ՄԱՅՐԻԿԻՍ

Բիւրաւոր յեղ գովուած ես աշխարհում արար
Արեւ, լուսին ընծայուած ու մեծարուած, մայր:
Երկնի աստղաց համրանքով քեզ երգ է ձօնուած,
Թոթով երգն էլ այս անպերճ ինձնից նուէր, մայր:
Հայրենիքի, աշխարհքի հետ են չափում քեզ,
Ես մեծ չափեր չգիտեմ, դու օրօցք ես, մայր:
Տիեզերքի գիրկը խոր անհուն է թէեւ,

Ժառանգական լեզուի մարտահրաւէրը սփիւռքի մէջ. ի՞նչ կ՚ըսեն ամերիկահայ ուսանողները

Համաձայն հետազօտութեան տուալներու վերլուծութեան, մասնակիցներու զգալի մասը (85%) հայերէնը իւրացուցած է անգլերէնէն առաջ, ինչ որ կը մատնանշէ ընտանեկան միջավայրին մէջ լեզուի վաղ փոխանցման շարունակական, Ժառանգական կարեւորութիւնը։

Ուշացած հանդիպում մը Կեօրկ Պազելիցի հետ

Գործերուն մէջ պատկերուած հերոսները Երկրորդ յետհամաշխարհարային պատերազմի զինուորներ են, սակայն անոնք ներկայացուած չեն որպէս փառաբանուած հերոսներ, այլ՝ որպէս ջախջախուած մարմիններ, որոնք մնացած են պատմութեան ծանրութեան եւ ազգայնամոլութեան ծանրութեան տակ։

ՍԷՐԸ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Դարեր անցեալ, ծովի շրջագիծը կապոյտում անշէջ,
Կար մի կղզի՝ մի քարտէզում գծուած, կամ որեւէ տեղ,
Ուր ապրում էին մարդկային արժէքները լոկ հոգու մէջ,
Ամէն բարիք, որ մարդն զգում էր յստակ ու լուսեղ։
Բայց մի օր մի ալիք բարձրացաւ մութ ու խուլ,
Կղզին դանդաղ հնազանդուեց ջրի ծանր հոսքին,

Ապրիլէն՝ ԱՊՐԻԼ․․․

Մանկան ճիչը զիլ
որ մօր կաթը կ՛ուզէ
աւազին վրայ
կը խլացնէ զիս․․․
Կոյսը Եփրատի ալիքն կը գրկէ
կառչած պատմութեան դարպասին վրայ․․․
Մայրը զաւակը գրկած կը վազէ

Պատերազմը վերջացա՞ւ…

Պատերազմը վերջացած էր։
Բայց ոչ ամէն բան։
Կէսօրին ան հանդիպեցաւ Լեւոնին։
— Կարծես մէկուն հետ կը վիճիս,— ըսաւ Լեւոն, կամաց մը սուրճը բերնին մօտեցնելով։
— Կը վիճիմ,— պատասխանեց Արմէն։ — Եւ կը պարտուիմ։

ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ

(Մեր գոյակցութեան անտեսուած կանչը)
Հրովարտակ մը հսկայ
մեծ կնիքով
մեծապաստառ եւ ոսկետառ բառերով
լուսապայծառ տողերով
յայտարարեց՝ որ պիտ՛ շինենք
մեր ՏՈՒՆԸ․․․

Հանդիպումը

Սպասեցի հազար դարեր անհատնում
Այդ սուրբ պահին, որ քու աչքերը անհուն
Հըրաշքի պէս յանկարծական ու ազդու
Պիտ՚ դպչէին իմ հայեացքին լուսազուրկ:

Ո՜հ …Գեղանի հայուհին

Սրոքովսքին ժամանակակից լեհական գրականութեան քնարերգակներէն մէկը կը նկատուի, կ'առանձնանայ ազդեցիկ ու հարուստ իր գրական հրապուրիչ լեզուով, ընկերային հարցերու վերլուծութեամբ, հոգեմտաւոր խորութեամբ:

ԿԵԱՆՔ – ԱՐԵՒ – ԳՈՅՈՅԹ*

Ամէն արարած իր արեւն ունի
Հետը կը ծնի, հետը կը մեռնի․․․
Կը մեռնի ըսի,
Ո՜չ, չի՜ մահանար
Պարզ կը խաւարի․․․ լո՜ւռ կը մթագնի․․․
Արեւը կ՛երթայ, լոյսն իր կը մարի
Բայց արարածը, կը մնա՛յ, կ՛ապրի՛՝
Իր՝ «Է»է՛ն բխած «գոյոյթով»ն վեհի․․․

ԽԱՉԵԱԼԸ

Ու գամերը ափերի մէջ ու ոտքերին
Կռացնէին, կռանեցին․
Մինչդեռ ճակտին փշաթագը արիւնոտուած
Այտերն ի վայր արիւն ծորաց։
Ու վարսեցին մահախաչը ամբոխի դէմ,
Որ ծփում էր կոյր, հողեղէն
Վարդապետը ահա խաչին չարչարութեան․
Աստուածանեծք յանցանութեան։

Այց

Պա՛պ, կը յիշե՞ս ...
այդ սածիլը, որ ցանեցիր,
պիտ‘ ընէ հովանի ըսիր:
Ունեցաւ տերեւներ բիւր,
շուք սփռեցին ամէնուր,
բայց արեւ էր պէտք վրադ,
զանոնք ցրուեցին հեռուն:

Չարչարանքի Շաբաթը Եւ Մենք

Դարձեալ «Աւագ Շաբաթ» է...: Ու ի՜նչ տխուր է աշխարհը, երբ զայն կը դիտենք մեր սեփական աչքերով, Քրիստոսի ծնունդէն երկու հազար տարի ետք: Մէկ խօսքով, խտացած դժբախտութիւն մը, որ սարսափ կ՛ազդէ ե՛ւ դիտողին, ե՛ւ ապրողին:

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Գարնան մի թաց բայց արեւոտ առաւօտ
Աւետիս է տարածւում․
Սուրբ քաղաքը պիտ ընդունի մի ճամբորդ,
Մարդեղացած մարդորդուն։
Հանգրուանը եւ մօտիկ է, եւ հեռու․
Ճամբան օծուած է լոյսով․

ՀԱՅԵԼԻՍ

Անդաւաճան եւ խիստ դաստիարակս, անյիշաչար դատաւորս, որու հետ առճակատումէն յաճախ կը խուսափիմ:
Խուսափիլ հայելիէն՝ այսինքն խուսափիլ անձէս, էութենէս, թերութիւններէս եւ առաւելութիւններէս: Օրերու քմայքին սեւն ու սպիտակը ճաշակած կնճիռներուս հետ հաշտութիւն կնքելու հայելիիս հրաւէրը երբեմն կը մերժեմ,

ԹԷԺ ԱՂՋԻԿ

Դու արեւիս թէժ աղջիկն ես, հուր ես վառել դու իմ սրտում,
Եւ այդ հուրը մի նոր կեանքի տաք լոյսով է հոգիս լցնում։

Գիրգ շուրթերդ, որպէս խաղող, որ հասել է արեւի տակ,

ՆՇԵՆՈՒՀԻ

Երբ գաս իմ գիրկը ու բերես համբոյրներդ սիրոյ
Երփներանգ ծաղիկներ կը փռեմ ոտքերի տակ քո,
Եւ կ'անեմ քեզ այն ինչ գարունն է անում նշենուն,
Փաթիլ-փաթիլ թերթերով ու ճերմակութեամբ անհուն...
Ես կը բերեմ վարդերը կեանքի ու երջանկութեան,
Կը զարդարեմ նորաշէն մեր յարկը նուիրական.

ՄՕՐՍ ԺՊԻՏԸ

Մօրս ժպիտը բուրմունք է գարնան,
Քնքուշ արեւ է իմ փոքրիկ տան։
Անոր խօսքերը՝ մեղմիկ հովիկ,
Սիրտս կը լեցնեն յոյսով անսահման։
Մօրս ժպիտը բոցեղէն ճրագ մըն է՝ լուռ ու վառ,
Որ սիրոյ յուշիկ ճաճանչներ կը հիւսէ,

ՈՐ ԳՐԵՑԻ

Վարդի թերին գրեցի՝
Քեզ սիրում եմ․
Ու կարմրեց վարդը բոյրով կանացի,
Ողջ իմ կուրծք ու շունչը պատեց , որ բուրեմ,
Յանց բուրում է կարմիր վարդը փաստացի։
Քուլայ ամպին գրեցի՝
Քեզ սիրում եմ․

Գրողը…հատորն ու ընթերցողը

Ճիշդ է, որ ներկայիս գիրք եւ մամուլ փնտռողները նուազած, են եւ դարձած են սակաւաթիւ, բայց տակաւին կան ու կ’ապրին գիրքին ուժն ու արժէքը գիտցողներ, անոր ներգործութեան հաւատացողներ:

ՊԱՀԸ․․․

- Լռա՞ծ ես երբեք պահը ապրելու համար․․․–
Լռութեանդ մէջ փակե՞ր ես երբեք
            Աչքերդ ժպտուն
                    Որ մթութեան մէջ
                    Նոր աշխարհներու ծիրեր գծես դուն․․․
Լռութեանդ մէջ ապրե՞ր ես երբեք