Քրիսթին Դանիէլեանի The Cedars Whispered վէպը՝ տառապանքի, լռութեան եւ յոյսի մասին

Տարբերակ21 հարթակի փոտքասթին հիւրն է Քրիսթին Դանիէլեան Սարգիսեանը: Քրիսթինը Ճինիշեան հաստատութեան տնօրէնուհին է: Շատերուն թերեւս ծանօթ է արդէն, որ Քրիսթինը միաժամանակ գրող է: Ան հեղինակն է The Cedars Whispered վէպին, զոր կրնանք գտնել Amazon.com-ի վրայ: Խորաթափանց ու ցնցիչ այս վէպին դէպքերը քաղուած են իրական կեանքէ. հիմնականօրէն կը պատմէ Թէոտորա անունով դեռատի աղջնակի մը կեանքը, որ կքած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ու մանկական բռնութեան դառն ու ծանր ցաւերուն տակ։ Վէպը միայն գեղարուեստական վկայութիւն մը չէ՝ այլ կոչ մը լռութեան դէմ, յիշեցում մը պատերազմի անտեսուած զոհերուն մասին, եւ խորապէս կը հանդիսանայ մարդկայնական խորքով գրական ստեղծագործութիւն մը:
Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x