Մեղքը ուրիշին վրայ բարդելը մեր առաջնորդներուն սիրելի մարզաձեւն է

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Արա Պալիոզեան. Օգոստոս 31, 2013

ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ *************************** Այս առաւօտ, երբ ռատիոյով հարցուցին իր իսկ բնութագրումով «ակնոսթիք քրիստոնեայ»ին, թէ կը հաւատա՞յ անմահութեան, ան պատասխանեց. «միայն այն իմաստով, որ իմ DNA-ս կը գոյատեւէ զաւակներուս եւ թոռներուս ծիներուն մէջ»:

* ԾԵՐ ՏԱՐԻՔԻ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ *************************** «Կար ու չկար»ի ժամանակներուն մէջ կը փնտռէի հայ բարեկամներուս ընկերակցութիւնը: Այժմ կը խուսափիմ անոնցմէ: Տգիտութիւնը շռայլութիւն մըն է, որ միայն երիտասարդը կրնայ ինքն իրեն արտօնել:

* ԵՐԿՈՒ Աստուածաշունչ *************************** Երկու Աստուածաշունչեր գոյութիւն ունին` Աստուծոյն /գրաւոր/ եւ Սատանային /անգիր/: Առաջինը կ՛օգտագործեն քարոզներու համար:

* ԳԵՂԵՑԿՈՒՀԻՆ ԵՒ ՀՐԷՇԸ *************************** Լենըրտ Պըրընշտայնը` Կլեն Կոլտին, երբ վերջինս արդէն կատարած էր Պեթհովենի Դաշնամուրային երկրորդ քոնչերթոն. «այնքա՜ն գեղեցիկ կը նուագէիք, յատկապէս վերջը, որ համարեա վերջացուցի տաբատիս մէջ»:

* ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ (II) *************************** Արդէն երկու անգամ աւելի ապրած եմ, քան միջինը կ՛ապրի հայ գրողը: Ինծի համար բաւական երկար կեանք մըն է:

# ՑԵՂԱՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆ *************************** Եթէ Ասատը մեր կողմէն է, ան չի կրնար սխալիլ: Եթէ ապստամբները մեր դէմ են, անոնք չեն կրնար որեւէ ճիշդ բան ընել: Բարոյական կողմնացոյց չունեցող ցեղաբնակ մարդոց մտածողութեան կերպն է այս:

* ԱՆՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ՍՐԻԿԱՅ *************************** Որովհետեւ ախտորոշած եմ զայն որպէս սատո-մազոխիստ ֆաշիստ եւ նարսիսականութեամբ ծանրացած դէմք, կը հրաժարի խօսելէ հետս: Փոխանակ երախտապարտ ըլլալու, որ զինք փրկած եմ հոգեբանին քով բազմակի այցելութիւններէն, հիմա ինծի կը վերաբերի որպէս թշնամական վկայի: Բայց ոչ ոք երբեք չէ ըսած, որ երախտագիտութիւնը մեր զօրաւոր կողմն է:

* ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿԻՍՈՒԻԼԸ *************************** Որոշ ընթերցողներ կը հրաժարին հետս կիսուիլ իրենց իմաստութեամբ: Միայն կ՛ըսեն` «ոչինչ գիտէք եւ նոյնիսկ աւելի քիչ ալ կը հասկանաք», կամ այլ նմանատիպ բառեր: Հազարամեակներու մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին մեր գրողներուն սխալ հասկցած են, արհամարհած են, մերժած են, նախատած են, սովի մատնած են, նոյնիսկ ժողովուրդն ու անոր ներկայացուցիչները դաւաճանած են անոնց եւ սպանած: Ուրեմն՝  իրենք ի՜նչ կ’ուզեն` կ’ըսեն ու կ’ընեն, իսկ մենք իրաւունք չունի՞նք ըսելու, որ իրենց աչքին վերը յօնք կայ:

* ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑ *************************** Տունէս մէկ փողոց հեռու զբօսայգի մը կայ, լճակ մը եւ գետ մը: Կանխելու համար, որ որեւէ մէկը չկեղտոտէ գերեզմանիս վրայ, որոշած եմ դիափոշիս ցրուել անոնցմէ մէկուն վրայ:

# ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԾԱՂԿՄԱՆ ԵՒ ԱՆԿՄԱՆ ՄԱՍԻՆ *************************** Երկու հազար տարի առաջ, թերեւս մէկ- երկու տասնամեակ աւելի կամ պակաս կ՛ըսեմ, Անգլիան Հռոմէական կայսրութեան մաս կը կազմէր: Այն ժամանակ ո՞վ կրնար գուշակել, որ կայսրութեան մը մոխիրներէն վեր պիտի յառնէր այլ կայսրութիւն մը: * Աշխարհը ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ ասկէ երկու հազար տարի յետոյ: Եթէ թուրքերը սեփական կայսրութիւն ձեռք բերած են, ինչո՞ւ զուլու ցեղերն ալ չեն կրնար ունենալ: * Ի՞նչ կ՛ըլլայ, եթէ անկման, խաւարի եւ անարգանքի երկար ու ձիգ դարերէն յետոյ հայերու նոր սերունդը ըսէ. «բաւակա՛ն է: Կ՛ուզենք մեր տեղն ունենալ այս արեւուն տակ: Կ՛ուզենք ինքներս ընտրել մեր դաշնակիցները եւ անոնց հետ համագործակցելով եւ անոնց օգնութեամբ սեփական կայսրութիւն մը ունենալ»: * Մինչ կը գրեմ, ականատես կը դառնանք ամերիկեան եւ ռուսական կայսրութիւններուն աստիճանական անկումին: Ո՞վ պիտի փոխարինէ զանոնք: Ոեւէ մէկը կրնա՞յ գուշակել: Երբ գործը կը հասնի կայսրութիւններու ծաղկումին ու անկումին, ձեր կամ ոեւէ մէկուն գուշակութիւնը նոյնքա՜ն ճշգրիտ է, որքան իմս: * Ըսել, որ մենք երբեք սեփական կայսրութիւն պիտի չունենանք նոյնքան անհեթեթ է, որքան անհեթեթ է ըսելը, որ պիտի ունենանք: Կը նախընտրեմ ոչ մէկը ըսել: Ըսածս հետեւեալն է. հնարաւորութիւններու շրջանակին մէջ ոչինչ անհնար է: Կամ, Ժան-Փոլ Սարթրի բառերով` «ինչ կը վերաբերի մարդոց, զիս չի հետաքրքրեր` այժմ ի՞նչ են, զիս կը հետաքրքրէ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլան»: #

Արա Պալիոզեան. Օգոստոս 28, 2013

ՄԵՆՔ ԱԶԳ ԵՆՔ *************************** Մենք այն ազգն ենք, որ ցեղասպանութիւն տեսած է: Ցեղասպանութիւնը հանեցէ՛ք մեր պատմութենէն, եւ մեր հաւաքական կերպարը կը բաժնուի հատուածներու կամ ցեղերու, ոոնք  հաւատարիմ եղած են կամ հնազանդօրէն ծառայած են առաջնակարգ խոզերուն: * Ի յաւելումն այդ կերպարին` Ցեղասպանութիւնը մեզի տուած է նաեւ համախմբուելու նպատակ, ալ չեմ ըսեր` լրիւ ծանրաբեռնուածութեամբ աշխատանք գիտնականներուն, ուսուցիչներուն, թրքակեդրոն ղազէթաճիներուն, գումար հանգանակողներուն, Ցեղասպանութեան ճանաչման հարկահաւաքներուն, աքթիւիսթներուն, լոպիիստներուն եւ յուշագիրներուն: * Զիս սխալ չհասկնա՛ք: Նկատի չունիմ, որ պէտք է երախտապարտ ըլլանք ոճրագործներուն: Ըսածս այն է, որ եկէք սատանային պարտքը վճարենք: * Բոլոր մասնագիտութիւնները, ինչպէս կը յուշեն մեզի, «դաւադրութիւն են մասնագիտութիւն չունեցողներուն հանդէպ»: Բոլորս ալ լսած ենք լկտիներուն մասին, որոնք մէկ այլ մարդու խաչելութիւնը կ՛օգտագործեն բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելու համար: Մեղքը ուրիշին վրայ բարդելը մեր առաջնորդներուն սիրելի մարզաձեւն է: Զօհրապը կ՛ըսէր, որ սխալ է մեր խնդիրները ողբին հետ հակադրելը: * Ես չեմ զրպարտեր: Ընդամէնը կ՛ըսեմ, որ որպէս մարդ արարածներ մենք ալ կը կիսենք մեր տեսակին թուլութիւնները: Մենք բարձր բարոյականութեամբ ազգ մը չենք: Բայց ազգ մըն ենք: Մենք…

# ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԿԸ ՄԷՋԲԵՐԵ՞Ն ԶԻՍ *************************** Երեւի այն պատճառով, որ քննադատներս կը շարունակեն զիս անուանել «ժխտողական»: * Կ՛ակնկալէք, որ պէտք է հաւատամ, թէ նուիրեալ եւ անձնուրաց հայրենասէ՞ր էք: Սակայն հաւատքի համակարգս կը յուշէ` «որքան բա՜րձր կը դասեն իրենք զիրենք, այնքան ցա՜ծ են իրականութեան մէջ»: * Կ՛ուզէք իմանալ, թէ ընդհանրապէս ինչ կարծիք ունիմ արաբներուն եւ իսլամներուն մասի՞ն: Անոնց մասին ընդամէնը գիտեմ, որ շա՜տ կ՛ուզեն, որպէսզի աշխարհը սիրէ զիրենք, նոյնիսկ եթէ մահուան չափ կ՛ատեն մէկզմէկ: Նման բան կրնա՞յ մեր մասին ալ ըսուիլ: * Կ՛ըսէք` հայերուն մասին բոլոր ըսածներս կ՛ապացուցեն, որ չեմ ճանչնար զիրենք, չեմ հասկնար զիրենք, տանիլ չեմ կրնար զիրենք: Ի վերջոյ, ի՞նչ վատ բան մը կայ ատոր մէջ: Մարդիկ հետեւողականօրէն մերժած, նոյնիսկ դաւաճանած եւ սովի մատնած են մեր գրողները: Եթէ ձեզի հաճելի չէ արդարադատութիւն բառը, հատուցման մասի՞ն ինչ կ’ըսէք: Եթէ, անշուշտ, անոնցմէ չէք, որ ուրիշին աչքին փուշը կը տեսնեն, իսկ իրենց աչքին գերանը` ոչ:

# ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ *************************** Ամերիկայի կին քաղաքապետներէն մէկը պատկերասփիւռով պատասխանելով հարցումին, թէ քաղաքական գործիչի պէս չի վարուիր, ըսաւ. «որովհետեւ քաղաքական գործիչ չեմ: Հանրային ծառայող եմ»:

* ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ *************************** Կարդալ չգրուածը եւ լսել չըսուածը ամենայն իմաստութեան սկիզբն է:

* ԱՆՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ *************************** Երբ ազնիւ մարդը չի համաձայնիր հետս, կը սկսիմ կասկածիլ` համոզումներս օրինաչա՞փ են: Բայց երբ խարդախին մէկը չի համաձայնիր հետս, կը զգամ, որ արդարացի եմ:

* ՄԵԶՄԷ ԱՌԱՋ ԵՆ *************************** Թուրքերը ունին այլախոհներու իրենց հատուածը, քանզի գիտեն, թէ ի՜նչ ահաւոր եւ անուղղելի ստախօսներ են իրենց քաղաքական գործիչներն ու գիտնականները:

* ԿԸ ԿՐԿՆԵ՞մ ԶԻՍ *************************** Նոյնը կ՛ընէ մեր իրականութիւնը:

* ՀԱՐՑ ՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆ *************************** Արդեօ՞ք թունաւոր կազ կիրառած է սեփական ժողովուրդին հանդէպ, ներառեալ կիներուն եւ մանուկներուն: Էական չէ: Ան մինչեւ ողն ու ծուծը մեղաւոր է, քանզի հայրը իրեն համար ընդօրինակելի իտէալական կերպար է: Եւ կը կարծէ, որ կրնայ ազգը փրկել` անոր քաղաքները աւերակներու վերածելով: Ան կը վայելէ իմամներուն եւ Փութինի օժանդակութիւնը: Բոլոր բռնակալներուն պէս, ներառեալ անոնց իսլամ տարբերակները, ի ծնէ մարդասպան է:

* ԿԸ ԽՕՍԻ ՎՈԼԹԵՐԸ *************************** «… եւ քանի որ կրօնական պատերազմ մըն էր, ոչ ոք փրկուեցաւ»:

# ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՅԲՈՒԲԵՆ *************************** Անհամաձայնութիւններ կ՛ըլլան ամէնուր, նոյնիսկ ընտանեկան միաւորին ներսը: Առողջ ընտանիքը այն է, որուն ներսը անհամաձայնութիւնները կը հարթուին փոխադարձ հանդուրժողականութեան, իրար հասկնալու, փոխզիջումներու եւ համաձայնութեան միջոցով: * Անհամաձայնութիւնները ղեկավարութեան ձախողումներուն ախտանիշներն են: Անհամաձայնութիւններուն վերացումը պետութեան կարեւորագոյն գործառոյթներէն է: * Ենթադրել, թէ հնարաւոր է ճնշել դժգոհութիւնը եւ ուժով կամ կոտորածներով ներդաշնակութիւն պարտադրել, օսմանեան թիւրըմբռնում է: * Փոխզիջումն ու համաձայնութիւնը ինքնաբերաբար չեն ըլլար: * Սուրիայի ղեկավարութիւնը քանի մը տասնամեակ ունէր իր տրամադրութեան տակ, որոնց ընթացքին պէտք է հարթեր ներքին հակասութիւններն ու տարբերութիւնները: Սակայն չյաջողեցաւ: Այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ այսօր, այդ ձախողումին հետեւանքն է: * Փոխադարձ մեղադրանքները ոչինչ կու տան: Անոնց միակ նպատակը ձախողումը ժխտելն ու պատասխանատուութենէն խուսափիլն է: * Ազնուութիւնը համընդհանուր եւ անտեսանելի կայսրութիւն մըն է: Մենք կա՛մ անոր քաղաքացիներն ենք, կա՛մ ալ վախկոտ ստախօսներ, որոնք կը հրաժարին առերեսուիլ փաստերուն եւ գործ ունենալ իրականութեան հետ: #

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x