«Քաոս Միջին Արեւելքի մէջ. ոչ ոք կ’ուզէ պատասխանատւութիւն ստանձնել»

Ստորեւ «Foreign Affairs»էն թարգմանաբար կու տանք Կրեկ Քարլսթրոմի «Քաոս Միջին Արեւելքի մէջ. ոչ ոք կ’ուզէ պատասխանատւութիւն ստանձնել» խորագեալ յօդուածը, որ լոյս տեսած է 6 մարտ 2024-ին: Առանց բաժնելու Քարլսթրոմի բոլոր տեսակէտները, յօդուածը կը հրապարակենք իր հետաքրքրականութեան համար:

Պատերազմները կրնան պարզաբանել, կրնան նաեւ շփոթեցնել: 1967-ի Վեցօրեայ պատերազմին մասին ընդունուած կարծիքը կը պնդէ, որ Իսրայէլ արագօրէն ջախջախեց արաբական ազգայնականութեան ալիքը, որ կը տարածուէր Միջին Արեւելքի մէջ եւ կը տապալէր միապետները: 2006-ի Լիբանանի պատերազմի պատումին համաձայն, Հըզպալլա հաւասարութիւն արձանագրեց Իսրայէլի դէմ եւ խորտակեց անպարտելի թուացող անոր զինուորական պատկերը՝ ժամանակի մը մէջ, երբ արաբական բանակները շատոնց լքած էին Իսրայէլի դէմ պայքարը: Արաբաեւիսրայէլեան հակամարտութիւնները յաճախ կը նպաստեն պարզաբանելու իրադարձութիւններ: Պատերազմի օրերը կը ջնջեն այնպիսի գաղափարներ, որոնք գերակշռող էին տասնամեակներ շարունակ:

Այսուհանդերձ, այս պատերազմներէն բխող պատմութիւնները յաճախ հակամէտ կ’ըլլան սեփական առասպելներու ստեղծումին:1967-ի պատմութիւնը, թէեւ ամբողջովին չի համապատասխաներ իրականութեան, սակայն չափազանց պարզացուած է: Եգիպտոսի մէջ, Կամալ Ապտել Նասէրի նման վարչակարգերը միշտ աւելի դրդուած եղած են սեփական նեղ շահերէ, քան համաարաբականութեան վեհ նպատակներէն, պարզապէս կիրարկելով այս վերջինը, երբ ան կը ծառայէր առաջինին: Նման ղեկավարներ իրենց պետութիւնները կը ծանրաբեռնէին քաղաքական եւ տնտեսական հարցերով, որոնք կը յամենան մինչեւ այսօր: 1967-ին, անոնց կրած աղէտալի պարտութիւնը կրնար արագացնել իրենց մահը, բայց անոնք, ամէն պարագայի, փուլ կու գային իրենց իսկ ստեղծած հակասութիւններուն տակ:

Նոյնը կը վերաբերի 2006-ին Հըզպալլայի դէմ պատերազմին: Այդ մէկը Իսրայէլի առաջին զինուորական պարտութիւնը չէր. վկայ Հարաւային Լիբանանի անոր երկարատեւ գրաւումը, որ աւարտեցաւ պատերազմէն ընդամէնը վեց տարի առաջ՝ միակողմանի նուաստացուցիչ նահանջով եւ Իսրայէլի կողմէ վստահելի նկատուած ուժերուն՝ Հարաւային Լիբանանի բանակին արագ փլուզումով: Իսրայէլ անպարտելի կը թուէր, որովհետեւ անոր ամենէն լուրջ թշնամիները յանձնուած էին: Բայց պատերազմը փոփոխութեան կ’ենթարկուէր, առնուազն Միջին Արեւելքի մէջ, ուր բանակներու միջեւ պատերազմները տեղի կու տային ոչ պետական դերակատարներու դէմ մաշումի մարտավարութեան: Իսրայէլ, նաեւ Միացեալ Նահանգներ, կը սկսէին դասական մարտավարութիւնները փոխարինող միջոցներ որոնելու՝ ոչ դասական սպառնալիքներ դիմագրաւել կարենալու համար:

Դեռ կանուխ է արաբաեւիսրայէլեան վերջին պատերազմէն ամբողջական եզրայանգումներ կատարելու: Սակայն, Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ հինգ ամիսէ ի վեր շարունակուող կռիւները արդէն իսկ իմաստազրկած են որոշ մեծ առասպելներ` թէ՛ պաղեստինեան դատը մեռած է, թէ՛ Իսրայէլի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուող դաշինքը կրնայ հակակշռել Իրանը, թէ՛ հակամարտութիւններէ սպառած այս տարածաշրջանը կ’ուղղուի դէպի հանդարտութիւն եւ տնտեսական բարգաւաճում, եւ թէ՛ իսկապէս երեւան եկած է յետամերիկեան Միջին Արեւելքը:

Հիմա յստակ կը տեսնեմ

Մինչեւ 7 հոկտեմբեր, պաղեստինցիներու նկատմամբ Իսրայէլի երկարամեայ «բաժնէ որ տիրես» ռազմավարութիւնը յաջողած կը թուէր: Վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու ամէն ինչ ըրաւ Պաղեստինեան ինքնավարութիւնը խարխլելու համար, նոյնիսկ ան համաձայնութիւններ կնքեց Համասի հետ եւ դիւրացուց Կազայի մէջ անոր կառավարութեան միլիառաւոր տոլարներու փոխանցումը. ապա ան յայտարարեց, որ Իսրայէլ բանակցող գործընկեր չունի պաղեստինեան կողմէն, որովհետեւ Համաս աւելի զօրաւոր հատուած կը ներկայացնէ: Պարագայական բախումներ թէեւ կը պատահէին, ինչպէս մէկշաբաթեայ կարճ կռիւներ Կազայի մէջ կամ մեկուսացուած յարձակումներ Երուսաղէմի եւ Արեւմտեան ափին մէջ, գերակշռող էր այն կարծիքը, որ Պաղեստինցի ժողովուրդը այնքան ճնշուած ու բաժնուած էր, որ կարողութիւնը չունէր կազմակերպելու աւելի երկար կամ համակարգուած գործողութիւններ: Աշխարհը կորսնցուցած էր իր հետաքրքրութիւնը անոնց դատին նկատմամբ: Միացեալ Նահանգներ այլեւս չէր ուզեր միջնորդի դեր խաղալ: Չինաստան ու Հնդկաստան այլ առաջնահերթութիւններ ունէին: Նոյնիսկ արաբական որոշ երկիրներ աւելի շահագրգռուած էին համաձայնագիրներ կնքելով բարձր արհեստագիտութեան տիրացած իսրայէլեան ընկերութիւններու հետ, քան պաղեստինեան պետութիւն ստեղծելու հարցով: Ոչ մէկ ճնշում կար Իսրայէլի վրայ՝ վերջ տալու իր բռնագրաւումին, որ կ’ենթադրուէր թէ պիտի կարենայ պահել անորոշ ժամանակով եւ փոքր գին վճարելով:

Այս մէկը Նաթանիահուի տեսակէտն էր, բայց զայն կը բաժնէին շատեր: Բոլոր շերտերու իսրայէլցիները կը կարծէին, որ կրնան խուսափիլ պաղեստինեան հարցէն: Տասնամեակ մը առաջ, երբ Իսհակ Հերցոկ (այժմ Իսրայէլի նախագահ) Նաթանիահուի գլխաւոր ձախակողմեան մրցակիցն էր վարչապետութեան պաշտօնին, ան շատ աւելի ժամանակ կը վատնէր արեգակնային ուժանիւթի մասին խօսելով, քան՝ իսրայէլեւպաղեստինեան հակամարտութեան: Հարցախոյզեր ցոյց կուտային, որ իսրայէլցի հրեաներուն մեծ մասը կը նախընտրէ ներկայ իրավիճակին պահպանումը, քան հետամուտ ըլլալ երկու պետութիւններ ստեղծելու լուծումին:

Նաթանիահուի տեսակէտը, անշուշտ, բացարձակօրէն սխալ էր: Շատերու համար զարմանալի էր, որ վերանորոգուած հակամարտութիւնը կը սկսէր Կազայէն, որ համեմատաբար աւելի հանդարտ կը թուէր ըլլալ, եւ ոչ թէ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափէն, որ ականային վիճակի մէջ էր (եւ տակաւին է): Իսրայէլ կը կարծէր, որ Համաս կորսնցուցած է հետաքրքրութիւնը լայնածաւալ բախումներու նկատմամբ: Մէկ տարի առաջ, երբ «իսլամական ժիհատ» պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումը հարիւրաւոր հրթիռներ արձակեց սահմանէն անդին, Համաս դիտողի դիրք որդեգրեց: Փոխարէնը, կը թուէր, թէ Համաս կեդրոնացած էր Կազայի մէջ իր իշխանութեան ամրապնդման վրայ: Եւ զարմանալի էր, թերեւս նոյնինքն Համասի համար, որ 7 հոկտեմբերին Իսրայէլի վրայ յարձակողները կարողացան այդքան վնասներ պատճառել: Բայց ոչ ոք պէտք էր ցնցուեր, որ շրջանին ամենէն երկար չլուծուած հակամարտութիւնը փաստօրէն կը վերակենդանանար:

Վերակենդանացման առընթեր բացայայտուեցան այլ պատրանքներ: Նուրբ կապերը եւ ծածուկ յարաբերութիւնները, որոնք սկսան ի յայտ գալ Իսրայէլի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ 2010-ն յաջորդող տասնամեակին, հիմնուած էին Իրանի հանդէպ փոխադարձ վախին վրայ: Հասարակաց շահերու առկայութիւնը յանգեցաւ 2020-ի «Աբրահամ» համաձայնագրին, որուն հիմամբ Իսրայէլ պաշտօնական կապեր հաստատեց Պահրեյնի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ եւ խօսակցութիւններ սկսան Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին: Ամէն գնով Միջին Արեւելքէն հեռանալու տրամադիր Ուաշինկթըն, այդ քայերը նկատեց նպատակայարմար: Իրանը եւ անոր արբանեակները զսպելու համար նուազ կարիք պիտի զգացուի ամերիկեան զօրքերու, եթէ Իսրայէլ եւ Ծոցի երկիրները կարենան իրենք կատարել այդ աշխատանքը: Սակայն այսօր Իսրայէլի եւ Մ. Նահանգներու գլխաւորած դաշնակցութիւնը հինգ ճակատներու վրայ կը կռուի Իրանի հաւատարիմ ուժերու դէմ՝ Կազայի, Իրաքի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ, եւ Ծոցի երկիրները բացակայ են բոլորէն: Փոխարէնը անոնք կրկնապատկած են Իրանի հետ լարուածութեան մեղմացումի ճիգերը:

Տարածաշրջանային ապահովութեան դաշինքի մը ստեղծման յոյսը նկատի չառաւ Ծոցի երկիրներուն մասին կարեւոր կէտ մը, թէ անոնք փափուկ թիրախներ են. անոնք կը վստահին քարիւղի արտածման՝ իրենց գանձարանը լեցնելու, ներածումներ կատարելու՝ իրենց բնակչութիւնը կերակրելու նպատակով, եւ ունին խոցելի ենթակառոյցներ, ինչպէս՝ աղազերծման կայանները, անհիւրընկալ շրջանի մը մէջ գոյատեւել կարենալու համար: 2019-ին, իրանեան հրթիռներ ու անօդաչու սարքեր հարուածեցին նաֆթային կեդրոններ Սէուտական Արաբիոյ մէջ՝ ժամանակաւորապէս խաթարելով երկրին նաւթի արդիւնաբերութեան կէսը: Յարձակումը ցոյց տուաւ, թէ որքա՛ն խոցելի են Ծոցի երկիրները: Հակառակ այն միլիառաւոր տոլարներուն, զորս անոնք կը ծախսեն զէնք գնելու (Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար կը հանդիսանան աշխարհի հինգերորդ մեծագոյն զէնք գնողները), պատերազմական շատ քիչ փորձառութիւն ունենալու բերումով, անոնց բանակները այնքան ալ ունակ չեն:

Հաւանաբար միակ բացառութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն է, որուն բանակը պատերազմական համեմատաբար աւելի լաւ հմտութիւններ դրսեւորեց Եմէնի հարաւային շրջանի կռիւներուն ընթացքին: Սակայն արեւմտուտքցի պաշտօնատարներ, որոնք հիացմումով այս երկիրը կ’անուանեն «փոքր Սպարթա», սխալ հասկցած են զայն: Էմիրութիւնները մարտերու մէջ եփած ռազմիկ հասարակութիւն չէ. ան ռազմագիտական դիրք ունեցող տարանցումի կեդրոն մըն է, որ կը բարգաւաճի կայունութեան ովասիսի իր համբաւով: Ան հաւանաբար ունի արաբական ամենէն հմուտ բանակը, նուազագոյնը որ կարելի է, բայց անոր կառավարութիւնը չի փափաքիր օգտագործել այդ բանակը տագնապներու մէջ, որուն հետեւանքով, հրթիռներ կրնան տեղալ Տուպայի հինգ աստղանի հանգստավայրերուն վրայ:

Ծոցի մէջ, պաշտօնատարներ իրենց կարգին սխալ հաշուարկումներ կատարեցին: Մինչեւ 7 հոկտեմբեր, սովորական էր լսել անոնց արտայայտութիւնները բազմաբեւեռ Միջին Արեւելքի մը մասին: Միացեալ Նահանգները զբաղած էր Ուքրանիոյ պատերազմով, Չինաստանի հետ մրցակցութեամբ եւ ներքին խառնաշփոթ քաղաքականութեամբ: Միացեալ Նահանգները յուսախաբութիւն առթող գործընկեր էր՝ քաղաքականութեան մէջ անկանոն տատանումներով: Միւս կողմէ, Ռուսիա վստահելի եւ արդիւնաւէտ դաշնակիցի հանգամանքով կը ներկայանար՝ փրկելով Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը 2015-ին, երբ կառավարութեան դիմումով, Ռուսիա միջամտեց սուրիական քաղաքացիական պատերազմին: Չինաստան տակաւին զինուորական ուժ չէր Միջին Արեւելքի մէջ, բայց ան ներդրումներու եւ աւելի շատ զէնքի ու արհեստագիտութեան անհատնում աղբիւր էր: Միացեալ Նահանգները այլեւս այդքան անփոխարինելի չէր:

Սակայն, 7 հոկտեմբերէն ասդին, տարածաշրջանի վերջին տասնամեակներու վատթարագոյն ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, Ռուսիա եւ Չինաստան բոլորովին անտեսանելի են: Անոնք հակամարտութիւնը կ’օգտագործեն՝ ընդգծելու արեւմտեան նշմարելի կեղծաւորութիւնը, մեղադրանք մը՝ որ ընկալունակ արձագանգ գտած է Միջին Արեւելքի մէջ: Սակայն ոչ ոք դիմած է Մոսկուայի կամ Պեյժինկի՝ դիւանագիտական միջամտութեան, օժանդակութեան կամ շրջանային ապահովութեան երաշխաւորութեան համար: Նոյնիսկ հոն, ուր իրենց անձնական շահերը կ’ազդուին, անոնք չեն կրնար (կամ չեն ուզեր) հիմնական դերակատարութիւն ունենալ: Չինաստան պէտք է տագնապէր, որ հութիները նոյեմբերէն ի վեր կը յարձակին նաւերու վրայ Կարմիր ծովուն մէջ՝ վտանգելով առեւտուրը Եւրոպայի հետ: Բայց ան ռազմանաւեր չուղարկեց տարածաշրջան: Թէեւ Չինաստան՝ Իրանի առեւտուրի մեծագոյն գործընկերն է, սակայն Պեյժինկ չ’օգտագործեր իր ազդեցութիւնը Թեհրանի վրայ՝ հութիները սանձելու, այլ պարզապէս խնդրած է չխոչնդոտել չինական նաւերու անցքը Կարմիր ծովէն:

Նոյնպէս, հետեւեալը պէտք էր բացայայտ դառնար 7 հոկտեմբերէն առաջ: Յետադարձ հայեացքով` պարզ կը դառնայ, որ Ռուսիոյ միջամտութիւնը Սուրիոյ մէջ նշանաւորեց անոր տարածաշրջանային ազդեցութեան գագաթնակէտը: Երեք տարի ետք, ան փորձեց օգնել Խալիֆա Հաֆթարի՝ Լիպիոյ զինուորական հրամանատարին, գրաւելու մայրաքաղաք Թրիփոլին, միայն թէ յանկարծ յարձակումը կասեցուեցաւ թրքական անօդաչու սարքերու կողմէ: Ուքրանիա ներխուժումը աւելի վատթարացուց ռուսական ազդեցութիւնը: Ռուսիա այժմ աւելի քիչ զէնք ունի վաճառելու արաբ միապետերուն եւ շրջանին մէջ ներդրումներ կատարելու նուազ դրամագլուխ: Եւրոպայի մէջ մխրճուած Մոսկուան աւելի քիչ ուշադրութիւն կը դարձնէ Միջին Արեւելքի, նոյնիսկ՝ իր ամենամօտիկ դաշնակիցներուն: «Անոնք Սուրիան կը կորսնցնեն ի նպաս Իրանի», – անցեալ յունուարին իսրայէլցի պաշտօնատար մը ըսաւ ինծի, որ մերժեց հրապարակել անունը, քանի որ իրաւասութիւն չունէր խօսելու լրագրողներու հետ: Տարածաշրջանին մէջ, Չինաստանի դիւանագիտական միակ ուշագրաւ ձեռքբերումը անցեալ տարուան իրանեւսէուտական մերձեցման իրականացումն էր, սակայն դժուար աշխատանքին մեծ մասը կատարուած էր այլուր:

Այդ մերձեցումը կը սպասուէր որ դառնար տարածաշրջանային անդորրի նոր սկիզբ մը: Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Եմէնի քաղաքացիական պատերազմները մատնուած էին անշարժութեան: Արաբական գարունը վերապրած կամ անկէ բխած միապետերը գիտէին, որ պէտք է կեդրոնանան տնտեսական հարցերու վրայ, որպէսզի իրենց ժողովուրդները նորէն չըմբոստանային: Բազմաթիւ վերլուծաբաններ կը կարծէին, որ տասնամեակներու տագնապներէ ետք, բոլորը մէկ կողմ պիտի ձգէին իրենց տարակարծութիւնները եւ փորձէին կառուցել եւ համարկել իրենց տնտեսութիւնները: Ամերիկացի պաշտօնատարներ համամիտ էին այս յուսադրիչ տեսլականին, եւ Ծոցի միապետերը կը տարածէին այդ գաղափարը, որ սակայն մնաց ապարդիւն: Նոյնիսկ 7 հոկտեմբերէն առաջ, շրջանային բարեկամութեան նոր դարաշրջանը կարճատեւ եղաւ: Սուտանի մէջ քաղաքացիական սահմռկեցուցիչ պատերազմ մը բռնկեցաւ իրանաեւսէուտական համաձայնութենէն քանի մը շաբաթ ետք: Ձախողած եւ ձախողելու մատնուած պետութիւններով եւ անլոյծ հակամարտութիւններով լեցուն տարածաշրջանը փաստեց որ ամուլ հող է նոր բան մը աճեցնելու համար:

No Sheriff in Town (Առանց «Շէրիֆ»ի է Քաղաքը)

Առասպելները կրնան ծածուկ իրողութիւններ բացայատել, նոյնիսկ եթէ անոնք սխալ են: Ծոցի մէջ, որոշ պաշտօնատարներ կը խօսէին բազմաբեւեռ աշխարհի մը մասին, որովհետեւ անոնք իսկապէս զայրացած էին Միացեալ Նահանգներէն, իսկ ուրիշներ այդ մէկը կը տարածէին, քանի որ յոյս ունէին այդ ձեւով համոզելու Միացեալ Նահանգները, որ մնայ Միջին Արեւելքի մէջ: Ուաշինկթըն իր յոյսը կը դնէր ապահովութեան նոր ձեւաչափի վրայ, որովհետեւ կ’ուզէր հեռանալ շրջանէն: Իսրայէլցիք կը հաւատային անվերջանալի եւ աժան բռնագրաւումի ձեւին, որովհետեւ շրջանի մեծ տէրութիւնները հաւանութեան նշաններ ցոյց կու տային այդ ուղղութեամբ: Միջին Արեւելքը սկսած է փոխուիլ, այլ խօսքով, նոյնիսկ եթէ քաղաքականութիւն մշակողները սխալած են այդ փոփոխութիւններու գնահատանքին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը անժխտելիօրէն սկսած է նուազիլ, սակայն Չինաստան ու Ռուսիա դեռ միջինարեւելեան ուժեր չեն նկատուիր: Ուաշինկթըն չի յաջողիր համոզելու Իսրայէլը, որ հաւանութիւն տայ երկու պետութիւններու լուծման ընտրանքին կամ ընդունելու պաղեստինեան ինքնավարութեան վերադարձը Կազա: Միացեալ Նահանգները բաւականաչափ զօրաւոր է երկու օդանաւակիր ուղարկելու արեւելեան Միջերկրական եւ B-1 ռմբաձիգներով թռչելու երկրագունդին կէսը՝ հութիները եւ իրաքեան միլիսներ հարուածելու, բայց ոչ այնքան զօրաւոր այդ միլիսները հեռու պահելու առեւտրական նաւերէն կամ ամերիկեան ուժերու վրայ յարձակումներէն: Միացեալ Նահանգները իսկապէս օգնեց, որ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ պատերազմ չծաւալի 7 հոկտեմբերէն ետք, եւ անոր հարուածները հութիների դէմ հաւանաբար ժամանակաւորապէս նսեմացուցին անոնց հականաւային հրթիռներու պաշարը: Անկէ դուրս, սակայն, Միացեալ Նահանգներ դիւանագիտական եւ զինուորական քիչ բան ցոյց տուաւ վերջին հինգ ամիսներուն ընթացքին: Նոյնիսկ երբ Միացեալ Նահանգներ աւելի գործնապէս ներգրաւուած էր շրջանին մէջ, ան կը նկատուէր անարդիւնաւէտ, որովհետեւ Իրանի արբանեակներուն հետ կը վարուէր մասնակի լուծումներով, մինչ զգալի ճիգ կը թափէր Իսրայէլի կողմէ իր խնդրանքները կամ քաղաքականութեան ընդուելի դարձնելու համար:

Եթէ Միացեալ Նահանգները կը սխալէր հակաիրանեան դաշնակցութեան մը մասին երեւակայելով, ապա Իրանի սեփական դաշնակցութիւնը նաեւ լարուածութեան նշաններ ցոյց կու տայ: Անցեալ չորս ամիսներուն հրապարակուած հարցազրոյցներուն մէջ, թերեւս միակ բանը, որուն շուրջ ամերիկացի, արաբ, եւրոպացի, իրանցի եւ իսրայէլցի պաշտօնատարներ համաձայն են, այն է, որ Համաս Իսրայէլը հարուածեց առանց Թեհրանի իր հովանաւորներուն հետ խորհրդակցելու: Այդ օրէն ի վեր, Իրան կը մերժէ սանձազերծել իր ամենահզօր արբանեակը՝ Հըզպալլան, որ ճնշումներու կ’ենթարկուի Լիբանանի մէջ, ներառեալ՝ իր իսկ շիի համակիրներուն կողմէ, որ երկիրը չներքաշուի Իսրայէլի հետ պատերազմի մը մէջ: Իրան նաեւ վրդոված է Իրաքի եւ Եմէնի մէջ իր արբանեակներուն գործողութիւններէն: Այդ «դիմադրութեան առանցքը» ստեղծուած էր հակամարտութիւնները հեռու պահելու Իրանի սահմաններէն. այսօր, սակայն, այդ առանցքին օգտագործումը համազօր է այդ հակամարտութիւնները տուն հրաւիրելու:

Թէեւ Ծոցի երկիրները Իսրայէլի կողքին չեն ընդդէմ Իրանի, անոնք նոյնպէս չեն միանար Իսրայէլի դէմ: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պահած է իր դիւանագիտական եւ առեւտրական կապերը Իսրայէլի հետ, ներառեալ՝ դէպի Թել Աւիւ կանոնաւոր թռիչքները Տուպայէն եւ Ապու Տապիէն, նոյնիսկ պատերազմի առաջին օրերուն, երբ օդանաւները գրեթէ պարապ էին («պիզնըս, ըստ սովորութեան», – ինծի ըսաւ իսրայէլցի գործարար մը անցեալ յունուարին): Երբ ես անպաշտօն խօսեցայ էմիրաթցի պաշտօնատարի մը հետ, կրնամ ըսել, թէ անոր արտայայտութիւնները յար եւ նման էին բազէացած իսրայէլցիի (ծայրայեղական) մը խօսքերուն: Պահրէյն բեմ դարձաւ հակաիսրայէլեան ցոյցերու, եւ անոր անատամ խորհրդարանը խորհրդանշական բանաձեւ մը որդեգրեց Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները խզելու մասին, սակայն պետութիւնը անտեսեց այդ բոլորը: Սէուտցիները տակաւին կ’աճապարեն Իսրայէլի հետ իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորող համաձայնագիր մը կնքելու նոյեմբերի ընտրութիւններէն (Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններ) առաջ: Պաղեստինեան հարցը վերստին օրակարգ վրայ դրուած է տասնեակ հազարաւոր զոհերու գնով, բայց հազիւ թէ առջեւ գացած կը թուի ըլլալ:

Տարածաշրջանը այսօր կ’ապրի պարապութիւն մը, յատկանշուած՝ յստակ ղեկավարութեան մը կամ հեղինակութեան մը ժամանակաւոր բացակայութեամբ: Մոռցէք միաբեւեռութեան կամ բազմաբեւեռութեան մասին խօսքերը: Միջին Արեւելքը անբեւեռ է: Ոչ ոք պատասխանատւութիւն կ’ուզէ ստանձնել: Միացեալ Նահանգները չշահագրգռուած, անարդիւնաւէտ գերպետութիւն է, իսկ անոր մեծապետական մրցակիցները՝ նոյնպէս: Ծոցի երկիրները չեն կրնար լեցնել այդ պարապութիւնը: Իսրայէլ նոյնպէս չի կրնար, իսկ Իրան կրնայ միայն խառնաշփոթութիւն ստեղծել: Մնացեալ բոլորը հանդիսատես են, շրջապատուած՝ տնտեսական հարցերով եւ օրինականութեան տագնապներով: Այդ մէկը իրականութիւն էր նաեւ 7 հոկտեմբերէն առաջ: Պատերազմը պարզապէս վանեց պատրանքները:

Կրեկ Քարլսթրոմ
(Թարգմանեց՝ Վ. Թ.)
Foreign Affairs
6 մարտ 2024

ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

Your email address will not be published.