Ինչո՞ւ արուեստը պարտաւոր չէ ինքզինք բացատրելու

Վահէ Պէրպէրեան

Վահէ Պ., «Ափիս մէջ՝ տեղ մը», 2014։ Աքրիլիք՝ կտաւի վրայ, 60 × 60 մատնաչափ։ Լուսանկարը՝ Արմէն Քելեշեանի։ (Այս գործը յօդուածին մէջ նշուած նկարը չէ)

Քանի մը օր առաջ միջին տարիքի զոյգ մը պատկերասրահս այցելեց՝ արուեստի գործ մը գնելու մտադրութեամբ։ Կէս ժամ սրահներուն մէջ շրջելէ եւ գործերը դիտելէ ետք, երկուքն ալ կանգ առին մեծադիր, վերացական ու մինիմալիսթական նկարի մը առջեւ։

— Այս մէկը շատ կը սիրեմ,— ըսաւ կինը՝ ուշադիր զննելով նկարը։— Գեղեցիկ է։

Ամուսինը, որ քայլ մը ետեւը կանգնած էր, խորհրդաւոր կերպով գլխով հաւանութիւն յայտնեց։

— Լաւ է։ Շատ լաւ է։ Գոյներն ալ ճիշդ մեր հիւրասենեակին կը յարմարին։

Շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն։ Սովորաբար նման պահու պատրուակ մը կը գտնեմ հեռանալու, որ մարդիկ առանձին քննարկեն գործը, վիճին գինին շուրջ, որոշեն՝ բազմոցին կը յարմարի՞, թէ՞ ոչ, կամ ընեն այն բոլորը, ինչ որ զոյգերը կ’ընեն արուեստի գործ գնելու ատեն։ Բայց հազիւ հեռանալու պատրաստուած էի, երբ կինը զիս կեցուց այն հարցումով, որմէ ամենէն աւելի կը վախնամ։

— Կրնա՞ք այս նկարին մասին քիչ մը աւելին ըսել։

— Երեք տարի առաջ նկարած եմ զայն, եւ առաջին անգամն է, որ կը ցուցադրեմ։ Միւս գործերէս քիչ մը աւելի մեծ է։ Անոր մէջ ամենէն շատ կը սիրեմ ճերմակութիւնը եւ տարածութեան զգացումը, որ որոշ հանդարտութիւն մը կու տայ նկարին։

Արդէն ըսելիքս սպառած էի։ Ինծի զարմանալի կը թուի, որ յիսուն տարիէ ի վեր գործերս կը ցուցադրեմ, բայց տակաւին կը շփոթիմ, երբ մէկը կը խնդրէ, որ բացատրեմ նկարներէս մէկը։

— Ի՞նչ իմաստ ունի,— կրկին հարցուց կինը՝ այս անգամ աւելի յստակ։

— Անկեղծ ըսեմ՝ գաղափար իսկ չունիմ, թէ ի՛նչ իմաստ ունի։ Եթէ կ’ուզէք, կրնամ անհեթեթ պատմութիւն մը հնարել անոր իմաստին եւ զայն նկարելուս պատճառին մասին, բայց ձեզ այնքա՛ն կը յարգեմ, որ չեմ ուզեր այդպէս ընել։

Ամուսինը օգնութեան հասաւ։

— Գիտէ՞ք ես ի՛նչ կը մտածեմ։ Կարծեմ ձախ կողմի կերպարը սաստիկ գլխացաւէ տառապող կին մըն է։ Գլուխը ձեռքերուն մէջ առած է եւ շատ կը ցաւի, իսկ աջ կողմի կերպարը դեղ մը կը հրամցնէ իրեն։

Ան դարձաւ դէպի ինծի՝ սպասելով, որ հաստատեմ իր ըսածը։ Քաղաքավարօրէն ուսերս թօթուեցի եւ իրեն տուի «թերեւս իրաւունք ունիք» ըսող ժպիտս։

Կինը ուշադրութիւն չդարձուց ամուսինին։

— Այո՛, բայց ի՞նչ իմաստ ունի։

— Իմաստ չունի,— ըսի։— Այն է, ինչ որ է։

Պարզ էր, որ ասիկա իր սպասած պատասխանը չէր։ Թերեւս պատմութիւն մը կ’ուզէր լսել։ Եթէ ըսած ըլլայի, թէ նկարը կը ներկայացնէ ժամանակակից մարդուն մեկուսացումը՝ հետզհետէ մասնատուող հասարակութեան մէջ, թերեւս կրկին պիտի նայէր անոր, լրջօրէն գլխով պիտի ընէր եւ յանկարծ պիտի տեսնէր բան մը, որ հինգ վայրկեան առաջ հոն չկար։

Արուեստը բացատրելու հետ ունեցած դժուարութիւնս ճիշդ ասիկա է։

Նկար մը, բանաստեղծութիւն մը կամ երաժշտական ստեղծագործութիւն մը պէտք է կարենայ ինքն իր միջոցով խօսիլ։ Այն պահուն, երբ նկարիս բացատրութիւնը կու տամ ձեզի` պայման չէ, որ օգնեմ զայն տեսնելու։ Կրնայ նոյնիսկ պատահիլ, որ խանգարեմ ձեր տեսողութիւնը։ Գաղափար մը կը դնեմ ձեր մտքին մէջ, եւ այդ պահէն սկսեալ նկարը դիտելու փոխարէն՝ անոր մէջ իմ բացատրութիւնս կը փնտռէք։

Նոյնն է, երբ երաժշտութիւն մը կը լսէք եւ երգահանին կը հարցնէք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ։ Մեղեդի մը կրնայ ձեզ անտանելիօրէն տխրեցնել՝ առանց տխրութիւնը իր նիւթը ունենալու։ Որոշ հնչիւններ կրնան յիշեցնել սենեակ մը, ուր քառասուն տարիէ ի վեր չէք մտած, մէկը, զոր ժամանակին սիրած էք, կամ բան մը, որուն անունն իսկ չէք կրնար տալ։ Այդ արձագանգներէն ոչ մէկը բացատրութեան կարիք ունի։

Նկարչութիւնն ալ կրնայ նոյն ձեւով ազդել։

Քանտինսքին ասիկա հասկցած էր աւելի քան դար մը առաջ։ Զինք կը հրապուրէր այն կարելիութիւնը, որ նկարչութիւնը կարենայ ընել այն, ինչ որ երաժշտութիւնը այնքան բնական կերպով կ’ընէր արդէն՝ ազդել մեր վրայ, առանց ճանչնալի բան մը ներկայացնելու։ Ան կը հաւատար, որ գոյնն ու ձեւը կրնան ուղղակի ազդել մեր վրայ՝ առանց նախ ծառի, դէմքի, ձիու կամ պտուղով լեցուն պնակի մը վերածուելու։

Ասիկա զիս առանձնապէս կը հետաքրքրէ, որովհետեւ, երբ մեր ծանօթ յենարանները կը կորսնցնենք, կարծես կը սարսափինք։ Մէկու մը ցոյց տուէք ծառի մը տակ նստած կնոջ մը նկարը, եւ ամէն ինչ կարգին է։ Ահա՛ կինը։ Ահա՛ ծառը։ Թերեւս մէկու մը կը սպասէ։ Թերեւս առանձին կը զգայ։ Անմիջապէս պատմութիւն մը կ’ունենանք եւ ապահով կը զգանք։ Հեռացուցէք կինն ու ծառը, թողէք միայն գոյները, ձեւերը, լարուածութիւնն ու տարածութիւնները, եւ յանկարծ կը խուճապինք։

«Ի՞նչ իմաստ ունի»։

Թերեւս ո՛չ մէկ իմաստ ունի։ Թերեւս հարցումը «ի՞նչ իմաստ ունի»-ն չէ, այլ՝ «ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ ձեր վրայ»։ Ասիկա շատ աւելի հետաքրքրական հարցում մըն է։

Իւրաքանչիւր արուեստագէտ ի վերջոյ իր սեփական լեզուն կը մշակէ։ Արուեստագէտ ըլլալու մեծ հակասութիւններէն մէկն ալ այն է, որ կեանքիդ կէսը կ’անցընես՝ փնտռելով լեզու մը, որ անմիջապէս իբրեւ քուկդ ճանչցուի, իսկ միւս կէսը՝ փորձելով խելքդ չկորսնցնել, երբ ոչ ոք կը հասկնայ զայն։

Այդ լեզուն գնահատելը միշտ անմիջապէս չի պատահիր։ Երբեմն պէտք է տարիներով դիտել։ Երբեմն ալ պարզապէս կապ չես զգար որոշ արուեստագէտի մը գործերուն հետ։ Ատոր մէջ սխալ բան չկայ։ Թանգարաններու մէջ շրջած եմ, բոլորին կողմէ գլուխգործոց համարուող նկարներու առջեւ կանգնած ու բացարձակապէս ոչինչ զգացած։ Նկարը չեմ մեղադրեր։ Կը շարունակեմ ճամբաս։

Փիքասօ ժամանակին գրեթէ նոյն միտքը արտայայտած էր՝ խօսելով անոնց մասին, որոնք կը գանգատէին, թէ քիւպիզմը չեն հասկնար։ Ան ըսած էր, որ ինք ալ անգլերէն կարդալ չի գիտեր, հետեւաբար անգլերէն գիրք մը իրեն համար իմաստ չունի։ Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ անգլերէն լեզուին մէջ սխալ բան մը կայ։

Շատ կը սիրեմ այդ միտքը։ Չէք կանգնիր ձեզի անծանօթ լեզուի մը դիմաց ու չէք պահանջեր, որ ան ինքզինք բացատրէ։

Անձամբ ինծի համար սեփական նկարներս բացատրելը առանձնապէս դժուար է, որովհետեւ անոնք չափազանց շատ տարբեր աշխարհներու համադրութիւններ են։ Տարիներ առաջ, երբ կը փորձէի ստեղծագործական ընթացքս ներկայացնել արուեստագէտի յայտարարութեան մը մէջ, գրեցի. «Ես խառնիչ մեքենայ մըն եմ… կամ թերեւս՝ աղացք մը, որ կը մշակէ ամէն ինչ, որ կը կլանեմ։ Ամէն բան կը մտնէ այդ մեքենային մէջ՝ կարդացած գիրքերս, լսած երաժշտութիւնս, բարեկամներս, վախերս, քաղաքական դիրքորոշումներս, սէրերս… Բոլորը ներս կը մտնեն, եւ ես կը մշակեմ զանոնք։ Իսկ աղացքէն դուրս եկածը մէկ բան չէ, այլ իմ կլանած ամէն ինչին տարբեր համադրութիւնները… եւ, անշուշտ, նաեւ այն բոլորին, որ զիս կլանած է»։

Տակաւին կը կարծեմ, որ այս խօսքերը ամենէն մօտն են այն բացատրութեան, զոր կրնամ տալ իմ նկարած գործերուս մասին։ Ուրեմն յաջորդ անգամ, երբ մէկը կանգնի նկարներէս մէկուն առջեւ եւ հարցնէ, թէ ի՛նչ իմաստ ունի, թերեւս պէտք է դադրիմ խելացի պատասխան մը գտնելու ճիգէն։ Պարզապէս պէտք է հարցնեմ իրեն, թէ ի՛նչ կը տեսնէ։

Եւ եթէ կը տեսնէ սաստիկ գլխացաւէ տառապող կին մը, որուն դեղ կը հրամցնեն, թող այդպէս ըլլայ։ Գոնէ նկարը բան մը կը յարուցէ իր մէջ։

Վահէ Պէրպէրեան

(Անգլերէնէ թարգմանութիւն՝ «Տարբերակ21»)

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x