«Խաբուած ըլլալը ամենավտանգաւոր օրինազանցութիւններէն մէկն է»

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Art by Vijender Sharma

Արա Պալիոզեան. 30 Հոկտեմբեր, 2013

ՏԿԱՐԱՄԻՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ *************************** «Թայմ» շաբաթաթերթի վերջին համարներէն մէկուն մէջ հարցազրոյց մը տպուած է Անտրէ Աղասիի հետ, որուն մէջ չեն յիշատակուիր հայերն ու կոտորածները: * Ամենալաւ բանը, որ Սարոյեան երբեւէ ըսած է Ցեղասպանութեան մասին այն է, որ կը խղճայ թուրքերուն: * Հիմա կը հասկնաք, թէ ինչու որպէս թրքակեդրոն տկարամիտներ կը վերաբերիմ Ցեղասպանութեան ղազէթաճիներուն, Հայ դատի եռանդուն գործիչներուն եւ հիմնադրամներու հանգանակիչներուն: * Բոլոր քաղաքական գործիչներուն մէջ ալ դատարկաբանութիւն մը կայ, եւ մերինները բացառութիւն չեն:

# ԵՐԵՔ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ *************************** Ընդդէմ քեզի մտածելը գլխաւոր առաքինութիւններէն մէկն է: * Քաղաքական գործիչներն ու ազնուութիւնը զիրար բացառող հասկացութիւններ են: * Ճիշդ ըլլալու պարագային հաւատալ, որ Աստուած եւ Ճշմարտութիւնը քու կողմէդ են, նոյնն է, որ ներունակ մարդասպան ես կամ ահաբեկիչ:

# ԿԱՐԴԱԼՈՎ ՏՈՂԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ *************************** Բոլորս ունինք մեր բաժին սահմանափակումները, սակայն մէկ տարբերութեամբ. մեզմէ ոմանք՝ հիացած, խելքը կը թռցնեն անոնց համար: Էրազմ Ռոթերտամցին ճիշդ էր, երբ կ՛ըսէր. «բոլորին հաճելի է սեփական կեղտին հոտը»: * Հասկցուած ըլլալու պահանջքը միշտ կը գերազանցէ հասկնալու պահանջքը: * Ուր որ ոտք կը դնեն իրաւաբաններն ու քաղաքական գործիչները, այնտեղ անպայման կը յայտնուին անարդարութիւնն ու անհամար սուտերը: * Երբեք մի՛ հակաճառէք քաղաքական գործիչին կամ իրաւաբանին, յիշեցէ՛ք` անոնք արհեստավարժ են: * Միջին Արեւելքի հակաամերիկեան ընկերներուս կ՛ըսեմ. «համաձայն եմ ձեր հետ, պայմանով, որ դուք ալ համաձայնիք հետս, երբ կ՛ըսեմ, որ մնացեալ աշխարհը աւելի լաւը չէ»: * Ոեւէ մէկը երբեք չէ ըսած, որ խաբեբաներուն մէջ ազնիւ ըլլալը իր գինը չունի: * Միշտ չէ, որ ինծի հաճելի է կամ համաձայն եմ ըսածներուս հետ, բայց հէնց կը գրեմ 2-ին գումարած 2, այլ տարբերակ չի մնար, քան պատասխանելը` 4:

# ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐ *************************** Ընթերցողի տեսակ մը կայ (ես ալ իմ բաժինս ունիմ անոնցմէ), որ այնպէս է ծրագրաւորուած, որ չհամաձայնի ամէն բանի կամ մերժէ ամէն բան, որ վերամշակուած քարոզչութիւն չէ: Նման ընթերցողը ինքն իրեն նեղութիւն չի տար կամ չ՛ուզեր հասկնալ, թէ ի՞նչ կ՛ըսուի: Պարզապէս կը պիտակաւորէ քեզ եւ այնուհետեւ ընդմիշտ կը նոյնացնէ քեզ անասնական կեանքի ստորագոյն տեսակին հետ, այսինքն` այն հայուն հետ, որ չի սիրեր բոլոր հայերը եւ չ՛ատեր բոլոր թուրքերը: Նման ընթերցողը համոզուած է, որ ոեւէ մէկը, որ աւելի շատ իշխանութիւն կամ դրամ ունի, պէտք է աւելի լաւ գիտնայ: Գործնապաշտութեան առումով ան պոլշեւիք է, արժէքային համակարգով` քափիթալիսթ, իսկ տոկմաթիզմի տեսանկիւնէն՝ կաթոլիկ: . #

Արա Պալիոզեան. 23 Հոկտեմբեր, 2013

ԳԻՏՆԱԼ` ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՅԻՇԵԼ *************************** Գրել նաեւ կը նշանակէ կրկնել այն, ինչ որ ըսուած է եւ մոռացուած, եւ պոռալ այն, ինչ որ շշնջացած են, եւ ցուցադրել այն, ինչ որ ամբողջութեամբ ծածկուած է: Ինչ կը վերաբերի մեր խնդիրներու լուծման. կրնամ միայն ըսել եւ կրկնել` լուծումները, ինչպիսին է Աստուծոյ արքայութիւնը, ձեր մէջն են: * Եղէ՛ք ազնիւ դուք ձեր եւ ուրիշներուն հետ, նոյնիսկ եթէ ազնիւ ըլլալը կը նշանակէ, որ հակառակորդը ձեզ կը գերազանցէ հազարը մէկին յարաբերակցութեամբ: * Մի՛ խաբեր դուն զքեզ, յատկապէս երբ խաբէութիւնը պահուած է աւանդոյթին, երկիրի օրէնքներուն, կամ թագաւորին, Պապին կամ երկիրին վրայ Աստուծոյ մէկ այլ կեղծ ներկայացուցիչին, կարճ ըսած` քարոզչութեան քօղին տակ: * Եթէ հաւատքի համակարգերը մեզ չեն ըսեր, որ չխաբուինք քարոզչութեամբ, պատճառը թերեւս այն է, որ այդ պարագային պիտի նմանէին սեփական գերեզմանափորերուն: Բայց ես կը համարեմ, որ խաբուած ըլլալը ամենավտանգաւոր օրինազանցութիւններէն մէկն է: Պատերազմներն ու կոտորածները իրականացուցած են խաբուածները, որոնց միակ արդարացումը եղած է հետեւեալը. «հրաման կատարած եմ», կամ` հաւատացած եմ Աստուծոյ խօսքին, որ ըսուած է րապպիին, իմամին կամ եպիսկոպոսին բերանով:

# ԱՒԱԳ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ, ԱՄԷՆ ԲԱՆէ ԶԱՏ *************************** Ռուսերը մեր աւագ եղբայրներն են սոսկ այն իմաստով, որ 600 տարի թուրքերն են եղած մեր աւագ եղբայրները: Նոյն կերպ Կայէնն էր Աբէլի հանդէպ: * Երբ երիտասարդ ես, վրադ կը քաշես տաբատդ եւ կ՛երթաս ուր որ կ՛ուզես: Բայց երբ ծեր ես, ուրիշն է որ վրադ կը քաշէ տաբատդ եւ կը տանի այնտեղ, ուր չես ուզեր երթալ: Այժմ կը վերաշարադրեմ Աստուածաշունչը, ինչը կ՛ենթադրէ, որ սա ոչ թէ Աստուծոյ, այլ վարկը պահպանելու խնդիր ունեցող մարդոց խօսքն է: * Շողոքորթ սուտը անսահմանօրէն աւելի վտանգաւոր է, քան կատղած շունը, թունաւոր օձն ու խելայեղ փիղը:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x