Մեր այսօրուայ փոտքասթին հիւրերն են խումբ մը երիտսարդներ, որոնք համախմբուած են հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ։ Բայց այս խումբը միայն ծառայողական կամ ծիսական խմբաւորում մը չէ։ Անիկա փորձ մըն է՝ վերակենդանացնելու հոգեւոր կեանքը հայ երիտասարդութեան մէջ՝ մշակոյթի, երաժշտութեան եւ երիտասարդական ազատ ոգիին միջոցով։ Այս երիտասարդները կը ծառայեն եկեղեցիին, բայց միաժամանակ կը պահեն իրենց ինքնավարութիւնը՝ ստեղծելով վստահութեան եւ ազատ մասնակցութեան մթնոլորտ մը, ուր ոչ ոք պարտադրանք կամ վերահսկողութիւն կը զգայ։ Անոնք կը փնտռեն հաւասարակշռութիւն մը հաւատքի, մշակութային ժառանգութեան եւ ժամանակակից երիտասարդի ազատ ինքնարտայայտութեան միջեւ։ Մեր այսօրուած զրոյցը հրաւէր մըն է մտածելու՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի է այսօր ազատ երիտասարդ ըլլալ եւ միաժամանակ հոգեւոր, ինչպէ՞ս կարելի է երգով, մշակոյթով եւ ազատ ներկայութեամբ վերագտնել այն հոգեւոր տարածքը, որ շատերու համար կորսուած կը թուէր։
Պիտակներ
Subscribe
0 Comments
Oldest
Newest
Most Voted