Եթէ Կիւլիվեր Հայաստան այցելէր…

Շատերուն հաւանաբար այս կամ այն ձեւով ծանօթ է Կիւլիվերի պատմութիւնը։ Նոյնիսկ եթէ չեն կարդացած զայն, գոնէ լսած են անոր անունը։ Թէեւ Ճոնաթան Սուիֆթ զայն գրած էր իբրեւ երգիծանք՝ նպատակ ունենալով բացայայտել անգլիական բարքերու դատարկ ու մութ անկիւնները, Կիւլիվերի պատմութիւնը հետագային, մասամբ նաեւ Հոլիվուտի շնորհիւ, վերածուեցաւ Պարոն Միւնխհաուզընի արկածներուն։ Մարդիկ սկսան զայն ընկալել իբրեւ թեթեւ հեքիաթ մը, իբրեւ զարմանահրաշ արկածախնդրութիւն մը։

Ամէն պարագայի, հետեւելով Կիւլիվերի ճամբորդութիւններուն, մենք ականատես կ՚ըլլանք ոչ միայն թզուկներու եւ հսկաներու, կամ սխալ հաշուարկներու, այլեւ այն խոր իրարամերժութեան, որուն կը հանդիպի Կիւլիվեր իր ճամբորդութեան ընթացքին։ Աւելի ուշադիր ընթերցողը պիտի նկատէ, որ Կիւլիվերը ամէնէն աւելի զարմացնողը ոչ թէ Լափութայի բնակիչներուն փոքր հասակն է, ոչ ալ հսկաներու գոյութիւնը, այլ երկու որոշակի հանգամանքներ։ Առաջինն այն է, որ թէեւ Կիւլիվերի այցելած երկիրներուն բնակիչները բաւական բարձր եւ զարգացած քաղաքակրթութիւն ունին, պատրաստ են իրարու դէմ պատերազմելու ամէնէն անհեթեթ պատճառներով։ Անոնք կրնան աչք փակել ակնառու սխալներու վրայ եւ նոյնիսկ զարմանալի յիմարութիւններ առաջնահերթ նկատել՝ անտեսելով իրական ու կարեւոր հարցերը։ Օրինակ՝ թզուկներու երկրին մէջ կայսրութեան պառակտումը, որ արիւնալի քաղաքացիական պատերազմի կը յանգի, կը ծագի յիմար եւ անհաւատալիօրէն աննշան հարցէ մը՝ խաշած հաւկիթը ինչպէ՛ս կոտրելու խնդիրէն։ Հարցն այն է, թէ խաշուած հաւկիթը պէտք է կոտրել սո՞ւր ծայրէն, թէ՞  ետեւի մասէն։

Սուիֆթ, անշուշտ, այս բոլորը պատահաբար չի ներկայացներ։ Կիւլիվերի ճամբորդութիւններուն ընդմէջէն, պատկերելով այս անհեթեթ աշխարհները, ան կը ծաղրէ անգլիական հասարակութեան նեխող բարքերը, անոնց մէջ արմատացած անհաւասարութիւնը, իրարամերժութիւնը, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, որ այդ բարքերը արդէն ժամանակավրէպ ու անօգուտ դարձած էին։ Ինչպէս շուրջ երկու հարիւր տարի ետք, 1932-ին հրատարակուած իր «Կատուներու երկիրը» (Cat Country) հակաուտոպիական վէպին մէջ, Լաօ Շը կը նկարագրէր բարոյական անկումի հասած եւ դէպի կործանում գահավիժող «կատուամարդոց» հասարակութիւն մը, նոյնպէս ալ Սուիֆթ, տակաւին 1726-ին, իր այս երկով ծաղրի կ՚ենթարկէր անգլիական հասարակութեան անտրամաբանականութիւնը։ Բնականաբար, Լաօ Շըի պատմութեան կատուամարդոց դիմագրաւած խնդիրները առաջին հերթին կ՚առնչուէին իր ժամանակի չինական հասարակութեան, որ իր տառապանքներով բնաւ ետ չէր մնար գիրքին մէջ նկարագրուած կատուամարդոց հասարակութենէն։

Անգլիոյ եւ Չինաստանի այլաբանական ներկայացումը շատ քիչերու մօտ արձագանգ գտաւ: Շատեր նախընտրեցին զայն պարզապէս տեսնել իբրեւ հեքիաթ կամ երեւակայական անյաջող գործ մը: Սակայն այդ բոլորը ոչինչ կը փոխէ իրականութենէն։

Վերադառնանք Կիւլիվերին: Զարմանքի եւ տագնապի անոր երկրորդ աղբիւրը կը բխի այն իրողութենէն, որ ուր ալ երթայ՝ կը մնայ մինակ եւ անցանկալի։ Մենք յաճախ կը կարծենք, թէ եթէ աւելի խելացի կամ աւելի ուժեղ ըլլայինք, բոլորովին տարբեր կարգավիճակ մը պիտի ունենայինք։ Սակայն Կիւլիվերի պարագային, ան ամէն տեղ կը մերժուի։ Թզուկներու երկրին մէջ իրմէ կը վախնան, որովհետեւ լերան մը չափ հզօր եւ վտանգաւոր կը թուի։ Հսկաներու երկրին մէջ զինք խաղալիքի տեղ կը դնեն, որովհետեւ հոն ի՛նքն է թզուկը։ Լափութայի՝ մոլորեալ մտաւորականներու երկրին մէջ զինք չեն ընդունիր, որովհետեւ չափազանց խելացի է։ Իսկ ձիերու երկրին մէջ նոյնպէս կը մերժուի, քանի որ ձիերը կը շարունակեն Կիւլիվերը նկատել «Եահու» (Yahoo) մը, թէեւ շատ զարգացած եւ խելացի։ (Ընթերցողին յայտնեմ, որ «ձիերու երկիր» ըսուածը «Կիւլիվերի ճամբորդութեան» չորրորդ աշխարհն է, ուր մարդու եւ ձիու յարաբերութիւնները շրջուած տրամաբանութեամբ կ’ընթանան։ Այդ աշխարհին մէջ ձին զարգացած եւ բանական էակ մըն է, մինչդեռ մարդը՝ ստորադաս անասուն մը՝ «Եահու» (Yahoo)):

Ի վերջոյ, Կիւլիվեր կը վերադառնայ իր հայրենիքը՝ Անգլիա, բայց կը մերժէ որեւէ կապ ունենալ մարդկային հասարակութեան հետ: Միակ զիջումը, որ ան կ’ընէ՝ երբեմն թոյլ կու տայ իր կնոջ եւ զաւակներուն նստելու իր հետ ճաշասեղանին շուրջ, բայց միայն սեղանին միւս ծայրը։

Կատուներու քաղաքին կործանումէն եւ կատուամարդոց բնաջնջումէն ետք, Լաօ Շըի վէպին գլխաւոր հերոսը հրաշքով կը վերադառնայ, ինչպէս ինք կ՚ըսէ, «իր պայծառ Չինաստանը»։ Կասկած չկայ, որ ասիկա ծաղր է, որովհետեւ 1920-ական եւ 1930-ական թուականներուն Չինաստան մխրճուած էր արիւնալի քաղաքացիական պատերազմի սարսափներուն մէջ, որուն յաջորդեց ճափոնացիներու ցեղասպանական ներխուժումը։

Ի՞նչ կը կարծէք, Կիւլիվեր ի՞նչ պիտի զգար Հայաստանի մէջ։ Թերեւս զարմանար՝ տեսնելով, որ իր այցելած բոլոր աշխարհները մէկտեղուած են հոն։ Ապշահար պիտի մնար՝ տեսնելով, թէ այս հին ու փառաւոր քաղաքակրթութեան բնակիչները ինչպիսի՛ յիմարութեամբ կը կազմակերպեն իրենց ընկերային-քաղաքական կեանքը։ Պիտի զարմանար, թէ ինչպէ՛ս ամէնէն աննշան միջադէպն անգամ կրնայ մարդասպանութեան յանգիլ։ Պիտի չհասկնար, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ, որոնք կը սիրեն մեծ ու վեհ գաղափարներէ ճառել եւ ամբարտաւանօրէն իրենք զիրենք «երկրի աղը» կը համարեն, անկարող են լուծելու առօրեայ ամէնէն տարրական խնդիրները։ Եւ անպայման պիտի հարց տար. ինչպէ՞ս կարելի է տարածաշրջանային AI արհեստագիտական գործարան մը կը բացուի այնպիսի վայրի մը մէջ, ուր երիտասարդութեան 80 առ հարիւրը չի կրնար նոյնիսկ իր կարդացածը հասկնալ:

Կիւլիվեր կը զարմանա՞ր, իսկ մե՞նք։

Ի վերջոյ, քանի՜ հասարակութիւններ, նմանատիպ խնդիրներու դէմ յանդիման գտնուելով, կա՛մ կործանած են, կա՛մ ալ յաջողած են դուրս գալ այդ վիճակէն՝ գիտակցելով, որ անիկա իրենց կործանումը պիտի նշանակէր։ Իսկ մենք այսօր ի՞նչ պիտի ընտրենք։ Թերեւս Սուիֆթ, ինչպէս նաեւ Լաօ Շը, չէին կրնար բացէ ի բաց պախարակել իրենց հասարակութիւնը կամ մերկացնել անոր աղտոտ կողմերը. ժամանակները տարբեր էին։ Բայց մի՞թէ մենք տակաւին այնքան մանկամիտ ենք, որ չենք կրնար ըմբռնել մեզ պատած յիմարութեան աղէտալի հետեւանքները։ Կը գիտակցի՞նք արդեօք, որ ոչ մէկ բանով ետ կը մնանք Լիլիպուտի, Լափութայի կամ «Կատուներու քաղաքին» անհեթեթութիւններէն։ Թէ՞ գուցէ… մեզի հաճելի կը թուի այս վիճակը։ Կա՛մ յիմարներ ենք, կա՛մ ոճրագործներ։ Միջին եզր չկայ։ Եւ պէտք չկայ երկար-բարակ խօսելու մանր յաջողութիւններու մասին՝ հպարտութեամբ յայտարարելով համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) աճի հերթական տոկոսային աճը, զանազան հաշուեկշիռներ ներկայացնելով կամ տօնելով այն իրողութիւնը, որ կենսաբազմազանութեան միջազգային մեծ համաժողով մը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ։ Թէեւ նման համաժողովի մը կազմակերպումը կրնայ իսկապէս դրական եւ ուրախալի իրադարձութիւն մը ըլլալ, սակայն որքա՜ն խոր արմատներ ունեցող, կենսական խնդիրներ կը շարունակեն անլոյծ մնալ։ Խնդիրներ, որոնց համար գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կը կրէ սովորական մարդը՝ իր առօրեայ մտածելակերպով ու գործելակերպով։ Ասիկա կը վերաբերի ամէն ինչի՝ կրթութեան ու գիտութեան, կարմիր լոյսի տակ փողոցը չանցնելու կամ ինքնաշարժին մէջ ապահովութեան գօտի կապելու նման տարրական սովորութիւններու, ինչպէս նաեւ մեր իրարու հետ յարաբերուելու տարրական կանոններուն։ Եւ տակաւին կան տասնեակներով այլ խնդիրներ, որոնք առհասարակ կրնային գոյութիւն չունենալ, եթէ սովորական մարդը քիչ մը այլ աչքով նայէր ինքն իրեն եւ իր շրջապատող աշխարհին։

Բայց ինչպէ՞ս կարելի է քաղաքավարութիւն ակնկալել սովորական մարդէն, երբ երկրի խորհրդարանը գրեթէ ոչինչով կը տարբերի հարբած խուժանի կռիւէն ու հայհոյանքներէն։ Ինչպէ՞ս կրնաս համոզել աշակերտը չփճացնելու դպրոցական գոյքը, երբ Ազգային ժողովի «ընտրանին» իրարու քացի կու տայ եւ աթոռներ կը նետէ։

«Լա՛ւ, ասիկա արդէն չափազանցութիւն է», կրնան ըսել ոմանք։ Անշուշտ, չափազանցութիւն է։ Հայաստանը առհասարակ չափազանցութիւն է՝ նկատի ունենալով անոր կարելիութիւններուն եւ իրական վարքագիծին միջեւ գոյութիւն ունեցող հսկայական տարբերութիւնը։ Երկիր մը, որ կրնար տարածաշրջանի հիմնական ուղղութիւն տուողներէն մէկը ըլլալ, այժմ շուարած է, թէ ինչպէ՛ս վարուի իր «վայրենի» դրացիներուն հետ եւ խուսափի զինուորական բախումներէ։ Եւ այսպէս շարունակ։

Այսօրուան Հայաստանի համար թերեւս աւելի յարմար պիտի ըլլար ուրիշ կերպար մը՝ զուարթ ու անհոգ ծերուկ Ռապըլէն։ Ի վերջոյ, Հայաստանի մէջ, առնուազն 1991-էն ի վեր, իշխանութեան մարմնաւորումը զարմանալի նմանութիւն մը ունեցած է Կարկանթուային։

Բայց հայ ժողովուրդն ալ ունի դիպուկ ասացուածք մը. «Ճիշդ խօսքը էշին կ’ըսեն»։ 

Արայիկ Մկրտումեան

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x