Փորձ անգլերէն–արեւմտահայերէն արհեստագիտական բառարանի կազմութեան (C-ով սկսող բառեր)

October 7, 2026

Ինչո՞ւ այս բառարանը

Նոր արհեստագիտութիւնը միայն նոր գործիքներ չի ստեղծեր։ Ան նաեւ նոր հասկացողութիւններ եւ նոր բառապաշար կը բերէ։ Artificial Intelligence, prompt, algorithm, deep learning, chatbot, token, cloud computing, cybersecurity, deepfake եւ հարիւրաւոր այլ եզրեր արդէն մտած են մեր առօրեային, կրթութեան, աշխատանքին, մամուլին եւ հանրային խօսակցութեան մէջ։

Բայց ի՞նչ կը պատահի, երբ նոր աշխարհ մը կը ստեղծուի, իսկ լեզուն չունի այդ աշխարհին մասին խօսելու բառապաշարը։ Այս բառարանին մեկնակէտը ճիշդ այդ հարցումն է։ Նպատակը պարզապէս անգլերէն արհեստագիտական եզրերուն դիմաց հայերէն բառեր շարելը չէ։ Նպատակը ժամանակակից արհեստագիտութեան մասին արեւմտահայերէնով խօսելու, գրելու, դասաւանդելու եւ մտածելու գործածելի լեզու մը զարգացնելն է։

Տարբերակ21 այս աշխատանքը զերոյէն չի սկսիր։ Կայքը իր հրապարակումներուն մէջ արդէն ստեղծած կամ որդեգրած է արեւմտահայերէն ԱԻ եւ թուային բառապաշարի կարեւոր կորիզ մը՝ «արուեստական իմացականութիւն», «ալկորիթմ», «մոտել», «քոտաւորել», «մշակող», «տուեալներ», «խոր ուսուցում», «թուային անվտանգութիւն», «թուային յարձակում», «ենթակառոյց» եւ այլ եզրերով։ Հետեւաբար առաջին քայլը նոր բառեր հնարելը չէ, այլ հաւաքել եւ համակարգել Darperag21-ի մէջ արդէն գործածուող լեզուն, ապա բացերը լրացնել։

Մեր խմբագրական սկզբունքը

Տարբերակ21 «Artificial Intelligence»-ի համար գիտակցաբար ընտրած է «արուեստական իմացականութիւն (ԱԻ)» եզրը։ Այս ընտրութեան ետին աւելի լայն լեզուական սկզբունք մը կայ (կարելի է ստուգել այս կապով). ժամանակակից աշխարհը հայերէնով արտայայտելը չի նշանակեր ամէն օտար բառի դիմաց անպայման բառացի հայերէն համարժէք մը հնարել։ Նոյն սկզբունքը պիտի առաջնորդուի այս փորձ-բառարանը։

Երբ կենդանի արեւմտահայերէնին մէջ բնական եւ ճշգրիտ եզր մը արդէն գոյութիւն ունի, պիտի գործածենք զայն։ Երբ Տարբերակ21 արդէն հետեւողական ձեւ մը որդեգրած է, պիտի արձանագրենք այդ գործածութիւնը։ Երբ ընդունուած հայերէն համարժէք մը կայ, զայն առանց պատճառի պիտի չփոխարինենք։ Իսկ երբ տակաւին յստակ եւ բնական լուծում չկայ, բառը պիտի մնայ քննարկելի։

Այս պատճառով բառարանը պիտի զատորեշէ չորս տարբեր կարգավիճակներ.

  • Տարբերակ21-ի գործածութիւն — եզրը արդէն գործածուած է կայքին մէջ։
  • Նախընտրելի եզր — ուսումնասիրութենէ եւ քննարկումէ ետք կ՚’առաջարկուի իբրեւ հիմնական արեւմտահայերէն ձեւ։
  • Ընդունուած գործածութիւն — Տարբերակ21-ի ստեղծած եզրը չէ, բայց հայերէնի մէջ արդէն ընդունուած է։
  • Քննարկելի — վերջնական ընտրութիւնը տակաւին չէ կատարուած։

Այս զատորոշումը անհրաժեշտ է, որովհետեւ բառարանը պէտք չէ այն տպաւորութիւն ձգէ, թէ արհեստագիտական ամէն նոր հասկացողութեան համար արդէն անվիճելի հայերէն համարժէք գոյութիւն ունի։ Անիկա պէտք է նաեւ ցոյց տայ, թէ լեզուն ո՛ւր լարդէն պատասխան ունի եւ ո՛ւր տակաւին աշխատանք կայ կատարելիք։

Ոչ միայն ԱԻ-ի բառարան

Արուեստական իմացականութիւնը այսօր մեկուսացած ոլորտ մը չէ։ Ան կապուած է համակարգիչներու, ծրագրաւորման, տուեալներու, համացանցի, թուային անվտանգութեան, աշխատանքի, կրթութեան, լրատուամիջոցներու եւ բարոյական հարցերու։ Հետեւաբար աւելի նպատակայարմար է բառարանը կազմակերպել ութ կապակցուած բաժիններով.

  1. Արուեստական իմացականութիւն եւ մեքենական ուսուցում
  2. Համակարգիչ եւ ծրագրաւորում
  3. Տուեալներ եւ հաշուարկ
  4. Համացանց եւ թուային հաղորդակցութիւն
  5. Թուային անվտանգութիւն
  6. Ռոպոթներ, մարդառոպոթներ եւ ինքնագործութիւն
  7. ԱԻ, կրթութիւն եւ աշխատանք
  8. ԱԻ-ի բարոյական եւ ընկերային բառապաշար

Այս կառուցուածքով բառարանը պիտի ընդգրկէ շուրջ 200 հիմնական եզր՝ զուտ արհեստագիտական բառերէն մինչեւ privacy, bias, misinformation, copyright, authorship, transparency, accountability, digital divide եւ այլ հասկացողութիւններ։

Ինչպէ՞ս պիտի ձեւակերպուի իւրաքանչիւր բառի բացատրութիւնը: Պարզ անգլերէն–հայերէն բառացանկ մը բաւարար պիտի չըլլայ։ Բառը պէտք է նաեւ բացատրուի եւ կենդանի գործածութեան մէջ դրուի։

Վ.Թէնպէլեան

C

CHATBOT — զրուցավար / զրուցային ծրագիր

Ծրագիր կամ ԱԻ համակարգ մը, որ նախատեսուած է օգտագործողին հետ գրաւոր կամ բանաւոր զրոյց վարելու եւ պատասխանելու անոր հարցումներուն։

Օրինակ. Կայքին զրուցավարը կրնայ այցելուներուն պատասխանել ծառայութիւններուն վերաբերող հիմնական հարցումներուն։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։ «Զրուցավար»-ը հակիրճ եւ բնական տարբերակ մըն է, բայց վերջնական ընտրութենէն առաջ կը պահենք նաեւ «զրուցային ծրագիր» տարբերակը։

CLOSED SOURCE — փակ աղբիւրով

Ծրագիր մը կամ համակարգ մը, որուն սկզբնաղբիւրային քոտը հանրութեան հասանելի չէ եւ սովորաբար կը վերահսկուի զայն ստեղծող ընկերութեան կամ կազմակերպութեան կողմէ։

Օրինակ. Փակ աղբիւրով ԱԻ մոտելին ամբողջական քոտը արտաքին հետազօտողները չեն կրնար ուսումնասիրել։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր՝ առայժմ։

CLOUD COMPUTING — ամպային հաշուարկ

Համացանցի միջոցով համակարգչային ծառայութիւններու եւ միջոցներու օգտագործում՝ առանց զանոնք սեփական համակարգիչին մէջ ունենալու։

Օրինակ. Ընկերութիւնը իր տուեալներուն մշակումին մէկ մասը կը կատարէ ամպային հաշուարկի միջոցով։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

CLOUD STORAGE — ամպային պահեստ / ամպային պահպանում

Համացանցի միջոցով հեռակայ սպասարկիչներու վրայ թղթածրարներ եւ տուեալներ պահելու ծառայութիւն։

Օրինակ. Ամպային պահեստը օգտագործողին կարելիութիւն կու տայ նոյն թղթածրարին հասնելու տարբեր սարքերէ։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։ «Ամպային պահեստ» եւ «ամպային պահպանում» ձեւերուն միջեւ վերջնական ընտրութիւն պէտք է կատարել։

CODE — քոտ

Համակարգչային ծրագրի հրահանգները՝ գրուած ծրագրաւորման լեզուով (Կը պահենք «քոտ» ձեւը, որովհետեւ ան արդէն լայնօրէն գործածուող, կարճ եւ անմիջապէս հասկնալի մասնագիտական եզր է, մինչ առաջարկուած հայերէն համարժէքները յաճախ արուեստական կը հնչեն կամ ճշգրտօրէն չեն փոխանցեր անոր համակարգչային իմաստը)։

Օրինակ. Մշակողը քոտին մէջ սխալ մը գտաւ եւ սրբագրեց զայն։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։

CODING — քոտաւորում

Ծրագրաւորման լեզուով համակարգչային քոտ գրելու գործողութիւն կամ աշխատանք։

Օրինակ. Քոտաւորումը միայն հրահանգներ գրել չէ. ան նաեւ խնդիրներ վերլուծելու եւ լուծումներ կառուցելու աշխատանք է։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութեան համապատասխան։ «Քոտաւորում»-ը բնական ածանցում է կայքին մէջ արդէն գործածուած «քոտաւորել» ձեւէն։

COMPUTER SCIENCE — համակարգչային գիտութիւն

Գիտական եւ արհեստագիտական բնագաւառ մը, որ կ’ուսումնասիրէ հաշուարկը, ալկորիթմները, ծրագրաւորումը, տուեալները եւ համակարգչային համակարգերը։

Օրինակ. Մեքենական ուսուցումը համակարգչային գիտութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկն է։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։

COMPUTER VISION — համակարգչային տեսողութիւն

ԱԻ-ի բնագաւառ մը, որ համակարգիչներուն կարելիութիւն կու տայ պատկերներու եւ տեսանիւթերու մէջ առարկաներ, մարդիկ, ձեւեր կամ այլ տեսողական տեղեկութիւններ ճանչնալու եւ վերլուծելու։

Օրինակ. Համակարգչային տեսողութիւնը կրնայ գործածուիլ բժշկական պատկերներու վերլուծութեան համար։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

COMPUTING — հաշուարկ / համակարգչային հաշուարկ

Համակարգիչներու միջոցով տուեալներ մշակելու կամ հաշուարկային գործողութիւններ կատարելու գործընթացը կամ կարողութիւնը։

Օրինակ. Մեծ ԱԻ մոտելներու մարզումը հսկայական հաշուարկային կարողութիւն կը պահանջէ։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութեան համապատասխան։

CONTENT MODERATION — բովանդակութեան վերահսկում

Թուային հարթակի վրայ հրապարակուած բովանդակութիւնը կանոններու համաձայն ստուգելու, դասակարգելու, սահմանափակելու կամ ջնջելու գործընթաց մը։

Օրինակ. Ընկերային ցանցերը ԱԻ կը գործածեն բովանդակութեան վերահսկումին մէկ մասը ինքնագործ դարձնելու համար։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։ «Բովանդակութեան վերահսկում»-ը յստակ է, բայց moderation-ի ամբողջ իմաստը չի փոխանցեր։

CONTEXT — քոնթեքսթ

(«Քոնթեքսթ» ձեւը կը նախընտրենք օրինակ «համածիր»-էն կան «շրջագիծէն», որովհետեւ անիկա արդէն ճանաչելի եւ գործածուող մասնագիտական եզր է, մինչ «համածիր»-ը այս իմաստով բնական ու անմիջապէս հասկնալի չէ արեւմտահայ ընթերցողին համար)։ Բառի, նախադասութեան, հարցումի կամ տեղեկութեան շրջապատող բովանդակութիւնը, որ անհրաժեշտ է անոր իմաստը ճիշդ հասկնալու համար։

Օրինակ. ԱԻ համակարգը բառին նշանակութիւնը կը փորձէ որոշել անոր քոնթեքսթէն։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

CONTEXT WINDOW — քոնթեքսթի պատուհան

Տեղեկութեան այն սահմանափակ ծաւալը, զոր լեզուական մոտելը կրնայ մէկ անգամուան ընթացքին նկատի ունենալ՝ պատասխան պատրաստելու համար։

Օրինակ. Քոնթեքսթի աւելի մեծ պատուհանը ԱԻ-ին կարելիութիւն կու տայ աւելի երկար բնագիրներ միաժամանակ մշակելու։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։

COPYRIGHT — հեղինակային իրաւունք

Իրաւական պաշտպանութիւն, որ հեղինակին կամ իրաւատիրոջ որոշ իրաւունքներ կու տայ ստեղծագործութեան օգտագործման, տարածման եւ վերարտադրման նկատմամբ։

Օրինակ. Ծնող ԱԻ-ի տարածումը հեղինակային իրաւունքի վերաբերող նոր հարցեր ստեղծած է։

Կարգավիճակ. Ընդունուած գործածութիւն։

CYBERATTACK — թուային յարձակում

Համակարգչային համակարգ մը, ցանց մը, սարք մը կամ տուեալներ վնասելու, խափանելու, գողնալու կամ անոնց ապօրինի հասանելիութիւն ստանալու նպատակով կատարուած յարձակում մը։

Օրինակ. Թուային յարձակումը ժամանակաւորապէս խափանեց կազմակերպութեան համակարգերը։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։

CYBERSECURITY — թուային անվտանգութիւն

Համակարգիչները, ցանցերը, սարքերը եւ տուեալները թուային յարձակումներէ, գողութենէ կամ վնասէ պաշտպանելու միջոցներու եւ գործելակերպերու ամբողջութիւնը։

Օրինակ. Թուային անվտանգութիւնը այլեւս միայն մեծ ընկերութիւններու հարցը չէ. ան կը վերաբերի նաեւ անհատ օգտագործողներուն։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x