Երբ Պոլիսէն հեռանամ մայրենի լեզուիս կարիքը աւելի զգալի կ'ըլլայ, որովհետեւ օտար մըն եմ, սակայն օտար երկրի մէջ աւելի հարազատ եւ գիտակից եմ ինքնութեանս քան Պոլսոյ մէջ... այլեւս:
Գրողին սրտառուչ յուշագրութիւնները անմոռանալի օրերու եւ մարդը իսկական մարդ դարձնող աստուածային սիրոյ մասին՝ կը լրացնեն Աստուածաշունչի էջերէն վերցուած ծանօթ եւ ուսանելի սիրային պատմութիւնները:
Դերակատարները ամբողջովին կը գործէին որպէս մէկ ներդաշնակ միաւոր՝ սիմֆոնիք նուագախումբի նման, թէեւ իւրաքանչիւր կերպար իր էութեամբ անջատ հերոս (գործիք) էր։
Կար մեր մանկութեան հռչակաւոր վախը՝ մուկերու սենեակը, որով ոչ միայն մեր մանկութեան ուսուցիչները մեզ կը սպառնային, այլ նաեւ մեր մեծերը, երբեմն ալ դժբախտաբար մեր ծնողները:
Մեղեդի մը քնքուշ, անուշ ու հոգեթով,
Կը շոյէ լարերը հոգիին կենսաթռթիռ,
Շունչը կը դառնայ թեթեւ թռիչքի թով,
Եւ կը ցրէ սէր, հրապոյր ու գորով։
Իբրեւ լոյսի նման ճշմարտութիւն,
Առանձնութիւնս ջերմացնող,
Ժպիտդ միշտ փնտռեցի
Ու չգտայ:
Այս դէպքերէն մէկուն ականատես ու ականջալուր ըլլալով, կը ներկայացնեմ այն մօր պատկերը, որուն զաւակը թիրախ դարձած էր դարանակալ փամփուշտի մը:
Անեթեթի եւ հեգնանքի միջոցով, Վաչէ Ատրունի ոչ միայն կ՚արտացոլէ ճակատագրով մերժուած անհատներու հոգեվիճակը, այլ նաեւ ամբողջ ընկերութեան հոգնածութիւնն ու հոգեմտաւոր դատարկութիւնը։
Մեծ խանդավառութեամբ կարդացի ելեկտրոնագիր «Արարատ» երկօրեայ թերթի 27 Մարտ 2025 թիւը։ Բայց ի՞նչն է յատկանշականը այդ թիւի բովանդակութեան մէջ, որուն ուզեցի անդրադառնալ։ Պատասխանը շատ պարզ է։
ԿԵԱՆՔԸ՝ Ապրում է…
Ապրիլ է պէտք կեանքը՝
ինչպէս աղբիւրը առատ,
ինչպէս ծառը կենարար,
ինչպէս անձրեւը օրհնաբեր։
Թող իմ բոլոր խօսքերը,
Ինչպէս արեւի ճառագայթները,
Իջնեն,
Տաքացնելու քո ճանապարհը,
Լուսաւորելու եւ ուղղելու դէպի իմ գիրկը։
Յուշդ ու Դո՛ւն
Լո՜ւռ, անթափանց գոյութիւն էք,
Միաձուլուած գոյակցութեան ամբողջութիւն։
Երազներու ճանապարին
Զոյգ անբաժան լուռ ճամբորդներ․․․
Առաւօտ է,
նորանոր հանդիպումի յոյսերով
եւ կարօտով լեցուն,
ես կը քալեմ դէպի աղբիւր...
հոն՝ ուր արեւը կը ժպտայ,
մեր հոգիներու պարը դիտելով...
Մօտաւորապէս տասնեւհինգ տարի առաջ, օրիորդ Մարին իր զաւակներուն հետ Լիբանան այցելեց եւ իր բնակած նախկին թաղին մէջ տուն մը վարձեց։ Մայրս տակաւին ողջ էր․ որոշեցինք հանդիպիլ։
Լուսնի մեղմ հայեացքի մեղմ շղարշում
Սիրահարները գաղտնի լաբիրինթոս են գտնում,
Ուր պտտւում են, պտտւում,
Ինչպէս սրտերը սիրահար,
Որ բաբախում են, տրոփում:
Գիշերը արտօնուած չէր տունէն դուրս խաղալը: Անոր ալ ճարը գտած էինք եւ թուղթի վրայ «անուն, բոյս, առարկայ» կը խաղայինք: Այս շատ պարզ խաղը մեզի սորվեցուցած էր արագ մտաբերել մեծ թիւով անուններ եւ անոնք հայերէնով ճիշդ գրել:
Աքսորեալ ենք օրերուն մէջ մեր անցեալի,
Աքսորեալ ենք յուշերուն մէջ մեր հէգ կեանքի,
Աքսորեալ ենք երազներուն մեր աշխարհի,
Աքսորեալ ենք մեր տենչերուն մէջ քարացած
Եւ երգերուն, որ երգեցինք հասցէներու անէացած…
Աստուածածնայ Վերափոխման տօնէն ու Խաղողօրհնէքէն առաջ մեր տունը խաղող չի մտներ եւ պատահի որ հրամցուի, ոչ ձեռքս կ'երթայ, ոչ ալ սիրտս կ'ուզէ:
Մթնշաղը յուշիկ –յուշիկ կը սահի,
Ծիրանագոյն ուլունքներ կը ցանէ շուրջբոլոր,
Ծովն ալ կը հագուի շապիկ շառագոյն,
Ու մեղմիկ ծփանքով մը կը հառաչէ։
Հետաքրքրական էր մեր մանկութեան օրերու ապրած կեանքը, որ սեւ ու ճերմակ մէկ պատկերն էր նախ իր բնօրաննին մէջ ապա այս հայրենիքին մէջ հաւաքաբար ապրած մեր ժողովուրդին:
Պուրճհամուտցիներուս համար, այդ յուշերուն կ'ընկերանան աղմուկ, խուճապ, վախ, պոռչտուք, փոշի, աւերակ, եւ՝ խելայեղ վազք մը կեանքի ու մահուան դէպի ամենամօտ ապահով ապաստանարանը:
Մթնշաղի շրշեղ մշուշի մէջ,
Մանուշագոյն երանգները
Զարդարում են տարածութիւնը․
Լեռները, ինչպէս սուտակներ,
Փայլում են հեռուից,
Երբ արեւը մայր է մտնում աստղունքի տակ:
Մեր թաղեցի պատանիներէն շատեր, որոնք իրարու հետ հասակ առած էին, երբեմն ալ միասին թաղին մէջ խաղընկեր դարձած, մեծնալէ ետք կը դառնային կեանքի ընկերներ, որոնց սիրոյ պատմութիւնը ոչ միայն իրենցն էր, այլ նաեւ՝ մերը:
Լուսնեակ գիշերով, առանց քեզ, նորից անցայ այն փողոցով,
Միայն աչքեր դարձած փնտռեցին քեզ
Քեզ հանդիպելու ցանկութիւնը լցրեց էութեանս բաժակը,
Դարձայ այն խենթ սիրահարը, որ էի:
Վէպին առանցքը կը հանդիսանայ Թէոտորան՝ մանուկ մը, որ տասնամեակներ շարունակ կը կրէ տանջանքներու ծանր բեռը։ Սուլէյմանի կատարած սարսափելի բռնութիւնները կը նկարագրուին ցնցիչ մանրամասնութեամբ՝ երբե՛ք գրգռիչ, այլ մի՛շտ ճշգրիտ ու սրտառուչ կերպով։
