«խօսինք ու լսենք» podcast-ի խօսակիցն է դոկտ. Լիւսի Դաւիթեանը, որուն հետ կը քննարկենք ընդհանրապէս ինքնութեան եւ անոր սպառնացող ընկերային մարտահրաւէրներու խիստ կարեւոր նիւթը, զոր ան արծարծած է իր դոկտորական ուսումնասիրութեան մէջ՝ «Your memories have no power here: A cross-cultural examination of autobiographical recall in a context of social identity threat», պաշտպանուած՝ Հոլանտայի Թիլպուրկ համալսարանին մէջ: Այլ խօսքով՝ ինչպէս անձնական փորձառութիւնները յիշելը կրնայ մեզ դարձնել աւելի տոկուն մեր ինքնութեան սպառնացող մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Բամբասանքը եւ Սոկրաթի «երեք մաղերը»
Դարաշրջանի մը մէջ, երբ տեղեկութիւնները որեւէ ժամանակէ աւելի արագ կը տարածուին, Սոկրաթի անժամանցելի իմաստութիւնը մեզ կը յուշէ տեղեկութիւն փոխանցելու բարոյականութեան եւ քննական միտք ունենալու կարեւորութիւնը: Շարժառիթը այս մուտքին սիրելի բարեկամի մը իր դիմատետրի էջով վերջերս կատարած Սոկրաթի «երեք մաղերու» անեքթոտին մէջբերումն էր՝ տեղեկութեան մը ճշմարիտ, բարի եւ օգտակար ըլլալու հարցադրումներով:
Նախ անեքթոտը.
«Մարդ մը կը հարցնէ Սոքրաթին.
– Կ’ուզե՞ս գիտնալ, թէ ի՞նչ կը խօսին ընկերոջդ մասիդ:
– Սպասէ՛ – կը կը կանխէ Սոկրաթ, – նախ երեք մաղէ անցուր այն բոլորը, զոր կ’ուզես ինծի պատմել:
– Երեք մա՞ղ:
– Այո՛: Միշտ, երբ կ’ուզես որեւէ բան փոխանցել, պէտք է զայն անցնես երեք մաղէ: Նախ՝ ճշմարտութեան մաղէն: Օրինակ, դուն վստա՞հ ես, որ այն, ինչ որ ինծի պիտի պատմես՝ ճշմարիտ է:
– Ո՛չ, վստահ չեմ:
– Կը նշանակէ որ դուն չես գիտեր` ճշմարի՞տ է ան, թէ՞ սուտ: Այժմ դիմենք երկրորդ՝ բարութեան մաղին: Դուն կ’ուզես իմ ընկերոջս մասին լա՞ւ բան մը ըսել:
– Ոչ, լրիւ հակառակը:
– Ուրեմն, – կը շարունակէ Սոկրաթ, – դուն կ’ուզես անոր մասին ինչ-որ գէշ բան մը ըսել, եւ վստահ ալ չես` ճի՞շդ է ան, թէ՞ սխալ: Այժմ գործի լծենք երրորդ մաղը` օգտակարութեան մաղը: Արդեօք այդքան կարեւո՞ր է ան, որ կ’ուզես ինծի պատմել, որ տեղեակ ըլլամ:
– Ո՛չ, կ’ըլլայ մարդուն պատասխանը:
– Եւ այսպէս, – կ’եզրակացնէ Սոկրաթ, – ինչ որ կ’ուզէիր ինծի պատմել` ո՛չ ճշմարիտ է, ո՛չ բարի եւ ո՛չ ալ օգտակար: Այդ պարագային, ինչո՞ւ պատմել…»
Ժամանակակից աշխարհին մէջ, ուր ընկերային ցանցերը եւ ակնթարթի մը մէջ տարածուող լուրերը յաճախ շփոթ կը ստեղծեն ճշմարտութեան, տարաձայնութիւններու եւ բամբասանքի ու չարախօսութեան միջեւ, Սոկրաթի «մաղերը» աւելի քան բարացուցական են: Ֆրանչիսկոս Պապն ալ կ’արձագանգէ այս տրամադրութեան, երբ կ’ըսէ. «բամբասանքը վատ բան է: Սկիզբը ան կրնայ հաճելի եւ զուարճալի թուիլ, բայց ի վերջոյ ան մեր սիրտերը կը լեցնէ դառնութեամբ ու կը թունաւորէ մեզ»:
Բամբասանքին հետեւանքները ծանօթ են բոլորին: Ան կրնայ վարկաբեկել եւ վատահամբաւութիւն տարածել, յարաբերութիւններ փճացնել եւ թունաւոր միջավայր մը ստեղծել: Զարմանալիօրէն մարդիկ հաճոյք կ’առնեն բամբասանքէն, բայց անկէ բխող ուրախութիւնը անցողիկ է, մինչ հետեւանքները կրնան ըլալ երկարատեւ ու վնասակար:
Քննական մտածողութեան դերը
Քննական մտածողութիւնը ստացուած տեղեկութիւն մը վերլուծելու եւ արժեւորելու ու անոր հանդէպ զգուշաւորութիւն ցուցաբերելու մտային գործնթաց մըն է: Այս ձեւով ոչ միայն գործածած կ’ըլլանք ճշմարտութեան, բարութեան եւ օգտակարութեան սոքրաթեան մաղերը, այլեւ մանրազնին քննութեան ենթարկած փոխանցուած լուրին կամ տեղեկութեան ետին կանգնող աղբիւրներու արժանահաւատութիւնն ու դրդապատճառները:
Ուստի, երբ մեզի կը ներկայացուի տեղեկութիւն մը, հարց տանք.
• Արդեօ՞ք ան ճիշդ է: Ստուգա՞ծ ենք տեղեկութեան եւ անոր աղբիւրին հաւաստիութիւնը: Զայն հաստատող ապացոյցներ կա՞ն:
• Բարի՞ է անոր նպատակը: Արդեօ՞ք այս տեղեկութեան տարածումը կը նպաստէ՞ ենթակային բարւոքութեան: Արդեօք նկատի առա՞ծ ենք մեր խօսքերուն ազդեցութիւնը ուրիշներու վրայ:
• Օգտակա՞ր է: Արդեօք այս տեղեկութեան իմացութիւնը եւ տարածումը կառուցողական նպատակի մը կը ծառայէ՞:
Մեր առօրեային մէջ «երեք մաղերու» որդեգրումը եւ քննական մտածողութեան համատեղ կիրարկումը կը նպաստեն աւելի պատասախանատու եւ կարեկցող հաւաքականութեան մը ստեղծումին: Նախքան որեւէ մէկուն մասին տեղեկութիւն տարածելը, մենք պէտք է պահ մը կանգ առնենք գնահատելու զայն մաղերով ու առարկայական տուեալներով: Այս ձեւով մենք կրնանք զարգացնել յարգանքի եւ ազնուութեան մշակոյթ մը` ստեղծելով այնպիսի հաւաքականութիւն մը, ուր մարդիկ աւելի ապահով կը զգան եւ պաշտպանուած անհիմն եւ անբարեացակամ խօսքերու վնասէն: Իրարու հետ շփուելու այս լայնախոհ մօտեցումը ո՛չ միայն կը նուազեցնէ բամբասանքներու տարածումը, այլեւ կը նպաստէ խոհուն երկխօսութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան:
Սոկրաթի իմաստութիւնը, որ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ, կը մնայ հզօր գործիք մը մարդկային առողջ յարաբերութիւններու դասաւորման մէջ: Զտելով մեր խօսքերը ճշմարտութեան, բարութեան եւ օգտակարութեան մաղերով եւ կիրարկելով քննական մտածողութիւն` մենք կրնանք պայքարիլ բամբասանքի ճամբով անհանդուրժողութեան մթնոլորտի տարածման դէմ եւ զարգացնել աւելի դրական ու կարեկցող հաւաքականութիւն մը:
Յարակից բովանդակութիւն
Եւ ձիթենու բուրումնաւէտ ճիւղերով
Ամբոխները զինավառ
Ծաղկազարդի խաղաղութեան պերճանքով
Գալն են տօնում հրաշափառ։
Տիգրան Թերզեան արժանացած է հալէպահայութեան եւ այլ համայնքներու յարգանքին՝ իր յիսունամեայ բեղուն գործունէութեան համար։
Հայոց պատմութեան գրեթէ ամէն ինչի՝ քիչ թէ շատ նշանակալի որեւէ իրադարձութեան մէջ մենք ունինք դաւաճանի կերպար մը, ոչ թէ պարզապէս
Հայերէնի իրանական փոխառութիւնները (բ մաս)
Մեր նախորդ յօդուածով տեսանք, որ հայերէնը պարսկերէնէն փոխ առած է 1400 բառ: Այս փոխառութիւնները բանաւոր ճամբով կատարուած ըլլալնուն պատճառով՝ առհասարակ առօրեայ խօսակցական բառեր են, որոնք իրենց կեն-սունակութենէն գրեթէ ոչինչ կորսնցուցած են մինչեւ այսօր՝ չհաշուած մէկ աննշան տոկոսը, որ պատմական բնոյթ ունի ու կորսնցուցած է իր այժմէականութիւնը:
Պարսկական փոխառութեանց այս կշիռը ըմբռնելու համար ըսենք հետեւեալը. հայերէնը փոխ առած է ասորական 210 բառ, որոնց կէսը բոլորովին կենսունակ է, մինչ միւս կէսը կորսնցուցած է իր կենսունակութիւնը. պատճառն այն է, որ այդ փոխառութիւնները եղած են հաւասարապէս բանաւոր ճամբով եւ գրաւոր ճամբով: Այս վերջինները ասորերէնէ թարգմանութիւններու առթիւ առնուած ըլլալնուն՝ բոլորովին գրքունակ են եւ կը պատկանին հոգեւոր բառապաշարի շերտին: Հայերէնը կատարած է յունարէնէ փոխառութիւններ եւս՝ մօտաւորապէս 900 միաւոր, որոնց բոլորն ալ ունին գրքունակ նկարագիր, քանի բոլորն ալ փոխ առնուած են թարգմանութեանց ճամբով, մինչ իրենք՝ յոյն եւ հայ ժողովուրդները կենդանի շփում չեն ունեցած բնաւ, հետեւաբար փոխառութիւններն ալ առօրեայ խօսակցականէ բոլորովին հեռու եղած են:
Ծանօթ.— Այս երեք փոխառութեանց ամբողջական ցանկերը կը գտնենք Հր. Աճառեանի «Հայոց լեզուի պատմութիւն»-ի մէջ՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրի գործածութեան արժեւորումով գրական հայերէնի մէջ:
Այս փոխառութեանց համեմատութիւնն ու տոկոսը այնպիսին են, որ եթէ այսօր փորձենք հայերէնէն դուրս ձգել բոլոր յունական փոխառութիւնները անխտիր, մեր լեզուն գրեթէ ոչինչ պիտի կորսնցնէր իր կենսունակութենէն. այդ կորուստը պիտի նմանէր ծովէն գաւաթ մը ջուրի նուազումին: Եթէ դուրս ձգէինք ասորական փոխառութիւններու ամողջութիւնը, ապա հայերէնը պիտ կրէր յատուկ ցնցում մը, սակայն պիտի շարունակէր իբրեւ հաղորդակցական լեզու ծառայել մեր կարիքներուն: Բայց եթէ փորձէինք դուրս ձգել իրանական փոխառութիւննները, մանաւանդ ասոնցմով կազմուած բարդ ու ածանցաւոր բառերը եւս, ապա հայերէնը փուլ պիտի գար ու բոլորովին դադրէր հաղորդակցական միջոց ըլլալէ:
Իրանական բառերու այս մեծ յաճախականութիւնն ալ աչքի առաջ ունենալով՝ բաղդատական լեզուաբանութեան առաջին հիմնադիրները, որոնցմէ անուանի է մասնաւորաբար Franz Bopp-ը[1]՝ 19-րդ դարու սկիզբը, խուսափեցան
հայերէնը Հնդեւրոպական լեզուաընտանիքի մէկ անկախ անդամը նկատելէ եւ զայն դասեցին պարսկերէնի բարբառներուն կարգին, որոնցմէ մէկն ալ պարթեւերէնն էր՝ Արշակունիներու լեզուն, որ Պարսկաստանի մէջ կիրարկուեցաւ 226—642. ան կը կոչուի նաեւ միջին պարսկերէն եւ կամ պահլաւերէն:
Հայ-պարսկական շփումները,— այնու փոխառութիւնները եւս,— սերտ եղած են մասնաւորաբար միջին պարսկերէնի կամ պահլաւերէնի կիրարկութեան տարիներուն ու դարերուն: Այս սերտութիւնը առաջնորդած է մինչեւ արիւնակցութեան, քանի Արշակունիները իշխեցին նաեւ Հայաստանի մէջ 52—428՝ հայերու մէջ ալ ձուլուելու եւ լրիւ հայանալու պայմանով: Մեր պատմութեան ամենափայլուն դէմքերը՝ աշխարհիկ եւ հոգեւոր, ունեցած են արշակունի ծագում, յիշենք աշխարհականներէն՝ Տրդատ Գ.-ը, Արշակ Բ.-ը, Վռամշապուհը եւ ուրիշներ, հոգեւորականներէն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը, Ներսէս Մեծը, Սահակ Պարթեւը եւ ուրիշներ:
* * *
Շարունակելով մնալ փոխառութիւններու ծիրէն ներս, առաջին մեծ հարցումը ինքնաբերաբար կ’ըլլայ այն, որ մինչեւ յիշեալ բառերու փոխառումը պարսիկներէն՝ Հայաստանի բնակիչները ի՞նչ բառերով կը հաղորդակցէին. օրինակ՝ ի՞նչ կ’ըսէին պարսկական ախոռ, բրինձ, կոյր, կօշիկ, ճակատ եւ նման հազարաւոր բառերուն փոխարէն. բան մը կ’ըսէին անշուշտ, չէր կրնար ըլլալ ժողովուրդ մը, որ չունենար իր սեփական ժողովրդախօսակցական բառապաշարը:
Այս այսպէս ըլլալով՝ հապա ի՞նչը մղեց մեր այդ հեռաւոր նախնիները հրաժարելու իրենց սեփական ու հարազատ բառերէն,— որոնց ինքնութիւնը բոլորովին անծանօթ է արդի գիտութեան,— եւ որդեգրել անոնց պարկերէն համարժէքները, որոնց մէկ ցանկը տուինք նախորդիւ:
Թոյլատրելի՞ է մտածել հետեւեալ կերպ, թէ հայ հասարակ ժողովուրդը շարունակեց գործածել իր բնիկ բառամթերքը, իսկ իշխող պարթեւ տարրը,— նկատի ունենանք յատկապէս Արշակունիներու տիրապետութեան դարերը,— կառչած մնաց իր սեփական բառերուն, որոնք վերապրեցան հետագային՝ արշակունիներու աստիճանական հայացումին զուգահեռ՝ այդպէս ալ ծնունդ տալով հայերէնի նոր որակի մը, որ իր կարգին պիտի դառնար թարգմանիչներու գրաւոր լեզուն:
Նկատենք, որ մենք գրեթէ ոչինչ գիտենք Մեսրոպէն մինչեւ Շնորհալի Հայաստանի ռամիկին կիրարկած հայերէնին մասին, որ մօտաւորապէս 12-րդ դարուն միայն պիտի արժանանար գրաւոր արտայայտութեան՝ ռամկօրէն, այսինքն՝ ժողովրդական անունով: Մինչ գրաբար անուանումը պիտի վերապահուէր մեր մատենագիրներու կիրարկած հայերէնին, որ ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ պահլաւերէնով պատուաստուած եւ արշակունիներով նուիրագործուած լեզուն էր. չմոռնանք, մեր մատենագրութեան հիմնադիրը Սահակ Պարթեւն էր, այլ խօսքով՝ արշակունի մը, որուն՝ Աստուաշունչի թարգմանութեան առթիւ կիրարկած լեզուն ալ դարձաւ հայ մատենագրութեան լեզուն ու այդպէս ալ մնաց երկար դարեր, ընդհուպ մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը:
* * *
Իսկ ի՞նչ ընթացք ունեցաւ ինքը՝ փոխատու լեզուն, իրաներէնը կամ պարսկերէնը. ասոր պատասխանը կրնայ տալ իրանագէտ մը միայն, քանի ինքս ոչինչ գիտեմ այդ մասին: Այսուհանդերձ բերմ ինծի ծանօթ երկու օրինակ:
***Գոհար
Այս բառը օրին նոյնութեամբ կը գտնուէր պարսկերէնի եւ պահլաւերէնի մէջ, երբ հայերէնը զայն փոխ առաւ: Բոլորն ալ զայն կ’արտասանէին gohar: Հայերէնը այսօր՝ երկու հազար տարի ետք, կը պահպանէ այդ արտասանութիւնը, մինչ պարսկերէնի մէջ այսօր ան դարձած է ջաւահիր “ճաւահիր”:
Եթէ Սայաթ-Նովա հետամուտ ըլլար լեզուական անաղարտութեան, ապա պիտի չգրէր՝
–Դուն պատուական ջաւահիր իս…
Այլ պիտի գրէր՝
–Դուն պատուական գոհար իս…
***Պաշտպան
Աճառեան կը մտածէ, որ մեր այս բառը պահլաւական paštpan-ն է, որ կատարելապէս կը համապատասխանէ հայերէնին. ասոնք երկու կաթիլ ջուրի պէս նոյնն են: Այսօր հայը իր բոլոր խաւերով կը շարունակէ պաշտպան ըսել, իսկ արդի պարսկերէնի մէջ ան դարձած է puštipan, այսինքն՝ փուշտիպան:
Մնացեալը կը ձգեմ ընթերցողին հայեցողութեան եւ…երեւակայութեան:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1] Գերմանացի լեզուաբան (1791—1867), պատմահամեմատական լեզվաբանության հիմնադիր։1816թ. ան կը հրատարակէ «Հնդեւրոպական լեզուներու հոլովման դրութիւնը» աշխատութւնը, ուր անոր ուսումնասիրած հնդեւրոպական լեզուներու շարքին ոչ մէկ ակնարկութիւն կ’ըլլար հայերէնին: Այդ աշխատութեան բ. հրատարակութեան մէջ ան հայերէնը կը դասէ իրաներէնի զենտական բարբառի կողքին. այս բարբառով գրուած է իրանական սուրբ գիրքը՝ Զենտ-Աւեստան:
Յարակից բովանդակութիւն
Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով,
Առաւօտեան շշուկով երազի պէս ես դու,
Հեռուից արշալոյսի քնքուշ, փայլող աչքերով,
Քո շուրթերը զարդարուած վարդագոյն երանգով,
Այտերդ կարմրում են առաւօտեան հպումից:
Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը
Երիտասարդ տաղանդներ Նանօրը եւ Համբիկը կը խօսին իրենց փորձառութեան մասին
Տարբերակ21 հարթակի podcast-ը կը հիւրընկալէ լիբանանահայ երկու երիտասարդ դաշնակահար տաղանդներ Համբիկ Մարտիրոսեանն ու Նանօր Առնելեանը, որոնք վերջերս, նախձեռնութեամբ՝ Լիբանանի Ազգային Երաժշտանոցին, տուին դաշնամուրի համերգ մը, որ ակնածանքով ու հպարտութեամբ պարուրեց հանդիսատեսը: Համբիկն ու Նանօրը նաեւ յաջորդաբար գրաւած էին «Մարկօ Պապիկեան» դաշնակի մրցոյթին առաջին եւ երրորդ տեղերը: Լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ մնալ տաղանդներու շտեմարան մը. Տարբերակ21 շուտով կը հիւրընկալէ երիտասարդ այլ տաղանդներ՝ արուեստի բոլոր մարզերուն մէջ:
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
Հայերէնի իրանական փոխառութիւնները
Պատմական
Հայ-իրանական յարաբերութիւնները պատմական շատ խոր անցեալ ունին: Այս յարաբերութեանց ակնարկող առաջին շօշափելի վկայութիւնը կը գտնենք յոյն զօրավար-պատմիչ Քսենոփոնի «Նահանջ բիւրուն»-ի մէջ. ըստ որուն՝ Հայաստան 6–րդ դարուն անկախութիւնը կորսնցուցած՝ պարսկական իշխանութեան սատրապութիւններէն[1] մէկն էր՝ 13-րդը: Պարսից Դարեհ Ա. արքան իր
← Բեհիսթունի արձանագրութեան մէջ կը վկայէ հետեւեալը, թէ «Քա. 521–520 թթ. իր բանակը ծանր պայքար է մղած հայ ապս-տամբներու դէմ և յաջողած ճնշել հայերը»: Այս նոյն արձանագրութ-եան մէջ կը գտնուի մինչեւ այսօր Հայաստանի հնագոյն անուանում-ներէն մէկը՝ Արմինի:
Եւ այնուհետեւ այս երկու ժողովուրդներուն պատմութիւնը պիտի շաղկա-պուած մնար հազար ու մէկ թելերով, որոնք կը գոյատեւեն մինչեւ մեր օրերը:
Յարաբերութեանց նման որակ մը չէր կրնար լեզուականօրէն անտարբեր մնալ. անոր առաջին հետեւանքը պիտի ըլլար բառային փոխառութիւնները:
Այս տեսակէտէ յատուկ յիշատակութեան արժանի է Արշակունիներու հարստութիւնը:
Արշակունի առաջին թագաւորը եղաւ Տրդատ Ա., որ Քե. 52-ին հայոց գահին բազմեցաւ ջանքերովը իր աւագ եղբօր՝ Վաղարշին, որ իր կարգին նստած էր Պարսկական գահին վրայ:

Եւ այնուհետեւ Արշակունիները Հայոց գահը պահեցին մինչեւ 428 թուականը, երբ արդէն վաղուց կորսնցուցած էին իրենց լեզուն եւ բոլորովին հայացած. յիշենք արշակունի արքաներէն՝ Տիրանը, Խոսրովը, Արշակ Բ.-ը, Պապը, Վռամշապուհը եւ ուրիշներ: Աշխարհիկ իշխանութեան վրայ աւելցաւ հոգեւորը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչէն (301) մինչեւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը (440) Հայ եկեղեցւոյ գահը նստան բացառապէս արշակունի կաթողիկոսներ, որոնց բոլորն ալ հայացան:
Այս հայացած պարթեւներու հսկայ զանգուածը իր արիւնակցական եւ լեզուական խոր ազդեցութիւնը պիտի ձգէր հայութեան եւ հայերէն բնիկ լեզուին, մասնաւորաբար բառերուն վրայ:
Ըստ Աճառեանի՝ ասոնք թիւով 1400 են, եւ կը յատկանշուին անով, որ բանաւոր փոխառութիւններ ըլլալով՝ գրեթէ բոլորն ալ ժողովրդախօսակցական բնոյթի էապէս կենսունակ բառեր են, որոնք կը կազմեն մեր ամէնօրեայ խօսքի առանձքը:
Ճանչնանք անոնց մէկ մասը՝ գաղափար մը կազմելու համար անոնց՝ մեր լեզուին վրայ ունեցած տարողութեան մասին:
* * *
- Բնութեաներեւոյթներ՝ արուսեակ, երաշտ, խաւար, մահիկ, պախրցի, (քա- մի), վտակ։
- Կենդանիներու տեսակներ՝ ասպ, բազէ, կաչաղակ, կապիկ, կուզ, մողէս, յովազ, սարեակ, սիրամարգ, վագր, վիշապ, փիղ և այլն։
- Բոյսերու տեսակներ՝անանուխ, արմաւ, բրինձ, գազար, թութ, կաղամբ, կանեփ, կապար, յասմիկ, մանուշակ, նարգիս, շոմին, պղպեղ, սոխ, վարդ, վարունգ և այլն։
4.Հանքային նիւթեր, մետաղներ՝ ապակի, արճիճ, գոհար, զմրուխտ, ժանգ, խունկ, նաւթ, վէմ և այլն։
- Մարմնի մասեր՝անդամ, բազուկ, գէս, դաստակ, դէմք, դիմակ, երակ, երանք (զիստ), կուլակ, կուշտ, ճակատ, վարս։
- Հիւանդութիւններ, բժշկագիտական բառեր՝ախտ, բժիշկ, բոյժ, բորոտ, դաշտան, դարման, ժահր, կոյր, մահ։
7․Մարդկային յարաբերութիւններ, տեսակներ՝ ազգ, ամբոխ, ասպետ, ասպնջական, գրոհ, դայեակ, երիտասարդ, իշխան, հարազատ, հարեւան, նժդեհ, պայազատ, պապ, պառաւ, ռամիկ, սեպուհ, տաճիկ, տոհմ, օտար։
8.Գիտութիւն, արուեստ, կրթութիւն՝ աշակերտ, գուսան, դաստի-արակ, դպիր, դափ, զանգակ, խրատ, հանճար, մատեան, նկար, նուագ, պատկեր, հրահանգ, վարդապետ, վարժել, քանդակել։
- Կրօն, հաւատալիք՝ ապաշխարել, բախտ, բագին, գու-շակ, դրախտ, դեւ, դժոխք, զոհ, կախարդ, հմայիլ, հրաշք, հրեշտակ, մարգարէ, նզովք, նուէր, պաշտել, պարիկ, ջադու(ջատուկ), վանք, տաճար, օրհնել։
- Գիւղատնտեսութիւն՝ասպանդակ, բադ, գաւազան, գոմէշ, երասան, խարազան, ճամբարակ, ճանկ, ճարակել, մաճ, մատակ, մարգ, նոխազ, պահեզ, պատուաստ, պարտէզ, փեթակ։
- Արհեստներ և յարակից ոլորտներ՝ախոռ,ամբար, ամբարտակ, ապա-րանք, աւազան, բանտ, գանձ, գմբեթ, գրաւ, դահլիճ, դարպաս, դերձակ, երաշխ(աւորել), զնդան, թանկ, համարել, պահապան, պատշգամ, պատուար, պարիսպ, պարտք, սրահ, վաճառել, վաշխ(առու), վարձ, վճարել, վնաս, տաշել, տուգանք, տոյժ, փերեզակ։
- Հագուստեղէն, զարդեղէն՝անդրավարտիք, ապարանջան, աստառ, բազպան, բամբակ, գրպան, դիպակ, զանկապան, թագ, կօշիկ, հանդերձ, մոյկ, մուճակ, մուշտակ, շապիկ, պաստառ, պատմուճան, պարեգօտ, պսակ, սանդալ, վերմակ։
- Ուտելիք, ըմպելիք՝ապուխտ, խորտիկ, կարագ, հրուշակ, ճաշ, ճարպ, նշխար, շաքար, պանիր, օշարակ։
- Առօրեայ-կենցաղային՝ բաժակ, բարձ, բղուկ, գահ, դաստառակ, դարան, դոյլ, զամբիւղ, թակոյկ, լական, կարաւան, կուժ, հաւանգ (սանդ), ճանապարհ, ճրագ, մակոյկ, մոմ, շիշ, պայուսակ, պատրոյգ, սկաւառակ, սպաս(ք), սրուակ, վանդակ, տախտակ, տակառ, տաշտ, քսակ։
- Ժամանակ, թիւ, չափ, կշիռ եւ դրամ՝ բիւր, դրամ, ժամ, ժամանակ, հազար, նախ, նահանջ, նաւասարդ, փող։
- 16. Երկիր, տեղ, վայր՝ աշխարհ, անապատ, ապահարզան, ապստամբ, աս-պատակ, ասպետ, արշաւ, աւար, աւան, բարապան, դահիճ, դաշտ, դարան, դատ, դատաստան, դատաւոր, դեսպան, դրօշ, զէնք, զինուոր, զօրք, զրահ, թշնամի, իշ-խան, հաշտութիւն, հպատակ, հրամանատար, հրապարակ, ճամբար, մարզ, մարզել, մարզպան, մուրհակ, նախարար, նախճիր, նահանջ, նահապետ, նամակ, ոստան, ոստիկան, պահակ, պայքար, պատերազմ, պատճեն, պատուիրակ, պարեկ, պետ, սահման, սաղաւարտ, վկայ, վճիռ, օրէնք:
17.Գոյներ՝ գոյն, երանգ, կապոյտ, կարմիր, ճերմակ,սեւ,սպիտակ:
- Վերացական հասկացություններ՝ ախորժ, ակամայ, անգամ, կամայ, ազդ, ամբարիշտ, ամբարտաւան, անապակ, անուշ, աշկարայ, աշխատել, ապաստան, ապիրատ, ապսպրել, առատ, առոյգ, արագ, արժան, արձակ, աւարտ, աւեր, բազում, բազմել, բաժանել, բաշխել, բարակ, բաւ, բնակիլ, բովանդակ, բոյր, գովել, գումարել, դաժան, դէմ, դիտել, դժգոյն, դժխեմ, դժկամակ, դժնդակ, դժնեայ, դժուար, դսրովել, դրուատ(ել), դրժել, դրուժան, երամ, երկ, զանազան, զօր(ութիւն), զուր, զգոյշ, թշնամանք, թշուառ, թոշակ, ժահ, ժահր, ժիր, խամ, խոստանալ, խոստովանիլ, խորտակել, կամք, կարի, կերպ, կոյտ, հակիրճ, հաճել, համ, համակ, համայն, հան-գամանք, հանդարտ, հանդէս, հաւասար, հզօր, հնար, հրամայել, հրաման, հրաւէր, ճախր, ճար, ճարակ, ճարպիկ, ճեմել, միշտ, մուրազ, յանդիման, յարգ (արգ), յաւերժ, յաւէտ, յիշատակ, յիշել, յոյժ, յուզել, նազել, նամ, նաւակատիք, նիշ, նիրհել, նկուն, նման, նշան, նշանակ, նշմարել, նպաստ, շատ, շնորհ, շտապ, չուան, պահել, պայման, պաշտպան, պատասխան, պատգամ, պատիր, պատիւ պատշաճ, պատ-ուէր, պատուիրան, պատսպարել, պատրաստ, պատուհաս, պարարտ, պարզ, պէս, պէտք, ջատագով, ջոկ, ջուխտ, սով, սպանել, ստուար, սրսկել, սուգ, վանել, վանկ, վատ, վատթար, վավերական, վեհ, վիճակ, վիշտ, վճիտ, վստահ, վտարել, վրէպ, տակ, տակաւին, տանջել, տարազ, տօթ, ուխտ, ուժ, ուշ, փարթամ, փառք, փտիլ, քանդել, քարշիլ, օրինակ։
* * *
Կառուցուած է 77-ին Քե., Տրդատ Ա.-ի օրով:

[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1] Պարսկական կայսութեան վարչատարածքային միաւոր:
Յարակից բովանդակութիւն
Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով,
Առաւօտեան շշուկով երազի պէս ես դու,
Հեռուից արշալոյսի քնքուշ, փայլող աչքերով,
Քո շուրթերը զարդարուած վարդագոյն երանգով,
Այտերդ կարմրում են առաւօտեան հպումից:
Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը
«Ճատրակը կարեւոր՝ պատանիներուն, մանուկներուն եւ ծնողներուն համար»
darperag21-ի «խօսինք ու լսենք» podcast-ի հիւրն է Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Տիգրան Զէյթճեանը, որ միաժամանակ անդամ է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լիբանանի կեդրոնական վարչութեան՝ ատանձնելով ճատրակի աշխատանքներուն պատասխանատւութիւնը: Տիգրանին հետ կը քննարկենք ճատրակի կարեւորութիւնը երիտասարդութեան, պատանիներուն ու մանուկներուն համար: Անոր հետ կը խօսինք նաեւ Լիբանանի ճատարակի ֆետերասիոնի աշխատանքներուն ու հայկական ակումբներուն մասին:
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
Յարգանքի տուրք մը թէ՛ նահատակներուն եւ թէ՛ վերապրածներուն. «Հաճըն» հատորը
Վերջերս ստացանք «Հաճըն» խորագրեալ երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) պատկերագիրքը, հրատարակութեամբ՝ Կիլիկիոյ Հայերու Պատմութեան Թանգարանին եւ տպագրութեամբ՝ Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատան: Բծախնդրօրէն պատրաստուած գիրք մը, որ նուիրուած է հայկական Հաճըն քաղաքի հերոսական աւանդին եւ մշակութային ժառանգութեան: Այս հատորի պատրաստութեան ծրագրին հեղինակն է Կիլիկիոյ Հայերու Պատմութեան Թանգարանի տնօրէն Հայաստան Սիմոնեան, իսկ գլխաւոր խմբագիրն ու խմբագիրը՝ Արքեմնիկ Նիկողոսեան ու Նելլի Հայրապետեան:
Գիրքը բաժնուած է տարբեր գլուխներու:
Պատմութեան դասախօս դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի յառաջաբանը վեր կ’առնէ 1920-ի Հաճընի հերոսական ինքնապաշտպանութեան 100-ամեակը (2020) եւ կ’ընդգծէ անոր պատմական աւանդին պահպանման կարեւորութիւնը` իբրեւ արիութեան եւ տոկունութեան խորհրդանիշ ներկայ ու ապագայ սերունդներուն համար:
Նախաբանով մը Կիլիկիոյ Հայերու Պատմութեան Թանգարանի տնօրէն Հայաստան Սիմոնեան կը ներկայացնէ այս հատորին հրատարակութեան շարժառիթները: Ան կը դրուատէ 1920-ի Հաճընի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, երբ ժողովուրդը ութ ամիս քաջաբար դիմադրեց քեմալական ուժերուն` նախքան յանձնուիլը: Փրկուածները տարածուեցան աշխարհով մէկ: 1958-ին Հայաստանի մէջ հիմնեցին Նոր Հաճընը: Նոր Հաճընի գրաւչութեան կեդրոնը կը հանդիսանայ 1920-ի հերոսամարտին նուիրուած եւ ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի նախագծած յուշակոթողը (կառուցուած՝ 1973-ին)՝ Կիլիկիոյ հայերուն յատկացուած պատմութեան ինքնատիպ թանգարանով մը (կառուցուած 1978-ին):
Ակնարկելով այս գեղատիպ ու պատկերազարդ հատորի պատրաստութեան, Սիմոնեան կը նշէ, թէ յուշակոթողի 50-ամեակին եւ թանգարանի 45-ամեակին առիթով, Կիլիկիոյ հայերու պատմութեան թանգարանը կը հրատարակէ Հաճըն քաղաքին, հերոսամարտին, յուշակոթողին, թանգարանին, հայրենաբնակ եւ սփիւռքի նշանաւոր հաճընցիներու մասին այս պատկերագիրքը: «Գրքում զետեղուեցին հաճընցի վերապրող ընտանիքների ժառանգների կենսագրութիւններն ու գործունէութիւնը: Ապրելով օտար երկրներում, անցնելով դժուարին ուղի` նրանք կայացան տուեալ երկրի ու հայ համայնքի պետական, հասարակական-քաղաքական, կրթամշակութային, բժշկութեան, գիտութեան արուեստի, պիզնեսի եւ այլ ոլորտներում` դառնալով հանրայայտ գործիչներ: Գիրքը հնարաւորութիւն է տալիս մէկտեղելու եւ ճանաչելու հաճընցիներին, ընդգծելու նրանց ապրելու եւ յարատեւելու կամքը, իրենց արմատների, ինքնութեան մասին յիշողութիւնները որպէս սուրբ պատգամ փոխանցելով յաջորդ սերունդներին», կ’ընդգծէ Սիմոնեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով այս հատորի հրատարակութեան համար հաճընցի ընտանիքներուն ցուցաբերած օժանդակութեան:
Հաճըն հայաքաղաք
Այս բաժինը (էջ 8 – 16) վառ կերպով կը նկարագրէ Հաճընը իբրեւ ծաղկուն հայաբնակ քաղաք մը, հայկական Կիլիկիոյ գեղատեսիլ Տաւրոսեան լեռներուն վրայ: Մանրամասնօրէն կը տրուի քաղաքին աշխարհագրական դասաւորումը, ճարտարապետական կոթողները եւ համայնքային աշխոյժ կեանքը, որ կ’ընդգրկէր կրթական ու մշակութային կենսունակ հաստատութիւններ: Այս բաժնին ընթերցումը կը յառաջացնէ կարօտի զգացում մը կորսուած հայրենիքին հանդէպ, զոր կը փայփայեն անոր ժառանգորդները աշխարհի տարածքին:
Հաճընի 1920 թուականի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը
Յաջորդը գլուխը (էջ 16 – 28) յատկացուած է 1920 թուականի սարսափելի իրադարձութիւններուն, երբ հաճընցիները քաջաբար պաշտպանեցին իրենց քաղաքը յարձակող ստուար ուժերուն դէմ: Թէեւ վերջաւորութեան պարտադրաբար անձնատուր եղան, սակայն հերոսական այս դիմադրութիւնը անջնջելի հետք թողուց հայոց պատմութեան մէջ՝ ոգեշնչելով յաջորդական սերունդներ:
Հակառակ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին քաղաքին ենթարկուած աւերածութիւններուն եւ յաջորդած դժուարութիւններուն, Հաճընի հայ բնակչութիւնը` Պետրոս եպիսկոպոս Սարաճեանի եւ զօրավար Անդրանիկ զինակիցներէն Սարգիս Ճէպեճեանի նման գործիչներու գլխաւորութեամբ, կազմակերպեց զգայացունց ինքնպաշտպանութիւն մը: Կարապետ Օղլուգեանի, Մեսրոպ Շըխըրտեմեանի, Մկրտիչ Մանասեանի, Վահան Ալթունեանի եւ Արամ Թերզեանի (Կայծակ) նման հրամանատարներու ղեկավարութեամբ, 600 հոգիով անոնք ամրացուցին դիրքերը, դիմադրեցին անողոք յարձակումներուն եւ 15 օր շարուանակ ետ մղեցին զաւթիչներու մեծածաւալ գրոհները: Հակառակ անոնց քաջութեան, Հաճըն ինկաւ 15 Հոկտեմբեր 1920-ին, որով վերջ գտաւ ութամսեայ հերոսամարտը:
Հաճընի 1920 թուականի հերոսամարտին նուիրուած յուշակոթողը (էջ 28 – 40)
1920-ի Հաճնոյ հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը լոկ պատմական իրողութիւն մը չէ, այլ դիւցազնական պոռթկում մը բնաջնջման յամեցող սպառնալիքներուն դէմ: Իսկ 1973-ին, Նոր Հաճընի մէջ հերոսամարտին նուիրուած յուշակոթողին կառուցումը յարգանքի տուրք մըն է բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք կռուած ու նահատակուած էին վասն հայրենիքի. ան արտայայտութիւնն է անոնց աննկուն կամքի յաւերժացման:
Յուշակոթողը մտայղացումն է 20-րդ դարու հայ մեծ ճատարապետերէն Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի (1968): Կառուցումը աւարտած է 1973-ին, որ հետագային համալրուած է թանգարանով:
Կիլիկիոյ հայերու պատմութեան թանգարան (էջ 40 – 52)
1978-ին հիմնուած այս թանգարանը կը հանդիսանայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ յիշատակութեան փարոս մը: Թանգարանի հաւաքածոն բաղկացած է հնատիպ գիրքերէ, եզակի դրամներներէ, արժէքաւոր փաստաթուղթերէ, յուշագրութիւններէ, լուսանկարներէ, պատմական Հաճընի կենցաղային եւ ազգագրական իրերէ: Թանգարանի առարկաներուն մեծ մասը նուիրած են հաճընցիներու շառաւիղները: Թանգարանի ներքնամասին մէջ ամփոփուած են Հաճընի հերոսամարտի նահատակներու մասունքներ:
Թանգարանը կը յուշէ Հաճընի գոյատեւման եւ սփիւռքի մէջ հաճընցիներու վերապրելու տոկունութեան պատմութիւնը:
Վերապրածներու սերունդ (էջ 52 – 242)
Յաջորդող էջերը յատկացուած են տեղեկութիւններու վերապրած ընտանիքներու մասին: Յօդուածներուն մէկ մասը գրած է ընտանիքներու անդամներէն մէկը եւ կան շարք մը յօդուածներ՝ գրուած Նազարէթ Ճէրէճեանի կողմէ: Ընդգրկուած ընտանիքներն ու անձնաւորութիւնները ներկայիս կ’ապրին Արժանթինի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Միացեալ Թագաւորութիւններու, Աւստրալիոյ, Պրազիլի, Ուրուկուէյի, ֆրանսայի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ:
Արսլանեան ընտանիք, Կեչիճեան ընտանիք, Պալասանեան ընտանիք, Պելլորեան ընտանիք, Պաղչեճեան-Պաղչելեան ընտանիք, Քեշիշեան ընտանիք, Գաբրիելեան-Թոքաթլեան ընտանիք, Ռըզեան ընտանիք, Սաչեան ընտանիք, Փաթապութեան ընտանիք, ներառեալ՝ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր, մոլեքուլային կենսաբան, նեարդաբան Արտեմ Փաթապութեանը, Օրուճեան Արմէն՝ FAST-ի գործադիր տնօրէն, Պաղպուտարեան ընտանիք, Մելիքեան-խաչերեան ընտանիք, Հաննեսեան ընտանիք, հասարակական գործիչ Ստեփան Գըրգեաշարեան, Արասի Պալապանեան` թատրոնի եւ պատկերասփիւռի անուանի դերասանուհի (Պրազիլ), Ուզունեան-Տոլապճեան ընտանիք, Սաչեան ընտանիք, Ճերեճեան ընտանիք, պատմաբան, քաղաքական եւ հասարակական գործիչ Եղիա Ճերեճեան , Նազարէթ Ճերեճեան ընտանիք, Թաթուլեան ընտանիք, Գույումճեան ընտանիք, Ալթունեան ընտանիք, Խաչատուրեան ընտանիք (ԳՈՀԱՐ համոյթի եւ գրադարնի հիմնադիրներ), Փօլ Եագուպեան, Վարուժան Թենպէլեան, Տաքեսեան ընտանիք, Մալեան ընտանիք, ականաւոր դաշնակահար եւ քոմբոզիթոր Սերուժ Գրաճեան, Շխրտմեան ընտանիքը, Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Միսաք Պաղպուտարեան, ուրուկուէյցի քաղաքական-պետական գործիչ Խօսէ Լուիս Սաչեան, Սաչեան-Գրքաշարեան ընտանիք, Չալեան ընտանիք, ներառեալ հասարակական-քաղաքական գիրծիչ Ժերար Չալեան, Տարօն եպիսկոպոս Ճերեճեան, Հերունի (Սաչեան) ընտանիք, Գրգեաշարեան ընտանիք, Գրպէգեան ընտանիք, Էօլմեսեքեան ընտանիք, Ճարատանեան ընտանիք, Ճրտգեան ընտանիք, Խրիմեան ընտանիք:
«Հաճըն». այս պատկերագիրքը սոսկ պատմական յիշատակագրութիւն մը չէ, այլ կը հանդիսանայ ժողովուրդի մը յարատեւելու կամքին դրսեւորումը, որ մերժեց յանձնուիլ պատմութեան անողոք ճակատագրին: Բծախնդիր ուսումնասիրութեամբ, անձնական վկայութիւններով եւ արխիւային ու ժամանակակից լուսանկարներով պատրաստուած այս գիրքը կը ներկայացնէ Հաճըն քաղաքի անցեալի վառ դիմանկարը` միաժամանակ ընդգծելով անոր շարունակուող ներգործութունը ներկայ սերունդներու հոգիներուն մէջ: Ան կը հանդիսանայ ի խորոց սրտի յարգանքի տուրք մը թէ՛ նահատակներուն եւ թէ՛ վերապրածներուն, որոնց պատմութիւնները կը շարունակեն ոգեշնչել եւ համախմբել աշխարհասփիւռ հայութիւնը: Տակաւին, այս գիրքը կրնայ ծառայել իբրեւ անգնահատելի աղբիւր մը բոլոր անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են պատմական իրադարձութիւններու ազդեցութեամբ ժողովուրդի մը ինքնութեան ու անհատականութեան վրայ:
Յարակից բովանդակութիւն
Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով,
Առաւօտեան շշուկով երազի պէս ես դու,
Հեռուից արշալոյսի քնքուշ, փայլող աչքերով,
Քո շուրթերը զարդարուած վարդագոյն երանգով,
Այտերդ կարմրում են առաւօտեան հպումից:
Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը
Թքած ունինք մեր վրայ ալ, դիմացինին վրայ ալ
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խիստ բազմացած են ոճիրները՝ ներգրաւելով երիտասարդներ, ու աւելի դաժան դարձած: Ընդ որում ոճիրներ հիմա աւելի շատ կը պատահին ոչ թէ ընկերային, երբ օրինակ գողեր դիտաւորեալ կը սպանեն ականատես մը, այլ՝ վրիժառութեան պատճառներով: Զիրար կը սպանեն ծուռ խօսքի մը, ծուռ նայուածքի մը, բարձր ձայնի, կատարուած նկատողութեան եւ նման անհեթեթ այլ պատճառներով: Գուցէ անհաւատալի թուի, բայց Հայաստանի մէջ մարդիկ պատրաստ են զիրար սպանելու ոչ մէկ պատճառի համար: Օրինակ, միայն այն դէպքը, որ պատահեցաւ 13 յունիսին, վերահաստատեց, որ Հանրապետութեան բնակիչներուն մէջ սաստիկ թշնամանք (aggression) կայ եւ չնչին առիթով մը, ան դուրս կը յորդի: Այլ տեղ մը սպանուած է 26-ամեայ երիտասարդ մը, որ պարզապէս նկատողութիւն կատարած էր անչափահասի մը ինքնաշարժը արագ քշելուն համար, որմէ ետք երիտասարդը գնդակահարած էին: Երիտասարդը Քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներուն մասնակից էր:
Իրաւաբանները յաճախ կը նշեն, որ անմեղութեան վարկած գոյութիւն ունի, շատ լաւ, ես անձամբ չեմ կրնար ըսել, թէ ո՞վ սպանած եւ ինչո՞ւ, բայց չէ՞ որ երիտասարդը սպանուած է: Ուրեմն մէկը ըրեր է այդ: Ընդ որում յատկապէս Երեւանի են բազմացած են այդ ողբերգութիւնները: Երեւանի փողոցներուն մէջ, ամէն չնչին առիթով, երիտասարդները դանակ կը հանեն իրարու դէմ, ամէն սուր խօսք մահուան պատճառ կրնայ դառնալ: Չ’անցնիր ամիս մը, երբ քանի մը ծանր դէպք չպատահի: Երիտասարդները կը սպանեն զիրար: Ու այս մէկը հասկնալի ու բացատրելի չէ որեւէ ձեւով:
Ի՞նչ կը կատարուի մեր հետ: Ի՞նչ սատանայ մտած է մեր մէջ, որ մենք ձեռք կը բարձրացնենք թանկագոյնին՝ կեանքի վրայ: Ի՞նչ դասստիարակութիւն կը ստանան մարդիկ, որ թքած ունին դիմացինին կեանքին վրայ եւ չեն խորշիր իրենց ձեռքերը արիւնոտելէ: Ու նոյնիսկ 2020-2023 թուականներու ողբերգութիւնները մի՞թէ բաւական չէին, որ ամէն հայ ընտանիքի մէջ ամէն հայր փառք տար Աստուծոյ, որ իր զաւակը ողջ է ու գնահատէր թէ՛ զայն, թէ՛ միւսները, որ դեռ ողջ են ու աւելի մեծ խնամքով լեցուին իրարու հանդէպ: Այդ ի՞նչ մտքերով կ’ապրին մարդիկ, որ թթու խօսքի մը համար պատրաստ են զիրար մորթելու: Ընդ որում այս տողերուն մէջ կաթիլ մ’իսկ չափազանցութիւն չկայ, դժբախտաբար: Ընդ որում անգլիացները հրաշալիօրէն կը բանաձեւեն, թէ «ճիգ մի թափէք ձեր երեխաները դաստիարակելու: Միեւնոյնն է, անոնք ձեզի պիտի նմանին: Դուք ձեզ դաստիարակեցէք»:
Այսօր, երբ ընդհանրապէս կը խօսքինք հայրենիք փրկելու, թուրքին դէմ պայքարելու եւ նման այլ թեմաներու մասին, զայրոյթ կը պատճառէ այն անմիտ չարակամութիւնը, որ ունինք իրարու հանդէպ: Մենք նոյնիսկ իրարու հետ խօսիլ չենք գիտեր: Ամէն երեք վէճի երկուքը կ’աւարտի կրակոցներով կամ դանակահարութեամբ, իւրաքանչիւր հինգին մէկը` մահով: Եւ դեռ մենք ուշքի չենք գար ու չենք կրնար հասկնալ, որ այսքան թշնամական զգացում մեզ կը կործանէ ներսէն: Մենք ինչ որ յիմար ու սահմանափակ պատկերացումներ ունինք պատիւի ու արժանապատւութեան մասին: Այլապէս անհասկանալի է, թէ ինչո՞ւ այսքան ծանր կը տանինք մեր հասցէին ըսուած որեւէ բառ: Մեր երիտասարդները կ’ապրին փիլիսոփայ Հոպսի (Thomas Hobbes) «մարդը գայլ է մարդու համար» սկզբունքով: Բայց ինչո՞ւ: Ինչպէ՞ս պատահած է, որ մենք այսքան անզուսպ ենք դարձած ու թքած ունինք մեր վրայ ալ, դիմացինին վրայ ալ:
Հարկ է նշել, որ հիմա Հայաստանի մէջ աւելիով կենսունակ է 90-ականներուն ծաղկած քրէական պատկերացումները: Խորհրդային Միութենէն մենք շատ վնասներ ստացած են, բայց խորհրդային ժառանգութեան ծանրագոյն բաժինը խորհրդային կայսրութեան մէջ տակաւին 40-50-ականներէն արմատաւորուած «աւազակային կեանքն ու գողերն են»: Այսինքն անոնք, որոնք կը հակադրուին օրէնքին եւ օրինականութեան, կ’ապրին իրենց չգրուած օրէնքներով ու աւելի վոհմակային բարոյականութիւն ունին, քան մարդկայնութիւն: 90-ականներուն այդ քրէական մտածելակերպը դարձած էր համընդհանուր: Կը թուէր թէ 2015-էն ետք դանդաղ նահանջ կ’ապրէր, բայց հիմա ան բաւական տարածուած է ու մահաբեր, որովհետեւ այդ քրէական կարծրատիպերը հայ երիտասարդը կը վերածեն արիւնախում երեւոյթի մը:
Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել այն, որ ուսանողը այնպէս կը ծեծեն, որ կը մահանայ, կամ 19 տարեկանը կը սպանէ 17 տարեկանը: Ընդ որում, հաշուի առէք, որ պատճառը ընդհանրապէս ոչ դրամն է, ոչ սիրած աղջիկը, ոչ ալ վերջին ժամանակներուն սրուած քաղաքական քաշքշուկները, այլ՝ խենթութեան հասնող պատուասիրութիւնը: Ընդ որում անոնց մտքերուն մէջ հայրենիքի գաղափարը բաւական քիչ տեղ կը գրաւէ եւ անոնք աւելի զբաղած են ճշմարտութեան ու արդարութեան մասին նեղմիտ փիլիսոփայութեամբ: Այս ամենեւին ալ զուարճալի չէ: Կողքէն դիտողը թերեւս ծիծաղի, թէ այդ ի՞նչ հետաքրքրական հասարակութիւն մըն է, որուն համար արդարութեան ու ճշմարտութեան գաղափարը այնքան թանկ է, որ արիւնով կը պաշտպանեն, բայց իրավիճակը իսկապէս սարսափեցնող է: Որովհետեւ մարդիկ եւ յատկապէս երիտասարդներն ու անչափահասները, որ տաքարիւն են փորձառութեան պակասի ու տարիքի բերումով, անզիջող են ու դաժան: Անոնց շատերը վախ եւ ամօթ չունին: Վախի բացակայութիւնը զանոնք կը դարձնէ վտանգը արհամարհող, ամօթի բացակայութիւնը` ոչինչէ խորշող: Եւ ի՞նչ պիտի ընեն այն երիտասարդները, որոնք համարձակ են ու ոչինչէ կը վախնան:
Բայց մեր մօտ տեսակ մը անհասկնալի լռութիւն կը տիրէ այս առումով: Մենք պէտք չէ բաւարարուինք «երիտասարդութիւնը անդաստիարակ է» յիմար արտայայտութեամբ, կամ ալ ծայրայեղ պարագայի, Իվան Թուրկենեւի «Հայրեր եւ որդիներ»էն (Ivan Turgenev, “Fathers and Sons”, 1862) մէջբերում կատարենք (թէեւ այնքան նահանջային ժամանակներ կ’ապրինք, որ մեծամասնութիւնը ո՛չ գրողին ծանօթ է, ո՛չ ալ գործին) սերունդներու միչեւ գաղափարական տարակարծութեան ու ոչնչապաշտութեան (nihilism) մասին ու լռենք:
Այն ինչ որ կը կատարուի փողոցները, գիշերային ակումբներու մէջ, շէնքներու բակերը աննկատելի ջարդ մըն է, որ մենք կը գործադրենք մեզի հանդէպ: Եւ այս մէկը այսօրուան մեր մեծագոյն հարցերէն մէկն է: Այդ անհանդուրժողականութիւնը, որու արտայայտութեան ձեւերէն մէկն ալ ակրեսիւ երիտասարդութիւնն է: Քիչ չեն դէպքերը, երբ համացանցով իրարու հայհոյելէ ետք, կ’երթան իրարու հետ հաշիւներ մաքրելու, կամ փողոցը մէկը միւսին չզիջելու փաստը աւելի ուշ եւ մութ ժամերուն կը վերածէ իսկական ծեծի ու ջարդի: Բայց մի՞թէ հարկ կայ հատ-հատ նշելու բոլոր դէպքերը: Բաւական շնական (cynic) եւ տխուր արտայայտութիւն մը գոյութիւն ունի․ «մէկ մահը ողբերգութիւն է, հազարաւորները` վիճակագրութիւն»: Հիմա ի՞նչ, նստինք ու ցուցա՞կ թարմացնենք իւրաքանչիւր նոր առիթի:
Հասկնալի է, որ տասնամեակներով վախի մթնոլորտի մէջ ապրած, յետոյ կտրուկ ազատութիւն ստացած ժողովուրդ մը կրնայ այլասերիլ: Հասկնալի է, որ պատերազմի մէջ ծանր պարտութիւնը կրնայ ներքին չսպառած ակրեսիան (aggression) ուղղել իրարու դէմ, բայց այս մէկը վարկածային (hypothetic) վտանգ մը չէ, այլ՝ իրականութիւն: Մարդիկ լոկ այնպէս կը սպանեն զիրար: Ոչ մէկ պատճառի համար: Յետո՞յ: Մենք ինչպէ՞ս պիտի կանխենք այս ներքին սպանդը: Ես չեմ ուզեր այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ Երեւանի մէջ առաւօտէն մինչեւ երիկուն խուլիկաններ զիրար կ’ոչնչացնեն ու փողոցը քալելը վտանգաւոր է: Ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ: Երեւանն եւ Հայաստանը կը շարունակեն աշխարհի ամենէն ապահով վայրերէն մէկը մնալ, բայց անոր զուգահեռ մենք ունինք ձեւով մը այլանդակած ու սեւցած դաստիարակութիւն մը պատիւի մասին, որ սուղ կ’արժէ մեզի:
Ու հոս պէտք է հասարակութեան ամէն անդամ լարէ իր ուժերը: Բոլոր անոնք, որոնք թերեւս նուազագոյն հեղինակութիւն ունին, պէտք է առաջնահերթ կարեւորութիւն տան երիտասարդներու խանգարուած հոգեբանութեան՝ զանոնք կրթելով: Սորվեցնելով, որ կեանքը սուրբ է եւ կարելի չէ զայն վտանգել սոսկ այնպէս ու կարելի չէ զայն խլել լոկ այնպէս: Բայց հետեւելով մեր պատկերսփիւռային սերիալներուն ու ֆիլմերուն, որոնք լեցուած են դաժանութեամբ ու լրբութեամբ, ընկեային ցանցերը, որոնք լի են նախնական, մակերեսային մտայնութեամբ, անընդհատ eroticism-ով եւ անզուսպ ատելութեամբ, որ տեղ մը տրամաբանական կը սկսի դառնալ, թէ այդ կեղտին մէջ մեծցող պատանին բնական տեսնէ թթու բառի մը համար կոկորդ կտրելը: Բաց աստի, հասարակութեան գրեթէ բոլոր շերտերուն մէջ կայ այդ այալասերած պատուասիրութիւնը, որ անձամբ ինքը աշխարհի կեդրոնն է եւ իր հասցէին ըսուած որեւէ բառ եւ արարք, հարուած է ճշմարտութեան եւ ինք պատրաստ է պաշտպանելու այդ ցնդաբանութիւնը, թէկուզ եւ մեռնելու կամ սպանելու գնով:
Անհատականացման այս դարաշրջանին, երբ ամէն կողմէ կը ճչան, թէ այս մարդակեդրոն աշխարհ մըն է, կը մոռնան, որ երիտասարդը կը դաստիարակեն ոչ թէ պատուախնդիր, այլ` եսապաշտ, ոչ թէ` արժանապատիւ, այլ` անձնասէր: Ոչ մէկ երիտասարդ վատ կը ծնի, այլ զայն վատ կը դարձնէ չափահասներու փտած միջավայրը: Բայց մենք այս մէկը երբե՛ք չենք ընդունիր ու չենք հասկնար, կը շարունակենք աւելի նեխած պատկերացումներ տալ երիտասարդներուն, որովհետեւ ատակ չենք լաւ օրինակ ծառայելու: Ու հետաքրքրական է, թէ ի՞նչ կը զգան այն ծնողները, որոնց զաւակները կը յայտնուին կա՛մ բանտի, կա՛մ գերեզմանի մէջ` զոհ երթալով պատիւի մասին ծուռ պատկերացումներու:
Աւստրիացի քոմբոզիթոր Կիւսթաֆ Մահլեր (Gustav Mahler) ըսած է․«աւանդոյթը սերունդէ սերունդ կենդանի կրակ փոխանցելն է, ոչ թէ մոխիրի պաշտամունքը»:
Յարակից բովանդակութիւն
Եւ ձիթենու բուրումնաւէտ ճիւղերով
Ամբոխները զինավառ
Ծաղկազարդի խաղաղութեան պերճանքով
Գալն են տօնում հրաշափառ։
Տիգրան Թերզեան արժանացած է հալէպահայութեան եւ այլ համայնքներու յարգանքին՝ իր յիսունամեայ բեղուն գործունէութեան համար։
Հայոց պատմութեան գրեթէ ամէն ինչի՝ քիչ թէ շատ նշանակալի որեւէ իրադարձութեան մէջ մենք ունինք դաւաճանի կերպար մը, ոչ թէ պարզապէս
«Մեր երիտասարդները եւ անոնց դժուարութիւնները»
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
Կենդանական աշխարհէն. հեքիաթ երկու ագարակներու մասին
Շատեր կը յիշեն Ճորճ Օրուէլի «Animal Farm» գործը, որ իբրեւ ընթերցանութեան եւ վերլուծումի դասագիրք կը գործածուէր մեր դպրոցներուն մէջ: Գոնէ այդպէս էր, երբ 10-րդ դասարանի աշակերտ էի «Սուրէն Խանամիրեան» գոլէճին մէջ: Այս գործը շատեր հայերէնի թարգմանութիւնը կը վերնագրեն «Կենդանական ագարակ», բայց իմ նախընտրութիւնս կ’երթայ «Անասուններու ագարակ»-ին:
Օրին շատ տպաւորուած եմ անկէ ու յաճախ դիմած եմ անոր ու զայն պահած գրադարանիս մէջ: Կը պատահի, որ երբ դասընկերներով հանդիպինք՝ կատակելով ու ծիծաղելով կը յիշենք «խոզերու իշխանութիւնը»: Նափոլէոն խոզը չենք մոռցած, բայց միւսներուն անունները դժուար թէ մեր միտքը գայ:
Վերջերս նորէն աչքիս զարկաւ գիրքը եւ յիշողութիւնս վերաթարմացնելու մղումով՝ սկսայ կարդալ…
Ճորճ Օրուելի «Անասուններու ագարակը» քաղաքական այլաբանութիւն մըն է, որ տեղի կ’ունենայ ագարակի մը մէջ, ուր անասունները կ’ապստամբին իրենց մարդկային տիրոջ՝ պարոն Ճոնզի դէմ՝ հաւասարներու հասարակութիւն մը ստեղծելու նպատակով: Խոզերու գլխաւորութեամբ, որոնք այս հասարակութեան մէջ կը ներկայացնեն կենդանիներու ամենէն խելացիները, անոնք կը ստեղծեն նոր կառավարութիւն մը, հիմնուած՝ անասնութեան սկզբունքներու վրայ, ուր բոլոր կենդանիները ենթադրաբար հաւասար են:
Ժամանակի ընթացքին, խոզերը, մասնաւորաբար Նափոլէոնն (Napoleon) ու Ըսնոպոլը (Snowball), պայքար կը սկսին իշխանութեան տիրանալու համար: Նափոլէոն ի վերջոյ կը տիրանայ իշխանութեան եւ օր ըստ օրէ կը դառնայ աւելի բռնակալ՝ դիմելով քարոզչութեան, աւելի ճիշդ փրոփականտայի, հակակշիռ պահելու համար: Խոզերը կը սկսին նոյն սխալներն ու մեղքերը գործել, ինչպէս մարդը՝ Ճոնզը, զոր տապալեցին, եւ ագարակն ու անոր գաղափարախօսութիւնը կը թաղուին փտածութեան տիղմին մէջ: Գիրքին վերջաւորութեան երեւան կու գայ, որ խոզերը շատ ալ չեն տարբերիր մարդոցմէ, իսկ գաղափարախօսութիւնները կը շահագործուին անձնական իշխանութեան ու փտածութիւն նուիրագործելու համար:
Այս մտածումներով՝ օրուելեան անասնացած աշարհին մէջ թաղուած, երեւակայութիւնս սկսաւ սաւառնիլ ու յանկարծ էջք կատարեց «Համերաշխութիւն» ագարակին մէջ, ուր խումբ մը կենդանիներ կ’ապրէին Մագիլ անունով իմաստուն բազէի մը ղեկավարութեամբ: Մագիլ երկար տարիներ պահած էր անդորրութիւնը եւ երաշխաւորած ագարակին բարգաւաճումը:
Սակայն գոմին մէկ մութ անկիւնը նստած, Շիկակարմիր անունով խորամանկ աղուէսը դաւադրութիւն կը սարքէր: Շիկակարմիրը նենգամիտ էր եւ յաւակնոտ, օժտուած՝ դժգոհութիւն յառաջացնելու տաղանդով: Առիթը պատեհ նկատելով՝ ան կը սկսի շշնջալ կենդանիներուն մէջ. — Նայեցէք Մագիլին, — կ’ըսէ Շիկակարմիրը հաւերուն ու ոչխարներուն, — ինք կը պնդէ, որ արդար է, սակայն անոր բոյնը պատուած է լաւագոյն փետուրներով, մինչ մենք գոյատեւելու պայքար կը մղենք:
Շիկակարմիրին դժգոհութիւնները անկեղծ չէին: Առանց մնացեալ կենդանիներու գիտակցութեան՝ ան կապ հաստատած ու ազդուած էր խումբ մը իրմէ աւելի խորամանկ աքիսներէ, որոնք կ’ապրէին մօտակայ ագարակի մը մէջ՝ «Մախանքի արտավայր» անունով: Աքիսները աչք ունէին «Համերաշխութիւն» ագարակին վրայ, կը նախանձէին անոր բարգաւաճումին եւ չարամտօրէն կ’ուզէին ապակայունացնել զայն` ներսէն բաժանումներ հրահրելով:
Շիկակարմիրի ազդեցութեամբ՝ կենդանիները կը սկսին կասկածի տակ առնել Մագիլի ղեկավարութիւնը: Անոնք կը սկսին հակասութիւններ տեսնել Մագիլի յայտարարութիւններուն եւ իրենց ապրած իրականութեան միջեւ, որոնք չափազանցուած կը ներկայացուէին Շիկակարմիրին վարպետորդի մեկնաբանութիւններով: Հաւերը կը սկսին կռկռալ հացահատիկի անհաւասար բաշխումին, իսկ ոչխարները՝ մայել գայլերէ պաշտպանուելու գիշերային պահակութեան բացակայութեան դէմ:
Առիթը օգտագործելով ու չափազանցելով այս դժգոհութիւնները Մագիլի դէմ՝ Շիկակարմիր կը բացագանչէ.
—Տեսէ՛ք ինչպէ՛ս կ’ապրի ան, կը պնդէ, թէ ինք հոգատար է, բայց ան հանգիստ կը քնանայ, մինչ վտանգը դարանակալ կը սպասէ:
Սկիզբը այս յայտարարութիւնները կը ծառայեն որպէս իրազեկման կոչ՝ մղելով կենդանիները աւելի լաւ վերաբերում եւ թափանցիկութիւն պահանջելու: Սակայն, Շիկակարմիրին իսկական մտադրութիւնները հեռու էին բարեկարգչական ըլլալէ:
Ժամանակը կը սահի եւ Շիկակարմիրին արդարութեան եւ առատութեան խոստումները կը սկսին ի դերեւ ելլել: Երբ անոր մերձաւոր շրջանակէն մէկը կը բռնուի գաղտնաբար ցորեն կուտակելու յանցանքի մէջ, հաւերը կը զայրանան. «Դուք ոչինչով կը տարբերիք Մագիլէն»,— բարկացոտ կը ճչան անոնք, «դուք ալ աւազակութիւն կ’ընէք»: Շիկակարմիրը անմիջապէս կը հերքէ մեղադրանքները. «Այս բոլորը սուտեր են, որոնք կը տարածեն Մագիլի հաւատարիմները»,— կը հաջէ ան, բայց վնասը հասած էր արդէն: Կենդանիները կը սկսին անդրադառնալ, որ աղուէսները այն փրկիչները չէին, ինչպէս կը փորձէին ներկայանալ: Այս կեղծիքին բացայայտումը կը խախտէ անոնց վստահութիւնը ընդհանրապէս համակարգին նկատմամբ:
Վստահութեան խախտումով՝ կենդանիները կը բաժնուին խմբաւորումներու: Ոմանք դեռ կը հաւատային Շիկակարմիրի առաջադրանքներուն, իսկ միւսները հաւատարիմ կը մնային Մագիլին: «Համախոհութեան» ագարակը կը դառնայ մնայուն տագնապներու եւ վէճերու թատերաբեմ: Ագարակը կը նահանջէ բոլոր ճակատներու վրայ: Կենդանիներուն հանդիպումները, որոնք ժամանակին հարցեր լուծելու եւ ապագայի ծրագիրներ մշակելու առիթներ կը հանդիսանային, կը վերածուին մեղադրանքներու եւ ամբաստանութիւններու կրկէսի մը: Արդիւնաբերութիւնը կտրուկ անկում կ’արձանագրէ, որովհետեւ հաւերը կը հրաժարին հաւկիթ ածելէ, կովերը կը կտրեն իրենց կաթը, իսկ ոչխարները կը հրաժարին խուզուելէ՝ ի նշան բողոքի:
«Համախոհութիւն» ագարակի կը սկսի գահավիժիլ անդունդն ի վար, հետեւանքները տեսանելի են ամէն կողմ: Հեռու ու մօտիկ ագարակները կը սկսին խուսափիլ նման անկայուն հաւաքականութեան մը հետ գործ ունենալէ: Ագարակին բնակիչները կը մատնուին սովի: Իմաստուն սկիւռները, որոնք ծանօթ են պարէնաւորուելու եւ ապագան ծրագրելու իրենց հմտութեամբ, կը սկսին պաշար կուտակելու՝ մտահոգ ագարակին ապագայով. «Մեզի կայունութիւն պէտք է», — կը շշնջային անոնք:
Այս իրարանցումին մէջ Արագավազ անունով տարեց կրիայ մը, որ մեծ յարգանք կը վայելէր իր իմաստութեան համար, ժողովի կը հրաւիրէ բոլորը: Ան կը խօսի դանդաղ, բայց մեծ հեղինակութեամբ. «Մենք թոյլ տուինք, որ մեր ագարակը քանդուի անվստահութեան եւ պառակտումի պատճառով: Մենք պէտք չէ մոռնանք, որ մինչ ղեկավարները կու գան ու կ’երթան, մեր ագարակը կը մնայ: Մենք պէտք է աշխատինք միասին, ոչ թէ իրարու դէմ»:
Արագավազին խօսքերը անարձագանգ չեն մնար: Կենդանիները կը հասկնան, որ «Համերաշխութիւն» ագարակի գոյատեւման եւ բարգաւաճման համար իրենք պէտք է վերակառուցեն վստահութեան կամուրջները եւ կեդրոնանան հասարակաց նպատակներու, եւ ոչ թէ կարճատեւ ձեռքբերումներու եւ փոխադարձ ոչնչացման վրայ:
Մագիլ բազէն, գիտակցելով միասնականութեան կարեւորութեան, գործակցութեան ձեռք կ’երկարէ բոլոր կենդանիներուն՝ հրաւիրելով զանոնք անվախ արտայատելու իրենց մտահոգութիւնները եւ մաս կազմելու որոշումներու կայացման գործընթացին: Շիկակարմիր աղուէսը՝ քողազերծուած ու վարկաբեկուած, գլխիկոր կը սողոսկի ագարակին մէկ մութ անկիւնը. իշխանութեան հասնելու իր երազները փշրուած էին:
Կրիային իմաստուն թելադրանքներով, ձեռք ձեռքի տուած, կենդանիները կը սկսին վերականգնել իրենց ագարակը: Դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով, «Համերաշխութիւն» ագարակը կը վերագտնէ իր նախկին բարօրութիւնն ու խաղաղութիւնը:
Եւ այսպէս, «Համերաշխութիւն» ագարակի կենդանիները կը հասկնան, որ իսկական կայունութեան եւ զարգացման կարելի է հասնել միայն միասնականութեան, անկեղծութեան եւ փոխադարձ յարգանքի միջոցով: Անոնք կ’որոշեն մնալ զգօն բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կ’ուզեն պառակտել զիրենք` միշտ յիշելով աղուէսներու նենգամտութիւնը եւ ընդհանուրին բարօրութեան համար միասին աշխատելու կարեւորութիւնը:
Այս գրութիւնը հեքիաթ է: Հեքիաթը չեն մեկնաբաներ: Հեքիաթի հերոսները իրական անձեր չեն: Հեղինակը պատասխանատու չէ որեւէ մեկնաբանութեան կամ իրական անձերու հետ զուգահեռներ գտնելու որեւէ փորձի:
Յարակից բովանդակութիւն
Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով,
Առաւօտեան շշուկով երազի պէս ես դու,
Հեռուից արշալոյսի քնքուշ, փայլող աչքերով,
Քո շուրթերը զարդարուած վարդագոյն երանգով,
Այտերդ կարմրում են առաւօտեան հպումից:
Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը
Լիբանանահայ երգի 40 տարիները՝ Սեդոյին հետ
Տարբերակ21-ի podcast-ին հիւրն է տաղանդաւոր եւ փորձառու երաժիշտ, ձայնագրութեան սթիւտիոյի սեփականատէր Սեդո Պաղտասարեանը: Երաժշտական գիտելիքու եւ Լիբանանահայ երգիչներու վերջին 40 տարիներու պատմութեան գանձարան մըն է Սեդոն: Սեդոյին հետ կը զրուցենք Լիբանանի մէջ հայ երգի զարգացման ու նահանջի տարբեր փուլերուն մասին: Կը նշենք արուեստագէտներ, որոնք կենսունակ պահած են այս արուեստը: Կը քննարկենք նաեւ ներկայ իրավիճակը: Ի՞նչ ակնկալութիւններ պէտք է ունենալ:
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
Ընկերային ցանցերու միջոցով ազդեցիկ դարձած (influencer) 24-ամեայ Ֆիտիաս Փանայոթու կրնայ սկիզբ մը յատկանշել ու անոր յաջողութիւնը Կիպրոսի եւրոպական վերջին ընտրութիւններուն, կրնայ կրկնուիլ այլ երկիրներու մէջ: Ընկերային ցանցերու ազդեցիկներուն ներգրաւուածութեան աճը քաղաքականութեան մէջ ենթադրել կու տայ, թէ քաղաքական խօսոյթը աւելի սկսած է հիմնուիլ անձի ու անոր անհատականութեան, քան քաղաքական ուղեգիծի վրայ: Թէեւ այս երեւոյթը կրնայ ներքաշել աւելի երիտասարդ ընտրողներ, որոնք հիասթափած են աւանդական քաղաքական ոճէն եւ անոր ներկայացուցիչներէն, սակայն ան միաժամանակ մտահոգութիւն կը պատճառէ քաղաքական խօսոյթի խորքին եւ էութեան մասին. անձը կը սկսի դառնալ աւելի կարեւոր քան ուղեգիծը:
Լիբանանի եւ լիբանանահայերուն համար, որոնք ականատես եղած են ու տակաւին կ’ապրին քաղաքական բարդ իրավիճակներ, այս հոլովոյթը դուռ կը բանայ նոր կարելիութիւններու, բայց նաեւ՝ մարտահրաւէրներու: Ան երիտասարդ ու անտարբեր նկատուող նորահաս սերունդները նոր ձեւերով ներգրաւելու կարելիութիւններ կը ստեղծէ, բայց նաեւ մտահոգութիւն կը պատճառէ քաղաքական խօսոյթի որակին պահպանման առնչութեամբ: Կարեւոր է, որ քաղաքական քննարկումները մնան առարկայական եւ կեդրոնացած իրական խնդիրներու վրայ, եւ ոչ թէ քողարկուին անհատի մը գրաւչութեան մակերեսային տուեալներով: Այսուհանդերձ, աւանդականին ձախողութիւնները, կեղծիքը եւ երիտասարդներ ներգրաւելու դժուարութիւնները նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբը կ’ազդարարեն, ուր գաղափարախօսութիւններ եւ քաղաքական խօսոյթը աւելի նուազ կը կշռեն, քան գրաւչութեան ու ազդեցիկութեան խօսոյթը՝ ընկերային ցանցերու ճամբով:
Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք «Երիտասարդ ազդեցիկը, որ ջախջախիչ յաղթանակ մը տարաւ Կիպրոսի ԵՄ-ի ընտրութիւններուն» խորագրեալ յօդուածը, որ լոյս տեսած է «Cyprus Mail» օրաթերթին մէջ:
Երիտասարդ ազդեցիկը, որ ջախջախիչ յաղթանակ մը տարաւ ԵՄ-ի Կիպրոսի ընտրութիւններուն
Ֆիտիաս Փանայոթու՝ 24-ամեայ, հաստատապէս ապաքաղաքականացած YouTuber-ը եւ TikToker-ը, որ օժտուած է ինքնածանուցման բնական տաղանդով, ամբողջութեամբ տիրապետեց կիրակի օր կայացած Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն: Անոր անկախ թեկնածութիւնը՝ բառացիօրէն ոչինչ առաջարկելով ընտրողներուն, ապահովեց ձայներու երրորդ առաւելագոյն մեծամասնութիւնը՝ գերազանցելով «Էլամ»ը (Elam), «Տիքո»ն (Diko), «Էտեք»ը (Edek), «Տիփա»ն (Dipa), «Վոլթ»ը (Volt), Կանաչները եւ քանի մը փոքր այլ խումբեր: Անոր ապահոված ձայներու 19,4 տոկոսը, փաստօրէն, ընդամէնը երկու կէտով միայն աւելի նուազ էր, քան «Աքել»ինը (Akel)՝ խիստ կազմակերպուած եւ շատ լայն ժողովրդականութիւն վայելող կուսակցութիւն մը:
Աննախընթաց է, որ անկախ թեկնածու մը ձայներու այսքան մեծ համեամատութիւն ապահովէ: Աւելի զարմանալի էր այն, որ ան յաջողած էր առանց դահեկան մը ծախսելու: Մենք անոր դէմքով ծանուցումի վահանակներ (billboards) չտեսանք, ձայնասփիւռով, կայքէջերով կամ թերթերու մէջ յայտարարութիւններ չկային, բայց YouTube-ի միջոցով անոր հեռաձայնային խօսակցութիւններու տեսագրութիւններուն հոսքը, ընտրապայքարի քարոզարշաւի նախօրեակին, բազմաթիւ հետեւորդներ ստեղծեց քաղաքականութեամբ չհետաքրքրուած երիտասարդներու շրջանակներուն մէջ, որոնք կը հաւատային որ ան հաճելի անձնաւորութիւն մըն է, ծիծաղ կ’առթէ եւ «իրենցմէ է»:
Մեկնաբանները ժամանակ չկորսնցուցին եզրակացնելու, որ անոր յաջողութիւնը կուսակցութիւններու եւ քաղաքական համակարգին նկատմամբ մարդոց հակակրանքն էր: Կիրակի օրուան ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը կը գնահատուի հազիւ 50,5 տոկոսով, քիչ մը անելի քան նախորդ եւրոպական ընտրութիւնները, թէեւ այդ ալ կարելի է վերագրել տեղական ինքնակառավարման մարմիններու միաժամանակ ընտրութեան: Եւ տակաւին յստակ չէ, թէ Ֆիտիաս որքա՛ն աջակցութիւն ապահոված է դժգոհ կուսակցական ընտրողներէն: Նախնական տուեալներու համաձայն, կարելի է ենթադրել, որ ան քուէներ ապահոված է այն երիտասարդներէն, որոնց, ինչպէս կ’ըսուի, ինք համոզած է արձանագրուելու:
Հարցը աւելի ընդհանրական բնոյթ ունի, քան մարդոց համարում չունենալը կուսակցութիւններու նկատմամբ: Աւելի մտահոգիչը, ու իսկապէս պէտք է մտահոգէ բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են հասարակական հարցերով, երիտասարդ սերունդին ապաքաղաքական տրամադրութիւնն է: Երիտասարդներուն մեծ մասը, որոնք աշխարհը կը տեսնեն TikTok-ի, YouTube-ի, Instagram-ի եւ Facebook-ի միջոցով, հետաքրքրուած չեն քաղաքականութեամբ եւ անոնք քուէարկած են մէկու մը, որ իրենց պէս կը մտածէ, որ չունի քաղաքական որեւէ տեսակէտ կամ գաղափար որեւէ բանի մասին եւ հպարտ է իր այդպէս ըլլալով: Այս մէկը նպաստեց որ Ֆիտիաս մասնակցի Եւրոպական ընտրութիւններուն, որոնց արդիւնքը իսկական ազդեցութիւն չունի մարդոց առօրեային վրայ:
Որքանո՞վ Ֆիտիասի երեւոյթը կը տարբերի քաղաքական գործիչներու այժմու ընթացքէն, որոնք ասպարէզ կառուցած են ընկերային ցանցերու ճամբով՝ խուսափելով որեւէ հիմնական բան ըսելէ եւ խնդրահարոյց հարցերու շուրջ դիրքորոշում ճշդելէ: Մենք ապաքաղաքական դարաշրջանի մէջ կը գտնուինք, ուր տափակութիւնն ու արտաքինը կրնան առաջ քշել քաղաքական գործիչ մը, դարաշրջան մը՝ ուր խորքի բացակայութիւնը առաւելութիւն կը նկատուի: Այս մօտեցումը Ֆիտիասը առաջնորդեց իր տրամաբանական յանգումին` նոյնիսկ առանց ձեւացնելու, որ ինք կրնայ մտածել ու գործել քաղաքականապէս: Իսկ կիրակի օրը, քուէարկողներուն մէկ հինգերորդը թեր քուէարկեց ապաքաղաքական թեկնածուին:
Յարակից բովանդակութիւն
Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ
Իսկ կրնա՞նք: Կրնա՞նք ինչ որ բան պարտադրել Թուրքիոյ: Գործնականօրէն, գետնի վրայ, կրնա՞նք պարտադրել, ստիպել, համոզել: Ոչ թէ իրարմէ պահանջել ու
Կը մնայ միայն յիշել մեր խոկումի եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը, եւ մանաւանդ յիշեցնել՝ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ հարկաւոր է համազգային կամքով՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ, ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ
Պատառիկ մը լեհահայ կեանքէն՝ Թանիա Սայեղի կարպետագործութիւնը
Թանիային հետ տարբեր առիթներով ունեցած խօսակցութիւններս միշտ ալ համեմուած կ’ըլլան Հալէպի իրականութեան կապուած անցեալի պահերով ու անոնցմէ քաղուած խայտաբղէտ պատկերներով՝ դպրոցի հանդէսներէն մինչեւ Հալէպի բերդը, տօնական թխուածքներէն՝ քերէպիճ, քիւնէֆէ, մինչեւ սուրիացի արաբ ձմեռուկ ծախողը: Թանիա յաճախ կ’անդրադառնայ Լեհաստանի իր առօրեային, իր զաւակներուն հայեցի կրթութեան, հայկական ճաշերու, խմորեղէններու, բախլավա-քիւնեֆէ ու համեղ ճաշերու պատրաստութեան՝ հաստատելով հայկականը պահելու իր պատրաստակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը:
Թանիա յաՃախած է Հալէպի Հայ Աւետարանական Բէթէլ Վարժարանը եւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, այնուհետեւ աւարտած է Հալէպի համալսարանի անգլիական գրականութեան բաժանմունքը: 1998-2001 տարիներուն, ան զբաղած է ուսուցչութեամբ Հալէպի Ազգային Հայկազեան Վարժարանին (աղջկանց բաժին), իսկ 2003-2012՝ Կիւլպէնկեան Ազգային վարժարանին մէջ՝ դասաւանդելով անգլերէն 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ կարգի աշակերտներուն:
Թանիա կարօտով կը յիշէ իր աշակերտական տարիներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, մասնաւորաբար Հայ Աւետարանական Բէթէլ Վարժարանի տնօրէնուհի Ազնիւ Քիրիշեան-Եագուպեանը եւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Անդրանիկ Խաչատուրեանը (այժմ ողբացեալ):
2010 թուականը Սուրիահայութեան, ի մասնաւորի Հալէպահայութեան համար եղաւ սկիզբ մը դժնդակ օրերու, եւ մեր հայրենակիցները պարտադրաբար օտար ափեր հաստատուելու ակամայ որոշումներ կայացուցին: 2012-ին, Թանիա հապիպ-Սայեղ՝ ամուսնոյն Փրոֆ. Արա Սայեղի եւ զաւակներուն հետ տեղափոխուեցաւ Լեհաստան:
Լեհաստանի մէջ Թանիա իր առօրեան կը հարստացնէ կարպետագործութիւն սորվելով եւ ինքնաշխատութեամբ մեծ հմտութիւն ձեռք կը բերէ՝ իր սրտին մէջ փայփայելով հայ մշակոյթը տարածելու խոր համոզում մը:
Այսպիսով, արդէն հմտացած, Թանիա հրաւէր կը ստանայ ղեկավարելու 9 կարպետագործութեան աշխատանոցներ, որոնցմէ 8-ն իր ապրած քաղաքին՝ Վրոցլավի լեհական տարբեր մշակութային կեդրոններու մէջ՝ լեհ եւ հայ մասնակիցներով եւ աշխատանոց մըն ալ անցնող 9 դեկտեմբեր 2023-ին, Լուճ քաղաքի «Նաիրի» հայկական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ (Ormiańskie Centrum Edukacyjno-Kulturowe Nairi)՝ հայուհիներու մասնակցութեամբ: Յաջորդ օրը, 10 դեկտեմբեր 2023-ին, Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առիթով տեղի կ’ունենայ տօնավաճառ ու բարեգործական համերգ մը, ուր հայ եւ լեհական տօնական երգերով ելոյթ կ’ունենան Թանիայի որդիները՝ Ճորճն եւ Արամը, «GoArm» խումբի անունով: Այս տօնավաճառին եւ համերգին ներկայ գտնուած են նաեւ Հայաստանի դեսպան Ալեքսանտր Արզումանեանն ու լեհահայ հոգեւոր հովիւ Տէր Մինաս Աբեղայ Հախվերդեանը։
Ողջունելի ու խրախուսիչ նախաձեռնութիւնը ՀՄԸՄ Վիեննայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան
25-26 Մայիս 2024-ին, երկու օր, ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով Թանիա Սայեղ կը ղեկավարէ կարպետագործութեան աշխատանոց մը: Աւարտին, աշխատանոցի 20 մասնակիցները ձեռք կը բերեն տեսական գիտելիքներ եւ գործնական հմտութիւններ: Դասընթացքին նպատակը կարպետ գործելու գաղտնիքներու ուսուցումն ու կարպետագործութեան տարածումն էր. խրախուսիչ նախաձեռնութիւն մը ՀՄԸՄ Վիեննայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ:
Թանիային ոգեւորութիւնը կը կրկնապատկուի ի տես մասնակիցներուն, որոնք իր երբեմնի Հալէպի ազգային վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիներն էին, արդէն ամուսնացած ու բարձրագոյն վկայականներու տիրացած ու եկած էին կարպետագործութիւն սորվելու:
Թանիա ջերմ տպաւորութիւնով կը նկարագրէ աշխատանոցի աշակերտուհիներէն մին, որ փոքրիկը իր գրկին հետեւած էր կարպետագործութեան դասընթացքին:

Այս աշխատանոցներու կողքին, Թանիաի կարպետագործութեան գործերը ներկայացուած են լեհական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու:
Թանիա նոր թափով կը պատրաստուի գալիք օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն ծրագրուած նոր աշխատանոցներու:

Կարպետագործութիւնը իր յատուկ տեղը ունի հայ ժողովուրդի աւանդական արհեստներու շարքին: Բնականաբար, հայ համայնքներուն մէջ կարպետագործութեան աւանդոյթը փոխանցելու գլխաւոր միջոցներէն մէկը կը հանդիսանայ նման աշխատանոցներու կազմակերպումը հայաբնակ գաղութներու մէջ, ինչպէս՝ Շուէտ, Գերմանիա, Իտալիա, Պելճիքա, Ֆրանսա, Սպանիա, Հունգարիա եւ Պուլկարիա:
Մշակոյթը կը պահպանուի զայն փոխանցելով սերունդէ սերունդ, այո՛…
Յարակից բովանդակութիւն
Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով,
Առաւօտեան շշուկով երազի պէս ես դու,
Հեռուից արշալոյսի քնքուշ, փայլող աչքերով,
Քո շուրթերը զարդարուած վարդագոյն երանգով,
Այտերդ կարմրում են առաւօտեան հպումից:
Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը
Լուրջ տագնապներու եւ ծիծաղի պահեր Օթէլ Փլազայի թիւ 719 սենեակին մէջ
Շաբաթ 8 Յունիսին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ, «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը մեծ գոհունակութիւն պատճառեց հանդիսատեսին՝ ներկայացնելով Նիլ Սայմընի «Օթէլ Փլազայի Սենեակը» կատակերգութիւնը (1968)՝ բեմադրութեամբ Յարութ Գնդունիի: Այս երեք երեւութապէս անջատ արարներով թատերախաղը, որ կը պատահի Նիւ Եորքի Փլազա պանդոկի նոյն 719 սենեակին մէջ, կը պատմէ երեք տարբեր զոյգերու մասին՝ ներկայացնելով անոնց տարբեր տագնապները կատակերգական վիճակներու ընդմէջէն:
Բեմադրիչ Յարութ Գնդունի իր հմտութեամբ եւ տարիներու փորձառութեամբ յաջողած էր իւրաքանչիւր արարի տալ իր ինքնուրոյն համը, միաժամանակ պահելով ներդաշնակութիւնը ընդհանուր թեմային՝ այն մարտահրաւէրները, որոնց կը հանդիպին զոյգերը կեանքի տարբեր փուլերու: Բեմադրիչ Գնդունի լաւապէս թափանցած էր Սայմընի հիւմըրին եւ կատակներուն էութեան մէջ եւ զանոնք վարպետօրէն զետեղած ճիշդ տեղը, ճիշդ ժամանակին մէջ՝ վստահ ըլլալով որ անոնք ծիծաղ ու խնդուք պիտի պատճառեն հանդիսատեսին, քննարկուած տագնապները լուրջ ըլլալով հանդերձ:
Նկատելի էր դերակատարներուն ոգեւորութիւնը եւ իրենց առաւելագոյնը տալու անոնց պատրաստակամութիւնը: Ուշագրաւ էր Սիմոն Եափուճեանի խաղարկութիւնը իր գրեթէ արհեստավարժ արտայայտութիւններով՝ հմտօրէն օգտագործելով նաեւ մարմնի շարժումներու լեզուն. խաղարկութեան ամբողջ տեւողութեան ան վառ պահեց իր կերպարը եւ կենդանութիւն տուաւ անոր: Կինը՝ հանրածանօթ դերասանուհի Այտա Մահսերեճեան-Սրապոնեան համապատասխան խաղարկութիւն ցուցաբերեց՝ իր սրամիտ եւ տարբեր վիճակներ միաժամանակ արտայատող ճկունութեամբ պայքարելով միջին տարիքի տագնապ ապրող ամուսնոյն հոգեվիճակին դէմ: Երկրորդական կերպարները՝ սպասաւոր Հրակ Մամիկոնեանն ու քարտուղարուհի Բալիկ Սրապոնեանը թէեւ կարճատեւ խաղարկութեամբ, սակայն լրացուցիչ շերտեր աւելցուցին հիւմըրային ընդհանուր պատկերին վրայ:
Երկրորդ արարին մէջ, Կարինէ Ներսէսեան եւ Մելիք Պետրոսեան կատարողական այլ մակարդակ մը նուաճեցին: Իբրեւ գոլէճի նախկին սիրահարներ երկար տարիներ յետոյ դիպուածով կը հանդիպէին նոյնպէս թիւ 719 սենեակին մէջ: Անոնց մտերմութիւնն ու համակրանքը իսկական կը թուէր, եւ անոնց զգայականութիւնը գրաւիչ կը դարձնէր խաղարկութիւնը:
Երրորդ եւ եզրափակիչ արարը, կատարողութեամբ Այտա Մահսերեճեան-Սրապոնեանի եւ բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի, կը դրսեւորէր խռովայոյզ գործողութիւն մը՝ զաւեշտային շրջագիծով: Իբրեւ զայրացած ծնողներ, անոնք կը փորձէին իրենց դուստրը (Փալիկ Սրապոնեան) դուրս հանել բաղնիքէն անոր հարսնիքին օրը: Գնդունի կատակերգական տիրական ներկայութիւն էր, որ իր ֆիզիքական արտայայտութիւնները կատարելապէս կը հաւասարակշռէր իր զգացումներուն հետ:
Թատերախաղին կշռոյթը եւ անոր հեզասահ ընթացքը պահելու ընդհանուր ճիգը զգալի էր ամբողջ ներկայացման ընթացքին: Թէեւ կային պահեր, երբ կենսունակութիւնը կը խախտէր քիչ մը, բայց դերակատարները արագօրէն կը վերականգնէին զայն՝ պահպանելով ընդհանուր թափը:
Բեմայարդարումը թէեւ պարզ էր, բայց ամբողջական ու գործնական: Պանդոկին թիւ 719 սենեակը համոզիչ կերպով վերստեղծուած էր ժամանակաշրջանին համապատասխանող կահաւորումով եւ յարդարումով:
Ընդհանուր առմամբ, հաճելի էր ներկայ գտնուիլ «Օթէլ Փլազայի Սենեակը» կատակերգութեան: Հակառակ ոչ-արհեստավարժ մեր իրականութեան պատճառած սահմանափակումներուն, ղեկավարութեամբ` բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի, դերակատարներն ու թեքնիք կազմը սէր եւ ճիգ չէին խնայած յաջողութեամբ պսակելու այս ներկայացումը:
Վարձքը կատար բոլորին:
Յարակից բովանդակութիւն
Սաքսոֆոնահար Արթիւր Գրիգորեան աշխատանքի բերումով Տուպայ կը տեղափոխուի եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը յաջողի գործի պայմանագիր կնքել The Fridge entertainment հաստատութեան
Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան՝ 28 տարիներու ճազ նուագախումբի մենակատար եւ թռոմփեթահար, արդէն չորս տարի է կը բնակի Տուպայ, իր կնոջը՝ տաղանդաշատ
Սիրանին հետ զրոյցս արեւմտահայերէն էր: Անոր գրաւիչ ու զարմանք պատճառող արեւմտահայերէն առոգանութիւնը կրնայ զարմացնել նաեւ ընթերցողը, որ բնականօրէն հարց պիտի
«Ֆայհա»ը եւ Եզակին` Մաեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեան
Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» poscast-ի հիւրն է մաեսթրօ խմբավար Պարգեւ Թասլաքեանը: Այնճար ծնած մուսալեռցի մաեսթրօն տարիներու ընթացքին ղեկավարած է բազմաթիւ երգչախումբեր Լիբանանի մէջ եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ներկայիս կը ղեկավարէ Թրիփոլիի «ֆայհա» երգչախումբը: Վերջերս ան պատրաստած է ոչ-հայ, ոչ-հայախօս լիբանանցի շուրջ 100 կատարողներէ բաղկացած երգչախումբ մը, որ համերգներ կու տայ միայն հայկական երգացանկով…. եզակի, աննախընթաց համերգներ անպայմա՛ն: Լսե՛նք զինք:
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
Քանի մը օր առաջ առիթը ունեցանք ներկայ գտնուելու «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան «ԱՐԵԳ» պարախումբի ելոյթին, որ մշակութային ձեռնարկէ մը աւելի՝ տօնակատարութիւն մըն էր նուիրուած հայ ժողովուրդի գոյատեւելու կամքին, մանաւանդ այս կողմն աշխարհի:
Երեկոն սկսաւ Արա Գէորգեանի «Արցախ» խորագրեալ ցաւառիթ բայց խրոխտ բացման պարով, որմէ ետք Անի Եփրեմեան հանդէս եկաւ սրտաբուխ բարի գալուստի խօսքով՝ ընդգծելով հայ պարին ու մշակոյթին կարեւորութիւնը հայապահպանութեան գործին մէջ, որուն դրօշակիրներէն է «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը:
Պարացանկը հարուստ էր այլազանութեամբ՝ իւրաքանչիւրը բեմ բերելով տարբեր համ ու կշիռ: «Մեծերու» խումբը նախ ներկայացուց հայկական աւանդական ժողովրդական պար մը՝ արտայայտելով հայկական խրոխտ ու ինքնավստահ շարժումներ: Ապա հանդիսատեսը հմայուեցաւ «փոքրերու» աշխոյժ եւ եռանդուն գնչուական պարով, որ կը ճառագայթէր պատանեկան շքեղութեամբ ու նրբութեամբ:
Տալիտա Սալպաշեան, Կասիա Նորշահեան եւ Մէյրի Խոխագլեան բեմը զարդարեցին «Ճեյրանի»ի իրենց նրբագեղ կատարումով, իսկ փոքրերու խումբը հմայեց բոլորը «Kiss Me» պարով, որ զեղուն էր խանդավառութեամբ ու անմեղութեամբ: «Մեծերու» «Ճութա» վրացական պարը, մենակատարութեամբ՝ Գարլօ Մթրպեանի եւ Վագօ Սարգիսեանի, գեղարուեստական հմտութեան եւ ներշնչումի ներկայացում մըն էր՝ հիացնելով բոլորը:
«Միջակներու» խումբը յարգանքի գեղեցիկ տուրք մը մատուցեց հայրենի համբաւաւոր քոմբոզիթոր Խաչատուր Աւետիսեանին՝ պարային գեղեցիկ կշռոյթով մը ներկայցնելով անոր «Սիրուս կը Սպասեմ» կտորը, որուն յաջորդեց Սիրուշոյի «Գոզալ»ին տպաւորիչ մեկնաբանութիւնը՝ կատարողութեամբ Կասիա Նորշահեանի, Լիւսի Ղարիպեանի, Տեսիլ Քէշիշեանի, Կալիա Նորշահեանի եւ Մէյրի Խոխագլեանի: Մենապարողներ Տալիտա Սալպաշեան, Գարլօ Մթրըպեան, Վագօ Սարգիսեան եւ Յովիկ Օհաքեան ցուցաբերեցին կատարողական բարձր կարողութիւններ: Ապա միջակներու խումբը ներկայացուց Վանոյշ Խանամիրեանի «Կատակ պար»ը՝ ծիծաղով ու խինդով պարուրելով երեկոն:
«Մեծերուն» կատարած յունական «Զեյպէքիքօ»ն` երեկոյին ամենէն գրաւիչ պարերէն մէկն էր: Անոնց նրբագեղ շարժումները եւ սրտագին կատարումը ո՛չ միայն դրսեւորեցին յունական մշակոյթի էութիւնը, այլեւ արտայայտեցին միջմշակութային գործակցութեան գեղեցկութիւնը եւ պարարուեստի լեզուին համաշխարհային խորքը:
Կամրջելով հայկական եւ լիբանանեան մշակոյթները, «մեծերը» ցուցադրեցին իրենց վարպետութիւնը հանդէս գալով լիբանանեան աւանդական տապքէով՝ Հիպա Թաուաճիի «Զաման» երգին ընկերակցութեամբ: Ապա «միջակները» իրենց «Չաչա» պարով ստեղծեցին աշխոյժ եւ զուարճալի մթնոլորտ մը: Երեկոյին յիշարժան պահերէն էր նաեւ յարգանքի արտայայտութիւնը Մայքլ Ճեքսընի նկատմամբ, երբ «մեծերը» հետաքրքրական պարադրութեամբ մեկնաբանեցին փոփի թագաւորին «Bad» եւ «Smooth Criminal» երգերը: «Միջակները» հետեւեցան եռանդուն ու ստեղծագործական «Zorba Fusion»ով: Պարացանկի նախավերջին պարով «մեծերը» հանդէս եկան հայկական «Նինօ» ժողովրդական պարով: Երեկոն հասաւ իր գագաթնակէտին «Արեգ» պարախումբի եզրափակիչ տպաւորիչ պարով:
Այս բոլորը կը վկայեն Լիբանանահայ համայնքի տոկունութեան եւ ստեղծագործական ոգիի վերանորոգման մասին: Հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական բազում մարտահրաւէրներուն, «ԱՐԵԳ» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ՝ Գարլօ Մթրըպեանի եւ պատանիներու ու փոքրերու պարուսոյց Գոհար Տէմիրճեան Գասպարեանի, փաստեց, որ հայ մշակոյթն ու անոր սպասարկուները կը մնան կենսունակ ու խոստմնալից:
Ակնառու էր պարողներուն ու կազմակերպիչներուն նուիրումը իւրաքանչիւր շարժումի ու քայլի մէջ:
«Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան «ԱՐԵԳ» պարախումբը ունեցաւ յիշատակելի ելոյթ մը, ուր աւանդականը գեղեցիկ կերպով միահիւսած էր ժամանակակիցին՝ նոր թարմութիւն տալով լիբանանահայ համայնքի մշակութային կենսունակութեան:
Յարակից բովանդակութիւն
Սաքսոֆոնահար Արթիւր Գրիգորեան աշխատանքի բերումով Տուպայ կը տեղափոխուի եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը յաջողի գործի պայմանագիր կնքել The Fridge entertainment հաստատութեան
Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան՝ 28 տարիներու ճազ նուագախումբի մենակատար եւ թռոմփեթահար, արդէն չորս տարի է կը բնակի Տուպայ, իր կնոջը՝ տաղանդաշատ
Սիրանին հետ զրոյցս արեւմտահայերէն էր: Անոր գրաւիչ ու զարմանք պատճառող արեւմտահայերէն առոգանութիւնը կրնայ զարմացնել նաեւ ընթերցողը, որ բնականօրէն հարց պիտի
Դոկտ. Ալին Եագուպեան՝ bullying-ի պատճառներուն եւ լուծումներուն մասին
Մեր podcast-ին հիւրն դոկտ. Ալին Եագուպեան, որ վերջերս մեծ նուաճում արձանագրեց իր ակադեմական ասպարէզին մէջ՝ պաշտպանելով իր խիստ հետաքրքրական եւ աննախընթաց թեզը՝ WORKPLACE BULLYING OR MOBBING: THE CASE OF HEALTH WORKERS IN LEBANON նիւթով: Ալինին հետ կը խօսինք շատ կարեւոր եւ յաճախ դժուար նկատուող թեմայի մը` bullying-ի մասին, իր բազմաթիւ ձեւերով եւ միջավայրերով՝ կեդրոնանանլով նաեւ դպրոցներուն վրայ: Ծանօթ է, որ Bullying-ը ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ անհատներու, մանաւանդ աշակերտներու վրայ:
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
Մենք մեզի թոյլ կու տանք զբաղելու մանրախնդրութեամբ ու յիմարութիւններով
28 մայիսին, Առաջին Հանրապետութեան ծննդեան օրը Երեւանի մէջ անցաւ ոչ-տօնական մթնոլորտի մէջ: Քանիերո՞րդ անգամ ըլլալով է, որ համազգային նշանակութիւն ուեցող այս օրը կը փոքրացուի ու կը հաւասարեցուի ներքին քաղաքական բանավէճի մակարդակին: Բայց եկէք մէկ կողմ ձգենք այդ բոլորը եւ խօսինք Մայիս 28-ի մասին: Հասկնանք, թէ այդ ի՞նչ էր որ կատարուեցաւ այն ատեն եւ արդեօք մենք կը գիտակցի՞նք տեղի ունեցածին կարեւորութեան:
Առանց խորանալու թիւերու եւ փաստերու մէջ (համացանցը լեցուն է արժանահաւատ տեղեկութեամբ), նախ նշենք, որ Մայիսի 28-ն պարզապէս պետականութեան վերականգնումը չէր, այլ Զաքարեան Հայաստանի կործանումէն ետք՝ շուրջ 1360-ին, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ կը ստեղծուէր լիովին անկախ պետութիւն մը: Ընդ որում անկախութիւնը ոչ թէ նուէր տրուեցաւ, ինչպէս էր պարագան վրացիներուն եւ հարաւային կովկասեան թաթարներուն (ատրպէյճանցիներուն), այլ՝ արեամբ նուաճուած արժէք: 1917 փետրուարին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ յեղափոխութիւն մը, որմէ ետք ձեւաւորուած ժամանակաւոր կառավարութիւնը չյաջողեցաւ գոյատեւել եւ արդէն հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն Ռուսիոյ իշխանութիւնը անցաւ բոլշեւիկներուն, որոնք ալ 1918 մարտի երեքին Պրեսթ-Լիթովսքի մէջ կնքուած պայմանագրով հրաժարեցան ռուսական կայսրութեան շարք մը տարածքներէն: Թուրքիա ստիպեց, որ ռուսերը հրաժարին նաեւ Անդրկովկասէն, որ դարձաւ դաշնակցային հանրապետութիւն մը (1918, ապրիլ 22-մայիս 28) եւ փուլ եկաւ, երբ այդ դաշնակցային հանրապետութեան փոխարէն հռչակուեցան Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնները:
Բայց եթէ վրացիները կը հովանաւորէին գերմանացիները, իսկ ատրպէյճանցիները՝ թուրքերը, ապա Հայաստան ստիպուած էր կենաց-մահու պայքարի մէջ մտել թուրքերուն դէմ՝ նախ եւ առաջ ֆիզիքապէս չոչնչանալու համար, եւ ապրելու կամքն ալ թոյլ տուաւ ստեղծելու հանրապետութիւնը: Այն ինչի մասին, որ կ’երազէին դարեր շարունակ, այն ինչի համար, որ պայքարած էին դարերով, զոհուած ու յուսախաբ եղած, վերջապէս իրականութիւն դարձաւ: Ի վերջոյ, հայ քաղաքական, ռազմական ու մտաւորական ուժը երկրագունդին վրայ տեղ մը կ’ունենար կեդրոնանալու, ուր պիտի չհալածուէր, չբանտարկուէր ու ճնշումի պիտի չենթարկուէր: Ան Հայաստանի Հանրապետութիւնն էր: Հանրապետութիւնը փրկութիւն էր, ապագայի երաշխիք, յոյս, ուր հետագային նաեւ հայերը իրենց տեղն ու դերը պիտի ունենան:
Բայց դարեր շարունակ այլոց լուծին տակ ապրած ու ձեւաւորուած հասարակական-քաղաքական միտքը այդ պահուն պատրատ չէր հասկնալու պետութեան գոյութեան կենսական անհրաժեշտութիւնը: Թուրքերու դէմ պայքարի անհրաժեշտութիւնը կ’ըմբռնէին բոլորը, բայց պետութեան լրջութիւնը` քիչերը: Անկէ զատ, Հանրապետութիւնը օղակուած էր բոլոր կողմերէն: Վրացական երկերեսանց հարեւանութիւնը շատ յաճախ թշնամութեան կը հասնէր, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը մշտապէս զինուորական վտանգ կը ներկայացնէին եւ միայն Պարսկաստանն էր, որ սուր չէր ճօճեր հայերու գլխին, այն էլ գուցէ ոչ թէ բարեկամութենէ դրդուած, այլ պարզապէս ուժ չունէր այդ օրերուն:
Ստեղծուած ռազմաքաղաքական դժոխքին մէջ պետական այրերէն շատ քիչերը, ինչպէս օրինակ Արամ Մանուկեանն ու Յովհաննէս Քաջազնունին, կրնային հասկնալ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միակ գրաւականն է հայ ժողովուրդի գոյատեւումին, չկայ Հանրապետութիւնը՝ վտանգուած է հայ ժողովուրդը: Բայց ծանրագոյն պայմանները, նաեւ պետութիւն, սեփական պետութիւն ունենալու եւ անոր պատասխանատուութիւնը վերցնելու վախը, հմուտ չըլլալը պատճառ դարձան ծանր վրիպումներու: Խնդիրները աւելի շատ էին, քան զանոնք լուծելու հնարաւորութիւնները եւ ռուս-թրքական դաշինքը, ինչպէս նաեւ՝ Անթանթի (Դաշնակիցներու) անգործութիւնը հանդիսացան Առաջին Հանրապետութեան գերեզմանափորները:
Հարց է, թէ արդեօք հայ ժողովուրդը իրօ՞ք այդքան անվարժ էր ինքնակառավարման: Արդեօ՞ք Հանրապետութեան փլուզման մէջ աւելի ներքին խնդիրները տիրող էին, քան՝ արտաքին: Թէ՛ այո, թէ՛ ոչ: Այն ատեն ալ խորհրդարանի նիստերը կ’անցնէին գրեթէ նոյն հռետորաբանութեամբ, ինչ որ հիմա, հոս` վերջին տարիներուն: Այն ատեն ալ ամէն ինչ կը կատարուէր շատ դանդաղ, անվերջ մեղադրանքներ, տուր ու դմբոց, առաջարկներ, մերժումներ ու թշնամանք` մէկը միւսին հանդէպ: Բայց այդ գոռգոռոցները, հայհոյանքները, բոլորը չեն յիշուիր, յաջող ու անյաջող ճառերը մենք չենք յիշեր, նոյնիսկ բազմաթիւ մանրուքներու մասին գաղափար ալ չունինք, որովհետեւ հանրապետութեան մահը ծածկեց այդ մանր-մունր կռիւները: Ի՞նչ կարեւոր էր, թէ որ պատգամաւորը ի՞նչ հայհոյանք կու տար իր պաշտօնակիցին, երբ չկար Հանրապետութիւնը: Ի՞նչ կարեւոր էին այդ բոլորը, երբ չկային անոնք, որոնց ստեղծման համար հայերը գրեթէ անհաւատալի պայքար մղած էին: Նոյնն է այսօր: Այսօր, երբ չնչին մեղադրանքները, կենցաղային գռեհիկ բառապաշարն ու օրուան թելադրանքով կատարուող իրարանցումները լուրջ գործունէութեան տպաւորութիւն կը թողուն, մենք կը մոռնանք, որ շարունակաբար սխալները մեզ կրնան հասցնել իրավիճակի մը, երբ այդ բոլորը լրիւ զէրոյ կը դառնան, որովհետեւ պետութեան փլուզումը իր ծանրութեամբ կը ծածկէ ամէն ինչ:
Ընդ որում, մենք հիմա ալ ունինք ռուս-թուրքական դաշնակցութեան դէմ պայքարի լրջութեան գիտակցութիւն, որ դեռ լիուլի հասկցուած չէ: Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ, երբ պետական դաւաճանները դարձան ղեկավարներ, երբ արիւնկզակ թուրքերը հռչակուեցան բարեկամ, իսկ ատրպէյճանցիները՝ եղբայր, երբ մարդկայնութեան գաղափարներով եկած մսագործ-բոլշեւիկները սկսան քանդել անկախութեան մտքի բոլոր սիւները, անոնք փորձեցին լուալ մեր յիշողութիւնը, հարթել զայն ու դարձնել մոմի պէս ճկուող, որ կարելի է ծռել որեւէ ուղղութեամբ: Բոլշեւիկները յայտարարուեցան որպէս փրկիչներ ու հայ ժողովուրդի զաւակները՝ յատկապէս 30-ականներուն ծնածները երբեք ալ չիմացան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը քանդած են ռուսերը ու թուրքերը միասնաբար, չիմացան, որ 1919-ին, երբ ռուսերը բաւականաչափ հեռու էին, իսկ Քեմալը` դեռ թոյլ, կարելիութիւն կար յարձակելու Թուրքիոյ վրայ, որ կը խեղդուէր իր վէրքերուն մէջ ու յոյներուն առջեւ անկանոն կը նահանջէր: Չիմացան, որ կարելի էր Թուրքիան հարուածել նաեւ արեւելքէն ու միանգամըդմիշտ վերացնել մարդասպաններու սուլթանութիւնը: Չիմացաւ, որ ամիսներ շարունակ Պաքուի մէջ արեւելքի ժողովուրդներու համագումար տեղի կ’ունենար, ուր հայերը կը ներկայացուէին որպէս նախայարձակ, իմբերիալիսթ, հակամարդկային:
Հայ ժողովուրդի մէկ մեծ հատուածը այդպէս ալ չիմացաւ ու չհասկցաւ, որ ժամանակի ընթացքին իրմէ կը խլեն իր յիշողութիւնը: Երբ 1967-ին, Հայաստանի մէջ սկսան կառուցուել Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը, իսկ 1968-ին` Սարդարապատը, հայերը ցնծութեան մէջ էին, որ վերջապէս Մոսկուա արտօնութիւն կու տայ յարգելու ազգային յուշերը, ու այդ ցնծութեան մէջ չնկատեցին, թէ ինչպէս Թուրքիոյ հետ Խորհրդային Միութեան յարաբերութիւնները կը վատթարանային, որ Թուրքիա 1958-ին անդամակցած էր ՆԱԹՕ-յի, որ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանով Մոսկուա իր վրայէն կը մաքրէր կայսրութեան ու բոլշեւիկեան մեղքը ու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը դնէր միայն թուրքերու վրայ, որ Սարդարապատի կառուցումը նուիրուած էր թուրքերու դէմ տարած յաղթանակին, բայց ոչ երբեք հայոց պետականութեան` Առաջին Հանրապետութեան ստեղծումին: Շատերը նոյնիսկ չէին գիտեր, թէ ինչ տեղի ունեցած էր 1917-1920 թուականներուն, այնպէս ինչպէս չէին գիտեր, որ Առաջին Հանրապետութեան տարածքները ռուսերն ու թուրքերը բաժնուած էին իրար մէջ 1921-ին: Պատմութիւնը կը լռէր, իսկ վկաները` մեռած էին:
Ու այսօր, մենք Առաջին Հանրապետութիւնը վերարժեւորելու պահանջ ունինք: Ոչ թէ ու ոչ միայն այն պատճառով, որ կարելի է յիշել, յուզուիլ եւ հպարտանալ, այլ, որ ոչ թէ երկնային հրաշք մըն էր տեղի ունեցածը, այլ ժողովուրդի մը գերագոյն ջանքերուն լարումով ստեղծուած իրական ու կարեւոր արժէք մը: Այն ինչ որ տասնամեակներով խոստացած էին ռուսերը, բայց երբեք չէին կատարած, ի վերջոյ իրականացուցած էինք մենք` հայերս, առանց որեւէ մէկուն օգնութեան: Մենք որոշած էինք ապրիլ, առանց որ մէկը յուշէ զայն: Այսօր, մենք, յիշելով Մայիսեան հերոսամարտերը, կը հպարտանանք, բայց բաւարար չափով չենք հասկնար, որ այդ հերոսամարտերն ու անկախութիւնը նոյն երեւոյթն էին, մէկ մետալին երկու երեսները: Անոնք առանձին չէին: Ու մենք այսօր ալ չենք հասկնար մեր այժմու Երրորդ Հանրապետութեան իսկական արժէքը: Մենք մեզի թոյլ կու տանք զբաղելու մանրախնդրութեամբ ու յիմարութիւններով, երբ հին «բարեկամներն» ու թշնամիները կը շարունակեն ակռայ սրել մեզի դէմ:
Առաջին Հանրապետութիւնը հրաշապատում հեքիաթ մը չէ, ոչ ալ քէֆերու ժամանակ հպարտանալու առիթ: Ան մեր ռազմական ու քաղաքական մտքի մեծագոյն իրագործումներէն մէկն է, զոր մենք պիտի յարգենք` հասկնալով, հպարտանանք` զգալով, այլապէս մենք չենք հասկնար Երրորդ Հանրապետութիւնը, ինչպէս չհասկցանք Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակին էութիւնն ու 44-օրեայի պարտութեան իրական պատճառները: Եւ եթէ չհասկնանք, ապա բացառուած չէ, որ ապագային պիտի չյիշեն մերօրեայ մանր-մունր վէճերն ու կռիւները, այլ միայն պիտի զարմանան, թէ այդ ինչպէ՞ս չնկատեցինք ակնյայտը եւ չկատարեցինք ամենէն կարեւորը: Այնպէս ինչպէս մենք կը զարմանանք, երբ յետադարձ ակնարկով կը նայինք Առաջին Հանրապետութեան յուշերուն ու կը զարմանանք, թէ ինչպէ՞ս չնկատեցին, ինչպէ՞ս չհասկցան:
Յարակից բովանդակութիւն
Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ
Իսկ կրնա՞նք: Կրնա՞նք ինչ որ բան պարտադրել Թուրքիոյ: Գործնականօրէն, գետնի վրայ, կրնա՞նք պարտադրել, ստիպել, համոզել: Ոչ թէ իրարմէ պահանջել ու
Կը մնայ միայն յիշել մեր խոկումի եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը, եւ մանաւանդ յիշեցնել՝ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ հարկաւոր է համազգային կամքով՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ, ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ
Զգո՛յշ, «փափուկ ամբողջատիրութիւնը» կը քանդէ հաւաքական մեր կեանքը
Ժամանակակից աշխարհին մէջ, գաղափարներու եւ կարծիքներու ազատ արտայայտութեան իրաւունքը կը նկատուի ժողովրդավարութեան հիմնաքարներէն մէկը, եթէ ոչ գլխաւորը: Սակայն, քաղաքական կեանքի մէջ յաճախ կը նշմարենք «ազատական» երեւոյթներուն ետեւ թաքնուած վերահսկողութեան աւելի նուրբ ձեւ մը, զոր պիտի կոչենք «փափուկ ամբողջատիրութիւն»: Այս եզրը բնականօրէն նորութիւն մը չէ, այլ կը կիրարկուի քաղաքական օտար գրականութեան մէջ, բայց հայ իրականութեան մէջ գրեթէ ներկայ չէ ո՛չ իբրեւ եզր, ո՛չ ալ իբրեւ բացատրութիւն՝ թէեւ լայն կերպով կը կիրարկուի հեղինակութիւն ունեցող բոլոր շրջանակներուն կողմէ, պետական, կուսակցական, յաճախ միութենական ու թաղային իշխանութիւններու կողմէ:
Ի տարբերութիւն բացայայտ քաղաքական ճնշամիջոցներու կամ ահաբեկող ձեւերու, գերակայութիւն եւ տեսակէտ պարտադրելու այս ձեւը ի գործ կը դնէ բարոյական չափանիշներ` ընդհանրապէս պատմական կամ գաղափարական հիմքերով, զորս մարդիկ կը վախնան հատելէ: Այս նուրբ մօտեցումը կրնայ նո՛յնքան արդիւնաւէտ ըլլալ այլախոհութիւնը, այլակարծութիւնը ճնշելու եւ հանրային խօսոյթի վրայ ազդելու՝ շատերը առաջնորդելով ինքնագրաքննութեան եւ հեռու պահելով զանոնք իրենց իսկական մտածածը արտայայտելէ:
«Փափուկ ամբողջատիրութիւնը» կը ծաղկի բարոյական եւ գաղափարական սահմաններ ստեղծելով ու պարտադրելով զանոնք: Իշխանութիւններ, քաղաքական կուսակցութիւններ եւ որոշ հեղինակութիւն վայելող խմբակցութիւններ ու ազդեցիկ անձեր կը զեղծեն պատմութիւն եւ չափանիշեր, եւ կը թելադրեն այն, թէ ի՞նչ բան ընդունելի է ըսել… կամ նոյնիսկ մտածել: Այս բոլորը կը կատարուին ոչ թէ ուղղակի սպառնալիքներով կամ բռնութեամբ, այլ ընկերային հարկադրանքի եւ մշակութային գրաքննութեան միջոցով: Ընկերային պարտադրանքը կը վերաբերի գործադրուող ճնշումի ձեւերուն՝ շրջապատը որոշ համոզումներու կաղապարին մէջ պահելու միտումով:
Այս անուղղակի ճնշումները, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, յաճախ կը կիրարկուին նոյնիսկ բարեկամներու միջեւ, անհրաժեշտ պարագային կը դիմուին մշակութային արժէչափերու կամ կը ստեղծուի, կը պատրատուի կանխամտածուած հանրային կարծիք մը, որմէ շեղիլը կը դառնայ մեղքի համազօր: Այս անուղղակի ճնշումները կը ստիպեն շատերը գործելու այնպէս եւ որդեգրելու այնպիսի կեցուածքներ, զորս այլապէս պիտի մերժէին՝ պարազապէս խուսափելու շրջապատի դժգոհութենէն, հանրային ամօթանքէ, օտարուելէ՝ «ծուռ աչքով» նայուելէ, ինչպէս կ’ըսեն: Անհատներ որոնք կը համարձակին դուրս գալու այս գիծերէն, վտանգի տակ կը դնեն իրենց ընկերային դիրքը, եթէ մտահոգ են անոր պահպանումով. կրնան նոյնիսկ ասպարէզային վնասներու ենթարկուիլ՝ պաշտօն կամ յաճախորդ կորսնցնելով: Հետեւա՞նքը, շատեր այս անտեսանելի գիծերը անցնելու վտանգներուն փոխարէն` կ’ընտրեն լռութիւնը:
«Փափուկ ամբողջատիրութեան» կիրարկումի եղանակները ընդհանրապէս հիւսուած կ’ըլլան հասարակական կառոյցներու հետ: Լրատուամիջոցներ, կրթական հաստատութիւնները եւ ընկերային ցանցերը յաճախ հիմնական դեր կը խաղան յաւէրժացնելու բարոյական այս շինածոները: Ընտրովի ու կողմնակալ լրատւութեան եւ գաղափարական զատուած կարգախօսերու միջոցով այս հաստատութիւնները կը պարտադրեն նախաձեւուած եւ ընդուելիի վերածուած այս նորմերը: Ընկերային ցանցերը կը բազմապատկեն անոնց ներգործութիւնը, ուր ամբոխային մտածելակերպը արագօրէն կը դառնայ տիրական, եւ այլախոհ ձայները կը խեղդուին դատապարտումի ալիքի մը մէջ:
Այս երեւոյթը յատկապէս մտահոգիչ է, որովհետեւ ան կը գործէ բարոյականութեան եւ ընդհանրական բարիքի քօղին տակ: Ենթարկուածութիւն ստեղծելու այս ճնշումը չի ներկայացուիր իբրեւ քաղաքական խաղ, այլ իբրեւ հասարակական որոշ արժէքներ պահպանելու հրամայական մը: Այս հնարամտութիւնը կը դժուարացնէ խաղին բացայայտումը եւ անոր ընդդիմանալը, որովհետեւ որեւէ ընդդիմութիւն կրնայ մեկնաբանուիլ իբրեւ յարձակում լայնօրէն ընդունուած սկզբունքներու դէմ: Հետեւաբար, զանգուածները, իրենց դրածոյ տրամաբանութեամբ, կը դառնան պարտադրուած իրավիճակի մը պահպանման մեղսակիցները, ընդհանրապէս անգիտակցաբար:
«Փափուկ ամբողջատիրութեան» ազդեցութիւնը շատ մեծ է: Երբ մարդիկ կը վախնան արտայայտելէ իրենց իսկական կարծիքը, հանրային քննարկումը ո՛չ միայն կը դառնայ աղքատ, այլեւ թունաւոր ու հայհոյաքներով լեցուն, գերազանցօրէն յետադիմական: Նորարարութիւնն ու յառաջդիմութիւնը, որոնք կը զարգանան տարբեր գաղափարներու ազատ փոխանակումով, կը խեղդուին: Կարեւոր եւ վիճելի հարցերը կը մնան անլոյծ, որովհետեւ պարտադրուած բարոյական արուեստական կանոնները իրե՛նք կ’որոշեն, թէ ո՞ր հարցերը արժանի են քննարկումի: Աւելին, ընկերային-հասարակակակ հետեւանքներու վախը կրնայ առաջնորդել ինքնագրաքննութեան, երբ անհատներ կ’իւրացնեն այդ սահմանափակումները եւ այլեւս չեն ալ մտածեր այլընտրանքային տեսակէտներու մասին:
«Փափուկ ամբողջատիրութեան» երեւութապէս կիրարկած նուրբ միջամտութիւններուն եւ անոր գործած աւերներուն ճանաչումն ու դիմակալումը կենսական նշանակութիւն ունի հաւաքականութիւններու յառաջդիմութեան համար: Անոր դիմաց, քննական մտածողութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեան յարմար ենթահողի, միջավայրի ստեղծումը, ուր տարբեր կարծիքներ կը հանդիպին ու քննականօրէն կ’արծարծուին, շատ կարեւոր է հանրային առողջ խօսոյթ յառաջացնելու: Լրատուամիջոցները պէտք է առաջնահերթութիւն տան անաչառութեան եւ խուսափին գաղափարական միակերպութիւն պարտադրելէ: Ընկերային հարթակները պէտք է խթանեն յարգալից խօսակցութիւններ եւ պաշտպանեն օգտատէրերը, բոլորը օգտատէրերը՝ նախատինքներէ եւ հայհոյանքներէ. արհեստագիտութիւնը կրնայ նպաստել: Տակաւին, անհատներ իրե՛նք կրնան պայքարիլ եւ հակազդել «փափուկ ամբողջատիրութեան» լուռ բռնադատութեան՝ կասկածի տակ առնելով պարտադրուած բարոյական նորմերը եւ ստեղծելով ազատ եւ յարգալիր արտայայտուելու տարածքներ:
Անհեթեթ է ժողովրդավարութեան, ոչ ալ միասնականութեան մասին խօսիլ, երբ «փափուկ ամբողջատիրութիւն» կը կիրարկուի մեր իրականութեան մէջ:
Յարակից բովանդակութիւն
Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ
Իսկ կրնա՞նք: Կրնա՞նք ինչ որ բան պարտադրել Թուրքիոյ: Գործնականօրէն, գետնի վրայ, կրնա՞նք պարտադրել, ստիպել, համոզել: Ոչ թէ իրարմէ պահանջել ու
Կը մնայ միայն յիշել մեր խոկումի եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը, եւ մանաւանդ յիշեցնել՝ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ հարկաւոր է համազգային կամքով՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ, ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ
Երկու աշխարհներու միջեւ՝ Սիլվային հետ
Տարբերակ21-ի «խօսինք ու լսենք» podcast-ի զրուցակիցն է Սիլվա Իսկիկեան Մահրսերէճեանը: Հարազատ լիբանանահայ, բայց նաեւ պարտադրաբար Լոս Անճելըսի մէջ, Սիլվան կը բնորոշէ տարբեր աշխարհներու մէջ տուայտող հայու Իրավիճակը: Օգտագործելով գրելու իր տաղանդը, Facebook-ի մէջ իր գրառումներով, ան արդէն դարձած է հանրածանօթ դէմք մը՝ արծարծելով հայ սփիւռքի, հայ մշակոյթի եւ հայ ինքնութեան մասին իր մտորումները՝ ստեղծագործական իրեն յատուկ ոճով:
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ

Մայք Յակոբեան՝ տաղանդաւոր արուեստագէտ մըն է եւ մօրս կողմէ երկրորդ զարմիկ մը։ Ան իր կարեւոր հետքը ձգած է գեղանկարչութեան, երաժշտութեան, գրականութեան եւ բանաստեղծութեան աշխարհին մէջ։ Անոր մեծհայրը՝ «Աշըք (աշուղ) Խաչերը», մեծհօրս՝ «Հաննէս աղբար»ին (Յովհաննէս Պոյաճեան) եղբայրն էր։ Մինչեւ Մայքին արտագաղթը Լիբանանէն՝ 1983-ին, քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, յաճախ կը հանդիպէինք ընտանեօք:
Մայք խորապէս ազդած է երաժշտութեան հանդէպ իմ ունեցած սիրոյս վրայ: Կարօտով կը յիշեմ այն օրերը, երբ կ’այցելէինք իրենց բնակարանը Պէյրութի Խալիլ Պատաուի թաղամասին մէջ՝ ուր կ’ունկնդրէինք հայկական ու արեւմտեան «փոփ» երգ ու երաժշտութիւն։ Ձայնապնակներու 33 եւ 45 «թուր»երու օրերն էին:
Այդ օրերուն Ատիս Հարմանտեան սկսած էր տիրական դէմք դառնալ Պէյրութի մշակութային կեանքին եւ հայ երիտասարդ սերունդին մէջ։ Հասմիկ Մանասէրեանն ալ նոյնպէս ծանօթ անուն մը դարձած էր, ինչպէս նաեւ՝ Ժագ Գոճեանը, որ յատկանշական ներդրում ունեցած է սփիւռքի արդի հայկական «էսթրատային» երաժշտութեան ու անոր զարգացման եւ տարածման ջանքերուն մէջ: Առաջին անգամ Մայքէն լսած եմ այս անունները: Դեռ չեմ խօսիր աննման «Պիթըլզին» մասին, որուն երկրպագուն դարձայ հետագային եւ մինչեւ վերջ:
Մայքին ջերմ, ընկերասէր եւ սիրառատ բնաւորութիւնը անմոռանալի դարձուցած են այդ պահերը: Կը յիշեմ նաեւ անոր վաղ շրջանի գեղանկարները, որոնք կը զարդարէին իրենց տան պատերը՝ իբրեւ վկաները անոր զարգացող տաղանդին:
Այս յօդուածով պիտի փորձենք քննարկել Մայք Յակոբեանի հարուստ կենսագրութիւնը՝ խորանալով անոր կեանքին, կրթութեան եւ աշխատանքի ու արուեստի տարբեր աշխարհներէ քաղած կենսափորձին մէջ, որոնք զինք ձեւաւորած են իբրեւ արուեստագէտ:
Պիտի փորձենք նաեւ թափանցել անոր գեղարուեստական անհատականութեան մէջ՝ վեր հանելով իր ստեղծագործական առանձնայատկութիւններն ու կրած ազդեցութիւնները: Վերջապէս, կ’անդրադառնանք երաժշտութեան եւ բանաստեղծութեան հանդէպ Մայքի ունեցած խոր սիրոյն, եւ թէ ինչպէս այդ յոյզերը կը միահիւսուին եւ կ’ամրապնդեն իր նկարչական արուեստը ու զինք կը վերածեն ամբողջական արուեստագէտի մը:
* * *
Գոյներու եւ յոյզերու երգիչը, ահա այսպէս կը բնութագրեմ Մայք Յակոբեան արուեստագետն ու երգահանը։ Անոր գեղարուեստական նկարագիրը հիւսուած է անկեղծութէամբ, խոնարհութէամբ եւ իր արուեստին նկատմամբ աներեր յանձնառութեամբ: Մայքի գործերուն հետեւողը կը հիանայ անոր ջերմ, հոգեհարազատ գոյներու, գիծերու եւ ձեւաւորումերու նրբագեղցկութեամբ:
Պէյրութ ծնած, Մայք նկարելու իր ձիրքը յայտնաբերած է ՀԲԸՄ-ի Յովամիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանին մէջ, ուր տնօրէն Արա Թօփճեանի եւ արուեստի ուսուցիչ Վազգէն Թիւթիւնճեանի դաստիարակութիւնը առանցքային դեր ուեցած է իր զարգացման մէջ: Հակառակ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառած արհաւիրքներուն, Մայքի նուիրումը արուեստի հանդէպ երբեք չէ ցնցուած, բայց պարտադրած է իրեն հեռանալու իր պաշտած երկրէն։ Աշխատանքային երկար թափառումներէ ետք, ան հաստատուած է Գալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքը, ուր շարունակած է ու կը շարունակէ ստեղծագործել՝ միշտ անսալով իր ներքին ձայնին:
Մայքի պաստառները կը բնութագրուին իրենց վառ գոյներով եւ համարձակ գիծերով, որոնք կը դրսեւորեն իր ներքին խորաթափանց զգացումները եւ կեանքի նկատմամբ լաւատես աշխարհայեացքը: Ան իր ներշնչումը առած է համաշխարհային համբաւի տիրացած տպաւորապաշտ եւ ֆովիսթ (impressionist եւ fauvist) արուեստագէտներէ, ինչպէս՝ Վասիլի Քանտինսքի, Փոլ Կոկէն, Վինսընթ վան Կոխ եւ Հանրի Մաթիս: Այս ազդեցութիւնները ակնյայտ են իր ստեղծագործութիւններուն արտայայտած աշխուժութեան եւ կենդանութեան մէջ, որոնք ընդհանրապէս ուրախութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծեն իրենց շուրջ: Ան կ’ուզէ լոյսով եւ երջանկութեամբ ողողել դիտողին հոգին:
Փոքր տարիքէն իսկ Մայք կը դրսեւորէ անհատականութեան լուրջ, խելացի եւ աշխատասէր յատկութիւններ, որոնք ոչ միայն նշմարելի են իր անձնական կեանքին, այլեւ՝ գեղարուեստական գործերուն մէջ: Անոր նկարները միաձուլուած են իւրայատուկ գիծերու, ձեւերու եւ գոյներու ներդաշնակութեամբ՝ ստեղծելով հրաշալի խորհրդաւորութեամբ, խաղաղութեամբ եւ լոյսով յագեցած միջավայր մը: Անոր բոլոր աշխատանքները ուշագրաւ ձեռքբերումներ են իրենց ոգիով եւ բանականութեամբ։
Մայք կը հաւատայ, որ արուեստը պէտք է ցոլացնէ արուեստագէտին հոգին եւ հանդիսանայ անոր ներքին յոյզերուն թարգմանը, եւ ոչ թէ պարզ վերարտադրողը իրականութեան: Այս աշխարհայեացքը խորապէս արմատաւորուած է անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ, ուր իւրաքանչիւր գեղանկար ունի իր պատմութիւնը՝ թէ՛ անձնական եւ թէ՛ մշակութային խորքով:
Ան յաջողած է կերտել գեղարուեստական եւ կենսունակ աշխարհի մը իր սեփական տեսլականը: Անոր ինքնատպութիւնը, նուիրուածութիւնն ու խանդավառութիւնը կ’արդիւնաւորուին արուեստի լուսաւոր գործերով: Չմոռնանք, որ հոն ներդաշնակութիւնն է որ կը տիրէ, եւ այս համադրութիւնը կ’արտացոլայ նիւթերու գիծերուն եւ գոյներուն մէջ: Մայք խոր հետազօտող մըն է բնութիւնը, ու ինքզինք կ’արտայատէ ինքնավստահօրէն, հետեւողական կշռոյթով, իմացական ոգիով եւ մշտադալար կորովով՝ ստեղծելով կենսայորդ աշխարհ մը, որ միայն հիացմունք կը պատճառէ դիտողին:
Ազդուելով իր ժամանակի մշակոյթներէն, Մայքին արուեստը կը թափանցէ այն միջավայրերու իւրայատկութեանց մէջ, ուր ան ապրած է, ինչպէս՝ Լիբանան, Ափրիկէ, Լոնտոն, Ֆրանսա եւ այլուր: Անոր գեղանկաները դրոշմուած են այս վայրերու յուշերով եւ տպաւորութիւններով` կտաւի վրայ փոխադրելով իր գտնուած վայրերուն եզակի գեղեցկութիւններն ու փորձառութիւնները: Անոր ստեղծագործութիւններուն վառ գոյներն ու համարձակ գիծերը կը դրսեւորեն ապստամբութիւն մը արուեստի մութ, միջնադարեան ըմբռնումներուն դէմ, ինչպէս զինք ոգեշնչած առաջին տպաւորապաշտները՝ իր իսկ խոստովանութեամբ:
Շատեր Մայքի գործերը կը համեմատեն հայրենի մեծ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանի վառ գոյներուն, սակայն ան կը մերժէ այս բաղդատականը ու կը հաստատէ թէ Սարեանի գործերը տեսնելէ շատ առաջ, ինք հմայուած էր Քանտինսքիի, Կոկենի, Վան Կոխի եւ Մաթիսի տպաւորապաշտ գործերով ու ազդուած անոնցմէ: Անոր հիացումը այս արուեստագէտներուն հանդէպ սկսած է դպրոոցական տարիներէն, երբ երկրորդական վարժարանի աշակերտական տարիներուն ան կ’այցելէր Պէյրութի «Librarie Du Liban» գրախանութը, ուր հանդիպած էր վերը յիշուած արուեստագետներու մասին գրուած գիրքերու, գնած զանոնք ու խորասուզուած անոնց արուեստի գաղտնիքներուն մէջ:
Այս գեղանկարիչներուն համարձակ եւ արտայայտիչ ոճերու, վառ գոյներու ծալքերուն բացայայտումը ձեւաւորած է Մայքին գեղարուեստական աշխարհահայեացքը: Ան կը հաւատայ որ արուեստը պէտք է ոգեշնչէ եւ վերացնէ` ստեղծելով հեքիաթային գեղեցիկ ու խորհրդաւոր աշխարհ մը՝ գիծերու, ձեւերու եւ գոյներու ներդաշնականութեամբ: Գեղագիտական այս մօտեցումը հիմնական տեղ կը գրաւէ Մայք արուեստագէտի ինքնութեան մէջ՝ զինք մղելով ստեղծագործելու գործեր, որոնք ո՛չ միայն գեղեցիկ են արտաքնապէս, այլեւ՝ խորապէս իմաստալից:
* * *
Մայք Յակոբեան բազմատաղանդ արուեստագէտ մըն է։ Անոր ստեղծագործական ոգին չ’արտայայտուիր միայն գեղանկարչութեամբ, այլ նաեւ՝ երաժշտութեամբ եւ բանաստեղծութեամբ: Ան խոր սէր ունի արուեստի այս սեռերուն հանդէպ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սնուցանէ եւ կը հարստացնէ միւսը՝ ստեղծելով ուրոյն եւ գեղարուեստական վառ ինքնութիւն մը, որ կը կոչուի «Մայք Յակոբեանի պայծառ արուեստ»:
Երաժշտութեան հանդէպ Մայքին սէրը կը ծաղկի երբ տակաւին պատանի աշակերտ էր Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանին մէջ, ուր նաեւ արմատաւորուած է իր նուիրումը բանաստեղծութեան նկատմամբ: Ոգեշնչուած 1960-ական թուականներու անգլիական «փոփ» (էսդրատային) խումբերէն, մասնաւորաբար «Beatles»էն, Մայք կ’երազէր ստեղծել իր սեփական էսդրատային խումբը: Ան կը սկսի երգեր գրել եւ կը խնդրէ իր դասընկերէն՝ Յարութ Սարգոյեանէն, որ կիթառ կը նուագէր դպրոցի HOVMANS նուագախումբէն՝ երաժշտութիւն յօրինել այդ խօսքերուն համար: Անոնք միասին կը պատրաստեն բազմաթիւ երգեր, որոնք եթէ հրապարակուէին, շատ հաւանաբար մեծ ժողովրդականութիւն վայելէին այդ օրերուն: Յովակիմեան-Մանուկեանը աւարտելէ ետք, Մայք կը մասնագիտանայ ճարտարագիտութեան մէջ իբրեւ senior highway civil draftsman ու այսպէս կը սկսի իր ճամբորդութիւններու եկար շարանը: Առաջին ճամբորդութիւններէն մէկուն՝ Ճետտայէն Պէյրութ վերադարձին, ան կը գնէ երգեհոն (organ) մը ու կը նուիրուի նաեւ երաժշտութեան՝ նոյնիսկ երկրին քաոսային պայմաններուն մէջ:
Մայքի համար երաժշտութիւնը պարզապէս ականջին հաճելի տարր մը չէ: Ան կը բխի ներքին պահանջէ մը, որ կը հետեւի իր գեղարուեստական տարերքին: Ան յաճախ կը գծէ ունկնդրելով թէ՛ արեւմտեան եւ թէ՛ հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն՝ անձնատուր ըլլալով մեղեդիներուն, որոնք թեւ ու թռիչք կու տան, կը ոգեշնչեն ու եռանդ կը հաղորդեն իր հոգիին: Երաժշտութեան եւ նկարչութեան այս միասնութիւնը ակնյայտ է Մայքի ստեղծագործութիւններու կշռութաւոր բնոյթին ու որակին մէջ, ուր գիծերը, ձեւերը եւ գոյները կը միաձուլուին՝ ստեղծելով տեսողական համանուագ մը, որ կ’արձագանգէ դիտողներու հոգիներուն մէջ:
Բացի երաժշտութենէն, գրականութիւնը եւ մասնաւորաբար բանաստեղծութիւնը նշանակալից դեր կը խաղան Մայքի գեղարուեստական կեանքին մէջ: Աշակերտութեան շրջանին, ան գրած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ մէկ քանին հրատարակուած են դպրոցի «Նուիրում» պարբերականին մէջ: Անոր ոտանաւորները, յաճախ միաձուլուած են արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն արտայայտութիւններով, ընդհանրապէս կը խօսին սիրոյ, հայրենասիրութեան, միասնականութեամբ պայքարի, ցեղասպանութեան եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մասին: Մայք հեղինակ է արուեստի մէկ քանի հատորներու, ուր պատկերուած են իր ապրած, զինք տպաւորած ու ոգեշնչած դէպքերն ու բնութեան տեսարանները: Այս բանաստեղծութիւնները պարզ են, բայց հարուստ՝ յոյզերով եւ պատկերներով: «Յոյսի համար» գործը, օրինակ, կ’արտայայտէ Մայքին տոկունութիւնը եւ կառչածութիւնը լաւատեսութեան՝ տառապանքի եւ տուայտանքի պայմաններու մէջ:
* * *
Մայք Յակոբեան բազմատաղանդ արուեստգետի սէրն ու նուիրումը գեղանկարչական արուեստին հանդէպ՝ զուգորդուած երաժշտութեան, գրականութեան եւ բանաստեղծութեան հետ, ցոյց կու տայ բազմազանութիւնը իր ստեղծագործական տաղանդին: Իր պաստառներուն, երգերուն եւ բանաստեղծութիւններուն միջոցով, ան իր ուրոյն ներաշխարհն ու աշխարհահայեացքը կը դարձնէ սեփականութիւնը իր լայն շրջապատին` բոլորը հրաւիրելով զգալու իր գեղարուեստական հոգիին գեղեցկութիւնն ու խորութիւնը:
Յարակից բովանդակութիւն
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը հովանաւորէ տարեկան մօտաւորապէս 100 զանազան չափի նախագիծեր շուրջ քսան երկիրներէ։
Ժամանակը կը սահի եւ մենք պատանեկութեան սեմին ենք արդէն։ Կը մտաբերեմ Վախտանգ Անանեանի «Յովազաձորի Գերիները», ուր քանի մը դպրոցական պատանիներ
Աւանդական մամուլը եւ լրատուամիջոցները հակակշռուած են կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք ակնյայտ կողմնակալութիւն եւ կուսակցականութիւն կը դրսեւորեն:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Երկնի վրայ ես գրում եմ`
Հայրենիք,
Բայց թխպում է,
Ամպն է պատում երկինքը․․․
Ամպի վրայ ես գրում եմ`
Հայրենիք,
Անձրեւում է
Ու ցնդում է թուխ ամպը․․․
Ես գրում եմ հողի վրայ`
Հայրենիք․
Բայց մնում է այն անհաղորդ,
Անբարիք:
Պայքարում եմ դարձնելու այն իմ տունը,
Մարտնչում եմ,
Քրտինք թափում,
Նոյնիսկ ոթում արիւնս,
Բայց մնում է նա անհաղորդ, անտարբեր,
Լոկ գրաւուած, արիւնլուիկ մի տարածք,
Չի բաբախում իմ սրտի հետ անձնուէր․․․
Ես կանգնում եմ հողի վրայ անսասան,
Տէր եմ կանգնում կեանք ու ցաւին զանազան,
Եսից դառնում մենք,
Դառնում ենք համակ ազգ,
Լեզու տալիս,
Ծաղկեցնում ենք մշակոյթ,
Քաղաքակրթութիւն հիմնում մերանձնեա․․․
Եւ ահա,
Հողը հաղորդւում է ինձնով ու մենքով,
Ջերմանում է մեր ազգութեամբ ու ոգով,
Վերաբերւում մեր արեանը ու գոյին,
Եւ դառնում է Հայրենիք:
Ո՛վ աշխարհ, ո՛վ երկիր, ո՛վ Հայաստան:
Յարակից բովանդակութիւն
Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով,
Առաւօտեան շշուկով երազի պէս ես դու,
Հեռուից արշալոյսի քնքուշ, փայլող աչքերով,
Քո շուրթերը զարդարուած վարդագոյն երանգով,
Այտերդ կարմրում են առաւօտեան հպումից:
Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը
Երիտասարդ ժողովրդապետը՝ երիտասարդութեան մասին
Տարբերակ21-ի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի զրուցակիցն է Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սահակ Քէշիշեանը: Հայր Սահակին հետ կը զրուցենք այս օրերու հայ երիտասարդին հոգեւոր եւ եկեղեցական ըմբռնումներուն մասին: Նաեւ՝ իր առաքելութեան մասին իբրեւ ժողովրդապետ ու ուսուցիչ: Հաճելի ունկնդրութիւն:
(Podcast-ի ձայնագրութիւնները կը կատարուին Սեդո Պաղտասարեանի սթիւտիոյին մէջ)
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
Լոյս է հարկաւոր հայ ժողովուրդին. խաւարէն միայն աղէտ կը ծնի
Աստուած ըսաւ. «Լոյս ըլլայ» ու լոյս եղաւ։ Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է ու Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց (Ծննդոց 1):
Աւետիք Իսահակեանի «Ամենապիտանի բանը» գործին մէջ, արեւելքցի թագաւոր մը իր երեք որդիներուն կը յայտնէ, թէ գահը պիտի կտակէ անոր, որ իր կառուցած մեծ շտեմարանը կը լեցնէ այնպիսի պիտանի բանով մը, որով երկիրը կը ծաղկի եւ ժողովուրդը կ’երջանկանայ: Անդրանիկ որդին բուռ մը ցորեն կը հանէ գրպանէն եւ կ’ըսէ, թէ հացով կը լեցնէ այդ շտեմարանը, քանի որ հացն է ամենէն պիտանի բանը: Միջնեկ որդին բուռ մը հող կը հանէ եւ կ’ըսէ, թէ հողով կը լեցնէ շտեմարանը, քանի որ հողն է ամենէն պիտանին․ առանց հողի հաց չկայ: Կրտսեր որդին մոմ կը հանէ գրպանէն, կը վառէ զայն եւ կ’ըսէ․
«լոյսով կը լեցնեմ այս ահագին շտեմարանը, իմաստուն հայր, լոյսով միայն: Շատ թափառեցայ, շա՛տ աշխարհներ տեսայ, բայց լոյսէն աւելի անհրաժեշտ ո՛չ մէկ բան գտայ: Լոյսն է ամենապիտանի բանը աշխարհի մէջ: Առանց լոյսի հողը հաց չի ծնիր, առանց լոյսի հողին վրայ կեանք չէր ըլլլար: Շա՛տ թափառեցայ, շա՛տ աշխարհներ տեսայ եւ գտայ, որ գիտութեան լոյսն է ամենապիտանի բանը, եւ միայն գիտութեան լոյսով կարելի է կառավարել աշխարհը»:
Եւ հայրը գահը կը կտակէ կրտսեր որդիին:
Այսօր մենք բոլորս լոյսի կարիք ունինք: Գիտութեան եւ կրթութեան լոյսի իրաւունք, քանի որ նոյնիքն այդ լոյսին բացակայութիւնն ու խաւարը մեզ կը նետեն յետամնացութեան անդունդը, ուր ոչ մէկ միտք կը ծնի, ոչինչ կը զարգանայ: Եւ յետամնացութեան խաւարը աւելի սարսափելի է, քան ամենէն մութ ճահիճը: Մենք, առանց չափազանցութեան, նման ճահիճի մը մէջ ենք` լճացած մեր խաւարին մէջ, ուր երբեմն միայն լոյսի ինչ որ արտացոլումներ կ’երեւին միայն, ուր խաւարը կ’արձագանգէ միայն խաւարին: Եւ այս կաթիլ մը չափազանցութիւն չէ: Ես երջանիկ կ’ըլլայի, եթէ չափազանցութիւն ըլլար, բայց ցաւով կը նշեմ, թէ մենք այսօր դատարկ շտեմարան մըն ենք, որ առայժմ լեցուած է դատարկութեամբ:
Մենք լոյսի կարիք ունենք այնպէս, ինչպէս կէսգիշերին իր սեփական տան մէջ խարխափող մարդը, որ, թէեւ անգիր գիտէ սենեակին չափը, գիտէ ուր ինչ դրուած է, բայց միեւնոյնն է, ոտքերը ձեւով մը առաջ կը շարժէ, կիսակռացած, վիզը` ձգած, ձեռքերը առջեւ պարզած ու միշտ վախով, որ հոն` մութին մէջ միշտ ինչ որ բան մը կայ: Ու երբ մութին մէջ որեւէ բան կը չխկայ, ապա իր իսկ սեփական տան մէջ գտնուող մարդը պատրաստ է նոյնիսկ հաւատալու, որ իր տան մէջ վիշապ կայ: Բայց ահա երբ կը միացնէ լոյսը, ամբողջ սարսափը կ’անհետանայ նոյն պահուն, ամէն ինչ կ’երեւի պարզ ու վախն ալ՝ անհեթեթ :
Բայց եթէ մարդը կրնայ վախնալ կամ ոտքը զարնել որեւէ աթոռի եւ պահարանի նոյնիսկ երբ գիտէ, թէ ուր կը գտնուի լոյսը, ապա տգիտութեան խաւարին մէջ սողացող ժողովուրդը չի գիտեր, թէ յաջորդ քայլին իր ոտքը ինչի՞ կը հանդիպի: Չի գիտեր, թէ արդեօ՞ք փոքր փոս մըն է իր առջեւը, թէ՞ գահավէժ անդունդ մը: Եւ իւրաքանչիւր քայլը կրնայ վերջինը ըլլալ, որովհետեւ մթութեան մէջ չես գիտեր, թէ ուր կ’երթաս: Ժողովուրդը կրնայ կործանիլ իր այդ տեւական մթութեան պատճառով: Եթէ չկործանի ալ, ապա թերեւս դառնայ խաւարասէր, գիշերային որեւէ միջատ կամ կենդանի, որ արդէն կ’ուզէ լոյսէն փախչիլ, որովհետեւ ինք արդէն վարժ է խաւարին:
Նկատա՞ծ էք, որ նոյնիսկ քանի մը վայրկեան զանոնք փակ պահելէ ետք, երբ կը բանանք ձեր աչքերը, ապա դժուար կը յարմարիք լոյսին: Նոյնն է պարագան ժողովուրդին: Երկար ժամանակ խաւարի մէջ մնացած ժողովուրդը կրնայ չյարմարիլ լոյսին, մերժել զայն, փախչիլ անկէ: Խաւարի մէջ ոչինչ կը ծաղկի, ոչինչ կ’ապրի, ոչինչ կը զարգանայ: Խաւարի մէջ չեն ապրիր՝ կը մահանան:
Մենք լոյսի կարիք ունինք, որովհետեւ միայն լոյսի մէջ կրնանք տեսնել մենք զմեզ ու մեր ճանապարհը, մեր աշխարհը: Տեսնել, ուր կը գտնուինք: Միայն լոյսով կրնանք տեսնել ճամբան ու չգահավիժիլ անդունդ: Լոյսը կեանքի գրաւականն է: Եւ այդ լոյսը ժողովուրդին համար` կրթութիւնն ու գիտութիւնն է: Միայն կրթութիւնն է, որ անօրէն ամբոխը կը վերածէ գիտակից ժողովուրդի, այնպէս, ինչպէս, որ խաւարը կրնայ ամենէն բարեպաշտ ժողովուրդը վերածել սատանայապաշտի:
Եւ այսօր մենք բոլորս լոյսի կարիք ունինք որեւէ ժամանակէ աւելի: Եւ այդ լոյսը միայն տառերը ճանչնալը չէ, այլ սկզբունքայնօրէն կիրթ ու գիտակից ըլլալը: Հիմա խաւարը կ’արտայայտուի կիսագրագիտութեամբ, կենցաղային իմաստակութեամբ, գռեհկութեամբ, սինիզմով, այլամերժութեամբ, պատեհապաշտութեամբ եւ այլն: Հիմա մարդիկ կարդալ գիտեն, ի տարբերութիւն անցեալ դարերու: Բայց ի՞նչ պէտք է կարդան անոնք: Եւ հայոց մտաւորականները կամ անոնք, որ իրաւունք ունին այդ անուամբ հպարտանալու, արդեօք կը գիտակցի՞ն, որ ճիշդ այս պահուն իրենց դիմաց կը կործանի սերունդ մը եւս: Արդեօք կը գիտակցի՞ն, որ պարզապէս գիրք գրել ու մէկ կողմ քաշուիլը բաւարար չէ: Որովհետեւ միայն լոյսը այլեւս բաւարար չէ, լոյսը պէտք է մեծցնել, շատցնել, բազմապատկել: Որովհետեւ մարդիկ իրենք իրենց պարզ չեն երթար լաւին ետեւէն, եթէ անոնց այդ լաւը չսորվեցնեն, չուսուցանեն: Բոլորն են կը հասկնան, որ մանուկներուն Քանթ չեն դասաւանդեր: Մանուկներուն համար նոյնն են Քանթն ու Խիկար Իմաստունը: Կը նշանակէ, թէ Քանթ կը կարդայ ան, որ այդքա՛ն իմաստուն է դարձած: Բայց ո՞վ պիտի կրթէ, ո՞վ լոյսի մասին պիտի խօսի: Ո՞վ, ո՞ր մտաւորականը այնքա՛ն քաջ է, որ նաեւ ուսուցանելու խիզախութիւն ունի: Որովհետեւ, եթէ իր ժողովուրդը անգէտ մնայ, ապա պիտի չհասկնայ զինք, նոյնիսկ եթէ ան նոր «Ֆաուսթ» մը ստեղծած է:
Յիսուս Քրիստոս մարդիկ փրկելու եկաւ Ուսուցիչի եւ ոչ թէ պարզապէս իմաստունի կերպարով: Ան եկաւ իր վարդապետութեամբ, եկաւ սորվեցնելու, եկաւ ցոյց տալու չարն ու բարին: Ան եկաւ ո՛չ միայն մեր մեղքերը քաւելու, այլ ընտրութեան իրաւունքէն բացի, ճանչնալու հնարաւորութիւն տալու մեզի. որ մարդը հասկնայ լոյսի ու խաւարի տարբերութիւնը: Եւ ճիշդ մեր մեծ Ուսուցիչը մեզի սորվեցուց եւ սորվեցնելէն բացի, պատգամեց, որ միւսներն ալ երթան, քարոզեն լոյսը, ճշմարիտը, որովհետեւ իր աստուածային մեծութեանը յատուկ բարութեամբ գիտէր, որ չի կրնար դատել մէկը, որ ծանօթ չէ լոյսին:
Եւ այժմ, մենք կրնա՞նք պնդել, որ հիմա բոլորը կը ճանչնան լոյսը ու սիրեն զայն: Արտաքուստ, ծիսական առումով՝ թերեւս: Բայց այս ի՞նչ դժբախտութիւններ կը պատուհասեն մեզ ու մեր հայրենիքը: Կրնա՞յ ըլլալ որ լոյսը ճանչցող ժողովուրդ մը ինքնակամ իր ճակատագիրը կը վերածէ սարսափի ձորի: Եւ ինչո՞ւ չի ճանչնար: Ո՞ւր են անոր ուսուցիչները:
Եւ այս բոլորին միակ պատճառը այն է, որ մենք այսօր ականակիր խաւարի մատնուած ենք: Ու չկան անոնք, որոնք ոչ թէ կը գրեն ու կը ստեղծագործեն իրենք իրենց համար, այլ անտէր չեն թողուր իրենց ժողովուրդը, կը կրթեն զայն, կը դաստիարակեն: Երիտասարդներն ու պատանիները ի սկզբանէ չեն համարեր անիծուած այլասերածներ, որոնց կը հետաքրքրէ միայն սեռային այլանդակ կեանքն ու դրամին գայթակղիչ ճամբան, որուն հասնելու համար բազմաթիւ արժանապատւութիւններ կը խորտակուին: Արդեօ՞ք դեռ մեր մէջ կան անոնք, որոնք կը փորձեն իրենց ժողովուրդը կրթել, գիտութեան լոյսով լուսաւորել անոնց վաղուան ճանապարհը, որ վաղը մենք հասկնանք, թէ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը ուր կը տանինք: Կը տանինք դարուփոս ճամբաներո՞վ, թէ՞ արդէն հասած ենք անդունդի եզրին:
Եւ, վաղը, հերթական սարսափի մը շեմին, մեզմէ քանի՞ հոգին ինքզինք պատասխանատու պիտի նկատէ այն աղէտին համար, որ իր գլխին շարունակաբար կը բերէ խաւարի մէջ մնացած մեր ժողովուրդը: Եւ դեռ քանի՞ անգամ մեր ժողովուրդը պիտի տառապի սխալելով ու տապալելով, մինչեւ որ իր իմաստունները զայն ալ յիշեն ու մեռելները յիշելու ժամանակ՝ ողջերը չմոռնան:
Լեհ գրող Հենրիք Սենքեւիչի «Յո՞ երթաս» (“Quo Vadis” – 1896) գիրքին մէջ (լեհերէնէ թարգմանած է ազգագրագրէտ Ստեփան Լիսիցեան), երբ Պետրոս առաքեալ մահէն պրծելու համար խոյս կու տայ Հռոմէն, անոր կ’երեւի Քրիստոսը, որ դէպի Հռոմ կ’ուղղուէր: Պետրոս ապշահար կը հարցնէ․ «յո՞ երթաս (ո՞ւր կ’երթաս) Տէ՛ր» եւ Պետրոսի ականջին կը հասնի տխուր ու քաղցր ձայն մը, որ կ’ըսէր.
– «Կ’երթամ Հռոմ երկրորդ անգամ խաչուելու»:
Պետրոս կը հասկնայ Քրիստոսի անուղղակի թելադրանքը ու կը վերադառնայ Հռոմ՝ ընդուելով, որ իրաւունք չունի թողելու իր ժողովուրդը, որովհետեւ Քրիստոսն ալ զիրենք չէր լքած: Եւ արդեօ՞ք մեր մէջ կ’արթնանան անոնք, որոնք կը հասկնան, թէ իրաւունք չունին թողելու իրենց ժողովուրդը, որովհետեւ ան կրնայ կորչիլ տգիտութեան խաւարին մէջ:
Եւ կ’արթննա՞ն արդեօք:
Եւ դեռ քանի՞ անգամ պիտի խաչուի Քրիստոսը:
Յարակից բովանդակութիւն
Եւ ձիթենու բուրումնաւէտ ճիւղերով
Ամբոխները զինավառ
Ծաղկազարդի խաղաղութեան պերճանքով
Գալն են տօնում հրաշափառ։
Տիգրան Թերզեան արժանացած է հալէպահայութեան եւ այլ համայնքներու յարգանքին՝ իր յիսունամեայ բեղուն գործունէութեան համար։
Հայոց պատմութեան գրեթէ ամէն ինչի՝ քիչ թէ շատ նշանակալի որեւէ իրադարձութեան մէջ մենք ունինք դաւաճանի կերպար մը, ոչ թէ պարզապէս