«Եթէ ճշմարտախօս ես, կ’ընդդիմախօսեն ոչ միայն ստախօսները, այլեւ խաբուածներն ու յիմարները»:

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Արա Պալիոզեան. 4 Յունուար, 2014                 

ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ****************************** Օպամայի պէս մարդը երբեք չի կրնար այնքա՜ն հարուստ ըլլալ, որքան Ռամնիի պէս մարդը, որովհետեւ ըստ Պղատոնի` հարստութիւն դիզելու համար ազնիւ մարդը կը կիրառէ միայն ազնիւ միջոցներ, իսկ անազնիւը կը կիրառէ ինչպէս ազնիւ, այնպէս ալ անազնիւ միջոցներ: Նկատի չունիմ, որ Պղատոնը կ՛ըսէ ճշմարտութիւնը, ամբողջ ճշմարտութիւնը եւ ոչինչ, բացի ճշմարտութենէն: Լոկ կը վերաձեւակերպեմ կարծիքը, իսկ կարծիքը ոչ թէ փակուղի մըն է, այլ ընդամէնը մօտաւոր սկիզբ մը:

* ՄՈՐՄՈՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ Մասին****************************** (Պեռնառ) Շոն կ՛ըսէ, որ բոլոր մասնագիտութիւնները ինչ-որ առումով դաւադրութիւն են ոչ մասնագէտներու դէմ: Նմանապէս, բոլոր կրօնները, կարելի է ըսել, դաւադրութիւն են բոլոր միւս կրօններուն դէմ: Նոյնը կը վերաբերի գաղափարախօսութիւններուն եւ մտածողութեան ինքնապարփակ համակարգերուն:

* ԱՒԵԼԻՆ ՕՊԱՄԱՅԻ Մասին****************************** Շա՞տ սխալներ գործած է: Թերեւս: Բայց եթէ ընէր իր ըրածին հակառակը, անվստահութիւն պիտի յայտնէին: Ո՞վ կ՛ուզէ պապ ունենալ Սպիտակ տան մէջ: #

ԻՄ ՆՕԹԱՏԵՏՐԵՐԷՆ ****************************** Եթէ ճշմարտախօս ես, կ’ընդդիմախօսեն ոչ միայն ստախօսները, այլեւ խաբուածներն ու յիմարները: * Ամէն բան չեմ հասկնար: Միայն Աստուծոյ է ատիկա հասու, եւ եթէ Աստուած ուզէր, որ հասկնայի ամէն բան, կ’արարէր ոչ թէ մարդիկ, այլ աստուածներ: * Ամէն ճշմարտութեան դիմաց սուտ մը կայ, երբեմն ոչ թէ մէկ, այլ հարիւր: * Ան, որ իր ամենաոխերիմ թշնամին է, չի կրնար ուրիշի մը ընկերը ըլլալ: * Որքան կը մօտենամ վերջնական պատասխանին, այնքան աւելի կը համոզուիմ վերջնական ձախողումիս մէջ: * Երկու մժեղ աւելի մեծ նուաճում կ’ունենան, քան մէկը, իսկ հազար մժեղներ կրնան լուրջ վնաս պատճառել: #

 

1 Յունուար, 2014************************************** ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԱՄԱՆՈՐ:

**************************** Բոլորին:

* ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ****************************** Քաղաքական առաջնորդները չեն սիրեր ընդունիլ սխալները: Այստեղէն ալ վարձկաններու, այսինքն` ազգայնական պատմաբաններու գոյութիւնը եւ հայրենասիրութեան կարեւորութիւնը, որ դիւրութեամբ կը շփոթեն առաջնորդներու հանդէպ հաւատարմութեան հետ, նոյնիսկ եթէ առաջնորդը պատահաբար խոզ է:

* ՍՓՈՓԱՆՔԻ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ Մասին****************************** Երբ կ՛ըսեն, որ ես սփոփանք եմ մեր թշնամիներուն համար, կ՛ըսեմ, որ մենք աւելի մեծ սփոփանք ենք, երբ կը բաժնենք զմեզ:

* ՄԱՐԴՈՒ ԲՆՈՅԹԻՆ Մասին****************************** Ի՜նչ ալ ըսես, պիտի գրգռես ինչ-որ մէկուն ջիղերը: Մտածէ, թէ ի՜նչ է պատահած Սոկրատէսին ու Յիսուսին: Կ՛ըսես` ատիկա այն ժամանակ էր, իսկ սա հիմա՞ է: Ես ալ կ՛ըսեմ` ձեւակարգը կրնայ փոխուիլ, բայց մարդուն բնոյթը նոյնը կը մնայ: Այսօր մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտման նոյնաթիւ դէպքեր կան, որքան Ք.Ա. 5-րդ դարուն եւ Ք․Ե. Ա դարուն:

# Անհանդուրժողութիւն****************************** Անհանդուրժողութիւնը մարդը կը դարձնէ յիմար: Կարելի է բաւարար ճշգրտութեամբ գուշակել մարդու IQ- ն` մտաւոր հնարաւորութիւններու գործակիցը` դիտարկելով, թէ ի՞նչ կերպ ան կ՛ողջունէ նոր գաղափարները: * Օրական առնուազն մէկ անգամ մենք մեզի պէտք է յիշեցնենք տիեզերքի անսահմանութեան եւ անոր համեմատ մեր աննշանակալիութեան մասին: * Անգործունէութիւնը կրնայ նոյնքան խնդիրներ յառաջացնել, որքան սխալ գործունէութիւնը: * Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին մեծագոյն դէմքերու մէկ մասը հալածուած են, նոյնիսկ մահապատիժի ենթարկուած, որովհետեւ անոնք համարձակած են մարտահրաւէր նետել մէկ տոկոս կազմող իշխանութեան: Սա ի՞նչ կ՛ըսէ ձեզի մարդկութեան IQ- ին մասին:

# ՓՈՓ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ****************************** Փոփ երաժշտութիւնը անկարող է մեծ ըլլալու համբաւը նուաճել: * Էական սխալ մը կայ այն մշակոյթին մէջ, որուն երաժշտական չափանիշները կ՛որոշեն դեռահասներն ու ձայնագրութեան ճարտարարուեստի ղեկավարները: * Կը մտաբերեմ թագաւորը, որ Ամերիկա այցելելէն յետոյ յայտարարեց, որ տպաւորուած է սեփական երեխաներուն ենթարկուելու ծնողներու բարքով: * Ամերիկայի հետ կապուած ինծի սիրելի իրողութիւններէն մէկը սեփական «այլանդակ» նմուշները ճանչնալու եւ ընդունելու պատրաստակամութիւնն է: Նոյնիսկ պեսթսելըր գիրք մը կայ` «Այլանդակ ամերիկացին» վերնագիրով եւ ատոր հիման վրայ նկարահանուած ֆիլմ մը, գլխաւոր դերին մէջ` Մառլոն Պրանտոն:

# ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ****************************** Չեմ յիշեր, որ երբ մանուկ էի, մեծահասակները ըսէին` «չեմ գիտեր»: Միշտ կ՛ըսէին` «կը մեծնաս` կը գիտնաս»: * Չեմ գրեր ընթերցողներուն համար, կը գրեմ անոնց դէմ` ինծմէ սկսած: * Որպէս ձախողութիւն ազատ եմ, որպէս յաջողութիւն կրնամ ըլլալ յաջողութեանս ստրուկը: Այդպէս չեղա՞ւ (Մայքըլ) Առլենին ու Սարոյեանին հետ: * Երբ մենք զմեզ է որ կը բաժնենք, թշնամիին կ՛ուղարկենք հետեւեալ պատգամը` «պէտք չկայ մեզ կոտորելու, մենք արդէն ինքնասպանութիւն կը գործենք»: * Կարելի է ըսել, որ հայերը թրքական խնդիր մը ունին: Ես հայերուն մէջ ամենահազուագիւտն եմ` հայկական խնդիրով հայ մը: * Վիճելու ատեն անկարելի է վիրաւորելով յաղթել հակառակորդին, հնարաւոր է միայն բացայայտել սեփական սահմանափակութիւնն ու նոր գաղափարներ ընդունելու անկարողութիւնը:

# ԳՐԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ****************************** Լաւագոյն բացման տողը այն է, որ կը ջնջես, կ՛ըսէ Չեխով, որ հաւանաբար որեւէ այլ գրողէ աւելի շատ բացման տողեր գրած է: * Կը յիշեմ` տեղ մը կարդացած եմ. երբ փայլուն տող մը գրէք, անմիջապէս ջնջեցէք: Որքան գիտեմ, բոլոր ժամանակներու ամենայաջողակ ու ամենաբեղուն գրողներէն մէկը` Սիմենոն, կեանքին մէջ ոչ մէկ փայլուն տող գրած է:

* ՀԱՐՑՈՒՄ ********** Ո՞վ կը շահի պատերազմներէն, հրաբուխներէն, երկրաշարժներէն եւ ցունամիներէն: Աստուած`վստահ ոչ: Ուրեմն, ո՞վ: Մայր բնութիւնը համաձայնութեա՞ն եկած է սատանային հետ: Ուրիշ ալ ի՞նչ:

* ՇԱՀԻ ՄԱՍԻՆ *****************   Եթէ գործարար ես եւ դրամ կը շինես, մեծագոյն աքթիվդ զանգուածներու տգիտութիւնն ու յիմարութիւնն է: Նոյնը կարելի է ըսել քաղաքականութեան մասին:

* ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ***************** Դէպքը պատահած է մանկութեանս լաւագոյն ընկերներուն հետ: էութեամբ անոնք աւելի շատ նման էին գայլերու, սակայն քաղաքական կուսակցութեան մը անդամագրուելէն յետոյ վերածուեցան ոչխարներու: Կուսակցական կարգապահութի՞ւնը կռտեց զիրենք։

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x