Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոթքասթին հիւրն է լիբանանահայ երաժիշտ, մշակող եւ արտադրող Սէրուժ Պաղտասարեանը՝ C-Rouge: Սէրուժին աննախընթաց համերգը՝ «Symphonic Folk»-ը շուտով պիտի կայանայ Երեւանի մէջ, Յուլիս 22-ին՝ Կարէն Տէմիրճեանի անուան համալիրին մէջ, Հայկական Պետական Սիմֆոնիք Նուագախումբի մասնակցութեամբ։ Վերջին տասնհինգ տարիներուն Սէրուժ իր ստեղծարար ոճով կը վերամշակէ եւ կը վերամեկնաբանէ հայկական ժողովրդային երաժշտութիւնը՝ համադրելով զայն ելեկտրոնային, սինեմաթիք եւ այժմ նաեւ սիմֆոնիք մշակումին հետ։ Սէրուժին հետ կը խօսինք իր ստեղծագործական ուղիին եւ այս «Symphonic Folk» համերգի մշակութային արժէքին ու նպատակին մասին։
Պիտակներ
Subscribe
0 Comments
Oldest
Newest
Most Voted