Առեւտրական հաստատութիւններու վարձքերու նոր օրէնքին գործադրութիւնը ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ

Տարբերակ21 հարթակի այս շաբթուայ հիւրն է Լիբանանի մէջ վարպետ ոսկերիչներու Եւ գոհարավաճառներու սենտիքայի խորհուրդի նախագահը՝ Պօղոս Քիւրտեանը, որ միաժամանակ Լիբանանի աշխատանքի դատարանին մէջ գործատէրերու լիազօր ներկայացուցիչ անդամ է: Պօղոսը նաեւ անդամ է Պէյրութի առեւտրականներու միութեան, որ փաստօրէն անդամներ կ’ընդգրկէ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն: Իր այս հանգամանքներուն բերումով, ան մաս կը կազմէ նաեւ բազմաթիւ յանձնախումբերու, որոնք մօտէն կը զբաղին առեւտրական հաստատութիւններու մասին վերջերս վաւերացուած եւ հրապարակուած վարձքերու օրէնքով: Ըստ Պօղոսին, Եթէ վարձքերու այս օրէնքը գործադրութեան դրուի, իր ներկայ պայմաններով, հին պայմանագրերով խանութներու վարձակալներուն մեծ մասը կը մնայ դուրս եւ կը դառնայ անգործ, ներառեալ Պուրճ Համուտի խանութներուն: Թէ ի՞նչ պէտք է ընել. լսե՛նք Պօղոս Քիւրտեանի կարծիքը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x