«Բաւարար չէ ըսելը, որ ոչ մէկ սխալ գործած ենք: Իսկ ճիշդ բան ըրա՞ծ ենք»

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Արա Պալիոզեան. Հոկտեմբեր 23, 2013

#ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՆ *************************** Ինքնահաւան ընթերցողի տեսակ մը կայ, որ կը սիրէ մատնանշել փաստը, թէ հայերու հանդէպ իմ քննադատութիւնս լոկ սեփական թերութիւններուս անդրադարձումն է: Նման ընթերցողը համոզուած է, որ ինք աւելի լաւ գիտէ, քանզի ինք աւելի լաւն է: Անոր չբարձրաձայնուած նպատակը ոչ թէ իրականութիւնը հասկնալն է, այլ այդ իրականութիւնը այնպէս բացատրելը, որ փաստէ սեփական բարոյական եւ մտաւոր գերազանցութիւնը, ինչպէս նաեւ նոյնը փաստէ ուրիշներուն, որպէսզի անորմով համոզէ նաեւ ինքզինք:

#ԻՄ ՊԱՅՔԱՐՍ *************************** Բոլոր ջանքերս այժմ կեդրոնացուցած եմ ընթերցուած ըլլալուն վրայ: Ինչ կը վերաբերի ազգը փրկելուն, ատիկա կը ձգեմ մեր ղեկավարներուն, եպիսկոպոսներուն, բարերարներուն եւ շուներէն շատ փրկիչի նկրտումներով գերհայրենասէրներուն:

*ՔԱՐՈԶԻՉՆԵՐՈՒ ԵՒ ՃԱՌԱԽՕՍՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ *************************** Զանոնք սահմանելու միջոցներէն մէկը այն է, որ ըսենք` ասոնք մարդիկ են, որոնք գիտեն, թէ ինչ պէտք է ըսել, սակայն հետեւողականօրէն եւ համերաշխօրէն կը խուսափին ընել այն, ինչ պէտք է ընել:

*ՃԻՇՏ ԵՒ ՍԽԱԼ *************************** Բաւարար չէ ըսելը, որ ոչ մէկ սխալ գործած ենք: Իսկ ճիշդ բան ըրա՞ծ ենք: Աւելին` կրնա՞նք կոր ճիշդը տարբերել սխալէն:

*ՔԵՊԱՊԻ ՄԵՐ ԽՆՃՈՅՔՆԵՐԸ*************************** Ամերիկայի մէջ Tea Party-ի անդամները այն անհատներու ժառանգորդներն են, որոնք 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն մասնակցած են արիւնալի քաղաքացիական պատերազմին, որոշ մարդոց կարծիքով` պատմութեան ամենաարիւնալի պատերազմին, զոր վարած են ի պաշտպանութիւն ստրկատիրութեան: Անոնք ինծի կը յիշեցնեն մեր ղեկավարները, եպիսկոպոսներն ու բարերարները, որոնք յանուն ազգի փրկութեան կը պառակտեն զայն:

*ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ *************************** Հին հայկական ասացուածք մը կայ. «Այնքան խելացի է, որ նոյնիսկ գիտէ, թէ սատանան ուր կը քնանայ*: Սատանան, բարեկամներս, կը քնանայ այնտեղ, ուր կ՛ապրի, իսկ ան կ՛ապրի մեր սիրտերուն մէջ:

#ԸՍԷ՛Ք ԻՆԾԻ *************************** Այնպիսի բան մը կ՛ըսեմ, որ արդէն չէ՞ք գիտեր:

Արա Պալիոզեան. Հոկտեմբեր 16, 2013

ՀԱՆՐԱԳՈՒՄԱՐ *************************** Մեր խնդիրները ուրիշներն են փաթթած մեր վիզին: Եւ կը հրաժարինք զանոնք ինքնուրոյն լուծելէ: * Միայն ստորները կը յաջողին ապականած միջավայրին մէջ: * Ինչքան մեծ է քաղաքական վերահսկողութիւնը դպրոցներու, գրադարաններու, լրագիրներու, համայնքային կեդրոններու եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ, այնքան մեծ է քծնողներու եւ ապուշներու թիւը: * Խնդիրը այն է, որ խօսինք լուրջ բաներէ առանց մէկը լուրջ ընդունելու, եւ քննադատաբար մօտենանք միւսներուն, առաւել եւս` մեզի: * Ամբողջատիրական միջավայրի մը մէջ ըսելը, որ միակ ձգտումդ յաջողիլն է որպէս գրող, նոյնն է, որ որպէս կոյս ըսես, որ ձգտումդ է հասարակաց տան տիրուհին դառնալ: * Երբ պատասխանատուները գայլերն են, ոչխարները օգտակար են միայն որպէս նախաճաշ:

# ԿԸ ԽՕՍԻ ՕՐՈՒԷԼԸ *************************** Յուշագրութիւններէն մէկուն մէջ Ճորճ Օրուէլը կը խօսի «բրիտանական կայսերական Լեվիաթանի քայքայող, մարսող հիւթեր»ուն մասին: Այժմ կրնաք աւելի լաւ ըմբռնել մեր սեփական անկման խորութիւնը: * Մէկ այլ տեղ կը խօսի «մեր հոգիներուն համար պայքարող գարշահոտ, փոքրիկ ուղղափառներ»ուն մասին:

#ԻՄ ՆՕԹԱՏԵՏՐԵՐԷՍ *************************** Հին ասացուածք մը կայ. «երբ վարն ես, միակ ուղիդ բարձրանալն է»: Ինչպէս բոլոր կանոնները, այս ալ իր բացառութիւնը ունի. հայերը: * Սոկրատին մահուան դատապարտած յունական դատակազմը, Քրիստոսին խաչողները, Կանտին սպանած միայնակ հինտուն՝ բոլորը մէկ ընդհանրութիւն ունէին. անոնց ուղեղները լուացած էին, որպէսզի հաւատային, թէ աստուածները, ճշմարտութիւնը եւ պատմական անհրաժեշտութիւնը իրենց կողմէն են: * Եթէ լուաս մանուկներուն ուղեղները, որպէսզի հաւատան Սուրբ երրորդութեան առասպելին, անոնք հակուած կ՛ըլլան հաւատալու բազմաթիւ այլ երրորդութիւններու, ինչպէս օրինակ` ազատութիւն-հաւասարութիւն-եղբայրութիւն, թեզ-հակաթեզ-սինթեզ, Մարքս-էնկելս-Լենին… * Միասին ատող ազգը կը մնայ միասին: * Ծառին մասին դատէ՛ պտուղով, քարոզչական գիծին մասին` զոհերու քանակով: * Կը մէջբերեմ, որպէսզի բարձրացնեմ  հեղինակութիւնս: Թէ չէ` հայ գրչակը ի՞նչ գիտէ: Ա՛յ, օտար հեղինակը ուրի՜շ է: Փրոֆ. Համալեանը Զօրեանին մասին` իմ թարգմանութիւններս կարդալէն յետոյ. «կը գրէ փայլուն ուսանողներէս մէկուն պէս»: * Բոլոր գիտնականները կը հիմնուին այն ենթադրութեան վրայ, որ իրենք աւելի լաւ գիտեն: Հարցում. միայն Ամերիկայի մէջ ունենալով հազարէ աւելի ազգութեամբ հայ գիտնական` ինչո՞ւ մեր հաւաքական գոյութիւնը նման խառնաշփոթ վիճակի մը մէջ է:

# ԹԵՐԵՒՍ ԿԸ ՍԽԱԼԻՄ *************************** Չտարակուսիլը բոլոր չարիքներուն աղբիւրն է: Բայց թերեւս կը սխալիմ… * Ոեւէ մէկը երբեւէ ըսա՞ծ է` թերեւս կը սխալիմ, բայց եկէք այնուամենայնիւ պառակտենք ընկերութիւնը: Կամ` թերեւս կը սխալիմ, բայց եկէք պատերազմ սկսինք… * Որոշ մարդոց համար հաւատքի համակարգը լոկ եկամուտի եւ իշխանութեան աղբիւր է, ոչինչ աւելի: * Այնտեղ, ուր կուռքեր կան, կան նաեւ կուռք ստեղծողներ: Այնտեղ, ուր յիմարներ կան, կան նաեւ խաբեբաներ: Կարծեմ` Լիւթերը ըսած է. «քրիստոնեաներուն /նկատի ունի կաթոլիկներուն/ Աստուածը կուռք է»: * Ի՞նչ է հայրենասիրութիւնը: Տեսականօրէն` սէրն առ Աստուած եւ երկիրդ: Գործնականին մէջ` մանուկներու ուղեղի լուացում եւ չափահասներու հանդէպ ձեռնածութիւն: * Պէտք է մեր մանուկներուն սորվեցնենք, որ ըսեն` « թերեւս կը սխալիմ»: * Սոկրատը մահուան դատապարտուեցաւ, որովհետեւ կը խօսէր ի պաշտպանութիւն կասկածին եւ տարակուսանքին: «Աստուածներուն մասին, – ըսած է ան, – ոչինչ գիտենք»: #

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x