«Ուր որ փաստաբանները կը բարգաւաճին, այնտեղ կը տուժէ արդարադատութիւնը»

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Արա Պալիոզեան.Դեկտեմբեր 7, 2013

ԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆ /1/*************************** Այն ամէն ինչը, որ պէտք է ըսուէր, ըսուած է: Այսօր մեր քարոզչութեան նպատակը զմեզ խաբելն է, որ մտածենք, թէ այն ամէն ինչը, որ պէտք է կատարուի, կը կատարուի, երբ իրականութեան մէջ ոչինչ կը կատարուի:

* ԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆ /2/*************************** Պատմութեան մեր պաշտօնական տարբերակով Ցեղասպանութիւնը անխուսափելի էր: Հետեւաբար, հարց կը ծագի. եթէ մեր առաջնորդները չեն կրնար կանխատեսել անխուսափելին, ուրիշ ինչի՞ ընդունակ են, բացի հիմնադրամներու անունով գումար հանգանակելէն:

* ԱԿԱՆՋԻՍ ՀԱՍԱԾ ԽՕՍՔԵՐ *************************** Ընկերներ ըրէ, երբ անոնց կարիքը չունիս: * Բազում գորտեր պիտի համբուրես, որպէսզի արքայազունը գտնես:

# ԵՐԿՈՒ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ *************************** Եթէ սահմանափակ ուղեղը կ՛երջանկացնէ քեզ, անպատճառ գնա՛ երանութեանդ ետեւէն: Միայն թէ զգո՜յշ: Յիմարի ուրախութիւնը առանց հիմքի տուն է: * Որոշ մարդոց աչքին ինքնատեաց հայ մըն եմ, քանի որ կը մերժեմ ապաւինիլ այն մարդոց աջակցութեան, որոնք կրնային օգտակար ըլլալ ինծի` ղեկավարներ, եպիսկոպոսներ, բարերարներ, անոնց վարձկանները, կամակատարներ ու խաբուածներ: Անոնք չեն տեսներ ակնյայտը. եթէ դէմ եմ անոնց, պատճառը ինքնայարգանքն է, եւ կ՛ենթադրեմ, որ ինքնայարգանքն ու ինքնատեացութիւնը անհամատեղելի հասկացութիւններ են:

# ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱԳՄԱՆ ՄԱՍԻՆ *************************** Եթէ ընտրելու ըլլայի Վենետիկի կամ Փարիզի ու այլանդակ, փոքրիկ յունական յետնախորշին միջեւ, ուր ծնած ու մեծցած եմ, յետնախորշը կ’ընտրէի, բայց չեմ կրնար, որովհետեւ այլեւս չկայ՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի օրերուն գերմանացիները աւերակի վերածեցին: * Կասկածներս հազարը մէկի յարաբերակցութեամբ կը գերազանցեն համոզումներս: Մէկն եմ անոնցմէ, որ մեղաւոր կը զգան իրենք զիրենք, նոյնիսկ երբ ճիշդ բան կ՛ըսեն եւ կ՛ընեն այն, ինչ պէտք է կատարուի: * Պարտուողին մասին դատէ այսպէս. ի՞նչ կ’ընէր ան, եթէ յաղթող ըլլար: #

Արա Պալիոզեան.Դեկտեմբեր 4, 2013

# ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ *************************** Կը գերգնահատենք ժողովրդականութիւնը: Ո՛չ Սոկրատը ժողովրդականութիւն կը վայելէր եւ ո՛չ ալ Յիսուսը: Պախը կ՛արհամարհէին ամբողջ հարիւր տարի: Քաֆքան ծանօթ էր միայն բուռ մը մտերիմ ընկերներու: Հեկելի վերջին նշանաւոր բառերն էին` «ոչ ոք հասկցաւ զիս, բացի մէկէն, եւ նոյնիսկ ան չհասկցաւ զիս»: Կ՛ենթադրեմ, որ Էլվիսն ու «Պիթլզ»ը մէկ տարուան ընթացքին աւելի շատ դրամ կը շահէին, քան Մոցարթը, Պեթհովենն ու Պրամսը միասին` իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին: * Նախապէս սա արդէն ըսա՞ծ եմ: Ոչի՜նչ: Որոշ բաներ արժէ՛ կրկնել:

# ԻՆՉՊԷՍ ԸԼԼԱԼ ԱՆԱՉԱՌ *************************** Անաչառ ըլլալու միակ ուղին մարդուն օտարի աչքով նայիլն է: Այլընտրանքը կաթոլիկներուն Պապի աչքով նայիլն է, Սովետներուն` Ստալինի աչքով, իսկ չինացիներուն` Մաոյի աչքով, եւ հիմնաւորումը այն է, որ այս պարոնները աւելի լաւ գիտեն: * Երկխօսութեան ամենակարեւոր կանոններէն մէկը. Որեւէ կողմի չի թոյլատրուիր ըսել` «այո՛, պարո՛ն»: * Այնպիսի միտքերու մասին, ինչպիսին է` «Բոլոր մարդիկ ստեղծուած են հաւասար», անհրաժեշտ է դատել` մեկնելով անոնց պատմութենէն, ոչ թէ դիտաւորութիւններէն: * Արչի Պանքըրը մահացեր է, կեցցէ՜Tea  Party-ն:

# ՓԱՍՏԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՀԵՏ ԿԱՊՈՒԱԾ ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ************************** Ուր որ փաստաբանները կը բարգաւաճին, այնտեղ կը տուժէ արդարադատութիւնը: Երդուեալներու դատարանին գործառոյթը, ըսուեցաւ, որոշելն է, թէ ո՛ր կողմը աւելի գիտակ իրաւական ներկայացուցիչ ունի: * Ուր որ ծանուցողները կը բարգաւաճին, այնտեղ կ՛անհետանայ փաստի եւ պատրանքի բաժանարար գիծը: * Ուր որ մեծ հարստութիւն կայ, կ՛ըլլան նաեւ խաբեբաներ: Պղատոնի բացատրութիւնը այս երեւոյթին մասին. հակառակ ազնիւ մարդոց, որ կը կիրառեն միայն ազնիւ միջոցներ, խաբեբաները կը կիրառեն ինչպէս ազնիւ, այնպէս ալ անազնիւ միջոցներ: * Մենք կ՛ապրինք դրամատնատէրերու, ներդրումային միջնորդներու, հանրային յարաբերութիւններու վարիչներու, ծանուցողներու եւ փաստաբաններու երկրին մէջ: Հետեւութիւն. շա՜տ խոր կեղտի մէջ ենք:

# ԳՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ *************************** Քարտաշ Օննիկ, «130 Թալիսման»: Յառաջաբանը` Ալեքսանտր Պոչիալինի Շանտիի: Պատկերազարդ: 2013: Հրատարակիչ` Պարաքա (P.O. Box 145, Stanfordville, NY 12581).:

************************************** Արդեօ՞ք թալիսմանները, որ ծանօթ են նաեւ որպէս «հմայիլներ», չարիքի դէմ խորհրդաւոր ուժով օժտուած իրե՞ր են, թէ՞ աւելորդ-պակաս բաներ: Բանականութիւնս կը յուշէ, որ անոնք կը պատկանին կեանքի աւելորդ-պակաս բաժինին, իսկ ենթագիտակցութիւնս այլ երգ մը կ՛երգէ: Սեւ կատուն ճամբաս կտրելէն ետք կ՛ուրախանամ, եթէ մայթին վրայ քանի մը փեննի կը գտնեմ: Զիս մեղադրեցէ՛ք սնահաւատութեան մէջ, եւ ես կը ժխտեմ: Այդ բանը հասկցէ՛ք, եթէ կրնաք: 130 թալիսմաններուն նուիրուած պատկերազարդ այս գրքոյկը արուեստի եւ գրականութեան վերածնունդի մեր ռահվիրային` Օննիկ Քարտաշի ամենավերջին գլուխգործոցն է: Ամէն մէկ թալիսման արժէ 400 ամերիկեան տոլար: Եթէ եկամուտիս սահմանէն դուրս չ՛ըլլար, սիրով երկվեցեակ մը կը գնէի /տան իւրաքանչիւր սենեակին համար` մէկակական հատ/ եւ այդուհետեւ ընդմիշտ աւելի անխոցելի կը զգայի ես զիս: /լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար դիմեցէք Transformer @gmail.com հասցէով/: #

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x