«Բոլոր այլասերած վարչակարգերը թշնամիներու կարիքը ունին»

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Արամ Արսէնեանի

Արա Պալիոզեան. Նոյեմբեր 30, 2013

ՊԱՏԱՀԱԿԱՆ ՄՏՔԵՐ *************************** Սեփական ժողովուրդը յիմարացնելէն յետոյ այժմ Ամերիկան անցած է աշխարհը յիմարացնելուն: * Անաչա՛ռ նկարագրեցէք ոեւէ մէկը, եւ անոր հոգիին մէջ, շա՜տ խոր տեղ մը պաշտպանական պատերէն մէկը անխուսափելիօրէն կը փլի: * Զիս քննադատողներուն մեծ մասը ապուշ չէ, բայց անոնց համար, կարծես, հաճելի է այդ դերը խաղալը: * Շատ յաճախ, երբ կը փորձեմ լուծել խնդիրը, կը յաջողիմ միայն աւելի բարդացնել զայն: * Դաշնակի դասատուս սորվեցուցած է, որ presto /շատ արագ/ նշանով ստեղծագործութիւնը սորվելու միակ ուղին lento /շատ դանդաղ/ նուագելն է: * Փայլուն ըլլալու ճանապարհներէն մէկը նոյն տողին հարիւր տարբերակներ գրելն ու լաւագոյնը ընտրելն է: #

ՓՈԽԱԴԱՐՁԱԲԱՐ ԶԻՐԱՐ ԲԱՑԱՌՈՂ ՀԱՍԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ **********************Գայլ եւ բուսակերութիւն: Չոր գլուխ եւ երկխօսութիւն: Հայ եւ թուրք: Հայ եւ հայ: * Գրածս անվճար է, ինչպէս պանիրը` թակարդին մէջ: * Ամերիկեան ասացուածք. «ամէն բանի 90 տոկոսը կղանք է»: Հայերէն թարգմանութիւն` «99 տոկոսը»: #

ՆՇՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ *************************** Եթէ աշխարհը սենեակ ըլլար, Ամերիկան կ՛ըլլար փիղը սենեակին մէջ: * Եթէ կ՛ենթադրէք, որ ճիշդը միայն դուք կրնաք ըլլալ, ինքնաբերաբար կը զրկուիք երկխօսութեան մասնակցելու իրաւունքէն: * Ստախօսին լաւագոյն ընկերը այլ ստախօս մըն է: * Օձին երազային ուտելիքը այլ օձ մըն է: * Գիտելիքին ծարաւը եւ արեան ծարաւը փոխադարձաբար զիրար բացառող հասկացութիւններ են: * Թեթեւամիտը չի կրնար լայն մտահորիզոն ունենալ: * Երբ նացիները կ՛ըսէին` Gott mit uns /Աստուած մեր հետ է/, իհարկէ նկատի ունէին սատանան: *Կը կրկնե՞մ ես զիս: Իսկ մեր քարոզողնե՞րը, ճառողնե՞րը, թրքակեդրոն մոլեռանդնե՞րը: * Բոլոր այլասերած վարչակարգերը թշնամիներու կարիքը ունին: Ատելութիւնը սոսինձ է, եւ քաղաքական բոլոր գործիչները քաւութեան նոխազներու կարիքը ունին: #

Արա Պալիոզեան. Նոյեմբեր 27, 2013

ԽՈՀԵՐ *************************** Մէկ քահանան կրնայ հազար մանուկի ուղեղը լուալ, բայց հազար եպիսկոպոս չեն կրնար գէթ մէկ իմամ հաւատափոխել: Բոլոր զոհաբերողները գիտակ են առնուազն մէկ ոլորտի մէջ` զոհ ընտրելուն: * Եթէ չափահաս ես, պատմութենէն որոշ բան գիտես եւ ազգայնական ես, կրնաս հանգիստ խղճով զքեզ յայտարարել հանրային աղէտ եւ մտաւոր յետամնաց: * Եթէ կրօնքը դատենք իր պատմութեամբ, ո՞վ կը յանդգնի պարծենալ, որ կրօնաւոր է: * Երբեք չեմ ըսած, որ մեր ղեկավարներէն, եպիսկոպոսներէն ու բարերարներէն ոչ ոք ազնիւ է: Ըսած եմ, որ երբեւէ հաճոյքը չեմ ունեցած հանդիպելու նման մէկուն:

# ՏԷՐԵՐ ԵՒ ՍՏՐՈՒԿՆԵՐ *************************** Որպէս յաւերժական պարտուողներու շառաւիղ, միտուած եմ բոլոր մարդիկը բաժնելու տէրերու եւ ստրուկներու կամ յաջողակներու եւ անյաջողակներու: Կը վախնամ յաջողակներէն ու կը յարգեմ զանոնք, եւ այնքա՜ն կը յարգեմ անյաջողակները, որքան զիս, այսինքն` զերօ յարգանք: Այդ պատճառով ալ յարգանքս մեր ղեկավարներուն, եպիսկոպոսներուն եւ բարերարներուն հանդէպ անսահման է: Երբեմն նոյնիսկ այնքան հեռուն կ՛երթամ, որ զանոնք կը դասակարգեմ որպէս մեր հաւաքական ճակատագիրին ճարտարապետները, երբ անոնք, փաստօրէն, ճիշդ այնքան իշխանութիւն ունին, որքան սարտին ձուկը շնաձուկերու լիճին մէջ, եւ երբ անոնք կը ճառեն ու կը քարոզեն ի սէր Աստուծոյ եւ երկիրին, իրականին մէջ նկատի ունին KGB-ն եւ CIA-ը:

* ԻՆՉՊԵՍ ՏԱՐԲԵՐԵԼ ԿԵՂԾՈՒԱԾ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ *************************** Եթէ յաղթողը թշնամիի գործակալ մըն է, ռոպոթի հմայք ունի եւ սողունի աչքեր, ուրեմն ընտրութիւնը կեղծուած է:

# ԹՄՐԱՄՈԼՆԵՐ *************************** Չնայած այն իրողութեան, որ մեր գրողները մշտապէս սխալ հասկցուած են, կը մերժեն զանոնք եւ անօթութեան կը մատնեն, նոյնիսկ կը դաւաճանեն եւ կը սպանեն սառնասրտօրէն, այսօր տղաներ եւ աղջիկներ կան, որոնք կը ձգտին գրող դառնալ: Այս տարօրինակ երեւոյթը խելամիտ բացատրութիւն մը ունի` պատմութեան չիմացութիւն: * Մեր անցեալի պաշտօնական վարկածը այնպիսի՜ խիստ աղաւաղումներու է ենթարկուած, որ եթէ իրականութիւնն ու մեր դասագիրքերուն թեքսթերը երբեւէ հանդիպին, զիրար պիտի չճանչնան: * Սա ընդհանուր է մեր եւ թուրքերուն համար. մենք պետական քարոզչութեան թմրամոլներ ենք: Այսօր հեղինակաւոր գիտնականներ կան /անոնցմէ ոչ բոլորն են թուրք/, որոնք Թալէաթը պետական մեծ գործիչ կը համարեն: * Թալէաթը այն աստիճանի ամբարտաւան էր, որ կը յանդգնէր ճեմել Պեռլինի փողոցներուն մէջ` կարծես համայն աշխարհին կողմէն յարգուած արքայական մեծութիւն մը ըլլար աքսորի մէջ: Մինչեւ որ իրականութիւնը վրայ հասաւ անոր, ինչպէս մեզի հասած էր կոտորածներու յաջորդական ալիքներու տեսքով, եւ որոնց ուղերձը մենք /կամ աւելի ստոյգ` մեր առաջնորդները/ նախընտրեցին անտեսել: * Անուղղելի եւ սովորական ստախօսներուն խնդիրը այն է, որ, ի վերջոյ, կը հաւատան իրենց սուտերուն:

# ՅՈՒՇԱԹԵՐԹ՝ ՔՆՆԱԴԱՏԻՆ ***************************  Կեանքիս նպատակը իրականութիւնը հասկնալն է: Քու նպատակդ, եթէ ճիշդ կը հասկնամ, հայրենասիրութենէն դրդուած ինչ-որ առաւելութեան հաստատումն է, որ նպատակն է նաեւ բոլոր ճառասացներուն, քարոզողներուն եւ քարոզիչներուն, որոնց առնուազն կը վճարեն իրենց աշխատանքին դիմաց: * Մինչեւ հիմա թերեւս նկատած էք, որ բուռ մը սիրելի թեմաներ ունիմ, որոնց վրայ ալ կը կառուցեմ անվերջանալի տարբերակները: Անոնց, որ կը մեղադրեն զիս ինքզինքս կրկնելու մէջ, կը խոստովանիմ, որ մեղաւոր եմ ներկայացուած մեղադրանքով: Նպատակս անմահութեան հասնիլը կամ նոյնիսկ նուազագոյն աշխատավարձ ստանալը չէ, այլ խօսիլը իրականութեան մասին, ինչպէս կը տեսնեմ զայն եւ ոչ թէ այնպէս, ինչպէս կը թելադրեն որ տեսնեմ ակնոցովը մէկուն, որ կրնայ ըլլալ կամ չըլլալ թունդ ստախօս, մանկապիղծ կամ բնածին ապուշ: * Քրիստոնէութեան` որպէս կազմակերպուած կրօնքի դժբախտութիւնը այն է, որ քրիստոնեաներու 99 տոկոսին ուղեղները լուացած են մանուկ հասակին մէջ: Նոյնը կը վերաբերի բոլոր կազմակերպուած կրօնքներուն. անոնք կազմակերպուած են, որպէսզի ստեն, խաբեն եւ անհրաժեշտութեան պարագային սպանեն եւ զոհուին` պաշտպանելով այն Աստուածը, որ անոնց պաշտպանութեան կարիքը չունի: * Խօսելու կարիքը կայ: #

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x