Սովորական դարձած հարցում մը, զոր յաճախ կ’ուղղենք մեր զաւակներուն կամ ոեւէ դպրոցականի, որուն կը հանդիպինք, եւ երբեմն ալ դժբախտաբար մենք` ուսուցիչներս կը հարցնենք մեր աշակերտներուն.
-Ո՞ր դպրոցը կը յաճախես:
– Քաներո՞րդ դասարան ես:
Իսկ ամէնէն յատկանշականը՝ շուտով կը հետեւի. ո՞ր ուսուցիչը կը սիրես:
Եթէ ուսուցիչ ես, հարցումը կը մեղմացնես՝ ո՞ր դասանիւթը կը նախընտրես: Աշակերտը շուարած ընդհանրապէս կու տայ անունը այն դասսանիւթին, որ հարց տուող ուսուցիչը կը դասաւանդէ:
Անցեալները, երբ հին նօթերս կը կարդայի, որոնցմէ մաս մը պահած եմ իբրեւ յիշատակ, ուրիշներ նորերուն հետ բախդատելու նպատակով, յանկարծ ձեռքս անցաւ տրցակ մը թուղթեր, որոնք թերեւս շատ երկար ատենէ ի վեր պահուած էին. նամակներ կամ թերթիկներ փոքրիկ աշակերտներէս:
Սովորական դպրոցներու մէջ դասաւանդած տարիներուս ընդհանրապէս տարրական դասարանի աշակերտներուն հայերէն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդած եմ, իսկ աւելի բարձր կարգերուն՝ անգլերէն: Հետեւաբար, իմ պարագայիս, աշակերտը անցնելով վերի կարգերը իրեն համար ուսուցիչը կը մնար նոյնը, սակայն անոր դասաւանդած նիւթը կը փոխուէր: Այս իսկ պատճառով ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալ իրողութիւնը, եւ հարցումներու շարք մը արթնցաւ միտքիս մէջ, երբ յիշեցի պատահար մը:
Փոքրիկ աշակերտներէս մէկը յաճախ ինծի գունազարդ գրաւոր նամակներ կը գրէր ու կը յանձնէր՝ ըսելով «ամէնէն սիրած ուսուցչուհիս», ես քեզի շատ կը սիրեմ, եւ այլն: Փափուկ մատիկներովը իր անմեղ ու անկեղծ զգացումները արտայայտելով, ան այդ թուղթը կը զարդարէր գունաւոր վառ ծաղիկներով՝ իր մանկունակ երազները ցոլացնելով այդ գեղեցիկ ստեղծագործութեան մէջ: Իսկ ես, իբրեւ ուսուցիչ, կարծես երկար սպասուած նուէր մը ստանալու չափ գոհունակ, այդ թուղթը կը դնէի իմ դասագիրքին մէջ. պահարանիս փեղկին վրայ ալ տեղ չէր մնացած: Յիշողութիւնը զիս փոխադրեց այն տարիներուն, երբ ես ալ երազներով լեցուն առաջին ամուր քայլերս կ’առնէի դէպի ուսուցչութեան ասպարէզ՝ տոգորուած հայու ոգիով եւ աշակերտներուս բարի օրինակ դառնալու վճռականութեամբ: Արդէն երկու տարի ետք, այդ նամակներու տէրը անցաւ վերի կարգերը, ուր ես այլեւս նոր դասանիւթ մը՝ անգլերէն կը դասաւանդէի: Նոյն ուսուցիչը, նոյն մեթոտը, բայց տարբեր լեզու: Այս նոյն աշակերտս քիչ մը մեծցած էր հիմա. կը դադրիմ իրմէ նամակներ եւ թղթիկները ստանալէ ու կը նկատեմ, որ անոր մասնակցութիւնը նուազած է դասարանին մէջ: Ի՞նչ էր պատահածը, կը սկսիմ մտահոգուիլ. ի՞նչ փոխուած էր: Անշուշտ քանի մը փորձ ըրի պարզելու թէ անհասկնալի՞ կա՞մ անյստակ բան կար դասին առնչուած: Հաստատ անոր պատասխանը միշտ ժխտական կու գար, նուրբ ժպիտով մը ծածկուած, ոչ օրիորդ ամէն բան յստակ է: Ու ես ինքզինքիս հարց կու տայի թէ ինչու էր այդ փոփոխութիւնը կամ ինչ էր պատահածը: Երբ օր մըն ալ պատահմամբ տեսայ նոյն աշակերտը թղթիկ մը կը յանձնէր իր նոր ուսուցիչին, որ այդ տարեշրջանին սկսած էր հայերէն դասաւանդել իրեն: Այս երեւոյթը քանի մը անգամ կրկնուելէ ետք հասկցայ թէ դասանիւթն էր իրեն սիրելի եւ ոչ թէ ուսուցիչը: Երկար մտածելէ ետք, զարմանքս վերածուեցաւ գոհունակութեան: Թէեւ այլեւս այդ գեղեցիկ նամակնեը պիտի չստանայի, բայց հաստատ գիտէի, որ յաջողած էի սիրցնել լեզուն: Ապա եզրակացուցի, թէ դասանիւթը սիրելէ ու անոր մէջ յաջողութիւն գտնելէ ետք, աշակերտը ամէն պարագայի պիտի սիրէր այդ դասանիւթը դասաւանդող ուսուցիչը՝ ով ալ ըլլար ան:
Այդ պատճառով ուսուցիչին դերը շատ մեծ է յատկապէս աշակետին առաջին քայլերուն ընթացքին, երբ ան տակաւին կասկածոտ է եւ վստահ չէ, թէ ինչպէ՞ս պիտի սորվի եւ ո՞վ պիտի օգնէ իրեն, որո՞ւն վստահելու է, եւ ինչպէ՞ս, ո՞ւր պիտի գտնէ իր ինքնութիւնը:
Միւս կողմէ ցաւալի երեւոյթ է, երբ կը լսեմ շատեր իրենց դպրոցէն կանուխ հեռանալու պատճառը կը վերագրեն այս կամ այն ուսուցիչին:
Իսկ իբրեւ մայր, երբ զաւակներուս կը հարցնեմ իրենց փորձառութեան մասին, անոնք միշտ կը յիշեն այն ուսուցիչները, որոնք դրական ներդրում ուենցած են իրենց աշակերտական շրջանին, եւ անոնց շնորհիւ նախասիրած են այս կան այն նիւթը: Երբ աշակերտը կը նայի ուսուցիչին, ոչ միայն կը դիտէ զայն, այլ անոր ըսածները, քաջալերական խօսքերն ու շարժուձեւերը իւրացնելով՝ կը կողմորոշուի եւ զանոնք կը դարձնէ իր ինքնութեան մէկ մասը:
Հոս ուրիշ երեւոյթ մը ինքզինք կը պարտադրէ. աշակերտներուն միջոցով ուսուցիչները արժեւորելու հարցը: Ինչպէ՞ս արժեւորել այն ուսուցիչները, որոնց աշակերտները կը սկսին աշակերտելու ուրիշ ուսուցիչներու եւ կը շարունակեն նախասիրել դասանիւթը, բայց գնահատումը կ’երթայ ի նպաստ նոր ուսուցիչին՝ մոռնալով արմատը, հինը, առաջինը: Հոս անոնք կը դառնան նիւթը սիրող, ապա՝ ուսուցիչը, իսկ նախապէս շատ հաւանական էր, որ իրենց փոքր տարիքին ուսուցիչն էր նախասիրութեան առարկան: Ուստի, աշակերտներու միջոցով ուսուցիչներ արժեւորելու միջոցառումը պէտք է կատարուի շատ զգուշ եւ բծախնդիր ձեւով, ուր նկատի կ’առնուին աշակերտներուն տարիքը եւ անոնց յաճախած վարժարանին ներքին դասաւորումն ու կանոնները: Հետեւաբար, արժեւորումի բծախնդիր ձեւ մը որդեգրելու համար, պայման է երկար եւ լաւ ուսումնասիրուած հարցարան մը պատրաստել, ուր խնդրոյ առարկայ վարժարանին ներքին եւ արտաքին բոլոր կանոնները նկատի կ’առնուին՝ անշուշտ եթէ նման արժեւորումի մը կարիքը կը զգացուի: Հոս անհաժեշտ կը նկատեմ մէջբերել հետեւեալ պատահարը, երբ վերջերս համալսարանական դասընկերներս ժխտական արտայայտութիւն ունեցան դասախօս արժեորելու գաղափարին շուրջ՝ աւելցնելով, թէ դասախօս արժեւորելու հարցաթղթիկը շատ արագ եւ առանց լուրջ կեդրոնացումի կ’ամբողջացնեն, որովհետեւ զայն ժամավաճառութիւն կը նկատեն: Ցաւ ի սիրտ, այդպիսի բծախնդիր պատրաստութիւն մը չափահաս ուսանողներու մօտ անգամ իր ճիշդ գնահատումը չ’ունենար:
Ուսուցի՞չը թէ՞ դասանիւթը, դասանի՞ւթը թէ՞ ուսուցիչը:
Մեկնելով փորձառութենէս, հաստատ կրնամ ընդգծել, որ ուսուցիչն ու դասանիւթը իրարու ընդելուզուած գործօններ են: Անոնք կ’ընթանան զուգահեռ. ուսուցիչը դասանիւթին համար եւ դասանիւթը ուսուցիչին համար, իսկ երկուքը միասին աշակերտին համար, հետեւաբար՝ ազգին եւ ընկերութեան համար:
