Արցախը պիտի ցոյց տայ, թէ մենք որքանո՞վ հաստատուած ու յառաջացած են որպէս հասարակութիւն եւ պետութիւն:
Բեկումնային պահերու, յուսահատութիւն արտայայտելը կրնայ բնական թուիլ, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ նոյնիսկ ամենէն խաւար ժամանակներուն՝ միշտ տեղ կարելի է գտնել յոյսի եւ լաւատեսութեան:
Վերջին տարիներու Պուրճ Համուտի աննախընթաց հայաթափումը լրջօրէն կը մտահոգէ համայն հայութիւնը: Օրէ օր այս հայահոծ շրջանը կը գտնուի իր հայկական դիմագիծը կորսնցնելու եզրին: Հայուն ճակատագրուած է ըլլալ գաղթական, սակայն ուր որ գտնուած է, ան արագօրէն ընտելացած է շրջապատին ու նպաստած շրջանի բարգաւաճումին:
Իբրեւ լեզուական եւ մշակութային հարստութիւն` արեւմտահայերէնը առանցքային տարր է հայկական ամուր ինքնութեան պահպանման համար՝ աշխարհի մը մէջ, ուր մշակոյթներու փոխազդեցութեան մնայուն ընթացքը մէկը միւսը կլանելու ենթահողը կը դիւրացնէ:
Ներկայիս հայ քաղաքական միտքը բացայայտօրէն կ'ապրի կողմնորոշուելու անորոշութիւն մը: Այս օրերուն, «ռուսամէտ» եւ «արեւմտամէտ» հոսանքները դուրս եկած են քաղաքական շրջանակներէն եւ բաւական կարծրացած են հասարակական կեանքին մէջ, երբ պետական մակարդակի վրայ քննուելիք հարցերը անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ կը կ'արծարծուին «ռուսամէտ» կամ «արեւմտամէտ» տրամաբանութեամբ:
Թէեւ երբեմն մրցակցութիւնը բնական երեւոյթ է եւ որոշ պարագաներու կը նպաստէ յառաջդիմութեան, սակայն ընդհանրապէս հաւաքական աշխատանքն է կայուն յաջողութեան եւ զօրութեան բանալին Հայաստանի, հայութեան եւ ընդհանրապէս մարդկութեան համար:
«Թատրոնը հաւաքական աքթ մըն է (...): Ան կը մեկտեղէ մեզ իբրեւ հաւաքականութիւն»:
Բազմաթիւ են նախաձեռնութիւնները յիշելու եւ գովաբանելու մօր մը անզուգական դերն ու նուիրումը։ Հայրերու համաշխարհային օրուան առթիւ սակայն, անհրաժեշտ է ընդգծել նաեւ հօր մը հիմնական դերը, ինչպէս նաեւ՝ յարգանքի մեր տուրքը մատուցել այն դէմքերուն, որոնք հայոց պատմութեան մէջ արժանաւորապէս նկատուած են հայրեր՝ կերտելով մեր ազգային դիմագիծն ու մշակոյթը։
Քննական մտածողութիւնը կ'երաշխաւորէ շարք մը հմտութիւններ, որոնք կը գերազանցեն դասական կրթութիւնը:
Ճշմարտութեան հասնելու համար, անհրաժեշտ է կասկածիլ ու հարցադրել, իսկ մէյ մը որ կասկածինք՝ քիչ մը վերլուծելով եւ քիչ մը պրպտելով ու փաստեր գտնելով՝ իրականութիւնը կը դառնայ հասանելի:
21-րդ դարուն ամբոխավարութիւնն ու քաղաքական չարախնդութիւնը պատանդ վերցուցած են ժողովրդավարութիւնը` եւ ոչ միայն դասական, այլեւ այլընտրանքային լրատուամիջոցներուն կողմէ:
Տակաւին, անհանդուրժողականութեան առկայութիւնը, հաղորդակցելու եւ զիրար լսելու սովորութեան չգոյութիւնը, ընդհանրապէս երկխօսութեան բացակայութիւնը թէ՛ ղեկավարութեան եւ թէ՛ հասարակ քաղաքացիներու մակարդակներուն վրայ, շատ աւելի գերիշխող է Հայաստանի քան Լիբանանի մէջ:
Մինչ մարզական կեանքի մէջ ֆանաթիզմը ընդհանրապէս վնասակար չէ, քաղաքական կեանքին մէջ ան միայն աւերներ կրնայ գործել:
Վարուժ Թէնպէլեան Թուրքիա ուրացումի եւ արդարացումի ամբողջական ռազմավարութիւն մը մշակած է հերքելու համար ցեղասպանութիւնը եւ այդ ճամբով հայկական հողերու բռնագրաւումը: Թուրքիա ինչպէ՞ս կը հիմնաւորէ ուրացումի եւ արդարացումի իր ռազմավարութիւնը: Առաջին հերթին պէտք է նշել, եւ բնականօրէն, որ թուրքիա չի գործածեր ցեղասպանութիւն բառը, իսկ 1915ը կը բնորոշէ իբրեւ նեղ ժամանակաշրջանի մէջ պատահած դէպքերու շարք մը, որ ըստ իրեն հետեւանք է Ա. Աշխարհամարտին: Թուրքիա կ՝ուրանայ որ այս դէպքերը ցեղասպանական արարքներ էին՝ հրահանգուած օրուան իշխանութիւններուն կողմէ եւ տակաւին կը փորձէ արդարացնել զանոնք՝ հայերու վերագրուած խեղաթիւրեալ ամբաստանութիւններով: Ուրեմն, հերքելու համար, Թուրքիա կ՝օգտագործէ երկու միջոց—ուրացում
Լեզուները կը բաժնուին երկու խումբերու՝ կցականներ եւ անջատականներ:
Ի՞նչ արժէք ունի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդումը, եթէ ան պիտի չծառայէ մարդակերտումի եւ հայակերտումի նպատակին:
Արդեօ՞ք 5 միլիոննոց կամ 10 միլիոննոց ժողովուրդով Հայաստանի հետ նոյն ձեւով պիտի վերաբերէին նոյն թշնամի «դրացիները»:
Փրոֆ. Արա Սայեղ. Հայկական գիտական մտքի ուժը եւ գիտահետազօտական մարդուժը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ գերազանցապէս աւելին է, քան՝ այն տեսանելին, որ կը թուի շատերուս։
Փրոֆ. Արա Սայեղ. Հայաստանէն դուրս բնակող գիտական մտաւորականութիւնը, իր ստեղծարար մօտեցումներով, անփոխարինելի ներուժ մը պէտք է դարձնել հայ ժողովուրդին համար:
Կ'արժէ մտածել արեւմտահայ լեզուի հեղինակութիւններէ բաղկացած մարմին մը յառաջացնելու մասին: Երիտասարդական խանդը խառնել ամբարուած գիտելիքներուն եւ փորձառութեան: Արդիւնքը վստահ աւելի լաւ կ'ըլլայ:
Ահա թէ ինչ աւերներ կրնայ գործել մէկ անհատը, որ կ՛առաջնորդուի ամենաստոր նկրտումներով` փառամոլութեամբ, ոճրամէտութեամբ, ընչաքաղցութեամբ, դաւաճանութեան յստակ հակումներով: