Նօթագրութիւններ. Լռող արուեստագէտը կը պատկանի «Դուրսին»

Հրանդ Գալէմքերեան

Ընկերային-քաղաքական իրականութեան մէջ, արուեստագետը դրսեցին է, ըստ ժողովրդային լայն խաւերու ընդհանուր կարծիքին։

Դուրսը՝ ըստ ժողովրդային հասկացողութեան, այն տարաշխարհիկ, ունակութենէ հեռու, այն վայրն է, որուն մուտքի արտօնագիրը միայն ստեղծագործ հանճարները կամ նման անձիք կրնան ունենալ։

Դուրսն են այն մարդիկը, որոնք օրական եօթը ժամէն պակաս կ’աշխատին, որոնք առաւօտեան «ալարմ»ի զնգզնգոցի փոխարէն, անձրեւի կամ թռչուններու շարականներով կ’արթննան, եւ դեռ կը յիշեն թուղթի ծրարներու բոյրը, գիրքը, մատիտը, մելանը։ Տարածուած առասպելաբանութիւններուն մէջ, դրսեցիները չեն լսեր համակարգչային փակակալներու կամ հեռաձայններու ստեղծած ժխորը, եւ չեն հաւատար անոր կարեւորութեան:

Դրսեցին նաեւ անգործն է, տառապանքէն հաճոյք ստացողը, մտաւորականներուն գնչու տեսակը՝ Խեւը։

«Տառապող արուեստագէտ»-ի առասպելը սկսած է տարածուիլ 19-րդ դարուն Եւրոպայի մէջ ծնունդ առած վիպապաշտութեան ընթացքին, երբ գրողներն ու փիլիսոփաները շեշտը դրին անհատի ներաշխարհին ու գոյացական տագնապներու վրայ, որպէս հոգեկան խորք ցոյց տուող չափանիշ։

Այդ ժամանակի քննադատներն ու մշակութային վերլուծաբանները սկսան կապել հոգեկան պայքարն ու տառապանքը ստեղծագործական ուժի հետ՝ հանրութեան մէջ ստեղծելով այն ենթադրութիւնը, թէ հանճարն ու տառապանքը զոյգ եղբայրներ են:

20-րդ դարու այս պատկերացումը աւելի տարածուեցաւ արտայայտապաշտութեան եւ դասական գոյացական փիլիսոփայութեան բովանդակութեան ընդմէջէն:

Այս է պատմական բնագիրը «տառապող արուեստագէտ»-ի գաղափարին:

Առասպելաբանութիւն մը, որուն մէջ կը տեսնեմ կտոր մը ճշմարտութիւն եւ մեծ պատրանք։

Ես չեմ ուզեր ըսել որ Վանկոկը, կամ Ֆրիտա Գահլօն հոգեկան ճգնաժամային պահեր չեն ապրած իրենց կեանքին ընթացքին, ընդհակառակը՝ կ’ուզեմ ըսել, թէ նայեցէ՛ք, ինչպէս որ իւրաքանչիւր զգայուն մարդ իր կեանքին ընթացքին ամպայման դէմ յանդիման կը գտնուի դժուարութիւններու եւ անխուսաբելիօրէն կ’ապրի ծանր հոգեկան տագնապ, Վանկոկն ալ ունեցած է իր դժուարակիր մարտահրաւէրները։

Կ’ուզեմ աւելցնել՝ ըսելով, որ ստեղծագործելու կարողութիւնը խռովութեան մէջ չի ծնիր, կը ծնի մտքի յստակութեան մէջ։ Տառապանքը, եւ ամենէն կարեւորը՝ ձեւարիկ տառապանքը որեւէ կապ չունի ստեղծագործելու հետ։

Այս ենթադրութիւնները, յաճախ կը կարծրատպեն շատ արուեստագէտներ՝ ստիպելով զանոնք, որ «երջանիկ տառապող»-ի դերը որդեգրեն իբրեւ թէ չնաշխարհիկի երեւոյթ ունենալու համար։

Եւ կը տուժեն երկու կողմերը, արուեստագէտը որ ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնէ իր անկեղծութիւնը, եւ ժողովուրդը որ արուեստագէտ մը կը կորսնցնէ։

Գիտական հսկայ յառաջդիմութեան դիմաց, այսօր ունինք հետեւեալ ժամանակակից իրականութիւնը նկարագրող տուեալները՝ դրամատիրական ուժի կիրառման նոր ոճեր եւ փուլեր, օրական կեանքի արագ եղանակ՝ վազվզուք, տարբեր երկիրներու համայնքներու մէջ հաւաքական ինքնութիւններու վերիմաստաւորում եւ նորաձեւ ֆաշիզմի ծագում, պատերազմ եւ ցեղասպանութիւն, կենսոլորտային լուրջ տագնապ, եւ այլն, եւ այլն։

Եթէ արուեստագէտը, հակառակ աւանդական ենթադրութեան, անտարբեր է այս գայթակղութեան դիմաց, եւ հետաքրքրուած է միայն ու միայն իր ներաշխարհով, կ’ուզէ դիրքորոշում ունենալ իր խօսքին կամ գործին մէջ, ուրեմն նախ եւ առաջ պէտք է ունենայ ժուժկալ բնաւորութիւն, տրամաբանելու շնորհք եւ յստակ ապացոյցներու վրայ հիմնուած քաղաքական կարծիքներ։

Մանաւանդ՝ համարձակօրէն ընդվզելու քաջութիւն ունենայ:

Նաեւ՝ «չէզոք» պատմաքաղաքական առասպելներու, ենթադրութիւններուն ետեւ թաքնուած իրականութիւնը բացայայտելու կորովը:

Լռող արուեստագէտը կը պատկանի Դուրսին։

Դեռ համր արուեստագէտը կա՛մ շինծու է, կա՛մ իր կարգը կը սպասէ։

Արուեստագէտը պատասխանատուոթիւն ունի, իր գործերուն միջոցով ցոյց տալու ո’չ միայն պարկեշտութիւն, այլ նաեւ դիրքորոշում տարբեր ժամանակակից ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հարցերու մասին։

Արուեստագէտներու անկայուն վիճակը եւ թափառաշրջիկութիւնը դիւթական կամ երանելի չէ։

Ան փաստ մըն է, որ դրամատիրական իշխող դրութեան մէջ, զարգանալու, ստեղծագործելու, ապրելու փոխարէն երկար տարիներու սրտակէզ աշխատանքով է իրական ապագայի մը կերտումը։

Աղքատ եւ միջին դասակարգի կողմէն ընդունուած «Սովորական կեանք»-ը օրական նուազագոյնը ութ ժամ չուզելով աշխատիլն է, տոկալով քանի մը ղուրուշ վրայ վրայի դնելն ու տուն գնելու երազանքով ապրիլը, ընտանիք կազմելու եւ գոյատեւելու տենչանքն ու յարատեւ տանջանքն է։

«Սովորականի» այս հասկացողութիւնը պէտք է դրուի անյետաձգելի մարտահրաւէրի առջեւ։

Այսօր, ամէն ժամանակներէ աւելի, պէտք է արուեստագէտը ցոյց տայ, որ ինքը ո՛չ թէ դուրսին, այլ ներսին կը պատկանէր, եւ տակաւին կը պատկանի։

Հրանդ Գալէմքերեան

Հրանդ Գալեմքէրեան ծնած է 2002-ին, Լիբանան։ Շրջանաւարտ է Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն։ Դպրոցական տարիներուն աշխատակցած է ճեմարանի աշակերտներուն կողմէ հրատարակուող «Ջահակիր» պարբերաթերթին։
Լիբանանի պետական համալսարանին մէջ ուսանած է «Plastic Arts», որ նաեւ կ’ընդգրկէ փիլիսոփայութիւն, քանդակագործութիւն եւ գեղանկարչութիւն։ Ներկայիս ուսումը կը շարունակէ Ֆրանսա, ուր կը հետեւի գեղարուեստի մարզին, Նանթի արուեստից համալսարանին մէջ։

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x