«Մանտե՞լա: Սատանան տանի՛, նոյնիսկ Աթաթուրք մը չկրցանք ունենալ»

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Արա Պալիոզեան. 14 Դեկտեմբեր, 2013

ՊԱՇՏՊԱՆՈՂԱԿԱՆԸ****************************************

Թուրքիոյ ընտրած պաշտպանողական գիծը ինքնին պարզութիւնն է. «Հայերուն ըրած ենք այն, ինչ դուք (ամերիկացիներդ) ըրած էք ձեր (կարմրամորթ) հնդիկներուն»: *Միակ մարդիկը, որ կը մերժեն գիտակցիլ այս յայտարարութեան վերջնականութիւնը, մեր հիմնադրամներու գումար հանգանակողներն ու Հայ Դատի տուրք հաւաքողներն են: *Եթէ յոյները իրենց Ոսկեդարուն… որոշեցին, որ Սոկրատը մահուան արժանի յանցանք գործած է, եւ մահապատիժի ենթարկեցին, ուրեմն ինչպէ՞ս կը համարձակինք յուսալ, թէ կարելի է արդարութիւն ակնկալել յանցաւոր ստախօսներէ ու կոկորդ կտրողներէ կազմուած երդուեալներու դատարանէն:

#ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ ԸԼԼԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Կ՛ըսէք` պետական մեծ գործի՞չ էր: Ուրեմն թուարկեցէք, թէ մեր խնդիրներէն քանի՞ն լուծեց: Պետական գործիչը նախ եւ առաջ գործունեայ մարդ է, կը մշակէ եւ կ՛իրականացնէ այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ կրնայ կեանքի կոչուիլ միայն փոխհամաձայնութեան հասնելէն յետոյ: *Կ՛ըսէք` հայերը անկառավարելի՞ են: Այդ պարագային, պետական գործիչին առաքելութիւնը անկառավարելին կառավարելի դարձնելն է: Եթէ չի կրնար ընել այն, ինչ պէտք է ընել, ուրեմն ձախողակ է, կամ լաւագոյն պարագային` ոչ թէ գործունեայ, այլ մտածող մարդ մը: Աւելի շատ նման է Նարեկացիին, եւ աւելի քիչ` Կանտիին, Չըրչըլին ու Մանտելային: *«Ան հեռատես էր, մեծ հայրենասէր եւ անկեղծ էր նպատակներու իրականացման մէջ»: Այսպիսին էին Հիթլերը, Մուսոլինին եւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը:

# ԵՐՋԱՆԻԿ ԱՒԱՐՏՈՎ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ*******************************************

Երբ խնդրեցին մատնանշել ընդօրինակման արժանի ամենասիրելի մարդը, մեր մտաւորականներԷն մէկը (եկէք կոչենք պարոն Փանջունի) անուանեց մեր բարեգործներէն մէկը (զինք ալ կոչենք Ճէք Էս. Աւանակեան) եւ շռայլօրէն հատուցուեցաւ:

* ԿԸ ԽՕՍԻ ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԸ****************************************

«Ֆրանսացի պոռնիկը պոռնիկ է: Գերմանացի պոռնիկը պոռնիկ է: Յոյն պոռնիկը պոռնիկ է: Բայց պոռնիկը, որ կը գրէ, մտաւորական է»:

* ՀԱՐՑՈՒՄ***********************

Անանուն քննադատին, որ կը կարդայ ամէն ինչ որ կը գրեմ եւ կը հայհոյէ անխտիր բոլոր գրուածքներս. «Դուք ան չէ՞ք, որ անգամ մը բնածին ապուշ անուանեցի»:

* ՊԱՐԶԱՊԷՍ ԵՆԹԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ**************************

Պիտի չզարմանայի, եթէ ըսէին. «Եկէք մեր հայերուն ընենք այն, ինչ ամերիկացիները ըրած են իրենց հնդիկներուն*: Բայց պիտի զարմանայի, եթէ մեր յեղափոխականներէն մէկը ըսեր. «Իսկ եթէ անոնք մեզի ընեն այն, ինչ ամերիկացիները ըրած են իրենց հնդկիկներուն»: #

Արա Պալիոզեան. 11 Դեկտեմբեր, 2013

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԼՈՒԾԵԼ ՄԵՐ ԽՆԴԻՐՆՐԸ**************************************

Ցեղային բաժանումները անդառնալի դատավճիռներ չեն: Մեզի ընդամէնը Մանտելա մը պէտք է: Եթէ ափրիկեցիները կարող են ատիկա ընել, ինչո՞ւ մենք չենք կրնար: Անոնց, որոնք կ՛ըսեն. «Ինչո՞ւ չես դիմեր այդ պաշտօնը ստանձնելու համար», կ՛ըսեմ. «Որպէս գրող անյաջողակ եմ: Որպէս քաղաքական առաջնորդ աղէտ մը կ՛ըլլամ: Իմ գործս պատմելն է այն, ինչ կայ: Մանտե՞լա: Սատանան տանի՛, նոյնիսկ Աթաթուրք մը չկրցանք ունենալ»:

# ԳՈՎՔ ԾԵՐՈՒԹԱՆ***********************************

Եղած եմ երիտասարդ եւ եղած եմ ծեր, եւ ծեր ըլլալը աւելի լաւ է: * Եթէ երիտասարդ ես եւ կ՛ընդունիս, որ ճիշդ ես, աւելի մօտ կ՛ըլլաս ճշմարտութեան: Եթէ ընդունիս, որ ոչ թէ պարզապէս սխալ ես, այլ բացարձակապէս սխալ, փաստօրէն այնչափ սխալ, որ կեանքիդ մնացած տարիները թերեւս ստիպուած ըլլաս անցնել` տառապելով կոպիտ սխալներուդ հետեւանքներէն: * Ծերութեան առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ աւելի մեծ ազատութիւն կը ստանաս դժբախտութեան ընտրութեան հարցին մէջ: * Կը գրեմ յիմարներու եւ ապուշներու համար, ինչպիսին էի երիտասարդ տարիքիս:

# ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ***********************************

Եթէ կը դժուարանաք հասկնալ, թէ ինչո՞ւ ամերիկեան կառավարութիւնները յաջորդաբար կը մերժեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, ահա՛ որոշ դիւրըմբռնելի բացատրութիւններ: Հզօրը նոյնիսկ եթէ աներկբայօրէն սխալ է, միշտ ճիշդ է (կը խնդրեմ, որ ուշադրութիւն դարձնէք, որ օրէնքներ չեմ ստեղծեր, այլ սոսկ կը յայտարարեմ զանոնք, ինչպէս կը տեսնեմ ու կ՛ընկալեմ): Կայսրութիւնները այնպիսի լեզուով կը խօսին, որ տոհմիկ ժողովուրդները չեն հասկնար: Թիւ 1-ուն մասին հոգալը անոնց թիւ 1 հոգն է: Վարչակարգերը չունին սկզբունքներ, ունին միայն շահեր: Եթէ կը մերժես տեսնել լոյսը, թերեւս պատճառը այն է, որ կը գերադասես ապրիլ խաւարին մէջ (մի՞թէ այդպէս չենք վարուած 600 տարի շարունակ): Տգիտութիւնը ծանր բեռ է: Լինքընը սխալ էր: Կրնաս խաբել ամբողջ ժողովրդը ամբողջ ժամանակ: Քննեցէ՛ք կազմակերպուած կրօններուն երկա՜ր պատմութիւնը: Ըստ Թոյնպիի (որ իր գրած գրեթէ բոլոր էջերուն մէջ կը մէջբերէ «Աստուածաշունչ»ը) մեր պահանջները խելամիտ չէին: Ասոր կը հետեւի այն, որ թուրքերը ըրած են այն, ինչ ըրած են, քանզի այլ ընտրութիւն չեն ունեցած: Անոնց համար, որ կը մերժեն բացատրութիւններու այս համառօտ ցանկը, թոյլ տուէք յայտնի այլ ասացուածք մը մէջբերել. «Կեանքը ք․․քի սենտուիչ է: Որքան հացը շատ ըլլայ, այնքան քիչ ք․ք կ’ուտես»: #

# ԱՂՄՈՒԿ***********************************

«Աղմուկ» նշանակող չինական պատկերագիրը մէկ տանիքի տակ ապրող երեք կիներ են, այդպէս կը յիշեմ, կարդացեր եմ տեղ մը: Նոյն բառը հայկական երեւակայական պատկերագիրի մը մէջ՝ երկու տղամարդիկ:       * Homo sapiens? Ո՛չ, սատանա՜ն տանի: Homo, որ ունակ է ըլլալու sapiens? Թերեւս: * Համեմատած ոչնչութեան հետ (նախքան մեր ծնիլը եւ մեր մեռնելէն յետոյ), լինելիութիւնը վաղանցուկ կէտ է եւ այնքա՜ն փոքր, որ կրնայ նոյն յաջողութեամբ անտեսանելի ըլլալ անզէն աչքին համար: Կարելի է գրեթէ չդիմանալ գայթակղութեան եւ ըսել, որ մեր գոյութեան պատճառը այն է, որ զգանք սեփական անիմաստութիւնը կամ ոչնչութիւնը: * Երբ կը հանդիպին երկու եսասէր անհատներ, կը հասկնան այլասիրութեան կարեւորութիւնը: #

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x