Հորմուզէն մինչեւ Լիբանան․ խաղի նոր օրէնքներ

28 Փետրուար 2026 -ին սկիզբ առած պատերազմը չսահմանափակուեցաւ միայն Իրանի օդային տարածքով: Այն ինչ որ սկիզբը իբրեւ ամերիկեան եւ իսրայէլեան օդային վճռական յարձակում մը կը թուէր՝ խնամքով ծրագրուած, արհեստագիտականօրէն գերազանց եւ ռազմավարականօրէն յաւակնոտ, արագօրէն դուրս եկաւ իր նախատեսուած սահմաններէն: Անիկա չաւարտեցաւ հոն՝ ուր սկսած էր, ոչ ալ գետինը պատրաստեց այն լուծումներուն, զորս թերեւս կը փնտռէին անոր ճարտարապետները: Փոխարէնը՝ պատերազմը տարածաշրջանը վերաձեւակերպեց նուազ տեսանելի, բայց շատ աւելի ճակատագրական ուղղութիւններով:

Այսօրուան իրավիճակը հասկնալու համար պէտք է հրաժարիլ պատերազմի առաջին օրերու ստեղծած ցնցումին վրայ կեդրոնանալէ՝ օդային ծանր հարուածներ, ենթակառոյցներու քանդում եւ ղեկավարութեան «գլխատում»։ Այս բոլորը կը պատկանին պատերազմի առաջին փուլին։ Իրական շրջադարձը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ պատերազմին առանցքը Իրանի տարածքէն փոխադրուեցաւ դէպի ծով՝ յատկապէս դէպի Հորմուզի նեղուցը, ուր պատերազմը փոխեց իր բնոյթը։ Անիկա դադրեցաւ զուտ զինուորական կարողութիւններու բախում մը ըլլալէ եւ վերածուեցաւ «խափանման» կարողութիւններու մրցակցութեան:

Ըստ երեւոյթին, Իրան պէտք չունէր սովորական իմաստով յաղթելու՝ ռազմական անհաւասարութիւնը փոխելու համար: Միայն անհրաժեշտ էր փաստել, որ ինք կրնայ անկարելի դարձնել բնականոն վիճակի վերադարձը: Նաւարկութեան ուղիներու խափանումը, ուժանիւթի հոսքերու անկայունութիւնը, ապահովագրական շուկաներու անդամալուծումը եւ համաշխարհային առեւտուրի խախտումները դարձան ոչ թէ երկրորդական հետեւանքներ, այլ պատերազմին բնորոշիչ յատկանիշները: Այս իմաստով, Հորմուզը դադրեցաւ պարզապէս աշխարհագրական նեղուց մը ըլլալէ, այլ դարձաւ աշխարհաքաղաքական հակամարտութեան առանցք մը՝ տարածք մը, ուր ռազմական անհաւասարութիւնը վերածուեցաւ ռազմավարական առաւելութեան: Միացեալ Նահանգները, հակառակ իր ծովային գերիշխանութեան, ինքզինք գտաւ հակամարտութիւնը կառավարելու եւ ոչ թէ անոր լուծում մը գտնելու կացութեան մը մէջ՝ հակառակ մարտանաւերու եւ օդանաւակիրներու գերազանց ներկայութեան:

Այս ընդհանուր փոփոխութեան ծիրէն ներս պէտք է տեղադրել նաեւ Լիբանանը: Եթէ Հորմուզը դարձաւ պատերազմի ռազմավարական առանցքը, Հարաւային Լիբանանը մնաց անոր ամէնէն պայթուցիկ եզրը։ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումը չէր որոշեր պատերազմին ուղղութիւնը, սակայն կը պահպանէր զայն լարուած պահելու կարողութիւնը։ Ապրիլի կիսուն յայտարարուած զինադադարը, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացածը, լուծումի չէր առաջնորդեր։ Ան ընդամէնը ժամանակաւոր ընդհատում մըն էր՝ անհամատեղելի պայմաններու մէջ։ Իսրայէլ կը պնդէր անվտանգութեան այնպիսի դասաւորումներու վրայ, որոնք կ’անցնէին իր սահմաններէն անդին, մինչ Հըզպալլա կը մերժէր որեւէ համաձայնութիւն, որ չի պահեր իր դիմադրութեան կարողութիւնը։ Այս երկուքին միջեւ՝ լիբանանեան պետութիւնը գրեթէ կը մնար բացակայ եւ անճրկած՝ ոչ թէ որոշումով, այլ ակամայ պայմաններու բերումով։

Լիբանանի պետութեան այս բացակայութիւնը պատահական չէ։ Ան կը բացայայտէ այն խոր իրականութիւնը, զոր պատերազմը դարձուց աւելի տեսանելի․ Լիբանան որոշ ատենէ դադրած է դասական իմաստով դերակատար ըլլալէ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ։ Խլուած է այդ իրաւունքը իրմէ. ան չի բանակցիր իր իրաւունքներուն համար, այլ ուրիշներ կը բանակցին իր անունով, բայց իրենց շահերուն համար։ Թէեւ Լիբանան միշտ կը մնայ միջազգային օրակարգի վրայ եւ կարելի չէ զայն անտեսել։ Հարաւի ճակատը կը շարունակէ գործել իբրեւ ճնշման գօտի՝ Լիբանանի ճակատագիրը կապելով արտաքին որոշումներու՝ Ուաշինկթընէն մինչեւ Թեհրան, եւ այժմ նաեւ միջնորդ մայրաքաղաքներու մէջ՝ ինչպէս Իսլամապատ եւ Մասքաթ։ Այսպիսով պատերազմը վերահաստատեց Լիբանանի պատմական այն հակասութիւնը, թէ ան միաժամանակ լուսանցքային է, բայց անփոխարինելի, անտեսուած՝ բայց կարեւոր…

Կարճաժամկէտ հեռանկարով, այս կացութիւնը հաւանաբար պիտի շարունակուի. ամենէն հաւանականը՝ ոչ յաւելեալ մագլցում, ոչ լուծում իրավիճակն է։  Փոխարէնը կը յառաջանայ «կառավարելի անկայունութեան» ձեւ մը՝ պարտադրուած հաւասարակշռութիւն մը, ուր բոլոր դերակատարները կը խուսափին որոշ սահմաններ հատելէ, սակայն կը շարունակեն ճնշում գործադրել այդ սահմաններու ծիրէն ներս: Թէ՛ Հորմուզի եւ թէ՛ Լիբանանի զինադադարները կը պահպանուին, բայց միայն ձեւականօրէն։ Հորմուզի մէջ լարուածութիւնը կը մնայ, նաւարկութիւնը՝ պայմանաւորուած։ Հարաւային Լիբանանի մէջ խախտումները կը շարունակուին։ Դիւանագիտութիւնը կը շարունակուի, բայց անուղղակի՝ միջնորդներով, որոնք դժբախտաբար անկողմնակալ չեն եւ իրենց կարգին ռազմավարական շահեր կը հետապնդեն:

Այս վիճակը բնականօրէն կարելի չէ խաղաղութիւն նկատել։ Անիկա պարտադրուած վիճակ մըն է, ուր հակամարտութիւնը կը շարունակուի առանց ամբողջական պայթումի:

Սակայն այս վիճակը եթէ երկարի, հետեւանքները կրնան աւելի խոր ըլլալ: Շրջանային այս պատերազմը ոչ միայն անմիջական խնդիրներ կը յառաջացնէ, այլեւ աւելի մեծ փոփոխութիւններու պատճառ կը դառնայ: Մեծագոյն փոփոխութիւնը հաւանօրէն ուժի եւ տիրապետութեան նոր գաղափարն է: Ըստ երեւոյթին հողատարծքի վրայ հակակշիռ ունենալը այլեւս բաւարար չէ յաղթանակ կերտելու համար: Ներկայիս ուժանիւթի, ապրանքներու կամ դրամի հոսքը խանգարելու կարողութիւնը նոյնքան կարեւոր է, թերեւս աւելի կարեւոր: Իրանի օրինակը բարացուցական է այս առումով: Հակառակ իր կրած ծանր հարուածներուն, Իրան կրցաւ ազդել պատերազմի ընթացքին վրայ՝ թիրախաւորելով այն համակարգերը, որոնց կը յենէին իր թշնամիները: Ասիկա յաղթանակ չէ աւանդական իմաստով, բայց նաեւ վճռական պարտութիւն ալ չէ։

Տակաւին, այս պատերազմը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ մասնատուած գերիշխանութեանց բնականոնացումին։ Լիբանան եզակի չէ այս առումով, բայց ան ամենէն խօսուն օրինակն է: Պետական հաստատութիւններու, ոչ-պետական զինեալ դերակատարներու եւ արտաքին զինուորական ազդեցութեան համակեցութիւնը այլեւս չի դիտուիր որպէս զարտուղութիւն մը, որ պէտք է լուծուի, այլ հետզհետէ կ’ընդունուի որպէս կացութիւն մը, որ պէտք է ընդունիլ եւ համակերպիլ: Հետեւանքը ոչ թէ պետութեան անհետացումն է, այլ անոր փոխակերպութիւնը՝ վերածուելով դերակատարի՝ միւսներուն կողքին, յաճախ առանց գերակայութեան:

Այս կացութիւնն է, զոր վերջերս լիբանանեան պետութիւնը կը փորձէ շրջել՝ վերահաստատելով պետութեան գերակայութիւնը եւ պատերազմ հռչակելու ու խաղաղութիւն հաստատելու անոր իրաւասութիւնը: Ուղղակի բանակցութիւններու դիմելու քայլերը կը մատնանշեն պետութեան կողմէ իր դերը վերականգնելու փորձ մը, թէեւ սահմանափակ եւ արտաքին պայմանաւորուած շրջանակներու մէջ։

Լիբանանի մէջ տիրող այս կացութիւնը ունի նաեւ տնտեսական կարեւոր հետեւանքներ: Լիբանանի պարագային վերակառուցումը միայն միջոցներու հարց չէ, այլ նաեւ առնչուած է անոր կարեւորութեան: Միջազգային աջակցութիւնը կը մնայ սահմանափակ, պայմանաւորուած եւ դանդաղ՝ ոչ թէ որովհետեւ կարիքները յստակ չեն, այլ քանի ռազմավարական խայծը տկար է։ Լիբանանը ռազմավարականօրէն առնչուած է բախումներուն, բայց ոչ անոնց լուծման։ Ան կը շարունակէ խճճուած մնալ տարածաշրջանային աւելի լայն առճակատումներու մէջ՝ գործելով աւելի իբրեւ տարածք մը, ուր արտաքին լարուածութիւնները իրենց արձագանգը կը գտնեն, քան որպէս առաջնահերթութիւն մը՝ երկարաժամկէտ ներդրումներու համար։ Ըստ երեւոյթին, Լիբանան առանցքային դիրք մը չի գրաւեր տարածաշրջանային ձեւաւորուող նոր համակարգին մէջ։ Ան էական չէ ո՛չ ուժանիւթի անվտանգութեան, ո՛չ ալ մեծպետական մրցակցութեան մէջ։

Կը թուի, թէ այս պատերազմը յստակ վերջաւորութիւն մը պիտի չունենայ. անիկա պարզապէս պիտի փոխէ խաղին օրէնքները: Յայտնապէս Լիբանան պիտի շարունակէ շնչել նեղ սահմաններու մէջ՝ սեղմուած արտաքին ճնշումներու եւ իր սեփական տկարութեան միջեւ: Ամբողջ տարածաշրջանը կարծէք պիտի վարժուի նոր հաւասարակշռութեան մը, ուր ոչ թէ կը վերանայ անկայունութիւնը, այլ կը դառնայ կառավարելի առօրեայ:

Հիմնական հարցը այն չէ, թէ Լիբանան պիտի վերագտնէ իր «բնականոն կեանքը», այլ պիտի կարենա՞յ դառնալ իր ճակատագիրը տնօրինող քաղաքական ուժ մը, փոխանակ ըլլալու լոկ տարածք մը, ուր ուրիշներ կը լուծեն իրենց հաշիւները: Առայժմ, նման փոփոխութիւն մը անհաւանական կը թուի: Պատերազմը չէ միացուցած ու ներդաշնակած տարածաշրջանը, չէ բանաձեւած լուծման հեռանկարներ, այլ գծած է նոր ու խիստ շրջագիծեր, որոնց մէջ Լիբանան պարտաւոր է գոյատեւելու:

Թէեւ այս շրջադարձը կը մնայ դժուարին եւ մարտահրաւէրներով լեցուն, պետութեան վերջին քայլերը ցոյց կու տան, որ ան կը փորձէ վերագտնել իր տեղը՝ օգտագործելով դիւանագիտական այն նեղ անցքերը, որոնք դեռ բաց կը մնան։

Այս անորոշութեան մէջ, լաւատեսութիւնը կը դառնայ միակ ճանապարհը՝ այդ նեղ անցքերէն դէպի աւելի լայն հորիզոններ անցնելու համար։

Վ. Թէնպէլեան

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x