«ԱՆԳԱՄ ՄԸ ՈՐ ՈՒՂԵՂԴ ԼՈՒԱՑԻՆ, ԱՆՎԵՐՋ ԿԸ ԼՈՒԱՆ»

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Արա Պալիոզեան.14 Սեպտեմբեր, 2013

ԿԸ ԽՕՍԻ ՕՐՍԸՆ ՈՒԵԼՍԸ *************************** Կ՛ատէր իրլանտացիները, Սփենսըր Թրէյսիէն սկսեալ: Վերջերս հրատարակուած «Զրոյցներ»ուն մէջ կը բացատրէ. «եօթը հարիւր տարուան դառնագին հալածանքները փոխած են անոնց բնաւորութիւնը, անոնց տուած են կրաւորական ստորութիւն եւ խորամանկութիւն»: * Ի հակադրութիւն, կը սիրէր հունգարացիները. «կը սիրեմ հունգարացիները սեքսի չափ: Համարեայ կը գրգռուիմ, երբ ականջիս հունգարական առոգանութիւն կը հասնի, կը խենթանա՜մ անոնց համար»: * Իսրայէլացիներուն մասին. «միայն այն ժամանակ լաւ երաժշտութիւն կը մատուցեն, երբ նուագախումբը կը ղեկավարէ հինտու Զուպին Մեհդան»: Քոփոլայի մասին. «Կնքահայր-ը փառաբանումն է խումբ մը անբաններու, որոնք երբեք գոյութիւն չեն ունեցած»: * Շարունակելի…

# ԿԸ ԽՕՍԻ ՕՐՍԸՆ ՈՒԵԼՍԸ (II)  *************************** Մտաւորականներուն մասին. «Անոնք մեծագոյն միամիտներն են: Կը սիրեն իշխանութիւնը: Կը խմբուին իշխանութիւն ունեցող ոեւէ ոսկէ տղայի կամ տղամարդու շուրջը եւ կը սկսին արդարացնել իրենց արարքը»: * Գրողներուն մասին. «չեմ սիրեր Տոսթոեւսքին: Թոլսթոյն է իմ գրողս: Կոկոլն ալ իմ գրողս է: Ճոյսի տղեկներէն չեմ… »: * Կիներուն մասին. «ուրիշ ցեղ մըն են: Կարելի չէ ճշմարտութիւնը ըսել անոնց: Ստիպուած էք ստել»: * Ռուսերուն մասին. «ահաւոր ճաշակ ունին: Հանճարներու ժողովուրդ են, եւ անչափ ուղղամիտ: Մեքենայով արտադրուած են: Խե՜ղճ մարդիկ»: Ամերիկացի լրագրողներուն մասին. «գրամեքենաներով կ…ծծողներ»: Լորընս Օլիվիէի մասին. «այնքա՜ն սիրահարուած էր սեփական կերպարին, որ անոր համար սարսափելի դժուար էր դիմադրել սեփական մարմինը լզուըրտելու ցանկութեան»:

#ԱՆԳԱՄ ՄԸ ՈՐ ՈՒՂԵՂԴ ԼՈՒԱՑԻՆ, ԱՆՎԵՐՋ ԿԸ ԼՈՒԱՆ *************************** Միայն այսպէս կարելի է բացատրել, թէ ինչո՞ւ մինչ օրս քրիստոնեաները չեն յաջողած կրօնափոխել իսլամները եւ հակառակը: * Թէ՛ եպիսկոպոսները եւ թէ՛ իմամները համաձայն են, որ երբ գործը կը հասնի ուղեղ լուալուն, մանուկները աւելի ընկալունակ նիւթ են, եւ նոյնիսկ աւելի զայրացուցիչ է, որ այդ բոլորը կ՛անուանեն կրթութիւն: * Մարդոց ճնշող մեծամասնութիւնը կը ծնի, կ՛ապրի եւ կը մահանայ որպէս ապուշ: * Գիրքի մը կարեւորութեան մասին կը դատեմ նախապաշարումներու եւ կանխակալ կարծիքներու թիւով, զորս այդ գիրքը կը քօղազերծէ եւ կը քօղարկէ անդառնալիօրէն: * Ազնիւ քրիստոնեան ազնիւ է միայն կրօնակիցներու աչքին: Ազնիւ անկրօնը կամ հեթանոսը հականիշ բառեր են: * Հայը գրողի կարիքը չունի: Ան գործողութեան մարդ է, որ կը հասկնայ ամէն ինչէն եւ ոչինչ գիտէ. թէ՞ հակառակն էր: #

Արա Պալիոզեան.11 Սեպտեմբեր, 2013

ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ (XXII) *************************** Քանի որ քաղաքական նկրտումներ չունիմ, դէմ չեմ եւ կ՛ընդունիմ, որ կեանքիս մեծ մասի ընթացքին սխալ եղած եմ եւ, հաւանաբար, այսօր ալ սխալ եմ: Եթէ ճիշդ ըլլալը կը նշանակէ մարդ սպանել, աւելի հաւանական է, որ սխալ եմ: * Իմ սիրելի պատրանքս. մարդոց մեծ մասը որպէս մահկանացու օժտուած է բանականութեան լոյսը տեսնելու կարողութեամբ: * Մոլի ցեխ շպրտողները ոչ մէկ կերպ չեն ուզեր հաւատալ, որ մենք վճռորոշ դեր խաղցած ենք մեր պատմութեան ընթացքին եւ այսօր ալ կը շարունակենք նոյնը ընել: * Անանուն. «պատմութիւնը ինքզինք չի կրկներ, բայց կը կանոնաւորէ»:

# ՅԱՆՑԱՆՔԷՆ ԱԼ ԳԷՇ *************************** Ընկերս անգամ մը գիրք մը գրեց «Մենք՝ ուրիշներու աչքերով» վերնագիրով, բայց այնքա՜ն զգուշաւոր էր, որ մէջբերած եւ քննարկած էր մեծ մասամբ բարեացակամ վկայութիւնները: * Ես ինքս աւելի գէշ սխալ մը գործած եմ. հայոց պատմութեան նուիրուած գիրք մը գրած եմ, որմէ հանած եմ այն ամէնը, ինչ որ կրնար անգամ չնչին հաւանականութեամբ համարուիլ բացասական, եւ այժմ ինծի համար նոյնիսկ աւելի տհաճ է, որ իմ գրածներս երբեք չեմ համարած քարոզչութիւն: Ինչպէս բոլոր ապուշներն ու յիմարները հաւատացած եմ, որ հայրենասիրական պարտքս էր ընթերցողներուս վերաբերիլ որպէս ապուշներու եւ յիմարներու: * Ասատի յանցանքը, ինչպէս մեզի կ՛ըսեն, թունաւոր կազի օգտագործումն է սեփական ժողովուրդը սպանելու համար: Բայց մեզի չեն ըսեր, որ անոր հիմնական սխալը այն էր, որ ոչ մէկ ջանք գործադրեց հաշտեցնելու եւ միաւորելու իր պառակտուած ազգը: * Կարծեմ Թալեյրանն էր, որ անգամ մը ըսաւ Նափոլէոնին. «յանցանքէն ալ գէշ էր, սը՜ր, ատիկա սխալ մըն էր»:

#ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ *************************** Մէկ անցեալ կայ, բայց տասը հազար պատմաբան:

* ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ************************* Պատմութիւն ուսումնասիրելու երկու հիմնական մօտեցում կայ` անաչառ եւ հիսթերիք հիւանդագին:

* ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՆԱՉԱՌ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵՆԷՆ *********************** Մեզ պառակտած են թուրքերը, մեզ պառակտած են պոլշեւիքները, իսկ այժմ մեզ կը պառակտեն մեր սեփական օսմանացուած, սթալինացուած եւ ապուշացուած bureaucrap՝ վարչա-աղբերը /ճիշդ այդպէս/:

* ՔԱՂԱՔԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱԳԻՐՔԷՆ *********************** Երբեք մի՛ պատերազմիք ձեր թշնամիներուն դէմ, եթէ կրնաք պառակտել զիրենք: Յիշեցէ՛ք հայերը:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x