«Ազատ խօսքը անօգուտ է այն միջավայրին մէջ, ուր իւրաքանչիւրը կը կարծէ, թէ բոլորէն լաւ միայն ինքը գիտէ»:

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Արա Պալիոզեան. 30 Մարտ, 2014

ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ, ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
***********************************Ազատ խօսքը անօգուտ է այն միջավայրին մէջ, ուր իւրաքանչիւրը կը կարծէ, թէ բոլորէն լաւ միայն ինքը գիտէ:
* Առաջին հոնորարս յօդս ցնդեցաւ: Անկէ յետոյ գործերս գէշցան: Հայու բախտ է: Գործերը միշտ գէշ են, լաւ են՝ հազուագիւտ, կամ` երբեք: Անյատակ միջավայրին մէջ ինչպէ՞ս կրնաս յայտնուիլ յատակին:
* Թուրքերը ըրին այն, ինչ ըրին, որովհետեւ մեր իշխանաւորներէն ու եպիսկոպոսներէն աւելի լաւ իւրացուցած էին աշխարհիս բանը: Բարեգործները չեմ ներառեր, քանզի Օսմանեան կայսրութեան մէջ այդպիսիք չկային: Բարեգործներուն համար պարտական ենք եկամտահարկի մասին ամերիկեան օրէնքներուն:
* Ուշադիր զննեցէք մարդուն դէմքը եւ կը գիտնաք մղձաւանջ դարձած երազներուն թիւը:
#
ԱՆՑԵԱԼ, ՆԵՐԿԱՅ, ԱՊԱԳԱՅ
*********************************** Կղզիներ չեն, թերակղզիներ են: Մէկը միւսին շարունակութիւնն է: Մէկը հասկնալու համար նախ պէտք է հասկնալ միւսը:
* Ի՞նչ եղած է, ի՞նչ կ՛ըլլայ եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ. սա հասկնալու անհրաժեշտութիւնը համընդհանուր է: Գրողները կրնան օգնել: Իհարկէ, միշտ չէ, որ անոնք ճիշդ են: Բայց եթէ ազնիւ վկաներ են, կրնան մեր իրականութեան որեւէ նոր կողմ մը բացայայտել: Ինչ կը վերաբերի քաղաքական գործիչներուն, լսենք, թէ ինչ կ՛ըսէ Կոստան Զարեան. «մեր քաղաքական կուսակցութիւնները քաղաքական ոչ մէկ օգուտ տուած են մեզի: Անոնց մեծագոյն թշնամին ազատ խօսքն է»:
* Ինչո՞ւ պէտք է բանի մը տեղ դնեն մեզ, եթէ մեր միակ հոգը կոտորածներն են:
* Դիւանագէտները երբեք չեն հարցներ՝ «մեր շահը ո՞րն է», թէեւ անոնց թիւ մէկ մտահոգութիւնը միայն ատիկա է:
* Յանձնուիլ երբեմն կը նշանակէ համակերպիլ իրականութեան հետ:
* Իսկ եթէ բոլորիս վերջը նո՞յնն է` լռութի՜ւն, մթութի՜ւն եւ ոչնչութի՜ւն:
#
ՔՆՆԱԴԱՏԵԼՈՎ ՔՆՆԱԴԱՏԸ
*********************************** Իմ կարգ մը քննադատներս ոչ միայն կը կարդան բոլոր գրածներս, այլեւ հարկադրուած կը կիսուին իրենց իմաստութեամբ: Կարծես անտեղեակ են այն փաստէն, որ ինծի համար անհամաձայնութիւնը, նոյնիսկ վիրաւորանքը լռութենէն աւելի քաջալերող է:
#
ԳՈՂՆԱԼՈՎ ՄԱՇՈՒԱԾ ԴԱՐՁՈՒԱԾՔԸ
*********************************** Ամերիկեան ասացուածք մը կայ՝ «իրական խնդիրը կառավարութիւնն է»: Երբ կ՛ըսեմ` «պառակտողներն են մեր խնդիրը», նոյնը նկատի ունիմ:
#
ԻՄ ՎԻՃԱԿՍ
*********************************** Սարդերուն դէմ կռուող մժեղ:
#
ՀԱՒԱՏԱՔ ԿԱՄ ՉՀԱՒԱՏԱՔ
*********************************** Նոյնիսկ երբ «Աստուածաշունչ»էն մէջբերում կ՛ընեմ, դարձեալ կը հակաճառեն զիս:
#
ՅՈՒՇԱԳԻՐ ՔՆՆԱԴԱՏՆԵՐՈՒՍ
*********************************** Ամէն կերպով մերժեցէ՛ք զիս: Ի վերջոյ, ես ո՞վ եմ: Ընդամէնը աննշան գրչակ մը, որ չի կրնար նոյնիսկ ծայրը ծայրին հասցնել: Բայց եօթը չափեցէ՛ք նախքան որ մերժէք իմ մէջբերած կամ վերաշարադրած գրողները: Մանրամասնութիւնները տեսէ՛ք իմ հեղինակած «Հայերեն ասոյթներու բառարան»ին մէջ:
* Ոեւէ մէկը երբեւիցէ չ՛ընդունիր, որ կողմ է փտածութեան, անձեռնհասութեան եւ մարդկութեան հանդէպ գործած յանցագործութիւններուն: Սակայն պատմութեան մէջ բազմաթիւ են օրինակները, երբ յանցագործ վարչակարգերը մեծամասնութեան աջակցութիւնը կը վայելեն:

* Բոլորիս մէջ ալ Հիթլեր մը ու Ստալին մը կայ: Եւ եթէ ոչ մէկս նման բարձունքի չի հասած, պատճառը թերեւս այն է, որ պատմական պայմաններն ու բազում այլ գործօններ մեր դէմ եղած են: Այնպէս որ` կեցցէ՜ միջակութիւնը:
#
ԹՇՆԱՄԻՆԵՐ
*********************************** Հաւատքի մարդիկ, որ ոչինչի կը հաւատան: Ունեւոր մարդիկ, որոնց ունեցած միակ աստուածը Ոսկին է: Առաջնորդներ, որոնք նոյնիսկ չեն կրնար շունը առաջնորդել դէպի մօտակայ հրշէջ ջրածորակը: Հայրենասէրներ, որոնք հերոսութիւն կը քարոզեն, բայց զբաղած են մարդակերութեամբ: Գիտնականներ, որոնք մեղադրանքի ու բանադրանքի վարպետներ են: Հիմնադրամներու հանգանակիչներ, որոնք մասնագիտացած են յափշտակութիւններու մէջ: Ճառախօսներ, որոնք գաղափարներ ու սկզբունքներ կը քարոզեն, բայց յանուն դրամի պատրաստ են ամէն բանի: Քարոզողներ, որ շնացող են: Ժամանակին միայն մէկ թշնամի ունէինք: Հիմա տրցակներով են: Այսքան լաւ դեռ երբեք չէր եղած:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x