Ուշացած հանդիպում մը Կեօրկ Պազելիցի հետ

30 Ապրիլ 2026-ին ընկերային ցանցերու վրայ մեծ աղմուկ բարձրացուց գերմանական նէօարտայայտապաշտ գեղանկարիչ Կէօրկ Պազելիցի մահուան գոյժը։ Արդէն 88 տարեկան էր, եւ վերջին տարին գրեթէ դադրած ստեղծագործելէ։

Վերջերս, երբ Google-ի մէջ կը փնտռէի, իմացայ, թէ քանի մը ամիս ետք ան իր կեանքին ընթացքին նկարած գլուխգործոցները պիտի ցուցադրէ Ֆլորանս, Իտալիա։ Որոշեցի աժան տոմս մը գնել։ Ի՜նչ ուրախութիւն պիտի ըլլար հոն ըլլալ եւ, պատահմամբ, իրեն հանդիպիլ։

Մօտ հինգ տարի առաջ, երբ յանկարծ YouTube-ի վրայ կը հանդիպէի Պազելիցի, շատ տպաւորուեցայ իրմով, եւ այդպէս սկսայ անքթիթ դիտել եւ ուսումնասիրել անոր հետ կատարուած հարցազրոյցները։

Կամապաշտ եւ զարտուղի կերպար մը, որ Արեւելեան Պերլինի Գեղարուեստի Ակադեմիայէն՝ իբրեւ տհաս վարքագիծ դրսեւորելու մեղադրանքով արտաքսուելէ տարիներ ետք, կը դառնայ Եւրոպայի լաւագոյն արուեստագէտներէն մէկը։

Պազելիցի դանդաղ խօսելաոճը, գնդաձեւ աչքերը՝ ամփոփուած, աչքատակի այտոյցներու եւ պարտասած կոպերու մէջ, մարմնին համեմատած պզտլիկ գլուխը, ճաղատութիւնը կը յիշեցնեն «Մեծ Վարպետ Ուկուէյը» (Grand Master Oogway)՝ «Քունկ Ֆու Փանտա» (Kung Fu Panda) հռչակաւոր ֆիլմի իմաստուն կրիան։

Լրագրողներու հրատարակած նկարներուն մէջ, կամ տեսակցութիւններու ժամանակ, Պազելիցը կը տեսնենք հսկայ աշխատանոցի մը մէջ, բազմած տախտակէ փնթի աթոռի մը, եփ֊երկար ձեռքերը տեղաւորած ծունկերուն վրայ, պատրաստ՝ պատմելու, զրուցելու։

Պազիլից. Big Night Down the Drain, 1962

1963-ին, Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ աղմուկ բարձրացաւ, երբ Պազելից համարձակօրէն ցուցադրեց իր «The Big Night Down the Drain» գործը եւ այլ «անպարկեշտ» կամ «լկտի» համարուած պատկերներու շարք մը։ Ոստիկանութիւնն ու դատական իշխանութիւնները որոշեցին գրաւել գործերը՝ Պազելիցը մեղադրելով որպէս անպարկեշտ եւ անառակ։

Պազելիցի գործունէութիւնը յաճախ կը կապուի գերմանական «Նոր Արտայայտչապաշտութեան» (New Expressionism) ձեւաւորման հետ, թէեւ ան երբեք չսահմանափակուեցաւ որեւէ ոճով կամ շարժումով։ Ան կը պատկանի արուեստագէտներու այն խումբին, որոնք յետպատերազմեան գերմանական գեղանկարչութիւնը դուրս բերին ժամանակավրէպութեան դիակիզարանէն։ Լոյս սփռելով գերմանական ինքնութեան բարոյական հարցերուն, ինչպէս նաեւ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Գերմանիաներու միջեւ գոյութիւն ունեցող գաղափարական բախումներուն վրայ՝ անոնք մեծ աղմուկ բարձրացուցին պատկերասրահներու ու մտաւորական շրջանակներու մէջ եւ հիմքը դրին արդի գեղանկարչութեան:

Անոր պատկերները կը խախտէին ժամանակի հաստատուած գեղագիտական լեզուն՝ մերժելով թէ՛ արեւմտեան վերացապաշտութեան (abstraction) «ազատախոհ» ընկալումը, այսինքն՝ գործերու բովանդակութեան անորոշութիւնը, եւ թէ՛ խորհրդային կողմնորոշում ունեցող արեւելեան ընկերվարական իրապաշտութեան (socialist realism) գաղափարական ծայրայեղ կատարելութիւնն ու քաղաքականացուած արժէքները։

Պազիլից. Die Helden, 1965

Այս հակադրութիւնը հիմք հանդիսացաւ 1965–66 թուականներուն ստեղծուած «Հերոսները» (Die Helden) շարքին, որ անոր գործունէութեան առանցքային կէտերէն մէկն էր։

Գործերուն մէջ պատկերուած հերոսները Երկրորդ յետհամաշխարհարային պատերազմի զինուորներ են, սակայն անոնք ներկայացուած չեն որպէս փառաբանուած հերոսներ, այլ՝ որպէս ջախջախուած մարմիններ, որոնք մնացած են պատմութեան ծանրութեան եւ ազգայնամոլութեան ծանրութեան տակ։

Այս պատկերներուն մէջ հերոսութիւնը չ’արտայայտուիր ընկերաիրապաշտական (socio-realist) սահմանումով, ուր հերոսը պէտք է ներկայացուի որպէս անվեհեր ու գերմարդկային էակ. ընդհակառակը՝ անիկա հերոսը կը վերադարձնէ մարդկային մակարդակին։

Ո՞վ ունի իշխանութիւնը սահմանելու հերոսութեան չափանիշները։

Թերեւս «հերոսը» ոչ թէ աստուած մըն է, այլ անձ մը, որ անցած է հոգեբանական ճնշումներու, աղէտալի պատահարներու եւ նոյնիսկ ֆիզիքական կորուստներու միջով՝ արժանի պարկեշտօրէն եւ պատշաճօրէն ներկայացուելու։

Այս տրամաբանութիւնը մարմնաւորած էր Պազելից իր գլուխ-գործոցներուն մէջ։

Ընդհանրապէս, Պազելիցի գործերուն մէջ մերկ մարմինը կը ներկայացուի իր թերութիւններով՝ անհրապոյր, կաշկանդուած ու տառապող։ Այս մէկը կը միտի հարցականի տակ դնելու եւ խախտելու բնականութեան, կանացիութեան, առնականութեան ու գեղեցկութեան ընդունուած չափանիշները։

Ան նաեւ հռչակաւոր է իր ծուռ կախուած գործերով։

Պազիլիցի ծուռ կախուած գործերէն

Իր հսկայական կտաւները գլխիվայր շրջելով՝ ան մարտահրաւէրի դիմաց կը դնէ անմիջական ընկալումը՝ դրդելով դիտողը, որ ո՛չ միայն շորորալով անցնի պատկերներու առջեւէն, այլեւ քննէ ու զննէ անոնց կառուցուածքը, ձեւաբանութիւնը (morphology) եւ իր երեւակայութեան մէջ վերստին պատկերացնէ զանոնք։

Ժամանակակից մարդու գոյութենական (existential) խնդիրները, անոր անկայուն վիճակը, ուժի եւ կարգուկանոնի իշխանութեան ստրկացուցած մարմինը՝ գերազանցօրէն նկարագրուած են Պազելիցի կողմէ։

Գեղարուեստական մշակոյթը դեռ շա՜տ պիտի ներշնչուի քեզմով։ Ցտեսութիւն Պազելից, կը տեսնուինք Իտալիոյ մէջ։

Հրանդ Գալեմքէրեան ծնած է 2002-ին, Լիբանան։ Շրջանաւարտ է Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն։ Դպրոցական տարիներուն աշխատակցած է ճեմարանի աշակերտներուն կողմէ հրատարակուող «Ջահակիր» պարբերաթերթին։
Լիբանանի պետական համալսարանին մէջ ուսանած է «Plastic Arts», որ նաեւ կ’ընդգրկէ փիլիսոփայութիւն, քանդակագործութիւն եւ գեղանկարչութիւն։ Ներկայիս ուսումը կը շարունակէ Ֆրանսա, ուր կը հետեւի գեղարուեստի մարզին, Նանթի արուեստից համալսարանին մէջ։

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x