ԿԻԶԱԿԷՏԻՆ

Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (22)

ԵԶՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Գիտութեան կամ արուեստի այս կամ այն ասպարէզին միայն յատուկ եզրերու (գիտական բառերու) ամբողջութիւնը: Խնդիրը պայմանագիրը անօրինական նկատելու հրամայականին վրայ կը կեդրոնանայ. իսկ եզրաբանութիւնը կարեւոր է այս պարագային:

Աւելին

Մեհեան

գրական

ԶՐՈՅՑ ՄԵԾՆ ՏԷՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Բարե՛ւ, Մե՛ծդ,
Կը դեգերիմ աշունաբոյր խոհական անդաստանիդ մէջ անծայր,
ծալքերուն մէջ թագնուած, ես կ՛որոնեմ թախծախիտ
աշխարհներդ հրաբորբ,

Ահեկան

ընկերագիտական

«Homo Consumens»․ Սպառողականութեան պաշտամունքը եւ մարդուն մշակութային մահը

Մշակութային արդիւնաբերութիւնը հասարակութեան կառավարման եւ դրամատիրական կարգի վերարտադրութեան գլխաւոր գործիքներէն մէկն է: Անոր միջոցով զանգուածներուն կը պարտադրեն կեղծ արժէքներ:

Մեքենան կրնա՞յ փոխարինել մարդկային գիտակցութիւնը

Մարդը կրնայ ամբողջովին անտրամաբանական որոշում տալ, բայց այդ որոշումը տակաւին խորապէս մարդկային կը մնայ։ Սէրը տրամաբանական չէ։ Սուգը արդիւնաւէտ չէ։ Կարօտը օգտակար չէ։ Արուեստը միշտ գործնական նպատակ չունի։ Բայց այս բոլորն են, որ մարդը մարդ կը դարձնեն։

Նայիրի

լրագրական

Թուրքիոյ շուքին տակ Պաքուի աճող ազդեցութիւնը եւ սուրիահայութեան նոր մարտահրաւէրը

Յօդուածը կ'եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ միայն որպէս յետխորհրդային փոքր պետութիւն մը, այլ որպէս շրջանային դերակատար՝ Կովկասէն անդին։

Աննա Պողիկեան․ երբ արուեստը կը դառնայ պատմութեան խիղճը

2024-ին, Գերմանիոյ մէջ կ'արժանանայ հեղինակաւոր Wolfgang Hahn մրցանակին, որ կը տրուի ժամանակակից արուեստի այն ստեղծագործողներուն, որոնք կը վերամշակեն գեղարուեստական լեզուն եւ կը խախտեն պատկերին, պատմութեան ու յիշողութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող պատնէշները։

Ազդարար

հրապարակագրական

Մերժե՛լ մակերեսայնութիւնը․ վերադարձ դէպի գիրքը

Գրադարաններու տեղը գրաւած են պատկերասփիւռները, խելախօսները եւ թուային այլ սարքեր։ Շատեր նոյնիսկ չեն ուզեր գրադարանները իբրեւ զարդարանք ու յարդարանք պահել, իսկ գիրքերը «տեղ գրաւող» եւ «անպէտք» առարկաներ կը նկատուին:

Ո՞վ է մտաւորականը

Մտաւորականը պարզապէս ուսանած ու զարգացած մարդը չէ։ Ան միայն գիրքեր կարդացողը, համալսարանական աստիճան ունեցողը կամ բարդ բառերով խօսողը չէ։ Իրական մտաւորականը այն մարդն է, որ կը փորձէ հասկնալ իր ժամանակը, հարցականի տակ առնել ընդունուած ճշմարտութիւնները:

Տարբերակ21-ը կը հրատարակուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նիւթական աջակցութեամբ:

Այս կայքէջին մէջ արտայայտուած տեսակէտները անպայման չեն
համապատասխաներ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան տեսակէտներուն։
Հիմնարկութեան աջակցութիւնը որեւէ կարծիքի հաստատում չ՚ենթադրեր: