«Ի՞նչ է քարոզչութիւնը, եթէ ոչ ինքնաբաւ ապուշներու եւ անոնց զոհերու մայրենի լեզուն»

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Աղմկոտ, բայց անդէմ (Artwork by Steve Bonello)

Արա Պալիոզեան. Նոյեմբեր 6, 2013

ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ *************************** Իշխանութեան տէր մարդիկ նոյնչափ կարիքը ունին շողոքորթութեան, որչափ հացի կարիքը` սովեալները: Այլախոհներու հանդէպ անոնց անհանդուրժողութիւնն ու ատելութիւնը արմատաւորուած է ոչ թէ գաղափարական ընդդիմութեան, այլ սնափառութեան հիմքով: Անոնք թքած ունին գաղափարներու եւ գաղափարախօսութիւններու վրայ, զորս կը համարեն ժամավաճառութիւն: Անոնց համար մտաւորականները ոչ մէկ բանով առաւել են մանուկներէն եւ գաղափարներէն` անոնց անտեսանելի խաղալիքներէն, կամ խօսքային պատրանքներէն եւ ուրուականներէն. եւ անոնք չեն հաւատար ուրուականներու գոյութեան: Բառերը լաւ են միայն այն պարագային, երբ կը փառաբանեն եւ կը շողոքորթեն անոնց «ես»-ը: Անոնց աչքին, իշխանութիւնը Աստուծոյ օրհնութիւնն է: Եւ այդ իրողութեան կը հետեւի այն, որ իրենք ինչ ալ ընեն` հաստատուած է Աստուծոյ կնիքով: Ուստի, այլանդակ իշխանաւորներն ու ապուշ բազմամիլիոնատէրերը կը գործեն`մեկնելով այն բանէն, որ իրենք հանրութեան անթագակիր թագաւորներն են: * Այս հարցին մէջ պատմութիւնը յստակ է: Իշխանութենէն մարդիկ կը խելագարին: Իշխանութիւնը ոչ թէ օրհնանք է, այլ անէծք: 20-րդ դարու սահմանագիծին Օսմանեան կայսրութեան մէջ սուլթանը հազարաւոր հարճեր եւ համբակ բանաստեղծներ ունէր, այդ շարքին` հայեր, որոնք կը փառաբանէին զինք: * Թալէաթ աւելի կրթուած էր: Անոր ընկերներուն շարքին որոշ մտաւորականներ կային, նաեւ մեր սեփական Զօհրապը: Բայց իշխանութեան տիրանալուն պէս ան սպանեց Զօհրապը: Այդ մասին ամենալաւը Նափոլէոնը ըսած է. «Գաղափարակիր մարդը իմ թշնամիս է»:

#ԱՒԵԼԻ ՇԱՏ ԹՐՔԱԿԵԴՐՈՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ**************************Թրքակեդրոնութիւնը կրնայ սահմանուիլ նաեւ որպէս գաղափարախօսութիւն մը, որ կը քարոզէ` մենք չենք մեր ճակատագիրին ճարտարապետները: Հետեւաբար, մեր դժբախտութիւններուն միակ տրամաբանական բացատրութիւնն է. «Կեանք է, ամէն բան ալ կը պատահի»: * Որպէս օրինակ` առնենք երկրաշարժները: Այն, ինչ որ մեզի չեն ըսեր, կը հնչէ այս կերպ. փորձագէտները կը համարեն, որ «ոչ թէ երկրաշարժերն են որ կը սպանեն մարդիկը, այլ շէնքերը»: * Մոլի եւ անուղղելի ստախօսին համար ոչինչ աւելի բնական է, որքան թաքցնելն ու ստելը: * Բոլոր գործարարներուն առաջնահերթութիւնը շահոյթն է: Որքան շահոյթը մեծ է, այնքան լաւ: Նմանապէս, բոլոր քաղաքական գործիչներուն` անկախ ազգային պատկանելութենէն, մաշկի գոյնէն ու դաւանանքէն, առաջնահերթութիւնը իշխանութիւնն է. որքան իշխանութիւնը մեծ է, այնքան կեանքը ուրախ է, նոյնիսկ եթէ ատիկա կը նշանակէ ազգի կործանում: * Ազգայնամոլական ապուշութիւններով զբաղող մեր ազգակիցները մեզմէ կ՛ակնկալեն, որ հաւատանք, թէ այն, ինչ որ կիրարկելի է բոլոր քաղաքական գործիչներուն համար, կիրարկելի չէ մեր սեփական գործիչներուն համար, որոնք կը բաժնեն եւ կը տիրեն Աստուծոյ ողորմածութեամբ:

# ՕՏԱՐԸ *************************** Ինծի համար ծայրայեղ օտարը օսմանացուած եւ խորհրդայնացուած հայն է:

* ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ *************************** Մենք վերապրած ենք, ոչ ոք կը ժխտէ, բայց որպէս ի՞նչ վերապրած ենք:

* ՅԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆ *************************** Այն հայերը, որոնք իրենք զիրենք կը դասակարգեն լաւագոյններու շարքին, ուշ թէ կանուխ իրենք զիրենք կը դրսեւորեն որպէս վատագոյնները: # «Մենք որեւէ ուրիշ ժողովուրդի պէս ժողովուրդ ենք»: «Դուք զձեզ մի՛ շողոքորթէք»:

# ԶՕՀՐԱՊ ԵՒ ՉԱՐԵՆՑ *************************** ««Մենք որեւէ ուրիշ ժողովուրդի պէս ժողովուրդ ենք»: «Դուք զձեզ մի՛ շողոքորթէք»: Նոյնիսկ մեր մեծագոյն մտաւորականներն ու բանաստեղծները, ինչպիսիք են Զօհրապն ու Չարենցը, թշնամական քարոզչութեան զոհերն են: «Անոնց փոխարէն դուն ի՞նչ կ’ընէիր»: «Հաւանաբար նոյնը, ինչ որ անոնք ըրին, եւ այդպէս վարուելով` արժանի կ՛ըլլայի համընդհանուր ծաղրի եւ արհամարհանքի»:

* ՍԱՐՈՅԵԱՆ *************************** Երբեք չեմ մոռնար զայրալից նամակը, որ աւագ սերունդի մեր պետական գործիչներէն մէկը ուղարկած էր ինծի` հակախորհրդային երկարաշունչ ելոյթներէս մէկը կարդալէն յետոյ. «Սարոյեանը կը սիրէ այդ վարչակարգը: Քու կարծիքովդ` Սարոյեանէն խելացի՞ ես»:

* Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻՄ ՄԵՂՔՍ *************************** Կ՛ըսէք` կը պարզեցնե՞մ բարդութիւնները: Իսկ քարոզչութիւնը ի՞նչ կ՛ընէ: Ի՞նչ է քարոզչութիւնը, եթէ ոչ ինքնաբաւ ապուշներու եւ անոնց զոհերու մայրենի լեզուն:

* Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻՄ ՄԵՂՔՍ II*************************** «Կը կրկնես զքեզ»: «Բայց ոչ այնքան յաճախ, որքան մեր քարոզիչները»: #

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x