«Ճիշդ բառը ճիշդ ժամանակին կրնայ նոյնքան ազդու ըլլալ, որքան մուրճին հարուածը՝ գլխուն»

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Artwork by Banksy

Արա Պալիոզեան. 11 Սեպտեմբեր, 2013

* ՈՒՂԵՂՆԵՐՈՒ ԼՈՒԱՑՄԱՆ ԴԱՍԱԳՐԻՐՔԷՆ *************************** Մարդիկը ապուշացնելէն յետոյ կրնաք նոյնիսկ համոզել զանոնք, որ իրենք պարզապէս երկիրի երեսին գրեթէ ամենախելացի մարդիկը ըլլան:

# ԱՆՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ *************************** Ընթերցողներէն շատերը չեն համաձայնիր հետս: Եւ ատիկա բնաւ չի զարմացներ զիս: Մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ անհամաձայնութիւնը աւելի շուտ կանոն մըն է, քան բացառութիւն մը: * Իրաւաբաններն ու քաղաքագէտները անվերջ համաձայն չեն իրարու հետ, նոյնը` եպիսկոպոսներն ու իմամները, մեր պարագային` էջմիածնական եպիսկոպոսներն ու անթիլիասական եպիսկոպոսները: * Բայց աւելի յաճախ անհամաձայնութիւններուն արմատը ոչ թէ գաղափարն է, այլ եկամուտի աղբիւրը կամ իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը: Այնպիսի աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք, ուր գաղափարները դարձած են նոյնքան կարեւոր, որքան գոյութիւն չունեցող թռչունին երգը երեւակայական անտառի մը մէջ: * Ինչ կը վերաբերի մեր իշխող դասակարգերուն, եւ յատկապէս նէօ-կոմիսարներուն եւ ծածուկ-փանջունիներուն. անոնք զիրենք քննադատողներուն հետ վարուելու նոր ձեւ մը գտած են` կը հրաժարին ընդունիլ անոնց գոյութիւնը, եւ ատիկա, կարծես, յաջողութիւն կը բերէ, իհարկէ պայմանով, որ անտեսուի ուծացման բարձր մակարդակը Սփիւռքի մէջ եւ աճող արտագաղթը հայրենիքէն: Զանոնք քննադատելը նոյն յաջողութեամբ կրնայ անօգուտ զբաղում մը ըլլալ, իսկ զանոնք բացայայտելը նոյնն է, որ սպանես արդէն անձնասպան եղածը: #

Արա Պալիոզեան. 7 Սեպտեմբեր, 2013

ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ *************************** Հաւատարմութիւնը կամ ստորաքարշութիւնը ղեկավարութեան հանդէպ ոչ թէ հայրենասիրութեան, այլ ֆաշիզմի արտայայտութիւն մըն է: * Կեանքին վերաբերեալ միակ լաւը այն է, որ կեանքը գետնին երեսին է: * Երբեմն կը մոռնանք, որ Ասատը Մաքպեթի պէս բազմած է «արեան գահ»-ին, իսկ իրականութիւնը արդէն կը հասնի անոր ետեւէն, ինչը ուշ թէ շուտ կը սպասէ բոլորիս: * Եթէ մէկը, որուն դատողութիւններուն չեմ վստահիր, համաձայնի հետս, ինքս չեմ համաձայնիր իմ հետս: * Անտրէա տէ Քառլօ. «ինծի կ՛ըսեն` հետեւէ՛ բնազդիդ: Իսկ եթէ երկո՞ւ բնազդ ունիմ»:

# ԱՍԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐ *************************** Եթէ կը սիրէք ասացուածքներ, ապա պիտի հաւանիք «Արդի ասացուածքներու բառարաներ»ը, կազմողներ` Չ. Տոյլ, Վ. Միտեր եւ Ֆ. Շափիրօ, Լոնտոն, Յեյլի համալսարանի հրատարակչութիւն, 2012: Ահաւասիկ քանի մը օրինակներ. * «աշխատանքի համար լաւագոյն տղամարդը կրնայ ըլլալ կինը»: * «եթէ վոհմակին առաջնորդը դուն չես, սենարիօն երբեք չի փոխուիր»: * «կեանքը ք**-ի սանտուիչ է, որքան հացը շատ է, այնքան քիչ ք** կ՛ուտես:

# ԽՕՍԵԼՈՎ ՕՊԱՄԱՅԻ ՄԱՍԻՆ *************************** Յաջորդ անգամ, երբ կը խօսիս Օպամայի մասին, հարցո՛ւր դուն քեզի. աւելի լաւ կ՛ըլլար, որ Ռոմնի՞ն ընտրուէր: * Մանուկներուն ուղեղները լուալ կը նշանակէ սորվեցնել, որ «գրողը տանի` չէ՛»-ի փոխարէն ըսեն` «այո, պարո՛ն»: * Փայփայեցէք ձեր թշնամիները, քանզի անոնցմէ աւելի շատ բան կրնաք սորվիլ, քան ձեր ընկերներէն: * Մեր ամենավտանգաւոր թշնամին ոչ թէ թուրքն է, այլ մեր մէջի թուրքը: * Ինծի համար շա՜տ դժուար է սիրել եղբայրակիցներս առաւօտեան լրագիրը կարդալէն յետոյ:

# ՈՉ ՈՔ ԿԱՏԱՐԵԱԼ Է *************************** Ամէն անգամ, երբ ինծի կ՛ըսեն ` «ոչ ոք կատարեալ է – որ կը նշանակէ` «բերանդ գոցէ» -, կը պատասխանեմ` «ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք»: Այլ բառերով ըսած, մեր սեփական թերութիւնները պէտք չէ խանգարեն մեզ քննարկելու մեր սեփական տականքները: * Արհամարանքս Լեվանթէն՝ արեւելքէն եկած ճղճղան հայերուն նկատմամբ ինձմէ չի սկսած, այլ Լեվանթէն եկած տարիքով քաղաքական գործիչէ մը, որ անգամ մը ըսաւ ինծի. «ատոնք կ՛անցնին նախակրթարանին քովէն, յետոյ մեծ-մեծ կը խօսին իրենց համալսարանական աստիճաններուն մասին»: * Ոչ ալ իսլամին հանդէպ հակակրանքիս աղբիւրը ես եմ, այլ սիւնիներուն ու շիաներուն վերաբերմունքը իրարու նկատմամբ: * Չես կրնար խաբել զԱստուած, նոյնիսկ գոյութիւն չունեցող Աստուածը, քանի որ Աստուած Իրականութեան մէկ այլ անուանումն է: * Ճիշդ բառը ճիշդ ժամանակին կրնայ նոյնքան ազդու ըլլալ, որքան մուրճին հարուածը՝ գլխուն:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x