«Մանուկներուն ուղեղները լուալու ազատութիւնը մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւն է:»

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Արա Պալիոզեան. Հոկտեմբեր 12, 2013

ԻՄ ԿԵԱՆՔԻՍ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ *************************** Կեանքին եւ քեզի պէս մահկանացուներուն հետ ծանօթանալու ճանապարհներէն մէկը նուազագոյն ամսականով աշխատիլն է այն մարդոց ենթակայութեան տակ, որոնցմէ խուսափելու համար ջանք ու եռանդ պիտի չխնայէիր, եթէ ընտրութեան հնարաւորութիւն ունենայիր:

* ՄԵԶԻ Կ՛ԸՍեն *************************** Կու գայ ժամանակ մը, երբ առիւծը հանգիստ կը պառկի գառնուկին քով, հայն` ալ հայուն, բայց կը կասկածիմ, որ այդքա՜ն երկար ապրիմ, որպէսզի տեսնեմ ատիկա: * Մեզի նաեւ կ՛ըսեն, որ մեր քաղաքական կուսակցութիւնները էական դեր կը խաղան սփիւռքի մէջ մեր հայ ինքնութիւնը պահպանելու գործին մէջ. ուստի, պէտք է ենթադրել, որ այդ կուսակցականները համայնքին նուիրեալ ու անձնազոհ ծառաներն են եւ պատուի մարդիկ են:

* ՊԱՏՈՒԻ ՄԱՐԴԻԿ *************************** Մաֆիայի անդամները իրենք զիրենք այսպէս կը նոյնականացնեն` «պատուի մարդիկ»: Ուրիշ ի՞նչ կը սպասէիք իրենցմէ. թող ըսէին, թէ իրենք շորթիչներ, գողեր ու մարդասպաննե՞ր են:

* ՍՏՈՐԱՔԱՐՇՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ *************************** Կէօթէի եւ Պեթհովէնի մասին կ՛ըսեն, որ անգամ մը այգիին մէջ զբօսնելու ատեն կը հանդիպին ազնուականներու ընտանիքի մը: Մինչ Կէօթէն կը խոնարհի մինչեւ գետին ի նշան յարգանքի, Պեթհովէնը կը շարունակէէ ճեմել եւ կ՛ակնարկէ. «ասոնց նմանները շա՜տ-շատ են, իսկ մեզի պէսները` անչա՜փ քիչ»: Հարցումս. եթէ ստորաքարշութիւնը ի զօրու է ներթափանցելու Կէօթէի պէս մտաւորական հսկայի մը հզօր ուղեղը, ուրեմն մնացածներս ի՞նչ հնարաւորութեան տէր ենք սուլթաններու եւ Ստալինի նմաններուն կողմէ դարեր շարունակ երկարող պարբերական գաղափարական մշակումէն ու դաժան ահաբեկումէն յետոյ:

* HABEMUS PAPAM! ՊԱՊ ՈՒՆԻՆՔ *************************** «Այն բոլորը, որ կ՛ըսէիք հայերուն մասին, սխալ է», – ընթերցողներէս մէկը կ՛ըսէ ինծի եւ կը շարունակէ տեղեկացնել, որ բացայայտած է մեր բոլոր խնդիրներուն արմատը:

* ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ *************************** Մեր ղեկավարները, եպիսկոպոսներն ու բարերարները կը ձգտին իրենք զիրենք այնպէս դրսեւորել, իբր պատմութեան մաս չեն կազմեր, կ՛ապրին տարածութենէն եւ ժամանակէն դուրս, քաշողականութեան օրէնքը իրենց վրայ չ՛ազդեր, եւ իրենց գործողութիւնները հետեւանքներ չունին, եւ այդ համոզումով զինուած` կը շարունակեն յստակ գիտակցութեամբ սնանկացնել ազգը:

* ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ *************************** Կարելի չէ քարոզչական գիծ որդեգրել եւ ձեւացնել, թէ ազնիւ մարդ ես:

* ԽՈՀ *************************** Եթէ միայն կրնայի սեփական խնդիրներս լուծել նոյնպիսի դիւրութեամբ, ինչպէս կը լուծեմ աշխարհին խնդիրները: #

Արա Պալիոզեան. Հոկտեմբեր 9, 2013            

ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ *************************** Բոլորը կը խօսին կրօնքի ազատութեան մասին, իբր լաւ բան մըն է, յառաջընթացի եւ քաղաքակրթութեան նշան: Իսկ եթէ այն, ինչը կը քաղաքակրթէ աշխարհը, ոչ թէ կրօնքի ազատութիւնն է, այլ աղանդաւորութեան ու հերետիկոսութեան ազատութի՞ւնը: Բայց այնքան ժամանակ, քանի դեռ րապպիներուն, եպիսկոպոսներուն եւ իմամներուն մանուկներուն ուղեղները թունաւորելու ազատութիւն տրուած է, պիտի ունենանք պատերազմներ եւ կոտորածնէր: * Ինչո՞ւ այսքան դժուար է հասկնալ հետեւեալը: Կայսրութիւնները կը տկարանան եւ կը կործանին ոչ թէ այն ժամանակ, երբ ծախու կիները, կաւատները, գողերն ու այլասերուածները կը բարգաւաճին, այլ այն ժամանակ, երբ հոգեւոր գերազանցութիւն ունեցող անհատները /անշուշտ, ինքնագնահատմամբ/ ղեկավար դիրքեր կը ստանձնեն: * Բարոյական դաս մէկ – Կրօնքի ազատութիւնը ստրկացման ազատութիւն է: * Բարոյական դաս երկու – Մանուկներուն ուղեղները լուալու ազատութիւնը մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւն է:

# ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ *************************** Մտածողներու տեսակ մը ունինք, որ կ՛ըսէ. սխալած ենք` ընտրելով քրիստոնէութիւնը: Պէտք է դաւանափոխ ըլլայինք եւ իսլամը ընդունէինք: Սակայն անժխտելի իրողութիւն է. քանի որ չենք կրնար փոխել անցեալը, անհնար է փոխել նաեւ ներկան ու ապագան: Ինչ որ ըրած ենք, կայացած փաստ է, եւ ատիկա անդառնալի է: Ուստի, մեր ճակատագիրն է` յաւերժ ըլլալ անյաջողակ: Ուրեմն եկէք, իրաւաբանօրէն ըսած, իջեցնենք մեր տաբատներ եւ ծռինք բոլորին առջեւ, որոնք վերն են` շահ ըլլայ, փաշա, փատիշահ, սուլթան, թէ կոմիսար: * Բայց ես կը պնդեմ, որ մեր խնդիրը կրօնքի ընտրութիւնը չէ: Մեր խնդիրը աշխարհին մէջ տիրող տգիտութիւնն է, անմիաբանութիւնը, այլասերուածութիւնը, անձեռնհասութիւնը, դաւաճանութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը որեւէ գաղափարի հանդէպ, որ կրնայ փշրել «լաւագոյնէն լաւագոյն»ի մեր կերպարը եւ մեզ բացայայտել որպէս «նողկալիներէն ամենանողկալիները»:

# ՀԱԿԻՐՃ *************************** Ներկայիս մեր իրավիճակը. անյաջողակները այլ անյաջողակներու գթասրտութեան ներքոյ:

* ԽՈԶԵՐ *************************** Մէկ տոկոսը սառնարիւն խոզերն են, որոնք կը կարծեն, թէ պիտի չայրին գեհենի կրակներուն մէջ, քանի որ դժոխքը հէնց իրենց յայտնագործութիւնն է:

* ՅԱՅՏՆԻ ԱՆՅԱՅՏՆԵՐԸ *************************** Յայտնի է, որ Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի մայրը հայ էր: Յայտնի է նաեւ, որ Թալէաթը ինքը ամենայն հաւանականութեամբ մասամբ հայ էր: Անյայտ է այն, թէ ներկայիս մեր ղեկավարներէն քանի՞ն են թուրք:

* ՀԱՄԱՑԱՆՑ *************************** Համացանցը աւելի՞  խելացի կը դարձնէ մեզ, թէ՞ աւելի կը բթացնէ: Չեմ գիտեր: Միայն գիտեմ, որ եթէ մարդակապիկը զայն կ՛օգտագործէ, ապա այդ չի նշանակեր որ ան վերստին պիտի ծնի որպէս մարդ արարած:

* ԱՍԱՏԻ ՄԱՍԻՆ *************************** Թինա Պրաունը Պաշար ալ-Ասատի մասին. «քստմնելի, թոթովախօս, ընձուղտի վիզով ստախօս»:

* ԼՈԼԻԹԱ *************************** «Լոլիթան կ՛ընթերցեմ եւ կը վերընթերցեմ ամենեւին ալ ոչ անոր համար, որ լուսաւորուիմ կամ կրթուիմ: Կ՛ընթերցեմ, քանի որ ահաւոր արժանի է ընթերցելու` սկսած առաջին նախադասութենէն ` «երանքիս հուրը», մինչեւ վերջինը:

# ՆՇՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ *************************** Ամէն զինուորի մէջ զօրավար մը կ՛ապրի /ըստ Նափոլէոնի/, Պապ մը` ամէն դպրեվանականի, տէր մը` ամէն ստրուկի, քափիթալիսթ մը` ամէն փրոլեթարի, եւ /ըստ ոմն դպրոցական ուսուցիչի մը/ թուրք մը` ամէն հայու մէջ: * Ոչինչ կը զինաթափէ հակադրուելու հզօր ոգի ունեցող տղամարդը, բացի համաձայնիլը՝ անոր հետ: * Այնքա՜ն շատ մահախօսականներ կը կարդանք եւ այնքա՜ն շատ մահերու մասին կը լսենք քանի դեռ ողջ ենք, որ ի վերջոյ կը մտածենք, թէ գրեթէ անմահ ենք: #

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x