«Հայաստան» հիմնադրամը 100 հազար տոլար կը յատկացնէ Լիբանանի հայ դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ անձնակազմերուն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, 28 մարտ 2024 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ, թէ Լիբանանի հայ համայնքին տրամադրուող շարունակական օժանդակութեան ծրագրի շրջագիծին մէջ, Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնին միջոցով 100 հազար տոլար կը տրամադրէ Լիբանանի մէջ գործող հայ դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ անձնակազմերուն:

Ստորեւ՝ ցանկը դպրոցներուն:
«Հայ աւետարանական գոլէճ», «Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան», «Վահան Թեքէեան վարժարան», «Սահակեան-լեւոն Մկրտչեան գոլէճ», «Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ», «Ազգային Նուպարեան վարժարան», «Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան», «ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ», «Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան», «Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան», «Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան», «Մեսրոպեան վարժարան», «Ազգային Միացեալ վարժարան», «Մխիթարեան վարժարան» եւ «Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարան»:

Նշենք, որ Լիբանանի հայ կրթական հաստատութիւններու օժանդակութեան ծրագիրը սկիզբ առած է 2019-ի դեկտեմբերին, երբ Լիբանանի մէջ սկսաւ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը, որ աւելի եւս խորացաւ 2020-ի օգոստոսին` Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումէն յետոյ: Ընդհանուր առմամբ, 2019-էն ի վեր Լիբանանի հայ համայնքի տարբեր կարիքներուն, այդ շարքին նաեւ կրթօճախներուն՝ Հիմնադրամը տրամադրած է շուրջ 2.165.000 ամերիկեան տոլար:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x