Սահակեանի՞ փակումը, թէ՞ փակուող ապագան

Տխուր լուր մը այս օրերուն շրջան կ’ընէ լիբանանահայ համայնքին մէջ։ Կ’իմանանք, որ հարիւր հինգ տարուան պատմութիւն ունեցող Սահակեան վարժարանը կը փակէ իր դռները։ Տխուր լուր մը, որ ամբողջ համայնքը մտածելու կը հրաւիրէ։

1921-ին, երբ ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու Լիբանանի ծովեզերքը ապաստանած հայը ոչինչ ունէր, վրանի մը տակ կը հիմնէր Սահակեան վարժարանը։ Անօթի էր, որբ, բայց ունէր տեսլական. աղիւս չունէր, բայց ունէր կամք։ Վրանը դարձաւ թիթեղ, թիթեղը՝ քարաշէն, իսկ շէնքը՝ հարիւրամեայ «Գոլէճ»։

2026-ին, 105 տարի ետք, այդ քարաշէն պատերն ու արդիական սրահները կանգուն են, բայց դպրոցը կը փակուի։

105 տարուան կեանք մը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ:

Բայց դպրոցը միայն պատ չէ․ անիկա շէնք ալ չէ։ Դպրոցը նաեւ անցեալն ու ապագան, հին ու նոր սերունդները կապող կարեւոր կամուրջ մը կը հանդիսանայ։ Երբ դպրոց մը կը փակուի, իրականութեան մէջ դուռ մը կը փակուի ապագային առջեւ։

Հետաքրքրական է, որ Սահակեանի պատմութիւնը կը սկսի ոչ թէ բարեկեցութեան, այլ դժբախտութեան մէջ, 1921-ին՝ Նոր Հաճընի վրանաքաղաքին մէջ, գաղթականներու վրանին տակ։ Մարդիկ տուն չունէին, բայց որոշեցին դպրոց ունենալ։ Քարաշէն պատեր չունէին, բայց համոզում ունէին, որ իրենց զաւակներուն ապագան կարելի չէր յետաձգել։

Այսօր մենք հակառակ պատկերը ունինք։ Շէնքեր տակաւին կան, բայց այն համոզումը, որ դպրոցը համայնքի ապագան կը կերտէ, կարծես սկսած է թուլնալ։ Ահաւասիկ իսկական տարբերութիւնը։

Համայնքներու պատմութիւնը հետաքրքրական օրինաչափութիւն մը ունի։ Անոնք հազուադէպօրէն կը մահանան մէկ մեծ աղէտով, այլ՝ լուռ կերպով։ Սկիզբը դպրոց մը կը փակուի։ Ապա մշակութային միութիւն մը կը դադրի գործելէ։ Յետոյ երգչախումբ մը անդամներ չի գտներ։ Օր մը ալ մարդիկ կը զարմանան․

«Ինչպէ՞ս հասանք այս վիճակին»։

Անակնկալ մը չէ այս փլուզումը․ անիկա տարիներ առաջ սկսած հոլովոյթի մը հետեւանքն է։ Այսպիսի պահերու, ամէնէն դիւրին բանն է արցունք թափելը, չքմեղանքի խօսքեր գտնելը: Ամէնէն դժուարը հարցնելն է․

Ինչո՞ւ։

Արդեօք միայն արտագա՞ղթը, միայն ծնունդներու նուազո՞ւմը, թէ՞ մենք ալ կամաց-կամաց փոխեցինք համայնքի գաղափարը։ Թերեւս դպրոցը այլեւս առաջնահերթութիւն չէ։ Թերեւս հայերէնը դարձած է շաբաթավերջի զբաղում մը։ Թերեւս կրթութիւնը այլեւս ազգային ծրագիր մը չէ, այլ՝ անհատական ընտրութիւն։ Եւ եթէ այդպէս է, ապա խնդիրը միայն Սահակեանինը չէ․ խնդիրը մեզմէ իւրաքանչիւրինն է։

Սահակեանի փակումը, հետեւաբար, պատմութեան էջի մը փակումը չէ միայն։ Անիկա հայելի մըն է․ հայելի մը՝ որուն մէջ ամբողջ լիբանանահայ համայնքը կը նայի ինքն իրեն։ Եւ թերեւս հարցումը այն չէ, թէ քանի՛ դպրոց փակուեցաւ, այլ՝ քանի՞ դպրոց տակաւին կը կարծենք, թէ մեզի անհրաժեշտ է։

Որովհետեւ դպրոցները միայն երեխաներ չեն կրթեր․ անոնք համայնքներու յարատեւութիւնը կ’երաշխաւորեն (ինչպէս նաեւ՝ հայկական բոլոր կառոյցներունն ու կուսակցութիւններունը)։ Իսկ երբ համայնք մը կը դադրի իր դպրոցները պահելէ, վտանգը միայն այն չէ, որ դասարան մը կը պարպուի․ վտանգը այն է, որ ապագան ալ կամաց-կամաց կը սկսի դատարկուիլ։

Սահակեան վարժարանին փակումը պարզապէս «հերթական դպրոցի մը» կորուստը չէ, այլ ահազանգ մը՝ մեր գաղութային ամբողջ համակարգին սնանկացման մասին։ Անիկա ապացոյցն է այն դառն ճշմարտութեան, որ հաստատութիւնները չեն մեռնիր նիւթականի կամ քարերու պակասէն․ անոնք կը մարին այն օրը, երբ կը դադրին իմաստ հաղորդելէ:

«Դէպի ո՞ւր կ’երթայ մեր գաղութը» հարցումը այլեւս հռետորական չէ։ Եթէ շարունակենք ապրիլ անցեալի փառքերով, ամէն փակուող դպրոցի հետ պիտի կորսնցնենք մեր ինքնութեան եւ հաւաքական յիշողութեան եւս մէկ բեկորը։

Վրանին տակ ապրող մեր պապերը ապագայ ունէին, որովհետեւ ունէին հաւատք, ծրագիր եւ, թէեւ անորոշ, բայց ապագայի տեսլական։ Այսօր, քարաշէն շէնքերու մէջ, մենք կորսնցուցած ենք այդ հաւատքը, ծրագրելու կամքն ու ապագայի տեսլականը:

Եւ ահա թէ ինչու դռները մէկիկ-մէկիկ կը փակուին մեր ետեւէն։

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x