Արհեստագիտութեան Երկսայրի Սուրը

Աննախընթաց հնարաւորութիւններով առլեցուն նոր աշխարհի մը դռները բանալով, արհեստագիտութիւնը գրեթէ հոմանիշ դարձաւ ժամանակակից քաղաքակրթութեան:

Համացանցի ժողովրդականացումով նոր թափ ստացած հաղորդակցական արհեստագիտութիւնը վերջին քսան տարիներուն  չձգեց կեանքի որեւէ ոլորտ, ուր չներխուժեց իր ամբողջական կարողականութեամբ: Անիկա թօթափեց նախորդ տարիներու սոսկ ժամանցի ու մասնակի հաղորդակցութեան միջոցի իր դերակատարութիւնը եւ ինքզինք հաստատեց իբրեւ առօրեայ կեանքի անշրջանձելի  անհրաժեշտութիւններէն մէկը: Հետեւանքը եղաւ այն, որ, աննախընթաց հնարաւորութիւններով առլեցուն նոր աշխարհի մը դռները բանալով, արհեստագիտութիւնը գրեթէ հոմանիշ դարձաւ ժամանակակից քաղաքակրթութեան:

Այսօր, մինչ արհեստագիտութիւնը կը շարունակէ իր անկասելի յաղթարշաւը` նուաճելով նոր ու կոյս տարածքներ, աւելի քան երբեք կարիքը կը զգացուի պահ մը կանգ առնելով հարց տալու, թէ արդեօք անոր ընձեռած «շնորհքները» կը ծառայե՞ն մարդու յառաջդիմութեան ու բարօրութեան, թէ իրենց հմայիչ շպարին տակ կը սպասարկեն դրամատիրութեան եւ մարդու ստրկացման անյագ հրէշին:

Բարդ հարց մը,  որուն պատասխանելու համար պէտք է քննութեան ենթարկել արհեստագիտութեան ազդեցութեան գօտիին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր բնագաւառ՝ առանձին-առանձին:

Այժմ արագ ակնարկ մը կը նետենք տեղեկութեան եւ տեղեկատուութեան բնագաւառին վրայ:

Գաղտնիք չէ, որ համացանցը գլխիվար յեղափոխեց այս ոլորտը` արմատախիլ ընելով հաստատուած նախկին «կարգ ու կանոնը»: Բաւարար է յիշել նախահամացանցային օրերու տեղեկութեան հիմնական աղբիւրները՝ պատկերասփիւռ, ձայնասփիւռ, թերթ, գիրք, եւ այլն, մտաբերելու համար, թէ որքան սահմանափակ, կեդրոնացուած եւ վերահսկուած էին տեղեկութեան ու անոր սփռումի աղբիւրները, եւ որքան ճիգ եւ ժամանակ կ’ենթադրէր հատել հրամցուած տեղեկութեան եզրերը ու ընդարձակել սեփական իմացութեան հորիզոնները: Միւս կողմէ, սակայն, տեղեկութեան սահմանափակ եւ դժուարահաս բնոյթը բարենպաստ միջավայր կը տրամադրէր անհատական կեդրոնացած աշխատութիւններու ծաւալման, որոնք որեւէ նիւթ մը կը հարստացնէին սեփական նկատողութիւններով եւ վերլուծութեամբ:

Յետհամացանցային ժամանակաշրջանին մէջ, տեղեկատուութեան աղբիւրները սանձարձակ բազմապատկուեցան, բնականաբար իրենց հետ բազմապատկելով համաշխարհային շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները: Համացանցի օրով, տեղեկութիւն փոխանցելու հանգամանքը դուրս եկաւ հաստատութիւններու մենաշնորհէն, որով, մանաւանդ ընկերային ցանցերու շնորհիւ, իւրաքանչիւր անհատ ի՛նքը վերածուեցաւ երկրագունդի չորս ծագերուն հասողութիւն ունեցող տեղեկատու օրկանի: Միւս կողմէ սակայն, գոյացած տեղեկութիւններու հեղեղը, այլապէս տեղատարափ կարծիքները, մեկնաբանութիւնները, ազդերը, վիտէօները, լրատուական յօդուածները խցանելով անհատի մտաւոր ընդունակութեան “անօթները”, անհնար դարձուցին որեւէ նիւթի շուրջ կեդրոնացած աշխատութիւնը եւ զայն մղեցին միայն մակերեսային քօմենթներով կամ սմայլիկներով արտայայտուելու:

Ուրեմն ի՞նչպէս կ’արժեւորուի արհեստագիտութեան գործօնը այս բնագաւառին մէջ:

Պէտք է նախ արձանագրել, որ կեդրոնացումը անհրաժեշտութիւն մըն է մտաւոր արդիւնաբերութեան համար, իսկ մտաւոր արդիւնաբերութիւնը նախապայման՝ մարդու բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան: Հետեւաբար, այս դիտանկիւնէն արհեստագիտութեան արգասիքները աւելի վնասակար կը թուին ըլլալ քան սննդարար: Հակառակ կողմէ դիտուած սակայն, ճշգրիտ ու առարկայական եզրակացութիւններ կատարելու համար, նոյնքանով անհրաժեշտ է բազմաղբիւր տեղեկատւութիւնը եւ անոր հետեւող առատ ու այլազան տեղեկութիւնները: Հետեւաբար, եւ սոյն դիտանկիւնէն, արհեստագիութեան դրական ներդրումը անհերքելի է մարդու յառաջդիմութեան:

Ուստի, ենթակայ ըլլալով հակադիր յարաչափերու պարանաձգութեան, հարցադրումները չունին միանշանակ պատասխան. մարդկութեան յառաջդիմութեամբ հետաքրքրուղ հաւաքական թէ անհատական ուժերու համար կը մնայ գտնել ոսկիէ միջին մը, որ պիտի հակակշռէ արհեստագիտութեան առնչուող բոլոր հոսանքները, առաւելագոյնս օգտուելով անոր ընձեռած դրական հնարաւորութիւններէն, զուգահեռաբար փորձելով խափանել բոլոր ժխտական ազդեցութիւնները, որոնք կ’ընկերակցին անոր: Ի դէպ, այդ ոսկիէ միջինի սահմանագծման աշխատանքին մէջ, դարձեալ մեծ պիտի ըլլայ նոյնինքն արհեստագիտութեան դերակատարութիւնը:

Խաչիկ Խաչերեան (Պէյրութ, Լիբանան) համակարգչային ծրագրաւորող է եւ համացանցային արհեստագիտութեան մասնագէտ: Գլխաւորաբար կը զբաղի հաստատութիւններու առցանց կառավարման դրութիւններու կառուցումով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x