազգային պարախումբի վաստակաշատ պարողներէն եւ պարուսոյցներէն Ճոն ծանօթ է շատերուն իր վաստակով եւ հայկական պարին իր նուիրումով:
Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի հիւրերն են Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան Հայ Համայնքներու Բաժանմունքէն Շողեր Մարկոսեանը եւ Գայիանէ Մածունեանը՝ միասնաբար քննարկելու INSPARK ծրագիրը:
Ըստ Պօղոս Քիւրտեանի, Եթէ վարձքերու նոր օրէնքը գործադրութեան դրուի, հին պայմանագրերով խանութներու վարձակալներուն մեծ մասը կը մնայ դուրս եւ կը դառնայ անգործ, ներառեալ՝ Պուրճ Համուտի խանութներուն:
Այս վէպին դէպքերը քաղուած են իրական կեանքէ. կը պատմէ Թէոտորա անունով դեռատի աղջնակի մը կեանքը, որ կքած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ու մանկական բռնութեան դառն ու ծանր ցաւերուն տակ։
Մեր այսօրուան հիւրն է ընկերային ծառայող եւ հոգեբան Ռաքէլ Քէչէճեանը. կը խօսինք Լիբանանի ժողովուրդին ապրած հոգական վիճակին մասին մասնաւորաբար պատերազմի ազդեցութեան տակ:
Կը զրուցենք Փիեռի բեմական ուղիին, իր ստեղծած կերպարներուն, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով աշխատելու փորձառութեան, եւ իր վերջին թատերախաղին՝ «Աշակերտ Պաթալ»-ին մասին։
Սէրուժին աննախընթաց համերգը՝ «Symphonic Folk»-ը շուտով պիտի կայանայ Երեւանի մէջ, Յուլիս 22-ին՝ Կարէն Տէմիրճեանի անուան համալիրին մէջ, Հայկական Պետական Սիմֆոնիք Նուագախումբի մասնակցութեամբ։
Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի հիւրն է Վահրամ Աղազարեանը՝ ստրուեստագէտ մը, որուն աշխատանքները միաժամանակ կը զարմացնեն եւ կը հիացնեն:
Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոթքասթին հիւրն է Երեւանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի դոկտ. Լեւոն Պարտագճեանը, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր կը ծառայէ եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին:
Շատեր Վահէն կը սիրեն իր հիւմըրին համար, խնդացնելուն համար: Բայց Վահէն շատ աւելին է քան մենախօսը, մեզ խնդացնողը: Վահէն ամբողջական արուեստագէտ է: