Իր 19 փետրուար 2026-ի համարով, լիբանանեան «Ալ-Ախպար» թերթը հրապարակած է «Համայնքներ «անհետացման» ճամբուն վրայ» խորագրեալ յօդուած մը՝ հիմնուած հետազօտող Քամալ Ֆըղալիի մէկ ուսումնասիրութեան վրայ (դեկտեմբեր 2025)՝ «ժողովրդագրական տուեալներ. Լիբանանի մէջ համայնքային հաւասարակշռութեան խախտումի ցուցանիշեր․ 2000-2025» խորագրով:
Կարելի եղաւ նաեւ ձեռք ձգել Ֆըղալիի ուսումնասիրութիւնը:
Այս ուսումնասիրութիւնը, հիմնուած ընտրական ցանկերու վրայ (2000–2025), ցոյց կու տայ, որ ընտրողներու համայնքային բաշխումը կ’ապրի արմատական փոփոխութեան հոլովոյթ մը։ 2025-ին ընտրողներու 66.4%-ը իսլամ են, մինչ քրիստոնեաները կը կազմեն 33.5%-ը: Ըստ նախատեսութիւններու, մինչեւ 2050, քրիստոնեաներու տոկոսը կրնայ նուազիլ մինչեւ 25%-ի։
Ստորեւ՝ Ֆըղալիի եզրակացութիւնները տախտակներով:
I. Ընտրողներու համայնքային բաշխումը (2000–2025–2050)

2000–2025 ժամանակահատուածին, իսլամ ընտրողներու աճը կը ներկայացնէ 71% համեմատութիւն մը, մինչ քրիստոնեայ ընտրողներու աճը՝ 14%։ Եթէ այս ընթացքը շարունակուի, 2050-ին քրիստոնեաներու համեմատութիւնը կրնայ իջնել շուրջ 25%-ի։
II. Տարիքային կառուցուածք եւ ընտանեկան գրանցումներ (2025)

Իսլամներու ընտանեկան գրանցումները գրեթէ կը ներկայացնեն կրկինը քրիստոնեաներուն։ Տարիքային միջին տարբերութիւնը 8,5 տարի է: Տարիքային այս տարբերութիւնը կը նշանակէ, որ իսլամ ընտանիքները ունին աւելի երիտասարդ բնակչութեան հիմք, որ կրնայ աւելի արագ կշռոյթով աճիլ ժամանակի ընթացքին:
III. Ներքին համայնքային տարբերութիւններ
Իսլամ համայնքներ

Քրիստոնեայ համայնքներ

IV. Ընտանեկան գրանցումներու անհետացման վտանգ

Քրիստոնեայ համայնքներու մէջ որոշ խմբաւորումներու պարագային, անհետացման տոկոսը աւելի է քան 30%-ը:
Մինչեւ 2040–2050, ըստ Ֆըղալիի նախատեսութիւններուն, իսլամ ընտրողները պիտի դառնան գերակշող տարիքային բոլոր խմբաւորումներու մէջ եւ քրիստոնեայ որոշ համայնքներ զգալիօրէն պիտի նօսրանան:
Լիբանանի Հայ Համայնքը․ Ընտրական Տուեալներ
Ինչպէս տեսանք, Լիբանանի ընտրական ցանկերը կը հանդիսանան ամենէն վստահելի ժողովրդագրական աղբիւրներէն մէկը՝ գնահատելու համայնքային եւ դաւանական հաւասարակշռութեան փոփոխութիւնները։ 2000-էն մինչեւ 2025 արձանագրուած տուեալները ցոյց կու տան, որ հայ համայնքը՝ մասնաւորաբար հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ ընտրողներու շրջագիծին մէջ, կը դիմագրաւէ աստիճանական, բայց յստակ նահանջ մը։
I. Հայ Առաքելական Ընտրողներ (2000–2025)

2000-էն 2025, հայ առաքելական ընտրողներու ընդհանուր անկումը կը հասնի շուրջ 10.6%-ի։ Անկումը հետեւողական է արձանագրուած ընտրական բոլոր փուլերուն։
II. Հայ Կաթողիկէ Ընտրողներ (2000–2025)

Հայ Կաթողիկէ ընտրողներու թիւը սահմանափակ աճ արձանագրած է մինչեւ 2018, ապա՝ անկում։ Ընդհանուր 25 տարիներու ընթացքին, անկումը կը մօտենայ 1.7%-ի։
III. Ընդհանուր Հայ Ընտրական Պատկերը

Այս ժամանակամիջոցին, ամբողջ Լիբանանի ընտրողներու թիւը աճած է զգալի չափով, մինչ հայ ընտրողներու թիւը նուազած է։
IV. Տարիքային Կառուցուածք եւ Արտագաղթ
Տուեալները կը փաստեն, որ Քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ տարիքային կառուցուածքը աւելի ծերացած է, իսկ երիտասարդ տարիքային խաւերու նուազումը եւ արտագաղթը կը խորացնեն ժողովրդագրական նահանջը։ Արտագաղթը յատկապէս կ’ազդէ հայ համայնքին վրայ։
Ծերացող ընտրազանգուած
Ըստ Ֆըղալիի ուսումնասիրութեան, հայկական համայնքները քրիստոնեայ խմբաւորումներու մէջ ամենէն բարձր միջին տարիքը ունին․
• Հայ առաքելական ընտրողներու միջին տարիքը՝ 63.3
• Հայ կաթողիկէներու միջին տարիքը՝ 62.8
Այս թիւերը զգալիօրէն աւելի բարձր են մարոնիներու կամ այլ քրիստոնեայ հիմնական համայնքներու համեմատ։
Միջին տարիքի բարձրացումը ինքնին քաղաքական խնդիր մը չէ, բայց երբ անոր կը միանան արտագաղթի, երիտասարդ սերունդի թիւի նուազումը եւ հետեւաբար՝ ծնունդներու նուազումը, ան կը դառնայ կառուցային վտանգ։ Հետեւանքը՝ համայնքային վերանորոգման սահմանափակում, ղեկավարութեան հեզասահ փոխանցումի դժուարութիւն եւ հաստատութիւններու վրայ ծանրացող բեռ։
Ընտանեկան գրանցումներու «անհետացման» սպառնալիք
Ուսումնասիրութեան ամենէն մտահոգիչ եզրակացութիւններէն մէկը կը վերաբերի ընտանեկան գրանցումներու ապագային։ Ըստ տուեալներուն, հայկական ընտանեկան գրանցումներու 31.4%-ը կրնայ անհետանալ յառաջիկայ 30 տարիներուն ընթացքին, ինչ որ կը համապատասխանէ հայ ընտրողներու շուրջ 12.2%-ին։
Այսինքն՝ հարցը միայն ընտրողներու թիւին նուազումը չէ, այլ ինքնին համայնքային կառոյցի կրճատումը։
Երբ կը տկարնան ընտանեկան հիմքերը, հետեւանքները կը տարածուին դպրոցներու, մշակութային միութիւններու, կուսակցութիւններու եւ բարեսիրական կառոյցներու վրայ։ Կազմակերպական հզօրութիւնը, որ երկար տասնամեակներու ընթացքին եղած է լիբանանահայութեան ուժը, կը դառնայ աւելի փխրուն։
Քաղաքական լծակներու աստիճանական տկարացում
2000–2025 ժամանակահատուածին հայ առաքելական ընտրողներու թիւը նուազած է 10.6%-ով, իսկ հայ կաթողիկէներունը՝ 1.7%-ով։
Լիբանանի քաղաքական համակարգին մէջ, ուր ներկայացուցչութիւնը հիմնուած է թիւերու վրայ, այս փոփոխութիւնը ունի ուղղակի հետեւանքներ։ Թիւի նուազումը կը նշանակէ բանակցային դիրքերու աստիճանական թուլացում, յատկապէս այն պահերուն, երբ օրակարգի վրայ կը դրուի ընդհանուր համակարգին վերաձեւաւորումը։
Ուսումնասիրութիւնը նաեւ կը շեշտէ, որ ժողովրդագրական իրականութեան եւ իշխանութեան բաշխման միջեւ աճող հակասութիւնը մնայուն ճնշում եւ քաղաքական անդամալուծութիւն կը ստեղծէ։
Այս միջավայրին մէջ փոքր համայնքները աւելի խոցելի են։
Ինչպէ՞ս ընթերցել այս իրավիճակը
Այս բոլորին մէջ կարեւոր է հեռու մնալ զգացական կամ ինքնապաշտպանական վարքագիծերէն։ Ժողովրդագրութիւնը ճակատագիր չէ, այլ չոր իրականութիւն մը, որ պէտք է ըմբռնել առարկայական դատողութեամբ։ Ֆըղալիի ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ արտագաղթը եւ արտասահմանեան ծնունդները չգրանցելը կառուցային ազդեցութիւն ունին ընտրազանգուածին վրայ։
Հետեւաբար, հարցը միայն «թիւերու» մասին չէ, այլ համայնքային կազմակերպուածութեան, նոր սերունդներու ներգրաւման եւ քաղաքացիական մասնակցութեան վերաձեւակերպման։
Լիբանանի քաղաքական ապագան չ’որոշուիր միայն սահմանադրական յօդուածներով կամ քաղաքական համաձայնութիւններով։
Լիբանանահայ համայնքը կը գտնուի պատմական խաչմերուկի մը առջեւ․ կա՛մ ժողովրդագրական այս փոփոխութիւնը պիտի դիտէ որպէս սպառնալիք եւ փակուի ինքն իր մէջ, կա՛մ զայն պիտի վերածէ ռազմավարական մտածողութեան մեկնակէտի՝ վերակազմակերպելով իր հաստատութիւնները, խթանելով երիտասարդութեան ներգրաւումը եւ ամրապնդելով իր քաղաքացիական դերակատարութիւնը։
Ժողովրդագրութիւնը չոր տուեալներու ներկայացում է, բայց անոր հետեւանքները երբեք չոր չեն։


