«ժամանակին ստրուկ էինք, այժմ նախկին ստրուկի ստրուկն ենք»

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Արա Պալիոզեան. Նոյեմբեր 13, 2013

ԿԵԱՆՔԻՍ ՈՒՐՈՒԱՆԿԱՐԸ *************************** Ձեւաւորման տարիներուն զիս խնամքով դաստիարակած են որպէս նախապաշարումներու, սուտերու եւ քարոզչութեան աղբաման: Եւ եթէ այսօր կը հասկնամ հայ ընկերներս, թերեւս պատճառը այն է, որ ժամանակին անոնցմէ մէկն էի, եւ կը մերժեմ այլ կերպ ձեւանալ: * Կեանքիս ընթացքին շա՜տ ուշ գիտակցեցայ, որ ներսս, խոր տեղ մը մարդ արարած մը պատսպարած էի: * Կեանքիս մեծ մասը վատնած եմ` փորձելով գոհացնել այն մարդիկը, զորս այժմ կը դասեմ բարոյական տականքներուն եւ Երկիր մոլորակի թափթփուկներուն շարքին: * Երբ կ՛ըսեմ, որ չեմ սիրեր յիմարները, իրականութեան մէջ նկատի ունիմ, որ չեմ սիրեր յիմարը՝ իմ մէջս: Միակ բանը, որուն համար կ՛ուզեմ ես զիս գովել այն իրողութիւնն է, որ մանուկ ժամանակ տարբեր փորձառութիւններ ունեցած եմ եւ տարբեր բաներ տեսած` անտունի, չքաւոր, պատերազմ եւ խտրականութիւն՝ օտար միջավայրի մը մէջ: * Վերապրա՞ծ եմ: Ո՞վ կրնայ իրապէս ըսել: Ես զիս աւելի շատ կը զգամ կռուի դաշտին մէջ գտնուող անգլիացի այն զինուորին պէս, որ արքայէն տեղեկանալով, որ վիրաւոր է, պատասխանեց. «չէ՜, պարո՛ն, մեռած եմ»:

#ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒՄ*************************** Ճնշումներու տակ ապրիլ կը նշանակէ հաւատալ այն բաներուն, որոնց չես հաւատար եւ վստահիլ այն անձերուն դատողութիւններուն, որոնք կաւատի բարոյականութեամբ են օժտուած: Որպէս ազգ ճնշումներու տակ ապրած ենք դարեր շարունակ եւ այլեւս այն վիճակին մէջ չենք, որ տարբերենք ազատութիւնը բռնաճնշումէն: Կը հետեւի ասացուածքը. «ժամանակին ստրուկ էինք, այժմ նախկին ստրուկի ստրուկն ենք»: Յառաջընթացը մեր ամենաանկարեւոր արդիւնքն է: * Քրէական հետաքննութեան ամենաօգտակար գործիքներէն մէկը հետեւեալ հարցն է. «Ո՞վ է շահողը: Ո՞վ է շահողը մեր պառակտումէն»: * «Պուրժուան պուրժուա է` անկախ ազգային պատկանելութենէն», ըսած է Լենինը: Նոյնն են պառակտիչը, խարդախն ու խաբեբան: * «Կը կրկնես դուն զքեզ»: Նոյնը կ՛ընեն ազգայնամոլական ապուշութիւններով զբաղող մեր գործիչները: * Չեմ գրեր փառքի, հարստութեան եւ անմահութեան հասնելու համար: Կը գրեմ, որ կիսուիմ իմ ըմբռնումներովս:

#ԻՆՉԻՆ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ*************************** Կը հաւատամ անըմբռնելիին, անիմանալիին եւ հետեւեալ պատուիրանին. «քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ»: Ինչ կը վերաբերի «մի՛ սպաներ»-ին, կը հաւատամ, որ այն համակարգը, որ օրինականացուցած է հերետիկոսները խարոյկին վրայ այրելը, իսկ բոլորովին վերջերս նաեւ պատերազմն ու կոտորածները, սատանային յօրինածն է: Մնացեալը բնազանցութիւն է, դատարկաբանութիւն, քարոզչութիւն եւ հարկում առանց ներկայացուցչականութեան: * Կեանքիս նպատակը փառքի, հարստութեան եւ մեծութեան հասնիլը չէ, այլ պակաս անազնիւ ըլլալը: * Որպէս յաւիտենական պարտուողներու ժառանգ թուլութիւն ունիմ բոլոր պարտուողներուն հանդէպ, նոյնիսկ երբ անոնք կը նոյնացուին թշնամիին հետ:

#ԱՂԲԱՍՏԱՆ*************************** Եթէ Կոկոլն ու Քաֆքան վերակենդանանային եւ համատեղ գիրք մը գրէին մերօրեայ Հայաստանի իրականութեան մասին, արդիւնքը պիտի ըլլար Տենիս Տօնիկեանի ԱՂԲԱՍՏԱՆ-ը` Ռուզաննա Վարդանեանի հայերէն գերազանց թարգմանութեամբ /403 էջ, Երեւան, 2013/: «Աղբաստան»ը խայթող երգիծանք է եւ սարսափ-պատմութիւն` գրուած թունալից, հեգնական միտքով, որ կ՛օգտագործէ Ճեյմս Ճոյսը յիշեցնող բազմաթիւ ժանրեր ու ոճեր: * Զբօսնելու ատեն երկու ընկերներ աղբանոցին մէջ կնոջ դիակ մը կը յայտնաբերեն, որ ակնյայտօրէն կեղտոտ խաղի մը զոհն էր: «Գիտեմ, թէ ով է», – կ՛ըսէ անոնցմէ մէկը: «Ճանչցայ մազերէն եւ դէմքին անվնաս մասէն: Պէտք է ոստիկանութիւն երթանք»: Միւս ընկերը կը զայրանայ եւ կը նախատէ․ «Ոստիկանութի՜ւն: Ի՞նչ ոստիկանութիւն: Կրնա՞ս պատկերացնել, որ ոտք կը դնեմ ոստիկանական բաժանմունք: Չնայած ներս մտնելը դիւրին է: Խնդիրը դուրս գալն է: Կը պատահի, որ այդպէս ալ դուրս չես գար»: «Բայց սպանութեան մասին չյայտնելը օրէնքի խախտում է: Եթէ անտեսենք այս սպանութիւնը, վաղն ալ` մէկ ուրիշ սպանութիւն, ի՞նչ կը կատարուի, եթէ դուն կամ ես ըլլանք յաջորդ զոհը: Եթէ դուն եւ ես եւ մնացածը անտեսեն սպանութիւնը, կը վերածուինք ուրիշներուն ողորմածութեան ձգուած, անյիշողութիւն մարդոցմէ կազմուած ազգի մը»: «Թերեւս այդպէս է… բայց ի՞նչ կը կատարուի, եթէ ոստիկանութիւնը կալանաւորէ մեզ: Եւ երբ կ՛ըսեմ կալանաւորէ, նկատի չունիմ մէկ ժամով կամ մէկ օրով, այլ ամիսներով: Մտածէ՛խոզուկներուս մասին. Անոնք ի՛նչ պիտի ըլլան»: Եզրակացութիւնը ակնյայտ է. «Աղբաստանը» դարձած է այնպիսի երկիր մը, որ կը լողայ յանցագործութեան, յանցագործներու, դահիճներու եւ անոնց զոհերուն մէջ: * Գիրքը կը սկսի եւ կ՛աւարտի նոյն երկու բառով` «Տէ՜ր, ողորմեա՛»: #

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x