«Կասկածելու պարագային, միշտ կ՛ընեմ այն, ինչ որ դէմ է շահերուս»

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Արա Պալիոզեան. 26 Յունուար, 2014, Կիրակի
#
ԱՅԼ ԲԱՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ … Մեղադրելու խաղը
*********************************** Եթէ վարպետցած էք մեղադրելու խաղի կանոններուն մէջ, դիւրութեամբ կրնաք ներկայանալ որպէս հեռատես քաղաքական գործիչ եւ ընդդիմութիւնը ներկայացնել որպէս կաշառուածութեան, անձեռնհասութեան ու բթամտութեան աղբահոր:
* Կասկածելու պարագային, միշտ կ՛ընեմ այն, ինչ որ դէմ է շահերուս:
* Ինչ որ ըրած եմ, ըրած եմ անհրաժեշտաբար եւ հարկադրաբար: Ընտրութիւնը պարտադրուած էր ինծի այնպէս, ինչպէս ծառայամտութիւնը` մարդոց 99%-ին:
* Եպիսկոպոսներ, իմամներ, րապպիներ. մէկ ընդհանուր ցանկութիւն ունին, որ մարդիկ հաւատան իրենց եւ յարգեն զիրենք, սակայն իրենք ո՛չ կը հաւատան իրարու եւ ո՛չ ալ կը յարգեն զիրար:
* Եթէ մէկը կրնայ սխալ ըլլալ, նոյն կերպ կրնան սխալ ըլլալ երկուքը, երկու հազարը կամ երկու միլիոնը, յատկապէս երբ կը խօսին Անըմբռնելիին եւ Անիմանալիին մասին:
* «Աստուածաշունչը» մեզ կը յորդորէ միւս այտը դարձնել, ոչ թէ տաբատը իջեցնել:
* Մենք թզուկներ ենք եւ թառած ենք աւելի գաճաճ թզուկներու ուսերուն:
* Կ՛ըսեն, որ վիճակագրութեան երկու տեսակ կայ` սուտ եւ զազրելի սուտ: Իսկ ի՞նչ կ’ըսէք հաւատքի համակարգերուն մասին:
#
Ալֆա-արուներ
**************************** Ղեկավարներ, եպիսկոպոսներ, բարերարներ. ասոնք ալֆա-արուներն են, որոնց թիւ 1 մտահոգութիւնը թիւ 1-ն է: Մնացեալը քարոզչութիւն է:
#
ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
****************************** Հայեր կան, քանի մը հատին անձամբ կը ճանչնամ, որոնք անհանդուրժողութիւնը, տգիտութիւնն ու բթամտութիւնը կը դիտեն որպէս հայրենասիրութեան եւ բարոյական գերազանցութեան արժանահաւատ արտայայտութիւններ:
#
ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
****************************** Երկխօսելու ատեն ոեւէ մէկը չի կորսնցներ, քանի որ կողմերը կը սորվին իրարմէ: Այս բանով կը բացատրուի այն, որ երկխօսութիւնը բուն էութեամբ հայկական չէ:
#
ԳՐԵԼԸ
****************************** Ես կը գրեմ: Ոչ սուղ սիրելի զբաղում է, իմացածներէս՝ ամենաաժանը: Իմ վրաս ծախսի չի նայիր:
#
ՄԵՐ ԳԻՏՑԱԾԻՆ ՄԱՍԻՆ
****************************** Ոեւէ մէկը որեւէ բանի մասին ամէն բան չի գիտեր: Մարդկութեան պատմութեան ամենասարսափելի սխալներէն քանի մը հատը թոյլ տուած են շատ խելացի (անշուշտ իրենք իրենց գնահատումով) մարդիկ, որոնք կը կարծէին որ գիտեն այն բոլորը, ինչ որ պէտք էր իմանալ թշնամիին մասին:
* Հիմա մենք գիտենք, որ նոյնիսկ Ուոլ Սթրիթը ամէն բան չի գիտեր Ուոլ Սթրիթին մասին:
* 99%-ը կ՛ատէ 1%-ը` իրենց գաղտնի իտէալը՝ օրինակելի կերպարը:
* 1%-ը իր լաւագոյն վիճակին մէջ կ՛ըլլայ, երբ գործը կը հասնի 99%-ը մոլորեցնելուն ու շահագործելուն:
* Կը սիրենք ձեւացնել, որ իբր թէ մեր մասին միւսներէն աւելի շատ գիտենք, քանի դեռ մեր սեփական անըմբռնելի մղումները պատին չեն սեղմած մեզ, չեն յարձակած ու չեն ջախջախած մեզ:
* Ժամանակին արքաներն էին, որ կ՛իշխէին: Այժմ կ՛իշխեն մարդակապիկի հմայքով ունեւոր ապուշները:
* Միշտ գոյութիւն ունեցած է մտածողութեան երկու դպրոց, եւ հակուած ենք բարեհաճ ըլլալու այն դպրոցին հանդէպ, որ աւելի բարեհաճ է մեր սնափառութեան հանդէպ:
* Կ՛ըսենք` «կեանք է, կը պատահի», նոյնիսկ երբ մենք ենք, որ մանրակրկիտ կառավարած ենք աղէտը:
#
ԻՆՉՊԷՍ ԵՍ ԿԸ ՏԵՍՆԵՄ
****************************** Առաջնորդներ. կոյր մարդիկ, որ կը ձեւացնեն, թէ հարիւր առ հարիւր տեսողութիւն ունին:
* Ձախողակներու երկու տեսակներ կան. ա. անոնք, որ նուազագոյն աշխատավարձէն նուազ կը վաստակին (իսկոյն կը մտաբերեմ հայ գրողները), եւ բ. անոնք, որ օրական մէկ միլիոն կը շինեն (գուշակեցէ՛ք, թէ որոնք են):
* 99%-ին աչքին 1%-ը կրնայ նոյն յաջողութեամբ թուրք ըլլալ:
* Թուրքերուն մասին. յայտնի է, թէ ինչ ըրած են մեզի: Հարցումս. մե՛նք ի՞նչ ըրած ենք իրենց: Եթէ ինչ-որ բան, ապա ի՞նչ: Եթէ ոչինչ, ապա ինչո՞ւ:
* Ինծի կ՛ըսէք, որ կը պարզացնեմ բարդութիւնները: Ինչ է` մի՞ակն եմ:
* Աւելի շատ 1%-ին մասին. երկու պատճառ, թէ ինչու անոնք ազատ մարդիկ են. ա. ի վիճակի են լաւագոյն, երազային աշխատախումբը ապահովել, եւ բ. ծանօթ են դատաւորին:
* Վերնագիր մը առաւօտեան ընթերցածս լրագիրէն. «Նէանտերթալցիի ծին յայտնաբերուած է ժամանակակից մարդուն մէջ»: Ուրեմն, ալ ի՞նչն է նորը:
#
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
**************************** Արդարութիւնը առաւել ձեռնհաս փաստաբաններու կողմէն է ճիշդ այնպէս, ինչպէս յաղթանակն է աւելի մեծաքանակ գումարտակներու կողմէն:
* Թուրքերը երազային աշխատախումբի կարիք չունին: Եանքիներ ունին, որ իրենց կողմէն են:
* Գրելու փիլիսոփայութի՞ւնս: Կարդացուող ըլլալ:
* Չեմ գրեր, որ դուք ձեզ լաւ զգաք: Ըրածս հետեւալն է. կը բռնեմ հայելին, որ ձեր մէջ ցանկութիւն յառաջացնեմ մեռած ըլլալու:
* Որոշ խնդիրներ չեն լուծուիր, քանի որ յստակօրէն տեղեակ չենք անոնց գոյութեան:
* Կան ճշմարտութիւններ, որ կը համարենք անառարկելի քանի դեռ չենք գիտակցած անոնց հակասականութիւնը:
* 1%-ը մահացած մարդիկ են, որ ամէն ինչ կ’ընեն պահպանելու իրենց դրամը` ողջ մնալէն սկսեալէն:
* Յառաջընթաց հնարաւոր է մարդու գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ, բացի կրօնքէն:
* Մէկ պապը կրնայ լուալ միլիոնաւոր կաթոլիկներու ուղեղները, բայց երբեք` մէկ իմամի:
#
ԱՐԺԱՆԻ ՆԿՐՏՈՒՄ
**************************** Իսլամ իւրաքանչիւր ահաբեկիչի գաղտնի նկրտումն է յաղթել Ամերիկային եւ Հոլիուուտի աստղիկներէն կազմուած հարեմ մը ձեռք բերել:
#
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ
************************** Առաքինութիւնները` ինքնավստահութիւն, նախաձեռնողականութիւն, ինքնատիպութիւն եւ հաստատակամութիւն, սխալ ձեռքերու մէջ կը դառնան վտանգաւոր արատներ:
#
85%-ը ԸՆԴԴԷՄ 86%-ին
**************************** Կ՛ըսեն` պատկերասփիւռի գովազդներուն 85%-ը մոլորեցնող է, բայց օրէնքով կարելի չէ արգիլել, քանի որ օրէնսդիրները /այսինքն` քաղաքական գործիչները/ իրենց ժամանակի 86%-ին ընթացքին կը մոլորեցնեն մարդիկը:
# ԻՆՉ ԿԸ ԿԻՍԵՆ
**************************** Պարտութիւններն ու յաղթանակները ծրագրուած են նոյն հոգատարութեամբ: #

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x