14 Մայիս 2026 -ին Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցած Թրամփ–Շի գերաստիճանը առաջին հայեացքով կրնայ սովորական դիւանագիտական հանդիպում մը թուիլ․ ժպիտներ, ձեռքի սեղմումներ, կենացներ, պետական ճոխ հանդիսակատարութիւն եւ քաղաքավար փոխադարձ նայուածքներ։ Սա արտաքին երեւոյթն է, իսկ խո՞րքը: Խորքին մէջ կան հարցումներ, որոնք կը գերազանցեն երկու ղեկավարներու անձերը։ Իրականութեան մէջ, սեղանին շուրջ ոչ միայն Ամերիկան եւ Չինաստանը նստած էին, այլեւ ամբողջ 21-րդ դարու ապագայ աշխարհակարգը։
Իր բարի գալուստի պաշտօնական խօսքին մէջ, Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկ ակնարկութիւն մը կատարեց յոյն հին պատմաբան եւ զօրավար Թուսիտիտեսի անուան կապուած «Թուսիտիտեսի թակարդ» եզրին, զոր զարգացուցած է ամերիկացի քաղաքական վերլուծաբան-գիտնական Կրահամ Ալիսըն 2012-ին։ Առաջին հայեացքով, այս արտայայտութիւնը կրնայ անմեղ եւ ակադեմական կամ պատմագիտական հնչել, բայց անիկա աշխարհաքաղաքական ամենէն վտանգաւոր հասկացողութիւններէն մէկն է այսօր։ Թուսիտիտես կը նկարագրէր Աթէնքի վերելքն ու այդ վերելքէն Սպարթայի վախը՝ իբրեւ պատերազմի հիմնական պատճառ։ Կրահամ Ալիսըն այս գաղափարը վերածեց արդի աշխարհաքաղաքական տեսութեան մը՝ պնդելով, թէ երբ նոր ուժ մը սկսի սպառնալ գոյութիւն ունեցող գերիշխող ուժին, պատերազմը գրեթէ անխուսափելի կը դառնայ։
Այսօր այդ պատմական օրինակը սկսած է կիրարկուիլ Միացեալ Նահանգներ–Չինաստան յարաբերութիւններուն վրայ։ Շատեր սակայն կը քննադատեն զայն՝ պնդելով, թէ պատմութիւնը ճակատագիր չէ, եւ թէ նման տեսութիւնները երբեմն կրնան ինքնիրականացող մարգարէութիւն դառնալ՝ մեծ ուժերը դրդելով իրարու հանդէպ աւելի կասկածամիտ եւ յարձակողական քաղաքականութիւն վարելու։
Միացեալ Նահանգները տակաւին կը մնայ աշխարհի զինուորական եւ տնտեսական հզօրագոյն ուժը։ Սակայն, Չինաստան այլեւս պարզ զարգացող երկիր մը չէ։ Ան վերածուած է քաղաքակրթական հսկայի մը, որ կը մրցի Արեւմուտքին հետ՝ տնտեսութեան, արհեստագիտութեան, արուեստական իմացականութեան, առեւտուրի, ծովուժի եւ համաշխարհային ազդեցութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ։
Հետեւաբար, նախագահ Շիի նշումը պարզ պատմագիտական ակնարկ մը չէր։ Անիկա զգուշացում մըն էր։ Չինաստան փաստօրէն Ամերիկայի կ՛ըսէր․ «Մեր վերելքը պատերազմ չի նշանակեր, եթէ դուք զայն այդպէս չընկալէք»։
Բայց իրականութիւնը աւելի բարդ է։ Որովհետեւ մեծ ուժերը միայն ռազմավարական հաշիւներով չեն առաջնորդուիր։ Անոնք նաեւ վախերով կը շարժին։ Իսկ պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, թէ երբ տիրապետող ուժ մը սկսի զգալ իր գերակայութեան փլուզումը, ան շատ արագ կրնայ վերածուիլ կասկածամիտ եւ յարձակողական համակարգի։
Իրանի շարունակուող պատերազմը ճնշող ներկայութիւն էր Պէյճինկի բանակցութիւններուն։ Երկու ղեկավարներն ալ համաձայն էին, որ Հորմուզի նեղուցը պէտք է բաց մնայ՝ մեկնելով համաշխարհային ուժանիւթի անվտանգութեան շահերէն։ Չինաստան նաեւ դէմ էր նաւերու անցքին վրայ տուրք սահմանելու Թեհրանի փորձերուն, մինչ Շի Ժինփինկ կը խոստանար զէնք չտրամադրել Իրանի։ Ան միաժամանակ կ’առաջարկէր քուլիսային դիւանագիտական միջնորդութիւն կատարել՝ հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով, վերահաստատելով նաեւ, թէ Իրան երբե՛ք պէտք չէ կորիզային զէնք ունենայ։
Այս բոլորին զուգահեռ, տնտեսական եւ առեւտրական կարեւոր զարգացումներ եւս արձանագրուեցան։ Թրամփի հետ Պէյճինկ ժամանած ամերիկեան մեծ ընկերութիւններու ղեկավարներուն ներկայութեամբ՝ ներառեալ Իլոն Մասք եւ Ճենսըն Հուանկ, Չինաստան որոշեց աւելցնել ամերիկեան գիւղատնտեսական արտադրանքներու, օդանաւերու եւ յատկապէս նաւթի գնումները՝ քայլ մը, որ մասամբ կը նուազեցնէ անոր կախեալութիւնը Միջին Արեւելքէն։
Սակայն հակառակ ստեղծուած դրական մթնոլորտին, Շի Ժինփինկ առիթը օգտագործեց Տոնալտ Թրամփի ուղղելու շատ յստակ զգուշացում մը։ Ան շեշտեց, թէ Թայուանի հարցը Ամերիկա–Չինաստան յարաբերութիւններուն ամենէն զգայուն եւ կարեւոր խնդիրն է, եւ զգուշացուց, որ եթէ այս հարցը դրական զարգացում չունենայ, երկկողմանի յարաբերութիւնները կրնան ենթարկուիլ ծանր հարուածներու, նոյնիսկ զինեալ բախումի վտանգին։
Ամերիկան այսօր Չինաստանի վերելքը ոչ միայն որպէս տնտեսական մրցակցութիւն կը դիտէ, այլ նաեւ որպէս իր համաշխարհային դիրքին ուղղուած սպառնալիք մը։ Չինաստանի համար ալ Թայուանի զինումը, կիսահաղորդիչներու սահմանափակումները եւ Խաղաղական ովկիանոսի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը կը դիտուին որպէս «զսպումի» փորձ։
Փաստօրէն, երկու կողմերն ալ սկսած են զիրար ոչ միայն մրցակից տեսնել, այլեւ գոյաբանական վտանգ։
Ճիշդ հոս է որ ի յայտ կու գայ Թուսիտիտեսի թակարդին իսկական վտանգը։ Պատերազմները շատ անգամ չեն սկսիր որովհետեւ կողմերը պատերազմ կ’ուզեն։ Անոնք կը սկսին որովհետեւ կողմերը կը սկսին վախնալ իրարմէ։
Այս բոլորին մէջ ամենէն վտանգաւոր կէտը Թայուանն է։ Չինաստանի համար անիկա ազգային ամբողջականութեան եւ պատմական վերամիաւորման հարց է։ Ամերիկայի համար՝ Ասիոյ մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան առանցքային հանգոյց մը։ Այս պատճառով Թայուան այսօր դարձած է աշխարհակարգի նուրբ սահմանագիծերէն մէկը։
Սակայն Պէյճինկի հանդիպումը միայն հակամարտութեան մասին չէր։ Անիկա նաեւ ցոյց տուաւ, թէ երկու ուժերն ալ տակաւին կը հասկնան ամբողջական պատերազմի գինը։ Հետեւաբար, ներկայ փուլին աւելի հաւանական է երկարատեւ մրցակցութիւնը, քան անմիջական համաշխարհային բախումը։
Բայց նոյնիսկ այդ մրցակցութիւնը արդէն իսկ փոխած է աշխարհը։
Աշխարհաքաղաքականութիւնը այլեւս միայն զէնքի կամ տարածքի պայքար չէ։ Այսօր պատերազմները կրնան տեղի ունենալ կիսահաղորդիչներու, արուեստական իմացականութեան, տեղեկատուութեան, նաւահանգիստներու, մատակարարման շղթաներու եւ նոյնիսկ թուային դրամանիշերու շուրջ։
Ահա թէ ինչու Թրամփի Պէյճինկ այցելութիւնը պարզ դիւանագիտական եղելութիւն մը չէր, այլ շրջադարձային կարեւոր կէտ մը պատմութեան մէջ։ Աշխարհը աստիճանաբար կը հեռանայ այն միաբեւեռ համակարգէն, ուր Ամերիկան գրեթէ անվիճելի գերիշխանութիւն ունէր։ Փոխարէնը կը ձեւաւորուի աւելի բարդ, բազմաբեւեռ եւ անկայուն աշխարհ մը։
Բայց հոս կը ծագի հիմնական հարցում մը․ մարդկութիւնը արդեօք կրնա՞յ խուսափիլ պատմութեան կրկնութենէն։
Որովհետեւ Թուսիտիտեսի թակարդը վերջնական հաշուով միայն Չինաստանի եւ Ամերիկայի մասին չէ։ Անիկա մարդկային բնութեան մասին է։ Մեծ ուժերու հպարտութեան, անապահովութեան եւ վախերուն մասին է։
Եւ թերեւս 21-րդ դարու ամենէն կարեւոր հարցումը հետեւեալն է․ երբ նոր ուժ մը կը սկսի բարձրանալ, իսկ հին ուժ մը կը սկսի կորսնցնել իր բացարձակ գերակայութիւնը, կրնա՞ն արդեօք անոնք գոյակցիլ առանց աշխարհը դէպի աղէտ մղելու։
Պատմութիւնը տակաւին վերջնական պատասխան մը չէ տուած։


