Համայնքային կեա՞նք, թէ՞ դիմակահանդէս

Համայնքի մը կենսունակութիւնը կարելի չէ չափել միայն դպրոցներու, եկեղեցիներու, միութիւններու եւ մշակութային հաստատութիւններու գոյութեամբ։ Նոյնքան կարեւոր է հասկնալ, թէ համայնքին անդամները ինչպէ՛ս կը յարաբերին իրարու հետ, որքանո՛վ կը վստահին իրարու, ազատօրէն կ՚արտայայտեն իրենց կարծիքները եւ կը համարձակին բարձրաձայնել իրենց մտահոգութիւնները՝ առանց իրենց կարծիքներուն պատճառով դատապարտուելու կամ համայնքէն մէջ մեկուսացուելու վախին:

Իսկ ի՞նչ կը պատահի, երբ այդ վստահութիւնն ու անկեղծութիւնը կը բացակային, երբ մարդիկ կը սկսին իրենց իրական մտածումները, զգացումները եւ մտադրութիւնները թաքցնել՝ ուրիշներուն ներկայանալով տարբեր դէմքով։ Այլ խօսքով՝ երբ դիմակներ կը կրեն։ Եւ կրնա՞յ այդպիսի համայնք մը իսկապէս զարգանալ ու յարատեւել։

Սակայն կայ աւելի մտահոգիչ երեւոյթ մը. ի՞նչ կը պատահի, երբ այդ դիմակները կը ծառայեն ոչ միայն անհատական կարծիքները թաքցնելու, այլեւ ծածկելու հաստատութիւններու ձախողութիւնները, ղեկավարներու անատակութիւնը, անձնական շահերը եւ փտածութիւնը։

Այդ պարագային դիմակը այլեւս պարզապէս ընկերային երեւոյթ մը չէ։ Ան կը դառնայ պատասխանատուութենէ խուսափելու եւ իրականութիւնը խեղաթիւրելու միջոց։

Մարդիկ միշտ ալ տարբեր դերեր ստանձնած են ընկերային կեանքի մէջ։ Սակայն խնդիրը կը սկսի այն պահուն, երբ դիմակը կը դադրի ընկերային յարմարեցում ըլլալէ եւ կը վերածուի ինքնապահպանման կամ խաբէութեան միջոցի։

Երբ անձ մը կը վախնայ իր կարծիքը յայտնելէ, որովհետեւ կրնայ կորսնցնել իր աշխատանքը, դիրքը կամ համայնքին մէջ ունեցած յարգանքը, ան կը սորվի լռել։ Երբ քննադատութիւնը կը նկատուի անհաւատարմութիւն, մարդիկ կը սորվին համաձայնիլ՝ նոյնիսկ երբ համամիտ չեն։

Սակայն դիմակ կրողը միշտ չէ, որ վախցողն է։ Երբեմն ան նոյնինքն այն անձն է, որուն գործունէութիւնը պէտք է քննութեան ենթարկուի։ Ան կրնայ ներկայանալ իբրեւ նուիրեալ ղեկավար, մինչ իրականութեան մէջ անկարող է լուծելու իրեն վստահուած խնդիրները։ Կրնայ շարունակ խօսիլ ծառայութեան մասին, մինչ իր առաջնահերթութիւնը սեփական դիրքին պահպանումն է։ Կրնայ հանրութեան ներկայացնել յաջողութիւններու փայլուն պատկեր մը, մինչ իր ղեկավարած հաստատութիւնը կը տառապի կազմակերպական տկարութիւններէ եւ հաշուետուութեան բացակայութենէ։

Այսպէս դիմակը կը ծառայէ ոչ միայն իրականութիւնը թաքցնելու, այլեւ անոր փոխարէն ուրիշ իրականութիւն մը ներկայացնելու։

Դիմակներու մշակոյթով ապրող համայնքը աստիճանաբար երկու տարբեր պատկեր կը ներկայացնէ։ Առաջինը հրապարակային պատկերն է՝ հանդիսութիւններ, ժողովներ, յաջողութիւններու մասին հաղորդագրութիւններ, շնորհաւորական խօսքեր եւ լուսանկարներ։ Այս պատկերին մէջ հաստատութիւնները կենսունակ են, ղեկավարները՝ նուիրեալ, իսկ ապագան՝ խոստմնալից։ Երկրորդը իրական կեանքն է՝ չլուծուած խնդիրները, կազմակերպական անկարողութիւնը, ներքին հակասութիւնները, անձնական շահերը եւ երբեմն փտածութեան մասին անպատասխան մնացած հարցումները։

Երբ հաստատութեան մը հանրային պատկերը աւելի կարեւոր կը դառնայ, քան անոր իրական վիճակը, առաջնահերթութիւնը այլեւս խնդիրը լուծելը չէ, այլ այն տպաւորութիւնը ստեղծելը, թէ խնդիր գոյութիւն չունի կամ հարթուած է անիկա։

Կարելի է շարունակ խօսիլ մշակութային վերելքի մասին՝ առանց քննելու մշակութային հաստատութիւններուն իսկական իրավիճակը։ Կարելի է հպարտանալ կրթական աւանդով՝ անտեսելով կրթական համակարգին դիմագրաւած լուրջ մարտահրաւէրները։ Կարելի է համայնքային միասնականութիւնը ջատագովել՝ մինչ պառակտումները կը ջլատեն հաւաքական կեանքը։

Երբ դիմակը կը ծածկէ փտածութիւնն ու անկարողութիւնը

Դիմակներու մշակոյթին ամենէն վտանգաւոր հետեւանքներէն մէկը այն է, որ ան կրնայ ոչ միայն ծածկել սխալները, այլեւ անտեսանելի դարձնել զանոնք գործողներուն պատասխանատուութիւնը։ Երբ որոշումներ կը կայացուին նեղ շրջանակներու մէջ, երբ ֆինանսական եւ կազմակերպական հաշուետուութիւնը կը բացակայի, կը ստեղծուին պայմաններ, որոնց մէջ անձնական շահը կրնայ գերադասուիլ հաւաքական շահէն։

Փտածութիւնը միշտ ալ բացայայտ չարաշահումի ձեւով չի դրսեւորուիր։ Ան կրնայ արտայայտուիլ բարեկամական նշանակումներու, անձնական կապերու վրայ հիմնուած որոշումներու կամ հաստատութեան միջոցները նեղ շրջանակի մը շահերուն ծառայեցնելու միջոցով։

Բայց նոյնքան վտանգաւոր է անատակութիւնը, երբ ան կը պաշտպանուի հեղինակութեան դիմակով։ Մարդ մը կրնայ տարիներ շարունակ ղեկավարել հաստատութիւն մը՝ առանց անոր հիմնական խնդիրներէն որեւէ մէկուն լուծում բերելու։ Եւ սակայն, եթէ քննադատութիւնը կը լռեցուի, իսկ պաշտօնական յայտարարութիւնները կը շարունակեն զինք ներկայացնել իբրեւ անփոխարինելի ղեկավար, անատակութիւնը կը դառնայ ընդունուած երեւոյթ։

Այստեղ է, որ դիմակը կը կատարէ իր ամենավնասակար դերը. ան ոչ միայն կը ծածկէ ձախողութիւնը, այլեւ կ՚արգիլէ անոր սրբագրութիւնը։ Որովհետեւ կարելի չէ լուծել խնդիր մը, որուն գոյութիւնը կ՚ուրանանք։ Կարելի չէ բարեփոխել հաստատութիւն մը, որուն տկարութիւններուն մասին խօսիլը կ՚արգիլուի։

Լռութեան պատասխանատուութիւնը

Դիւրին պիտի ըլլար այս երեւոյթին պատասխանատու նկատել միայն ղեկավարները։ Սակայն դիմակներու մշակոյթը կը պահպանուի նաեւ անոնց միջոցով, որոնք կը մասնակցին անոր։ Մենք երբեմն կը գովաբանենք մարդիկ, որոնց մասին անձնական զրոյցներու ընթացքին բոլորովին տարբեր կարծիքներ կ՚արտայայտենք։ Կ՚ընդունինք որոշումներ, որոնց համաձայն չենք։ Կը լռենք անարդարութեան դիմաց, երբ ան մեզի անմիջականօրէն չի վնասեր։

Այս վարքագիծը կրնայ ծնիլ վախէն, յոգնութենէն կամ այն համոզումէն, թէ խօսիլը ոչինչ պիտի փոխէ։ Սակայն հետեւանքը նոյնն է. լռութիւնը կը նպաստէ անպատասխանատուութեան շարունակութեան։

Համայնք մը չի կրնար անկեղծութիւն պահանջել իր անդամներէն, եթէ անկեղծ ըլլալու գինը չափազանց բարձր է։ Բայց չի կրնար նաեւ առողջանալ, եթէ շարունակէ ընդունիլ, որ ղեկավարութեան հեղինակութիւնը աւելի կարեւոր է, քան ճշմարտութիւնը։

Առողջ համայնքը այն չէ, ուր տարակարծութիւն գոյութիւն չունի, այլ այն, ուր տարբեր կարծիքներ կրնան արտայայտուիլ՝ առանց պատկանելիութիւնը հարցականի տակ դնելու։

Դիմակներու մշակոյթը չի վերանար անկեղծութեան կոչերով։ Ան կը պահանջէ թափանցիկ որոշումներ, յստակ պատասխանատուութիւններ, արդար ընթացակարգեր եւ իրական հաշուետուութիւն։

Պէտք է նաեւ վերջ տալ այն սովորութեան, որով հաստատութեան քննադատութիւնը կը նոյնացուի համայնքին դէմ դիրքորոշումի հետ։ Հաստատութիւն մը համայնքը չէ։ Ղեկավար մը հաստատութիւնը չէ։ Ոչ մէկ անհատ կամ կազմակերպութիւն կրնայ բացարձակ մենաշնորհի վերածել համայնքին շահը սահմանելու իրաւունքը։

Ի վերջոյ, համայնքի մը կենսունակութիւնը պէտք չէ չափել միայն անոր պատմութեամբ, շէնքերով կամ կազմակերպած ձեռնարկներով։ Պէտք է նաեւ հարց տալ՝ ի՞նչ խնդիրներ լուծած են անոր հաստատութիւնները, որքանո՞վ կը ծառայեն իրական կարիքներուն եւ պատրա՞ստ են ընդունելու իրենց սխալները։

Ամենէն վտանգաւոր պահը այն չէ, երբ համայնքին մէջ մարդիկ կը սկսին դիմակ կրել։ Ամենէն վտանգաւորը այն է, երբ դիմակները այնքան սովորական կը դառնան, որ համայնքը այլեւս չի կրնար տարբերել իսկական ծառայութիւնը՝ ցուցադրութենէն, կարողութիւնը՝ հեղինակութենէն, իսկ նուիրումը՝ անձնական շահէն։

Եւ թերեւս համայնքային վերակառուցումը պէտք է սկսի ոչ թէ նոր շէնքով մը, նոր ծրագիրով մը, նոր ճառերով կամ նոր ղեկավարով մը, այլ շատ աւելի դժուար քայլով մը՝ դադրիլ յաջողութեան դիմակով ծածկելէ ձախողութիւնը եւ համարձակիլ համայնքին իրական խնդիրներուն նայիլ՝ առանց դիմակի։

Ժամանակն է վերջ տալու համայնքային դիմակահանդէսին:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
2 Comments
Oldest
Newest Most Voted
VaհeH Apelian
VaհeH Apelian
4 hours ago

“Համայնքի մը կենսունակութիւնը կարելի չէ չափել միայն դպրոցներու, եկեղեցիներու, միութիւններու եւ մշակութային հաստատութիւններու գոյութեամբ։” Բայց անկասկած որ կարելի է չափել անոց բացակայութիւնէն կամ ալ չգոյութիւնէն։

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x