Կերի Կարապետեան. Լիբանանեան շարժապատկերի մոռցուած ռահվիրան

Լիբանանահայ մշակոյթի պատմութիւնը յիշելու ատեն սովորաբար կը խօսինք գրողներու, նկարիչներու, երաժիշտներու, թատերական գործիչներու եւ կրթական մշակներու մասին։ Շարժապատկերը գրեթէ լուսանցքային տեղ կը գրաւէ այդ յիշողութեան մէջ։

Այդ գրեթէ մոռցուած անուններէն մէկն է Կերի Կարապետեանը (1935–1968)՝ բեմադրիչ մը, որ ապրեցաւ միայն 33 տարի, բայց յաջողեցաւ կարեւոր դեր խաղալ լիբանանեան հեռատեսիլի կազմաւորման տարիներուն եւ 1960-ականներուն լիբանանեան շարժապատկերի ձեւաւորման մէջ։

Այսօր Կերի Կարապետեանը յիշելու առիթը կը պարտինք լիբանանահայ «Արարատ» օրաթերթին, որ վերջերս Ն. Ճ. ստորագրութեամբ յօդուած մը նուիրած էր մեծ բեմադրիչին՝ յոյս յայտնելով, որ հայ մամուլը կ՚անդրադառնայ անոր եւ, ինչու չէ, ըստ արժանւոյն ձեռնարկ մը կը կազմակերպէ։

Կարապետեան նաեւ այն սակաւաթիւ հայերէն էր, որ կանուխէն ջնջեց այն արուեստական սահմանը, որ զինք կը բաժնէր շրջապատող հասարակութենէն։ Անոր ստեղծագործական աշխարհին մէջ իրարու հանդիպեցան հայկական ծագումը, լիբանանեան իրականութիւնը եւ, կեանքի վերջին հանգրուանին՝ պաղեստինեան հարցը։

Պաղտատէն՝ լիբանանեան պատկերասփիւռ

Կարապետեանի կենսագրութեան կարգ մը մանրամասնութիւնները տակաւին անորոշ կը մնան։ Գոյութիւն ունեցող աղբիւրներուն համաձայն, ան ծնած է Պաղտատ՝ 1935-ին: 1950-ին տեղափոխուած է Լիբանան եւ ուսանած Ալէյի մէջ։ Նոյն աղբիւրները կը նշեն, որ ան շարժապատկեր ուսանած է Սան Ֆրանսիսքոյի եւ ապա Լոնտոնի մէջ։

1959-ին կը միանայ լիբանանեան նորաստեղծ պատկերասփիւռին եւ կը դառնայ անոր առաջին բեմադրիչներէն մէկը։ Անոր անունին հետ կը կապուին «Ապու Մելհեմ», «Քննիչ Համտիի յուշերը» եւ «Շահրազատի ամենագեղեցիկ գիշերները» յայտագիրները։

Այս հանգամանքը կարեւոր է Կարապետեանի տեղը հասկնալու համար։ Ան լիբանանեան մշակութային կեանքի լուսանցքին վրայ գործող հայ արուեստագէտ մը չէր։ Ան մասնակից էր արաբալեզու լիբանանեան զանգուածային մշակոյթի ձեւաւորման առաջին հանգրուաններէն մէկուն։

Շուտով պատկերասփիւռէն կ’անցնի նաեւ շարժապատկեր։

«Կարօ». տեսնել ուրիշ Պէյրութ մը

Կարապետեանի անունը այսօր առաջին հերթին կապուած է «Կարօ» շարժապատկերին։

1960-ականներուն, լիբանանեան շարժապատկերը մեծ վերելք մը կ’ապրէր, բայց արտադրութեան մէկ կարեւոր մասը կը հետեւէր առեւտրական եւ երաժշտական շարժապատկերի ընդունուած կաղապարներուն։ Կարապետեան կ’ընտրէ ուրիշ ճամբայ մը։

«Կարօ»-ն ոճրագործի մը պատմութիւն էր, բայց անոր ետին կար ընկերային իրականութիւն մը՝ աղքատութիւնը, անարդարութիւնը եւ մարդուն ճակատագրին վրայ միջավայրին ազդեցութիւնը։ Գլխաւոր դերակատարը Մունիր Մաասրին էր, իսկ աղբիւրները Կարապետեանին կը վերագրեն բեմադրութեան կողքին նաեւ սենարիոյի, մոնթաժի եւ նկարահանման աշխատանքներ։

Աւելի կարեւորը՝ Կարապետեան իր քամերան կ’ուղղէ դէպի այն Պէյրութը, որ այդ տարիներու փայլուն եւ զբօսաշրջային պատկերին մէջ յաճախ անտեսանելի կը մնար։

Շարժապատկերը նկարահանուած էր Մար Մխայէլի, Քարանթինայի եւ Պուրճ Համուտի շրջակայքին մէջ՝ ներկայացնելով քաղաքի նիւթապէս անապահով խաւերը։ AUB-ի ուսանողներէն մէկուն դոկտորական թեզը (Տեսնել այս կապով) ճիշդ այս տարբերութիւնը կը շեշտէ՝ «Կարօ»-ն հակադրելով ժամանակի Լիբանանը գեղեցկացնող շարժապատկերային պատկերացումին։

Իտալական Treccani շարժապատկերային հանրագիտարանը «Կարօ»-ն կը ներկայացնէ որպէս լիբանանեան առաջին նորիրապաշտական (neorealist) շարժապատկերը՝ հայ գաղթականի մը մասին, որ աղքատութեան պատճառով կը մղուի ոճիրի։ Քաննի փառատօնին կողմէ հրապարակուած լիբանանեան շարժապատկերի պատմական ակնարկն ալ զայն կ’առանձնացնէ տասնամեակի գեղարուեստական նշանակութիւն ունեցող գործերուն մէջ (Տեսնել այս կապով)։

Հետեւաբար «Կարօ»-ն կարեւոր չէ միայն այն պատճառով, որ հայ բեմադրիչ մը ստեղծած է զայն։ Ան կարեւոր է լիբանանեան շարժապատկերի պատմութեան մէջ, որովհետեւ կը փորձէ տեսնել իրականութիւն մը, զոր ուրիշներ հազուադէպ կը տեսնէին։

Թերեւս Կարապետեանի ժառանգութեան ամենէն հետաքրքրական երեսը այն է, որ ան հայ էր՝ առանց հայկական սահմաններու մէջ բանտարկուելու։ Ան չէր մոռցած իր հայկական արմատները։ «Կարոյի» աշխարհը նոյնիսկ մասամբ կ’անցնէր  Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերէն։ Բայց անոր ստեղծագործական կեանքը չէր սահմանափակուեր հայ համայնքով։

Ան արաբալեզու պատկերասփիւռի բեմադրիչ էր։ Լիբանանցի եւ արաբ դերասաններու հետ կ’աշխատէր։ Իր նիւթը Պէյրութն էր, աղքատութիւնը, ընկերային անարդարութիւնը, քաղաքին աղքատ թաղամասերը։ Այս իմաստով ան այն լիբանանահայերէն մէկն էր, որոնք իրենց ինքնութիւնը պահպանելով հանդերձ՝ ամբողջութեամբ մաս կը կազմէին իրենց ապրած երկրի մշակութային կեանքին։ Ան ոչ թէ իր հայկականութենէն հրաժարած էր լիբանանցի դառնալու, այլ երկուքը ներդաշնակած էր իրարու։

Իսկ իր վերջին գործով այդ շրջանակը աւելի եւս կ’ընդարձակուէր:

1968-ին Կարապետեան կը պատրաստէր «Մենք բոլորս ֆետայիներ ենք» (Kullunā Fidāʾiyyūn) շարժապատկերը, որ կ’առնչուէր պաղեստինեան դիմադրութեան։

Այս գործը խորհրդանշական տեղ ունէր անոր կարճ ճանապարհին մէջ։

«Կարօ»-ով ան կ’արծարծէր Պէյրութի ընկերային հարցերը։ Իր վերջին շարժապատկերով ան կը մօտենար հարցի մը, որ շուտով պիտի դառնար Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանի պատմութեան առանցքներէն մէկը։ Հոս Կարապետեանի երեք աշխարհները կարծես իրարու կը հանդիպին՝ հայկական ծագումը, լիբանանեան մշակութային պատկանելիութիւնը եւ պաղեստինեան իրականութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը։

Բայց այդ վերջին շարժապատկերը պատճառ պիտի դառնար նաեւ անոր կեանքի ողբերգական վախճանին։

Պէյրութի շրջանին մէջ գտնուող Purgatoire գիշերային վայրին մէջ նկարահանման ընթացքին տեղի ունեցած հրդեհ-պայթումը Կարապետեանի եւ ուրիշներու կեանքը կը խլէ։ Աղէտին ճշգրիտ հանգամանքներուն եւ գործածուած նիւթերուն մասին աղբիւրները հակասական տեղեկութիւններ կու տան, ուստի մանրամասնութիւններուն պէտք է զգուշութեամբ մօտենալ։

Կարապետեան ընդամէնը 33 տարեկան էր։

2023-ին Ալեքսիս Կիյէի Purgatoire (Cinema That Kills) վաւերագրական շարժապատկերը կրկին կ’անդրադառնայ այդ ողբերգութեան՝ ականատեսներու, դերասաններու եւ ընտանիքի անդամներու վկայութիւններուն միջոցով վերակազմելով ոչ միայն պատահարը, այլեւ Կարապետեանի վերջին շարժապատկերին ստեղծման պայմաններն ու զայն շրջապատող քաղաքական միջավայրը։

Կերի Կարապետեանը պարզապէս լիբանանահայ բեմադրիչ կոչելը բաւարար չէ։ Ան Լիբանանի շարժապատկերի պատմութեան մեծ դէմքերէն մէկն էր, որ նաեւ հայ էր: Մենք լիբանանահայ մշակութային ժառանգութիւնը յաճախ կը փնտռենք հոն, ուր յստակօրէն հայկական հաստատութիւն, հայերէն լեզու կամ հայկական թեմայ կայ։ Բայց Սփիւռքի մշակութային ներկայութիւնը միայն այն չէ, զոր հայերը ստեղծած են հայերուն համար։ Ան նաեւ է այն, զոր հայերը ստեղծած են իրենց ապրած երկիրներուն մէջ եւ ա՛յդ երկիրներուն համար։ Կարապետեան այդպիսի դէմք մըն էր։

Անոր հայկական ինքնութիւնը պատնէշի չէր վերածուեր իր եւ իր նոր հայրենիքին միջեւ. ընդհակառակը՝ ան այդ ինքնութեամբ կը մասնակցէր լիբանանեան մշակութային կեանքին եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէր անոր կերտումին։ «Կարօ»-ի միջոցով ան կը դառնար վկան Պէյրութի այն խաւերուն, զորս շատեր չէին տեսներ կամ չէին ուզեր տեսնել, իսկ իր կարապի երգով իր հորիզոնը կ’ընդլայնէր` բացուելով պաղեստինեան դատին։

Թերեւս այս է նաեւ պատճառը, որ այսօր կարեւոր է վերականգնել անոր ժառանգութիւնը։ Ոչ միայն որովհետեւ Կերի Կարապետեան հայ էր։ Ոչ միայն որովհետեւ երիտասարդ մահացաւ։ Ոչ միայն որովհետեւ մեծ բեմադրիչ էր: Այլ որովհետեւ ան մեզի կը յիշեցնէ, որ կարելի է խորապէս հայ ըլլալ՝ առանց միայն հայկական սահմաններու մէջ ապրելու եւ ստեղծագործելու։ Կարելի է սեփական ինքնութիւնը պահել՝ առանց զայն մեկուսացումի վերածելու։

Կարելի է հայ ըլլալ եւ միաժամանակ մասնակցիլ Լիբանանի մշակութային կեանքին, տեսնել անոր ընկերային ցաւերը եւ արձագանգել շրջանի ուրիշ ժողովուրդներու հարցերուն։

Կերի Կարապետեան շատ կարճ կեանք ունեցաւ։ Բայց այդ կարճ ժամանակը բաւարար եղաւ, որ ան իր հետքը ձգէ ոչ միայն լիբանանահայ, այլեւ լիբանանեան շարժապատկերի պատմութեան մէջ։

Եւ թերեւս ժամանակն է, որ մենք ալ հո՛ն յիշենք զինք։

 

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x