«Հաւատարմութիւնը կամ ստորաքարշութիւնը իշխանութեան հանդէպ ոչ թէ հայրենասիրութիւն է, այլ ֆաշիզմ»

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Արա Պալիոզեան. Նոյեմբեր 9, 2013

Ո՞վ Է ԼԱՒ ՀԱՅԸ *************************** Սարթըր. «Հարուստ մարդն է առաքինի եւ կ՛ուզէ, որ բոլորը այդպիսին ըլլան: Անոր արժէքները կը դառնան պաշտպանութիւն, եթէ status quo-ն պահպանուած է»: * Բոլորը դէմ են պառակտիչներուն, բայց բոլորը, կարծես, կողմ են status quo-ին, յատկապէս եթէ անիկա կը վերաբերի արտօնեալ խաւերուն, այսինքն` ղեկավարներուն, եպիսկոպոսներուն, բարերարներուն եւ անոնց ընտրած վարձկաններուն եւ ապուշներուն: * Ո՞վ է լաւ հայը: «Այն հայը, որուն սիրտին մէջ Արարատ լեռն է». գրողը տանի՜, սա իբր ի՞նչ կը նշանակէ: * «Աստուածաշունչ»ը հետազօտող գիտնական մը չեմ, բայց գիտնականները, որոնցմէ խորհուրդ հարցուցեր եմ, տեղեկացուցած են, որ «Աստուածաշունչ»ին մէջ չի նշուիր Արարատ լեռը: Այնտեղ կ՛ըսուի` «Ուրարտուի լեռները», որոնք հազարի մօտ են, եւ մեծ մասը Հայաստանի մէջ չէ: #

ՊԱՇՏՕՆԻ ՏԵՂԱՇԱՐԺԵՐ *************************** Բաւական երկար տարիներ կեանքիս միակ նպատակը հաճոյակատար ըլլալն էր: Բայց ընդամէնը քանի մը տարի յետոյ գիտակցեցայ, որ վատ ընտրութիւն էր, բայց վատ ոչ թէ բարոյական նկատառումով, այլ վատ, որովհետեւ մրցակցութիւնը չափէն աւելի խիստ էր ու անզիջում:

* ՅՈՒՇԱԳԻՐ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՍ *************************** Ձեր եւ իմ միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ դուք կը սիրէք պարծենալ, իսկ ես չեմ սիրեր:

# ՄԵՐ ՏԷՐ ՈՒ ՏԻՐԱԿԱԼՆԵՐԸ *************************** Որոշ ընթերցողներ, այդ շարքին նաեւ նախկին ընկերներ, չեն համաձայնիր հետս հասկնալիօրէն համոզիչ պատճառով. անոնք ֆինանսապէս կախեալ են խոզերու ողորմածութենէն: Կրնան ազատութիւն քարոզել, բայց կը վախնան ոչ միայն ազատ խօսքէն, այլեւ ընկեր-հայերէն, որոնք ներքաշուած են անոր մէջ: * Մեր քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդները ո՛չ Աստուծոյ եւ ո՛չ ալ մարդոց ծառան են, անոնք մեր տէր ու տիրակալներն են: Մէկ մատնաչափ շեղի՛ր, եւ արդէն քէպապցու ես: #

Նոյեմբեր 2, 2013

ԻՄ ՆՕԹԱՏԵՏՐԵՐԷՍ *************************** Հաւատարմութիւնը կամ ստորաքարշութիւնը իշխանութեան հանդէպ ոչ թէ հայրենասիրութիւն է, այլ ֆաշիզմ: * Կը կարծեմ, որ մէկ մարդու հաշուով աւելի շատ ճառասացներ, քարոզողներ եւ գիտուններ տուած ենք, քան երկիրի երեսին ոեւէ այլ ազգ: * Այսօր ով կը խօսի ժողովուրդին անունէն, եւ երբ կ՛ըսեմ ժողովուրդ, նկատի ունիմ ոչ թէ մեռածները, այլ ողջերը: * Կեանքին մէջ բոլոր ամենակարեւոր հարցերը նոյն ճակատագիրը ունին. մնալ անպատասխան: Նոյնիսկ հաւատքի համակարգերը, որոնք կը յաւակնին բոլոր հարցերուն պատասխանը տալ, պատրաստ են խոստովանելու այդ փաստը: Յայտնի պատմութիւն մը կայ աստուածաբանի մը մասին, որուն, երբ տեղեկացուցեր է Պապը, թէ 1000 էջնոց ուսումնասիրութիւն մը գրած է` բացատրելով Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդը, հրամայած են` Այրե՛լ:

# ՔԱՆԻ Կ՛ԱՊՐԻՍ, ՊԻՏԻ ՍՈՐՎԻՍ *************************** Մինչեւ բոլորովին վերջերս անտեղեակ էի այն իրողութեան, որ հանգանակութիւնը շահութաբեր ձեռնարկ է, եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու որոշ ղեկավար գործադիր պաշտօնեաներ միլիոնաւոր տոլարներու աշխատավարձ կը ստանան: * Մենք աւելի քաղաքակիրթ ենք: Մեր բարեգործական կազմակերպութիւնները ղեկավար գործադիր պաշտօնեաներ չունին, դեռ բան մըն ալ աւելին, հաշուետու են միայն Աստուծոյ, ինչ որ գործնականին մէջ կը նշանակէ` ոչ մէկուն: * Հարց. բարեգործական կազմակերպութիւններու ղեկավար գործադիր պաշտօնեաները նուիրատուութիւն կ՛ընե՞ն բարեգործական կազմակերպութիւններուն:

# ՍԵՆԱՐԻՕՆԵՐ *************************** Այն օրը, երբ ազերիները կը բանան իրենց սահմանները, մենք կ՛արիւնահոսինք երեք բաց վէրքերէ. Արեւելք, Արեւմուտք եւ Հիւսիս: * Արտագաղթի ներկայ վիճակէն մեկնելով, անոնք ստիպուած պիտի չըլլան կռիւով վերագրաւելու հողերը, պարզապէս քալելով պիտի մտնեն: * Ես սփոփա՞նք եմ մեր թշնամիներուն համար: Իսկ մեր պառակտիչնե՞րը: Անոնց ուղերձը ո՞րն է: Փորձեմ գուշակել. «պէտք չկայ մեզ սպանել, որոշած ենք ինքնասպան ըլլալ»: Ալ ուրիշ ի՞նչ: #

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x