Երբ ուրիշին խաղը կը խաղանք՝ Հայտեկերեան պատրանքներով

2014-ին Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ քաղաքին մէջ հրատարակուեցան գերմանացի նշանաւոր փիլիսոփայ Մարթին Հայտեկերի (Martin Heidegger) «Սեւ նամակները», որոնք աննկարագրելի խառնաշփոթ եւ գայթակղութիւն յառաջացուցին գիտական աշխարհին մէջ։ Շատեր խորապէս վրդոված էին, որ Հայտեկերը ոչ միայն կապ ունեցած է նացիներուն հետ, այլ ինքն իսկ նացիական գաղափարներու կողմնակից եղած է։ Մտքերու մեծ խմորում տեղի ունեցաւ, բազմաթիւ բանավէճեր եւ մեծ հիասթափութիւն՝ այն պատճառով, որ ի դերեւ ելան այն պատկերացումները, թէ Հայտեկերի կապը նացիներուն հետ պարտադրուած էր, քանի որ այդ նամակներէն յստակ կը դառնայ, որ Հայտեկերը երբեք չէ հրաժարած նացիական գաղափարախօսութենէն։ Մեծ հաշուով ասիկա պէտք չէր անակնկալ ըլլար, քանի որ իր կենդանութեան օրերուն եւս Հայտեկեր երբեք չէ թաքցուցած իր կապը, իր դրուատանքն ու քննադատութիւնը տարբեր գաղափարախօսութիւններու, այդ կարգին՝ նացիզմի նկատմամբ։

Հարցը այն էր ու տակաւին է, թէ ինչպէ՞ս կրնար Հայտեկերի նման մեծ մտածողը, եւրոպական գոյաբանութեան հիմնադիրը, հանճարեղ փիլիսոփան, առանց որուն պիտի չըլլային Սարթրը, Ֆուքոն եւ ուրիշներ, յանկարծ մտնել նացիզմի պաշտպանութեան եւ ջատագովութեան ոլորտ։ Ինչպէ՞ս կրնար նման մեծ ու լայնախոհ մարդ մը դառնալ Հիթլերի գաղափարակիցն ու պաշտպանը, երբ կը զբաղեցնէր Ֆրայպուրկի համալսարանի վերատեսուչի պաշտօնը։ Այս հարցը, նման ձեւակերպումը, շատ նենգաշարժ կրնայ հնչել, եթէ ան դիտուի այսօրուան՝ 2026-ի կուշտ եւ ապահով ազատականութեան դիրքերէն, մինչդեռ իրականութիւնը շատ աւելի բազմաշերտ ու ցաւալի է։

Հայտեկերը, որ, ի դէպ, աստիճանաբար հիասթափուեցաւ նացիներէն, քննադատեց զանոնք եւ բռնաճնշումներու ենթարկուեցաւ, եւրոպական քաղաքակրթական ճգնաժամի խորհրդանշական մոլորութեան գլխաւոր կերպարներէն էր։ Հայտեկերը այն փիլիսոփան էր, որ ականատես կ’ըլլար եւրոպական քաղաքակրթութեան ինքնաոչնչացման։ Անոր աչքերուն առջեւ Եւրոպան կը կործանէր։ Բոլոր գաղափարներն ու մեթոտները գործնականօրէն անարժէք կը դառնային, ամէն ինչ գլխիվայր կը շրջուէր։

Հայտեկեր նախ իր աչքերով տեսաւ 1914–18-ի համաշխարհային պատերազմն ու սարսափեցաւ՝ տեսնելով, թէ ինչպէս քաղաքակրթութեան օրրան հանդիսացող Եւրոպան խելագարի նման սպանդանոցի վերածուեցաւ, ապա տեղի ունեցաւ չտեսնուածն ու չլսուածը՝ պետութիւններու քայքայում ու կործանում, նաեւ՝ գերմանական կայսրութեան, եւ անշուշտ բոլշեւիկեան յեղափոխութիւնն ու կարմիր Ռուսաստանի յարձակողական ու նուաճողական գրոհը բոլոր ուղղութիւններով։

Հայտեկերի ճանչցած Եւրոպան այլեւս գոյութիւն չունէր։ Այդ բոլորէն բացի, արուեստներով եւ մշակոյթով փառաբանուած Իտալիոյ մէջ գլուխ բարձրացուցած էր ֆաշիզմը, պարտուած Գերմանիոյ Վայմարեան Հանրապետութիւնը ամբողջովին հեղինակազրկուած էր ու պարտուած նացիներէն, Սպանիոյ մէջ եւս ֆաշիսթական կարգեր հաստատուեցան, Փորթուկալի մէջ՝ Սալազարի հեղինակատիրական բռնապետութիւնը։ Ընկերվարականները ձախողեցան բոլոր ճակատներու վրայ։ Այն, ինչ որ կարելի չէր տեսնել նոյնիսկ ամենավատ երազին մէջ, արդէն փաստացի իրականութիւն էր, ընդ որում՝ յաղթող իրականութիւն։

Հայտեկեր Ի՞նչ պէտք էր ընէր այդ իրավիճակին մէջ, երբ կը տեսնէր, թէ իր երազած Եւրոպան արիւնաքամ եղած է, կը տառապի թունաւոր գաղափարախօսութիւններէ եւ ճզմուած է թեքնոքրաթական դրամատիրական Միացեալ Նահանգներու ու բոլշեւիկեան Ռուսաստանի միջեւ։

Հայտեկեր ընտրեց երրորդ՝ ոչ նուազ կործանարար ճանապարհը՝ նացիզմը՝ փորձելով ազգային վերելքին մէջ տեսնել գերմանական առաջնորդութեամբ եւրոպական նոր վերելքը։ Հայտեկեր ըստ էութեան կը փորձէր գերմանական նացիզմին մէջ տեսնել այնպիսի դեր մը, որ իր ժամանակին կատարեց ֆրանսական մեծ յեղափոխութիւնը՝ նոր շունչ տալով Եւրոպային։

Հայտեկեր, անշուշտ, արագ հիասթափուեցաւ նացիներէն, բայց ոչ՝ նացիզմէն։ Ան մինչեւ իր կեանքին վերջը հաւատարիմ մնաց իր պատկերացուցած նացիզմին՝ համարելով, որ այդ ազգային-փիլիսոփայական վերելքն է, որ Եւրոպան քաղաքակրթական առումով աւելի ամուր պիտի դարձնէ, մանաւանդ որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Եւրոպան ամբողջովին ենթարկուեցաւ ամերիկեան դրամագլուխին։ Հայտեկերի մեծութեան կողքին քալող իր նացիստական ստուերին ամենամութ երանգը, անշուշտ, անոր հակասեմականութիւնն էր։

Ի հակադրութիւն Հայտեկերի՝ նոյն տարիներուն Եւրոպացի մէկ այլ մեծ մտածող՝ Եոհան Հայզինկան (Johan Huizinga) խստօրէն դատապարտեց ֆաշիզմն ու նացիզմը, Նետերլանտներու գրաւման ժամանակ բռնաճնշումներու ենթարկուեցաւ եւ մահացաւ աքսորի մէջ՝ պատերազմի աւարտէն քանի մը ամիս առաջ։

Homo Ludens-ի տաղանդաւոր հեղինակը, որ իր գործերուն մէջ մարդկային քաղաքակրթութիւնը կը համարէր խաղի ծնունդ, ի շարս այլ գաղափարներու կ’առաջադրէր խաղին սրբազան ըլլալու հանգամանքը՝ նշելով, որ մարդկային խաղը բաղկացած է շարունակական խաղերէ։ Ան կը նշէր, որ խաղի ընթացքին կանոններու խախտումը, սխալ խաղալը կը քանդեն ու կ’ոչնչացնեն այդ մեծագոյն ծէսը, կը պղծեն զայն՝ զրկելով իր բարոյական մաքրութենէն եւ հմայքէն ու յանգեցնելով հասարակական եւ մշակութային արժէքներու փլուզման։ Խաղը մարդկային մշակոյթի հիմքն է, եւ սխալ խաղ խաղալը կամ զայն սխալ խաղալը կրնայ մեծագոյն սարսափի առաջնորդել, ինչպէս, օրինակ, համաշխարհային սպանդանոցի բերանը ինկած եւրոպական ողբերգութիւնը։

Իսկ հիմա վերադառնանք Երեւան՝ գաղափարական պարապութեան եւ ինքնաոչնչացման սլացքի կայարանը։

2020–2023-ին հայկական ինքնութիւնը բախած է մեծագոյն մարտահրաւէրներու։ Բոլոր պատկերացումները փուլ եկած են, կորուստները ծանր են, իսկ յուսահատութիւնը՝ կեանքի անբաժան ուղեկիցը։

Այս իրավիճակին մէջ Հայաստանի մէջ, մեծ հաշուով, կան մեկուսացած քանի մը խումբեր, որոնց մէկ մասը կատաղի ազգայնականութիւն կը խաղայ՝ ինքն իրեն հաշիւ չտալով անոր ինքնաոչնչացման ընթացքին մասին, իսկ միւս մասը՝ յարձակողական ազատականութիւն կը քարոզէ՝ մոռնալով ազգային-մշակութային ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն էութիւնը։

Մենք այժմ ունինք երկու իրարու հակադիր Հայտեկերներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը միամտօրէն կը փորձէ Հայաստանը փրկել՝ զայն դէպի կործանում առաջնորդելով, որովհետեւ անոնց գաղափարները որքան ալ հրապուրիչ, նոյնքան ալ արկածախնդրական են՝ առաջին հերթին հայ ժողովուրդին համար։

Դժբախտաբադ, մերօրեայ գաղափարական դատարկութեան առաջնորդները չունին Հայտեկերի հանճարը՝ առնուազն հասկնալու իրենց առաջնորդութեան իրական էութիւնը, իսկ ոմանք ալ ցուցադրական հայրենասիրութենէն եւ կենցաղային ազատականութենէն անդին չեն կրնար երթալ։ Դեռ այդքան մտաւոր հիմք չունին։ Չեն աճած։

Հետեւանքը՝ հաւատքը կորսնցուցած եւ, ինչ որ աւելի մտահոգիչ է, անտարբերութեան մատնուած հասարակութիւն մը, որուն գաղափարները մեծ մասամբ պարտուած են, եւ ան այլեւս անհրաժեշտութիւն չի տեսներ գաղափար ընտրելու ու զայն կենսագործելու։

Աւելի՛ն, մենք նոյնիսկ չենք հարցներ, թէ ինչպիսի՞ մարդ ու գաղափար կ’արտադրէ Հայաստանը հիմա։ Իսկ ինչպիսի՞ն պէտք է իրականութեան մէջ։ Որքանո՞վ հեռու են անոնք իրարմէ եւ, առհասարակ, ի՞նչ խաղ պէտք է խաղայ այսօրուան Հայաստանը։

Մենք մոռցած ենք, որ քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը եւ այլն նախ եւ առաջ ազգային արժեհամակարգի վրայ խարսխուած իրականութիւններ են, եւ անոնք կը զարգանան կամ կը ծուլանան գաղափարական հիմքի առկայութեան, բացակայութեան կամ նուազումին հետեւանքով։

Մենք առայժմ կը շարունակենք խորանալ եւ խորացնել այս գաղափարական Սեւ Խոռոչը, որուն մէջ ոչ թէ ազգային, այլ առհասարակ որեւէ գաղափարական երանգ չի նշմարուիր։

Հայաստանը, որ այսօր միաժամանակ երկու կողմ կը քաշեն, յայտնուած է սխալ խաղի մէջ։ Հայաստանը ոչ թէ պէտք է ձգտի աւելի լաւ խաղալու այդ երկու ինքնակործան խաղերէն մէկը, այլ պէտք է ստեղծէ իր խաղը, ԻՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ խաղը, եթէ կ’ուզէք։

Հայաստանը պէտք է ինք խաղայ, ոչ թէ գնդակ դառնայ եւ դեռ հպարտանայ, որ ինք ուրիշին խաղը լաւ կը խաղայ։ Հայաստանին իր սեփական եւ ճիշդ խաղը պէտք է, ու այդ խաղին կանոնները դեռ նոր պէտք է գրուին։ Անոնք պէտք է գրուին Հայաստանի մէջ, հայերու կողմէ, հայերու համար։

Հակառակ պարագային՝ մենք արդէն մեծ պարտութիւններ ունինք, իսկ անոնց շարքը կրնայ անտանելիօրէն երկար ըլլալ։

Հին պատասխանները այլեւս չեն գործեր։

Յ.Գ. Դժբախտաբար, յօդուածին չափը թոյլ չի տար բաւարար խորութեամբ քննարկելու Հայտեկերի եւ Հայզինկայի փիլիսոփայական ենթահողը՝ նիւթին վրայ յաւելեալ լոյս սփռելու։ Ընթերցողը կարելիութիւն ունի կարդալու երկուքն ալ եւ, անշուշտ, աւելի յստակ ու ամբողջական պատկերացում կազմելու առաւելութիւնը։

Արայիկ Մկրտումեան

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x