Արցախը պիտի ցոյց տայ, թէ մենք որքանո՞վ հաստատուած ու յառաջացած են որպէս հասարակութիւն եւ պետութիւն:
Դեղորայքի շուկային մէջ, լիբանանցի ճարպիկ վաճառականը յաջողած է անցնող մէկ տարուան ընթացքին գրպանել մօտ մէկ միլիառ տոլար:
Ժամանակն է որ մեր կարդացածներն ու լսածները չսեփականացնենք հալած իւղի պէս.... տարակուսինք եւ հարցադրենք...որովհետեւ ճշմարտութիւնը կրնայ այլ տեղ ըլլալ:
«Մեր զաւակներուն հոգեմտաւոր զարգացումն ա՞լ այսքան աժան է միթէ, որ այս պատասխանատուութիւնն ալ թօթափենք մեր ուսերէն եւ բաւարարուինք «կրցածնիս կ'ընենք կոր», «բոլոր երկիրը նոյն վիճակին է» ինքնամխիթարական յանկերգներով:»
Ինչո՞ւ մեր ժողովուրդը հակամէտ է ընկալելու եւ պահելու թրքատիպ երեւոյթները: Մեր ժողովուրդը ինչո՞ւ կը յամառի իրմէ չվանելու թրքական ազդեցութիւնները եւ տկարութիւն ունի անոնց հանդէպ:
«Հայութեան տարբեր օղակները պէտք է առանձնայատուկ ջանք գործադրեն դիմացինը հասկնալու, դիմացինի վիճակին մէջ մտնելու, այդ վիճակին համապատասխան երբեմն նոյնիսկ տհաճ, հանգիստի գօտիէն դուրս բերող քայլեր կատարելու համար:»
Օտար երկինքներու տակ, ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական բազմազան ազդեցութիւններու ենթակայ մեր ժողովուրդը, իր նոր դիմագիծի փնտռտուքին մէջ, սկսած է անջատուիլ իր ամբողջ անհատականութիւնը կերտած մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալի պատմութենէն:
Ղեկավարութիւնը ինքնանպատակ չէ, ոչ ալ ինքնակոչ եւ վերէն վար ինքզինք ընտրող ընտրանիի մը մենաշնորհը։ Անիկա կոչուած է ծառայելու ժողովուրդին, ըլլալու անոր հետ եւ անոր համար։
Դասականացած ոճով խոստումները լուծում չեն բերեր տագնապին: Պէտք է ձերբազատիլ այս ինքանպատակ ոճէն եւ ժողովուրդին ներկայանալ նոր բանաձեւումով մը, որ սերտուած ծրագիրներու ձեւաչափով միայն կրնայ արտայատուիլ:
Վէճերն ու տարակարծութիւնները բնական ու առողջ երեւոյթներ են, երբ կը ծագին ու կը դարմանուին ազգային շրջագիծի, ազգային հաստատութիւններու եւ ազգային շահերու լայն պարունակին մէջ:
Դպրոցը վաճառատուն մը չէ, ուր խնձորի փոխարէն կարելի է նարինջ ծախել, որովհետեւ խնձորը սուղ է կամ հասանելի չէ: Հոս սերունդի մը հոգեմտաւոր առողջութիւնն ու ընկերութեան կենսունակութիւնը խնդրոյ առարկաներն են, որոնց համար անկարելին իրապէ՛ս կարելի դարձնելու ճառաբանութիւնը պէտք է ամէն գնով կեանքի կոչել:
«Եթէ նոյնիսկ անձս դառնայ տողերուս կամ էջերուս միակ ընթերցողը, պիտի շարունակեմ գրել, ե՛ս ինծի համար, ի՛մ ընթերցող անհատիս համար, հայերէնով գրելու պապա՛կս գոհացնելու համար:»
Չիք հայրենիք առանց ժողովուրդի:
Չիք Հայաստան առանց հայրենի ժողովուրդի:
Չիք սփիւռք առանց հայրենիքի:
Կը սիրեմ քեզ, հայրինի՛ իմ ժողովուրդ:
Հայաստանը պէտք է ունենայ լեզուական յատուկ քաղաքականութիւն մը, որ իր նպաստը պիտի բերէ արևմտահայերու նոր ներգաղթին եւ հայրենիքին մէջ անոնց ամրապինդ ներկայութեան: Պէտք է ըլլայ այնպէս, որ արևմտահայերէն խօսողները, գրողներն ու արտայայտուողները խորթութիւն չզգան եւ հայրենիքէն ներս օտար չընկալուին:
Արդեօք ժամանակը հասած չէ՞, որ սփիւռքեան կառոյցներէն արտագաղթին համար պատասխանատուներ փնտռենք նաեւ «յանցաւոր» ժողովուրդէն դուրս:
Աննախընթաց հնարաւորութիւններով առլեցուն նոր աշխարհի մը դռները բանալով, արհեստագիտութիւնը գրեթէ հոմանիշ դարձաւ ժամանակակից քաղաքակրթութեան:
Տպագիր հայ մամուլը կ’ապրի տագնապ մը եւ այդ տագնապին մէկ կարեւոր պատճառը թերեւս նոյնինքն արդիականութեան եւ անցեալէն ժառանգուած իտէալականութեան բախումն է, յաճախ մէկը միւսին զոհելու մօտեցումին կամ անդիմագիծ ներդաշնակումի փորձերուն հետեւանքով։