Կեանքի բոլոր յատկանշական օրերը կարծես Կիրակի օր եղած են:
Ու պատանի տարիներէս մէկուն, դարձեալ Կիրակի օր մըն էր, երբ ծննդավայրիս ֆութպոլի մեր խումբը պարտուեցաւ տեղական խումբէն, որմէ ետք դաշտէն, քալելով մեր ակումբը վերադարձանք գլխիկոր: Հիւանդագին երեւոյթ: Այո՛, «հիւանդ» եւ տխուր էինք, որովհետեւ կը հաւատայինք որ մեզի վայել չէր այս ամօթալի պարտութիւնը: Ե՛ւ անընդունելի… ե՛ւ անհաւատալի:
Ապա վերջը, դարձեալ ընկերներով, մեր ամբողջ վերադարձի ճամբուն երկայնքին, անխօս ու անհատնում մտածումներ շալկած, մեր ճամբան շարունակած եւ այս ձեւով հասած էինք մեր ակումբը, որուն դռան մուտքին արդէն համակիրներու եւ միութենականներու շատախօս աղմուկը ժխոռի վերածուած էր: Լսելի ձայներ, պոռչտուքներ, նոյնիսկ անվայել խօսքեր, որոնք լսողներու մտքերուն մէջ արմատներ կը նետէին, եւ նոյնիսկ մտածել ալ կու տային: Ուղղակի մեր գիտցած «պազար»ը:
Իսկ ներսը, ակումբի լայն բակին մէջ, աթոռներու վրայ յոգնած եւ ուժասպառ նստած խումբի խաղացողներուն շուրջ, հետաքրքիր ամբոխը, խառն եւ անկանոն շրջանակներ կազմելով, ուշադիր կը հետեւէր անոնց բարձրաձայն եւ վշտահար ձայնով այսօրուան պարտութեան յատուկ պատճառաբանութիւնները, տեսակէտներն ու ինքնարդարացումները: Պարզապէս ժխոր, ամբողջ բակէն ներս: Ապա մեր տարիքէն ծնունդ առած հետաքրքրութեամբ, մեր կարգին, մեր շուրջինները հրելով, հրմշտկելով, մենք ալ մասնակից դարձանք այդ շրջանակներէն մէկուն:
Ապշեցուցիչ երեւոյթ մը, որ նոյնքան կը խանգարէ ակումբի սովորական մթնոլորտը: Բացայայտ էր, թէ ծանր պարտութեան պատճառով ամբողջ ակումբը կ’ապրէր ներքին վիճակի ընդհանուր տագնապ մը: Ու ամէն կողմէ լսելի էին ենթադրութիւններու, արդարացումներու, նախապաշարումներու, եւ իրականութեան աղաղաղուած պատկերներու վրայ հիմնուած անհատնում եւ աղմկոտ խօսքեր, բառեր ու արտայայտութիւններ: Ուղղակի տագնապ: Անկասկած, մեր շուրջը, անկայուն ու անօրինակ կացութիւն մը կը տիրէր: Կարծես, ակումբի բոլոր սեղանները՝ աչք, եւ աթոռներն ալ՝ ականջ դարձած էին: Անոր համար էր, որ օրուան ճնշող մթնոլորտը, լեղիի համ տուած էր մեր կեանքին: Պարտուած էինք եւ յուզուած: Ահա թէ ինչո՞ւ զինաթափ կեցած, մտիկ կ’ընէինք ամէն տեսակի սուտ-իրաւ, արդարացի կամ զրպարտիչ խօսքերու, պատճառաբանութիւններու եւ արդարացումներու: Սակայն, ոչինչ կը հասկնայինք: Որովհետեւ, սեւն ու ճերմակը արդէն իրար խառնուած էին: Որովհետեւ, բոլորս ալ շուարած ըլլալով, արդէն կորսնցուցած էինք մեր ուրախութիւնը եւ մանաւանդ՝ մեր տրամաբանութիւնը:
Ու յանկարծ, չես գիտեր ուրկէ՞, եւ ինչպէ՞ս մեր «շրջանակին» մէջ յայտնուեցաւ, ակումբի մուտքին, կօշիկ ներկելիք փոքր տուփին ետեւ օրուան բոլոր ժամերուն ներկայ ներկարար՝ ամմօ Եղիշը:
Մարդ մը, որ յառաջացած իր այդ տարիքին, կրցած էր շրջանակն ու մեր աղմուկը պատռելով հասնիլ մինչեւ կեդրոնը, ու ճիշդ կանգ առնել խումբին պարտութիւնը բացատրող ֆութպոլիսին դիմաց:
Ծերուկը կը հեւար: Պահ մը կանգ առաւ, ապա զինք շրջապատողներուն վերէն-վար արհամարհական ակնարկ մը նետեց: Նայուածքին ծանրութիւնը զգացինք: Ապա, կարճ շունչ մը քաշելէ ետք, բարձրաձայն ըսաւ.-
-Հոս նայեցէ՛ք… պարտուեցանք, այո՛, սակայն չմեռանք…տակաւին «կը շնչենք»…ողջ ենք… մեղա՜յ, ծօ՛, այս ի՞նչ վիճակ է…դուք բոլորդ …ձեզի ի՞նչ ըսեմ…ձգեցէ՛ք…գացէ՛ք…:
Սակայն այսքանով ալ չգոհանալով, իր յանդուգն արտայայտութիւնը շարունակելով
այս անգամ խօսքը ուղղելով ուժասպառ ֆութպոլիստին.-
-Տղաա՜յ…մի՛ մոռնաա՜ր որ… գնդակը կլոր է…:
Հաստատօրէն իր ձայնին մէջ կար նաեւ հրահանգի մը ծանր շեշտը: Իր խօսքը ըսաւ մեծ գիւտարարի մը նման, արագ եւ յուսախաբ ձայնով: Այսչափ: Ու այս նախադասութիւնը, թէեւ քիչ մը յուզական քանի մը անգամներ կրկնեց, բայց շուտով հեռացաւ…կորսուեցաւ: Մարդը, իր «ըսելիքը» ըսած էր, յաղթական զինուորի նման ու արագ մը խոյս տուած, զինք շրջապատող մարդկային օղակէն:
Մեր կարգին, ու մեզի պէս միւսներն ալ, վայրկեանին չէինք կրցած հասկնալ, թէ ամմօն ի՞նչ ըսել կ’ուզէր, կամ ուզած էր…«գնդակը կլոր է»ով: Մեզի համար իրապէս որ բառերու անկանոն շարք մըն էր, թէեւ քիչ մըն ալ անհասկնալի ու նոյնքան ալ ծիծաղելի: Անոր համար, շուտով բոլորիս դէմքերուն վրայ բռնած էր անակնկալ զարմանքը: Իրարու երես նայեցանք: Իր շատախօսութեամբ զբաղեցնող ֆութպոլիստն ալ նոյնիսկ՝ լռած էր: Ամէն մարդ իր տեղը սառած մնացած էր: Իւրաքանչիւրս կարծես հաշտ չէինք մեր անձին հետ: Բոլորս ունէինք մեր հարցական դէմքերը: Տեսանելի էին:
Այդ մարդը խե՞նթ էր, ի՞նչ էր…կամ իրապէս որ խելքը կորսնցուցած էր…գնդակը կլոր է…միշտ կլոր եղած է…ո՞վ է հակառակը պնդողը…բայց …:
Ու թէեւ բոլորս ալ լռելեայն կ’ապրէինք օրուան պարտութեան տագնապն ու անկէ ծնունդ առած տառապանքը, սակայն այս մէկը ուղղակի նորութիւն էր, անհասկնալի, նոյնքան ալ տարրօրինակ, որ մեզ բոլորս այսպէս նետած էր նոր մտմտուքի մը մէջ:
Շատերու նման ես ալ «կորսուած» էի: Ես ալ իմ կարգիս, եւ այդ տարիքիս, բան մը չհասկնալով չորս կողմս սկսած էի նայիլ, բացատրութիւն մը պահանջող, աւելի ճիշդ պատասխան մը, պարզաբանում մը աղերսող նայուածքովս:
Ի՞նչ անուն կրնայի տալ այս երեւոյթին…չէի գիտեր: Նոյնպէս չէի գիտեր, թէ ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս «իրականութիւնը»: Մարդուն ձայնը եւ նախադասութիւնը դարձած էր հնչեղ, եւ տիրական, որ վայրկեանին մեր մտածումները սահմանած էր: Ըսի, շուարած էի: Ուրկէ՞ ո՜ւր «բուսած» էր այս մարդը: Յետոյ…է՛ն կարեւորը…ի՞նչ ըսել ուզած էր իր այդ «գնդակը կլոր է»ով: Արդեօ՞ք ուզած էր «գնդակը կլոր է»ով մեզ լռեցնել: Ինչո՞ւ… ըսէ՛ք…ինչո՞ւ, եւ ե՞րբ գնդակը տափակ, քառակուսի, կամ եռանկիւն եղած էր որ… : Այս ի՞նչ անիմաստ «բան» մըն էր որ բերնէն դուրս «թափեց»: Թերեւս իրեն համար ալ կեանքի տեսակ մը «ճշմարտութիւն» ըլլար. ո՞վ գիտէ … եզակի եւ քիչ մըն ալ «շինծու», բայց մեզի համար ալ անհասկնալի եւ նոյնքան ալ ծիծաղելի «իրականութիւն»: Կը կարծեմ որ ան փորձած էր մեզի «բան» մը հասկցնել: Թէ ի՞նչ էր…ա՛յդ մէկը, եւ ա՛յդ վայրկեանին, չէինք կրնար լուծել: Ոչ ո՛ք կրցած էր հասկնալ: Տեսարանը անիրական կը թուէր ըլլալ: Կարծես տարբեր մոլորակի մէջ կ’ապրէինք: Իրապէս որ իրարանցում, աղմուկ, տաղտուկ…շոգիացած էին: Այդ պահուն, եւ անկէ ետքն ալ, բոլորին մտքէն եւ անկասկած զանազան մտածումներ սկսած էին վազել: Կարծես ձեւով մը նոր յոյսին բացուող միտք մը ըլլար: Թերեւս:
Հաւանաբար ինքնագիտակցութեան պատգամ մըն էր…կամ ըլլար այդ «տափակ»-խօսք նախադասութիւնը: Թերեւս ալ՝ համոզելու կերպ մը: Կամ՝ մեր այսօրուան պարտութիւնը ընդունելու փափուկ ձեւ: Մխիթարա՞նք: Չեմ գիտեր: Թերեւս ալ, արդար հրաւէր մը, նոր ապրումի մը սկիզբը ընդունելու:
Ասիկա ամմոյին համար, չհինցող, չմաշող եւ ամէն անգամ կրկնուող ապրում մը ըլլալու էր: Հաւանաբար, այդ երեք բառերով կազմուած նախադասութիւնը, իր մէջ կը պարփակէր անհամար խորհուրդներ: Ո՞վ գիտէ…: Կամ՝ թերեւս ալ… մեր ներքին աչքը բանալ ուզեց…: Համոզո՞ւմ էր, թէ ոչ վստահութի՞ւն: Հաւատա՞լ, թէ յուսալ:Թերեւս ալ հիւանդագին երեւոյթ: Բան չհասկցանք: Ո՛չ մէկ բան: Ու այսպէս մտքէս «թերեւս»ներու շարք մը յանկարծ ինքնածին սկսած էր զիս համոզել:
Ապա, անկէ ետք, կամաց-կամաց, անկարգ շարքերով բոլորս ալ դուրս եկանք ակումբէն, դարձեալ անհատնում մտածումներ շալկած ու դարձեալ առանց նոյնիսկ իրարու բառ մը փոխանակելու:
Տասնամեակներ անցած ու սահած են այս դէպքին վրայէն: Ու անկէ ետք մոռցած եմ նոյնիսկ այդ խօսքն ու պահը: Չեմ գիտեր յանկարծ ինչպէ՞ս եղաւ որ յիշեցի ու ինքնածին ժպիտ մըն ալ գծեցի դէմքիս վրայ:
Այո՛, «գնդակը կլոր է…», ու միշտ «կլոր» եղած է…ո՛չ մէկ կասկած: Գնդակը կը զարնենք…կը «քաշենք»…բայց անոր, իր նշանակէտին հասցնելը կախում ունի մեր անոր տուած հարուածէն, մեր ուժէն, հակառակորդին որդեգրած դիրքէն, նշանակէտի հեռաւորութենէն, մեր փորձառութենէն, մեր դիմացինին պաշտպանողական դիրքերէն, եւ տակաւին ….շատ ու շատ «բաներէ»:
Հաւատացէ՛ք, չենք կրնար եւ իրաւունք ալ չունինք մեր բոլոր որոշումներուն, անկշիռ եւ անհաշիւ դիրքորոշումներուն ձախողութիւնները հասցէագրել «էհ, ի՞նչ ընենք, գնդակը կլոր է»ին վրայ:
Կարծեմ գնդակին «կլոր » կամ ո՛չ ըլլալը կախում ունի միայն ու միայն մեզմէ, մեր հարուածէն, մեր մօտեցումէն եւ մեր պատրաստակամութենէն:
Անկասկած, մեր կեանքի ընթացքին ամէն բան պատահականութեան պէտք չէ որ ձգենք: Մինչեւ հիմա կը կարծեմ, որ այդ օր, ամմօ Եղիշ իր «կնդակը կլոր է» գիւտով փորձած էր մեր ներքին աչքը բանալ:
Գէորգ Պետիկեան



