Փրկե՞լ, թէ՞ վերակառուցել․ դպրոցը, ուր պիտի ուզէ յաճախել վաղուան հայ երեխան

Ժամանակ մը լիբանանահայ կեանքին մէջ հայկական դպրոցը այնքա՛ն բնական ներկայութիւն էր, որ անոր գոյութեան եւ գոյատեւումին մասին մտածելու իսկ պէտք չկար։ Հայաշատ որեւէ թաղամաս ունէր իր եկեղեցին, ակումբը, միութիւնը եւ դպրոցը։ Երբեմն՝ մէկէ աւելի դպրոցներ։ Երեխան առաւօտուն կ’երթար հայկական վարժարան, կէսօրէ ետք՝ ակումբ կամ միութիւն, կիրակի՝ եկեղեցի։ Այս հաստատութիւնները միասնաբար կը կազմէին միջավայր մը, ուր հայ ըլլալը առանձին որոշում չէր պահանջեր, միջավայր մը, որ կը պահպանէր ու կ’ամրապնդէր հայ մարդուն կապը իր լեզուին, մշակոյթին եւ համայնքին հետ։ Այսօր զգալիօրէն փոխուած է այդ պատկերը։

Լիբանանահայ դպրոցները մէկ գիշերուան մէջ չփակուեցան պատերազմի կամ մէկ որոշումի պատճառով: Անոնք աստիճանաբար նահանջեցին պատերազմի, արտագաղթի, ծնունդներու նուազումին, տնտեսական դժուարութիւններու, թաղամասերու փոփոխութեան, ծնողներու նախընտրութիւններուն, ուսուցիչներու հեռացումին եւ երբեմն նոյնիսկ զարգացող պայմաններուն յարմարելու մեր հաստատութիւններու անկարողութեան պատճառով:

Թիւերը խօսուն են այս իմաստով:

Մեր թիւերը կը քաղենք Հրաչ Չիլինկիրեանի Armenian Communities In The Middle East: Losing The Past In The Future?Tchilingirian_2023_Armenians_in_the_Middle_East_Losing_the_Past_in_the_Future-1 եւ Նիքոլա Միլեորինոյի (Nicola Migliorino) The Lebanese system and cultural diversity between yesterday, today, and tomorrow հետազօտութիւններէն:

1950–51 ուսումնական տարեշրջանին Լիբանանի մէջ կը գործէր 51 հայկական վարժարան՝ 12.009 աշակերտով։ 1972–73-ին դպրոցներուն թիւը հասած էր 56-ի, աշակերտներունը՝ 18.526-ի։ Իսկ քաղաքացիական պատերազմէն անմիջապէս առաջ՝ 1974–75-ին, շուրջ 56 հայկական վարժարաններու մէջ կը յաճախէր մօտաւորապէս 21.000 աշակերտ։

2021–22-ին մնացած էր ընդամէնը 16 վարժարան եւ 4.911 աշակերտ։ Սահակեան գոլէճի փակման որոշումով, 2026–27 տարեշրջանին կ’ունենանք 15 դպրոց:

Այսինքն՝ նախապատերազմեան շրջանի դպրոցներու առաւելագոյն թիւին հետ բաղդատած՝ դպրոցներուն թիւը նուազած է շուրջ 71 առ հարիւրով, իսկ աշակերտութեան թիւը՝ շուրջ 77 առ հարիւրով։

Սակայն այս թիւերը քննարկելէ առաջ պէտք է կանգ առնել կարեւոր հարցումի մը առջեւ։ Ի՞նչ է իրականութեան մէջ փակուողը՝ հայկական դպրո՞ցը, թէ՞ անոր շուրջ գոյութիւն ունեցող ամբողջ աշխարհ մը։

Բնական է, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը իր մեծ դերակատարութիւնը ունեցաւ:

1974–75-ի շուրջ 21.000 աշակերտէն 1991–92-ին մնացած էր 11.939։ Գրեթէ կէսը անհետացած էր համակարգէն։ Պատերազմ, արտագաղթ, տնտեսական քայքայում, հայաբնակ շրջաններու աշխարհագրական փոփոխութիւն՝ բոլորը միասին հարուածեցին հայկական դպրոցը։

Բայց վիճակագրութեան ամենէն հետաքրքրական մասը պատերազմէն ետք կը սկսի։ 1991–92-ին տակաւին կը գործէր 45 հայկական դպրոց՝ 11.939 աշակերտով։ 2001–02-ին անոնց թիւը իջած էր 33-ի՝ 8.418 աշակերտով։ 2010–11-ին ունինք 27 դպրոց եւ շուրջ 6.400 աշակերտ։ 2021–22-ին՝ 16 դպրոց եւ 4.911 աշակերտ։

Ուրեմն պատերազմը վերջացաւ, բայց նահանջը՝ ոչ։ Եթէ հայկական դպրոցներու անկումը միայն պատերազմի հետեւանք ըլլար, խաղաղութեան վերադարձէն ետք, համակարգը պէտք էր կայունանար։ Այդպէս չեղաւ։ 1991–92-էն մինչեւ 2021–22 տարեշրջանները, աշակերտութեան թիւը դարձեալ շուրջ 59 առ հարիւրով կը նուազի։ Ուրեմն պատերազմը ստեղծեց առաջին մեծ ճեղքը։ Բայց յաջորդ երեսուն տարիները ցոյց տուին, որ խնդիրը շատ աւելի խոր էր։ Դպրոցին ետեւ մարդ պէտք է ըլլայ: Դպրոց մը կարելի չէ պահպանել միայն որովհետեւ ան պատմութիւն ու աւանդ ունի։ Դպրոցը նախ եւ առաջ աշակերտի պէտք ունի։ Իսկ աշակերտը՝ ընտանիքի բնականօրէն։

Ընդհանրապէս կ’անտեսենք այս պարզ ճշմարտութիւնը մեր հաստատութիւններուն մասին խօսելու ատեն։ Կը հաշուենք դպրոցները, եկեղեցիները, ակումբները, միութիւնները, մամուլը, բայց շատ աւելի քիչ կը հաշուենք այն մարդիկը, որոնք պիտի գործածեն զանոնք։ Լիբանանահայութիւնը վերջին յիսուն տարիներուն շարունակաբար մարդ կորսնցուցած է։ Քաղաքացիական պատերազմը միայն առաջին մեծ ալիքն էր։ Անոր յաջորդեցին տնտեսական դժուարութիւններ, քաղաքական անորոշութիւն, ապահովական տագնապներ, երիտասարդներու արտագաղթ, ապա 2019-էն ետք՝ Լիբանանի տնտեսական եւ դրամական փլուզումը։ Այս ժողովրդագրական փոփոխութիւնը ճշգրիտ չափելը դիւրին չէ, որովհետեւ Լիբանան չունի ժամանակակից մարդահամար մը, որ կարելի դարձնէ վստահօրէն որոշել հայ բնակչութեան ներկայ թիւը։ Հետեւաբար «Լիբանանի մէջ քանի՞ հայ մնացած է» հարցումին տրուող բազմաթիւ թիւեր պէտք է զգուշութեամբ ընդունիլ։ Բայց դպրոցական թիւերը ինքնին բան մը կը թելադրեն`

21.000 աշակերտէն՝ 4.911։

Այդ տարբերութիւնը միայն կրթական ձախողութեան ցուցանիշ մը չէ։ Անիկա նաեւ համայնքի մը ժողովրդագրական կրճատման արտացոլումն է։ Եւ հոս անհրաժեշտ է խուսափիլ ինքնախաբէութենէ։ Կարելի չէ 1970-ականներու համար կառուցուած հաստատութենական ամբողջ համակարգ մը անփոփոխ պահել, երբ անոր սպասարկած բնակչութիւնը նոյնը չէ։ Այսուհանդերձ, ժողովրդագրութիւնը ամբողջ իրականութիւնը չի դրսեւորեր: Եթէ միայն հայերու թիւը պակսած ըլլար, հարցը համեմատաբար աւելի պարզ պիտի ըլլար։ Սակայն կայ երկրորդ երեւոյթ մը. բոլոր հայ երեխաները հայկական դպրոց չեն յաճախեր։ Եւ հոս հարցը կը դառնայ շատ աւելի մտահոգիչ։

Հայ ծնողք մը կրնայ խորապէս կապուած ըլլալ իր ինքնութեան, հայերէն խօսիլ տան մէջ, մասնակցիլ համայնքային կեանքին եւ միեւնոյն ժամանակ իր զաւակը ուղարկել ոչ-հայկական վարժարան։

Ինչո՞ւ։

Որովհետեւ ծնողքին համար դպրոց ընտրելը այլեւս միայն ինքնութեան ընտրութիւն չէ։ Անիկա նաեւ ապագայի ընտրութիւն է։ Ո՞ր դպրոցը աւելի լաւ անգլերէն կամ ֆրանսերէն պիտի տայ երեխային։ Ո՞րը աւելի լաւ կը պատրաստէ պետական քննութիւններուն եւ համալսարանին։ Ո՞ր մէկը ունի արդիական տարրալուծարաններ, արհեստագիտութիւն, մարզական եւ արտադասարանային ծրագիրներ։ Ո՞ր դպրոցին վկայականը աւելի մեծ վստահութիւն կը ներշնչէ։ Ո՞ր մէկը աշխարհագրականօրէն աւելի մօտ է։ Եւ, վերջապէս, ընտանիքը ո՞ր դպրոցին ծախսերը կրնայ հոգալ:

Հետաքրքրականօրէն, գոյութիւն ունեցող ուսումնասիրութիւնները չեն հաստատեր այն պարզունակ տեսակէտը, թէ լիբանանահայը այլեւս հայերէնով հետաքրքրուած չէ։ Հետազօտութեան մէջ վկայակոչուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, հարցախոյզի մասնակցած լիբանանահայերուն 77 առ հարիւրը ինքզինք հայերէնի սահուն տիրապետող կը նկատէ, եւ հայերէնի իմացութիւնը կարեւոր կը համարէ համայնքային դերակատարութեան համար։ Աղբիւր՝ The Armenian communities of the Arab countries of the Middle East: current trends and transformations Proceedings of the international conference November 30, 2023.

Հետեւաբար ինքզինք պարտադրող հարցումը թերեւս այն չէ, թէ «Հայ ծնողքը տակաւին կը գնահատէ՞ հայերէնը»։ Առկայ է աւելի դժուար հարցում մը. հայ ծնողքը որքա՞ն կրթական, տնտեսական կամ գործնական զիջում պատրաստ է ընելու, որ իր զաւակը հայկական դպրոց յաճախէ։ Եւ թերեւս աւելի կարեւոր՝ ինչո՞ւ ընդհանրապէս այդ զիջումը կը պահանջենք իրմէ։ Հայկական դպրոցը պէ՞տք է ընտրել հայ ըլլալու համար, թէ՞ որովհետեւ լաւ դպրոց է: Ահա այստեղ կը գտնուի ապագայի հիմնական մարտահրաւէրը։

Տասնամեակներ շարունակ հայկական դպրոցի մեծագոյն առաւելութիւնը իր հայկականութիւնն էր (հայեցիութիւնը)։ Այդ մէկը բաւարար պիտի ըլլա՞յ ապագային: Անվիճելի է, որ հայկականութիւնը պէտք է մնայ անոր անփոխարինելի առանձնայատկութիւնը, բայց ոչ՝ կրթական թերութիւնները արդարացնող պատճառը։ Ծնողքը պէտք չէ ստիպուած ըլլայ ընտրելու «լաւ կրթութեան» եւ «հայեցի կրթութեան» միջեւ։ Ան պէտք է հայկական դպրոցը ընտրէ, որովհետեւ այնտեղ իր երեխան կրնայ ստանալ բարձրորակ կրթութիւն եւ հայերէն, ժամանակակից գիտութիւն եւ հայկական մշակոյթ, միջազգային համալսարաններու պատրաստութիւն եւ ինքնութիւն։

Երեխան հայերէն պիտի չսորվի միայն որովհետեւ իր նախահայրերը հայերէն խօսած են։ Ան պէտք է զգայ, որ լեզուն կրնայ գործածել իր այսօրուան կեանքին մէջ՝ գրելու, մտածելու, ստեղծագործելու, հաղորդակցելու, թուային աշխարհին մէջ ներկայ ըլլալու համար։ Այլապէս հայերէնը կը դառնայ դպրոցական առարկայ։ Իսկ լեզուները երկար չեն ապրիր իբրեւ դպրոցական առարկայ։

Տնտեսական հարցը կարելի չէ շրջանցել

 Նոյնիսկ ամենէն արդիական ծրագիրը չի կրնար աշակերտ պահել, եթէ ծնողքը ի վիճակի չէ կրթաթոշակը վճարելու։ Լիբանանի տնտեսական տագնապը այս հարցը հասցուցած է գոյութենական մակարդակի։ Լիբանանի ընտանիքներուն մասին Centre for Lebanese Studies-ի մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, սեփական դպրոցէն պետական դպրոց տեղափոխուած երեխաներու ընտանիքներուն 87 առ հարիւրը իբրեւ հիմնական պատճառ նշած է կրթաթոշակը վճարելու անկարողութիւնը։ Այս թիւը հայկական դպրոցներու յատուկ ուսումնասիրութեան մէկ պատկերը չէ եւ պէտք չէ այդպէս ներկայացնել, բայց ան յստակօրէն ցոյց կու տայ այն տնտեսական ճնշումը, որուն ենթակայ է ամբողջ կրթական համակարգը։

Հայկական վարժարանին պարագային խնդիրը կրկնակի է։ Ծնողքը դժուարութիւն ունի վճարելու։ Բայց դպրոցն ալ չի կրնար չգանձել։ Աշակերտներուն թիւը կը պակսի, սակայն շէնքը պէտք է պահել, ելեկտրականութիւն վճարել, ուսուցիչ վարձատրել, փոխադրամիջոց կազմակերպել, տարրալուծարան եւ համակարգիչ ունենալ, վարչական ծախսերը հոգալ։ Եւ հոս կը ստեղծուի վտանգաւոր շրջանակ մը.

աշակերտներու նուազում → եկամուտի նուազում → ուսուցիչի անբաւարար վարձատրութիւն → լաւ ուսուցիչներու հեռացում → կրթական որակի վտանգում → ծնողներու վստահութեան նուազում → նոր աշակերտներու կորուստ։

Իր վերոնշեալ ուսումնասիրութեան մէջ, դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան յատկապէս կը մատնանշէ որակաւոր ուսուցիչներու պակասը, անբաւարար աշխատավարձերն ու նուազող ֆինանսական միջոցները՝ իբրեւ Միջին Արեւելքի հայկական դպրոցներուն, ներառեալ Լիբանանի, սպառնացող հիմնական վտանգներ։ Ուրեմն հայկական դպրոցը փրկելու ծրագիր մը, որ միայն աշակերտին կրթաթոշակը կը վճարէ, բայց ուսուցիչը կը ձգէ աղքատութեան սահմանին, երկարաշունչ լուծում մը չէ։

Դպրոցը աշակերտով կը գոյատեւէ, բայց ուսուցիչով դպրոց կը դառնայ։

Տասնհինգ տկար դպրո՞ց, թէ՞ տասներկու, տասը, ութ զօրաւոր դպրոց: Թերեւս այս է ամենէն զգայուն հարցը։

Մեր «Սահակեանի՞ փակումը, թէ՞ փակուող ապագան» յօդուածին մէջ հետեւեալ հարցումը կու տայինք. «Եւ թերեւս հարցումը այն չէ, թէ քանի՛ դպրոց փակուեցաւ, այլ՝ քանի՞ դպրոց տակաւին կը կարծենք, թէ մեզի անհրաժեշտ է»։

Արդեօք մեր նպատակը պէ՞տք է ըլլայ պահպանել եւ չփակել այսօր գոյութիւն ունեցող իւրաքանչիւր դպրոց՝ անկախ աշակերտութեան թիւէն, ծախսէն եւ կրթական կարելիութիւններէն։ Զգացական պատասխանը ընդհանրապէս «այո» է։ Պատմական պատասխանը նոյնպէս հասկնալի է։ Իւրաքանչիւր դպրոց ունի անուն, յիշողութիւն, շրջանաւարտներ, բարերարներ, պատերու մէջ ապրած սերունդներ։ Բայց կրթական պատասխանը կրնայ տարբեր ըլլալ։Դպրոցներու եւ միջոցներու մէկտեղումը միշտ պարտութիւն չէ։

Դպրոց փակելը իսկապէս կորուստ է։ Բայց երբեմն երկու կամ երեք տկար կառոյցի փոխարէն մէկ զօրաւոր հաստատութիւն ստեղծելը կրնայ պահպանման աւելի խելացի ձեւ մը ըլլալ։ Դեռ հաւանաբար գտնուին ուրիշ ընտրանքներ, եթէ գտնուի կամեցողութիւնը՝ նստելու եւ իսկապէ՛ս քննարկելու։

Ճիշդ այս պատճառով դպրոցներու թիւը ապագային պէտք չէ ըլլայ մեր միակ չափանիշը։ Եթէ վաղը Լիբանանի մէջ ունենանք 12, 10, 8 հայկական վարժարան՝ նիւթական առողջ հիմքով, արժանապատիւ վարձատրուող ուսուցիչներով, արդիական ծրագիրներով եւ 5.000 աշակերտով, արդեօք աւելի՞ վատ վիճակի մէջ պիտի ըլլանք, քան 15 դպրոցով՝ որոնցմէ քանի մը հատը ամէն տարի գոյատեւման համար հանգանակութիւն կը կազմակերպէ եւ ծնողներէն շատեր ուրիշ ուղղութեամբ կը նային իրենց զաւակներուն լաւ կրթութիւն ապահովելու մտահոգութեամբ:

Շէնք պահե՞լն է նպատակը, թէ՞ հայկական կրթութիւնը։ Այս երկուքը միշտ նոյն բանը չեն։

Սակայն միացումը միայն ֆիզիքական շէնքերու հարց չէ։ Տակաւին՝ համագործակցութիւնը անպայմանօրէն չի նշանակեր դպրոցներու փակում։ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական, Համազգայինի, ՀԲԸՄ-ի եւ այլ հաստատութիւններու դպրոցները կրնան պահպանել իրենց ուրոյն ինքնութիւնը՝ միաժամանակ բազմաթիւ ծառայութիւններ միասնաբար կազմակերպելով։

Ինչո՞ւ իւրաքանչիւր դպրոց պէտք է համակարգչային իր առանձին ենթակառոյցը պահէ։ Ինչո՞ւ գնումները պէտք է առանձին-առանձին կատարուին։ Ինչո՞ւ տասը դպրոց աշակերտներու փոխադրութեան հարցը տասը տարբեր ձեւերով լուծէ։ Ինչո՞ւ յատուկ մասնագիտութեան հմուտ ուսուցիչ մը չի կրնար տարբեր օրերու տարբեր դպրոցներու մէջ դասաւանդել։ Ինչո՞ւ չստեղծել ուսուցիչներու վերապատրաստութեան միասնական կեդրոն մը, որդեգրել հայերէնի դասաւանդման հասարակաց չափանիշներ, ստեղծել թուային դասագիրքերու միասնական շտեմարան մը կամ նոյնիսկ բարձր մակարդակի առարկաներու համար համատեղ առցանց դասընթացքներ կազմակերպել։

Պատմականօրէն մեր բազմակեդրոն կառոյցը մեր ուժի աղբիւրներէն մէկը եղած է։ Սակայն թիւով նուազող համայնքի մը մէջ նոյն այդ կառոյցը կրնայ նաեւ վերածուիլ ծախսալից կրկնութեան։

Ապագայի մարտահրաւէրը տարբերութիւնները վերացնելը չէ։ Տարբերութիւններուն պատճառով կրկնուող անարդիւնաւէտութիւնը վերացնելն է։

Բարեգործութենէն դէպի համակարգ

Լիբանանահայ դպրոցը բարերարներու պակաս չէ ունեցած։ 2026-ի Յունուարին, օրինակ, Լիբանանի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանը յայտարարեց, որ Ազգային վարժարաններուն ի նպաստ հանգանակուած է 350.400 ամերիկեան տոլար։ Աջակցողներուն մէջ նշուած էին Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդարաններ, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի կառոյցը եւ անհատ բարերարներ։

Հայ Աւետարանական դպրոցներուն պարագային ալ Armenian Missionary Association of America-ն կը յայտնէ, որ Լիբանանի մէջ կը գործեն չորս երկրորդական հայկական աւետարանական դպրոցներ եւ կը կիրարկուին աշակերտներու աջակցութեան ծրագիրներ։

Հայ կաթողիկէ վարժարաններն ալ ունին աշակերտներու օժանդակութեան իրենց ծրագիրներն ու միջոցները։

Այս օգնութիւնները կենսական են։ Բայց հարցը այն է, թէ մինչեւ ե՞րբ կարելի է ամէն տարի նոյն բացը գոցել։ Եթէ դպրոց մը ամէն տարի 100 հազար տոլարի բաց ունի, եւ ամէն տարի բարերար մը գտնենք այդ 100 հազարը տալու, դպրոցը փրկա՞ծ կ’ըլլանք, թէ՞ միայն մէկ տարիով յետաձգած ենք նոյն հարցումը։

Բարեգործութեան յաջորդ հանգրուանը պէտք է ըլլայ համակարգային ներդրումը։

Ոչ միայն՝ «որքա՞ն գումար հաւաքեցինք», այլ՝ այդ գումարով քանի՞ աշակերտ պահեցինք, քանի՞ ուսուցիչ չարտագաղթեց, ի՞նչ չափով բարձրացաւ կրթական որակը, ի՞նչ ծախս նուազեցաւ, քանի՞ նոր ընտանիք հայկական դպրոց ընտրեց։

Բարերարին պէտք չէ միայն ըսել՝ «մեր դպրոցը վտանգուած է»։

Պէտք է նաեւ ըսել կարենալ՝ «ահա՛ մեր հինգ տարուան ծրագիրը եւ իրագործումներու նախատեսուած փուլերը»։

Իսկ մենք նոյնիսկ ճշգրիտ թիւը չենք գիտեր

Այս բոլոր հարցերուն կողքին կայ շա՛տ, շա՛տ զարմանալի երեւոյթ մը։

2026 տարին ենք եւ տակաւին չունինք հրապարակային, ամբողջական եւ ամէն տարի թարմացուող համահայկական տուեալներու համակարգ մը, որ յստակ ըսէ՝ Լիբանանի մէջ քանի՞ հայկական դպրոց կը գործէ, քանի՞ աշակերտ ունի իւրաքանչիւրը, քանի՞ ուսուցիչ, ի՞նչ տարեկան պիւտճէ, ի՞նչ կրթաթոշակ, քանի աշակերտ կը հեռանայ եւ ինչո՞ւ։

Վերեւ նշուած հետազօտութենէն ստացուած ամենավերջին ընդհանուր թիւը 2021–22-ի 16 դպրոցն ու 4.911 աշակերտն է։ 2026-27-ի համար կարելի է խօսիլ 15 վարժարանի մասին, բայց այդ մէկը տակաւին պաշտօնապէս հաստատուած թիւ չէ։

Այս պատճառով, յաճախ կրկնուող «ժամանակին 60 դպրոց ունէինք, այսօր 15 մնացած է» նախադասութիւնը ընդհանուր ուղղութեամբ ճիշդ է, բայց գիտականօրէն ճշգրտումի կը կարօտի։ Տարբեր ժամանակաշրջաններու աղբիւրները միշտ նոյն ձեւով չեն հաշուած մանկապարտէզները, նախակրթարաններն ու երկրորդական բաժինները, իսկ միացեալ հաստատութիւնները երբեմն տարբեր ձեւերով արձանագրուած են։ Եւ ասիկա պարզ վիճակագրական թերութիւն չէ։

Ինչպէ՞ս կարելի է ապագան ծրագրել, երբ ներկան ամբողջութեամբ չենք չափած։

Լիբանանի հայկական դպրոցներուն անհրաժեշտ է միասնական ուսումնական դիտորդ խորհուրդ մը՝ ոչ թէ զանոնք մէկ իշխանութեան ենթարկելու, այլ տուեալներն ու իրականութիւնները չափելու եւ արձանագրելու համար։

Տարեկան քանի՞ աշակերտ կը կորսնցնենք։ Ո՞ր տարիքին։ Ո՞ւր կ’երթան։ Ինչո՞ւ։ Դրամի՞ պատճառով։ Կրթական որակի՞։

Հեռաւորութեա՞ն։ Լեզուի՞։ Ընտանիքը երկրէ՞ն կը հեռանայ, թէ՞ երեխան ուրիշ դպրոց կ’անցնի։

Առանց այս հարցումներու պատասխաններուն՝ մեր կրթական քաղաքականութիւնը մեծ մասամբ կը հիմնուի տպաւորութիւններու եւ ենթադրութիւններու վրայ։

 Դպրոցին ապագան համայնքի ապագայէն անջատ չէ

 Վերջապէս պէտք է ընդունինք ամենէն դժուար իրականութիւնը։ Հայկական վարժարանի հարցը առանձին հարց չէ։ Եթէ երիտասարդ ընտանիքները շարունակեն հեռանալ Լիբանանէն, դպրոցը պիտի պարպուի։ Եթէ հայերէնը ընտանիքէն հեռանայ, դպրոցը միայնակ չի կրնար զայն փրկել։ Եթէ համայնքային հաստատութիւնները երիտասարդին համար կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը, դպրոցը բացառութիւն պիտի չըլլայ։ Եթէ ուսուցիչը չի կարենայ իր աշխատավարձով արժանապատիւ ապրիլ, հայրենասիրական կոչերը զինք դասարանին մէջ երկար չեն պահեր։ Եւ եթէ հայկական դպրոցը չկարենայ համոզել ծնողքը, որ իր զաւակին ապագային համար առաւելութիւն է եւ ոչ զոհողութիւն, պատմական փառքը բաւարար պիտի չըլլայ։

Այս պատճառով հարցը «ինչպէ՞ս փրկենք մեր դպրոցները» ձեւով դնելը թերեւս արդէն սխալ մեկնակէտ է։ Փրկել բառը մեզ կը դնէ պաշտպանողական դիրքի մէջ։ Կարծես թէ ունինք անցեալէն ժառանգուած կառոյց մը եւ մեր միակ պարտականութիւնը զայն նոյնութեամբ փոխանցելն է։ Բայց թերեւս ուրիշ է մեր պարտականութիւնը։ Թերեւս պէտք չէ պահպանենք այն դպրոցը, որ ունէինք։

Պէտք է ստեղծենք այն դպրոցը, որուն պիտի ուզէ յաճախել վաղուան հայ երեխան։

Դպրոց մը, ուր արեւմտահայերէնը անցեալի յիշատակ չէ, այլ ապրող լեզու։

Ուր բազմալեզուութիւնը բեռ չէ, այլ մրցակցային առաւելութիւն։

Ուր հայեցի կրթութիւնը չի նշանակեր միջազգային կրթութենէն զիջում։

Ուր ուսուցիչը (նաեւ տնօրէնը) «ծառայող» չէ, որուն նուիրումը պատճառ կը դառնայ քիչ վճարելու, այլ մասնագէտ է, որուն աշխատանքը արժանի է մասնագիտական վարձատրութեան։

Ուր բարերարը տարեկան բաց մը գոցելու փոխարէն ապագայ կը ֆինանսաւորէ։

Ուր հայկական տարբեր հաստատութիւնները կրնան մնալ տարբեր, բայց պայման չէ ամէն բան առանձին ընել։

Եւ ուր դպրոցին յաջողութիւնը չի չափուիր միայն անով, որ դուռը տակաւին բաց է։

Կը չափուի անով, թէ քանի երեխայ կ’ուզէ այդ դուռէն ներս մտնել։

1974–75-ին շուրջ 21.000 երեխայ կը մտնէր այդ դռներէն։

2021–22-ին՝ 4.911։

Այս երկու թիւերուն միջեւ միայն յիսուն տարուան պատմութիւն չկայ։ Կայ հարցում մը։

Յաջորդ յիսուն տարիներուն ի՞նչ թիւ պիտի գրենք։

Պատասխանը միայն արտագաղթէն, տնտեսութենէն կամ քաղաքական պայմաններէն կախեալ չէ։

Նաեւ՝ մեզմէ կախեալ է։

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x