Իր արուեստի գործերուն եւ կազմակերպած ցուցահանդէսներուն ճամբով, Քատէր Աթիէ ի յայտ կը բերէ բանադրանքի ենթարկուած թեմաներ, պատմագրութեան վերաբերող մտահոգութիւններ եւ լուսաբանելի կէտեր։
Անոր անունը կարծես սկսած է դառնալ յետգաղութատիրական խորհրդանիշ մը, որովհետեւ իր գործերուն մեծ մասը հիմնուած է «քաղաքակիրթ» կամ «զարգացած» իշխանութիւններու կիրարկած աղաւաղումներուն, պատմութիւնն ու գաղութատիրութիւնը խեղաթիւրելու եւ զանազան նենգափոխումներու միջոցաւ ոճրագործութիւնները քօղարկելու անոնց ճիգերուն վրայ։
Ան ծնած է Ֆրանսա՝ 1970-ին, ալճերիական ընտանիքի մը մէջ։ Ֆրանսայի գաղութատիրութիւնը Ալճերիոյ մէջ սկսաւ 1830-ին։ Երկու համաշխարհային պատերազմներուն ընթացքին հազարաւոր ալճերիացի եւ ափրիկեցի այլ զինուորներ կռուեցան ֆրանսական բանակին մէջ, սակայն անոնց զոհողութիւնները երկար ժամանակ տեղ չգտան Ֆրանսայի ազգային յիշողութեան մէջ։ Անշուշտ, հոս կ՚արժէ նշել, որ Ֆրանսայի մէջ ալճերիացի ըլլալը կը նշանակէ նաեւ սեփական մորթին վրայ զգալ բացառման ցաւը, ականատես ըլլալ ցեղապաշտութեան հրահրած մշակութային բախումներուն եւ ապրիլ անարդար կեանքի մը սրտաճմլիկ իրականութիւնը։
Անոր միջազգային համբաւը ամրապնդուած է բազմաթիւ տպաւորիչ ցուցահանդէսներով եւ մրցանակներով, որոնցմէ ամենէն նշանակալիցն է 2016-ի Marcel Duchamp մրցանակը։ Այս ճանաչումը առաւել եւս հաստատեց անոր դիրքը՝ իբրեւ աննահանջ արուեստագէտ եւ անառարկելի հեղինակութիւն վայելող մտաւորական։
Քատէր Աթիէի բազմաթիւ գործերուն մէջ ամենէն նշանակալիցներէն մէկը կը նկատեմ «J’accuse» խորագրուած զետեղումը, որ խորունկ բովանդակութեան եւ պատմական խորքի կողքին կը յատկանշուի նաեւ կատարողական բացառիկ վարպետութեամբ՝ իրարու կամրջելով քանդակագործութեան եւ շարժապատկերի աշխարհները։

Այս գործը կարելի է վերլուծել եւ ընկալել ոչ միայն իբրեւ պատերազմի ու արիւնահեղութեան դէմ յայտարարութիւն, այլեւ՝ իբրեւ քննադատութիւն այն պատկերացումներուն ու պատրանքներուն, զորս եւրոպացիները ձեւաւորած են «եւրոպացիին» եւ «Ուրիշին» մասին։ Գործը համառօտ քննարկում մըն է անմարդկայնութեան, մշակութային նորոգման եւ հոգեվերլուծութեան մասին։
Ո՞վ իրաւունք ունի մեկնաբանելու կամ քննելու «Ուրիշը», եւ ո՞վ կրնայ սահմանել կրթութեան ու մշակութային նրբաճաշակութեան չափանիշները։
Սենեկալցի երեք արհեստաւորներու աջակցութեամբ՝ Աթիէ կը պատրաստէ տասնեօթը դիմաքանդակներ, որոնք կը պատկերեն Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած եւ դիմագիծերը խեղուած ֆրանսացի զինուորներ։ Պատերազմի վեթերան գնդապետ Իվ Փիքօ զանոնք կոչած է «les gueules cassées»՝ «խեղուած դէմքերը»։

Այս կիսանդրիները քանդակուած են վիրաւորներու լուսանկարներուն հիման վրայ։ Գործերուն ոճն ու ոգին, դիմագիծերու եւ արտայայտութիւններու ներկայացման եղանակը եւ, յատկապէս, իբրեւ նիւթ ափրիկեան թէք (teak) փայտի գործածութիւնը կը յիշեցնեն ափրիկեան դիմակները։
Յստակ է, որ Աթիէ դիտումնաւոր կերպով ուզած է գործածել ափրիկեան գեղարուեստական լեզուն՝ գաղութատիրական բռնութեան եւ վայրագութեան դէմ մարտակոչ բարձրացնելու համար։
Ափրիկեան գեղարուեստական ոճն ու մշակոյթը եւրոպացի կարգ մը գիտնականներու, պատմաբաններու եւ արուեստի քննադատներու կողմէ երբեմն կը նկատուէին իբրեւ անմշակ, միամիտ կամ «նախնական»՝ զանոնք հակադրելով եւրոպական արդիականութեան, գիտական ու ճարտարագիտական յառաջդիմութեան եւ տնտեսական ու ընկերային զարգացման։ Եւրոպակեդրոն եւ գաղութատիրական տեսանկիւնէ՝ ափրիկեան հասարակութիւնները կը ներկայացուէին իբրեւ «յետամնաց», զարգացման նախնական հանգրուանի վրայ գտնուող, նոյնիսկ՝ վայրենի։
Աթիէ կը փոխէ եւ կը շրջէ եւրոպական դիտանկիւնը։ «J’accuse» գործին մէջ Ա. Համաշխարհային պատերազմի վիրաւոր զինուորները՝ այսպէս կոչուած «խեղուած դէմքերը», կը դառնան եւրոպական արդիականութեան հակասութիւնները բացայայտող միջոց մը։ Պատերազմը, որ տեղի ունեցաւ արդի գիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ռազմական յառաջդիմութեան բարձրագոյն շրջանին, միաժամանակ կը քանդէր մարդկային մարմինը եւ կը խաթարէր բարոյական արժէքները։
«Նախնական» նկատուած մշակոյթի մը գեղագիտական լեզուն այսպիսով կը վերածուի Եւրոպան եւ անոր հռչակած արդիականութիւնը վերլուծելու ու քննադատելու լաւագոյն միջոցներէն մէկուն։
Աթիէի գործը մտածել կու տայ, թէ գիտական եւ ռազմական յառաջդիմութիւնը անպայման քաղաքակրթական կամ մարդկային յառաջդիմութիւն չի նշանակեր։
Հոս պէտք է անդրադառնալ Աթիէի մտածողութեան եւ անոր արուեստին էութեան հիմնական մէկ կէտին՝ «նորոգում» (repair) հասկացութեան։ Ուսումնասիրելով ափրիկեան նորոգուած արուեստի գործերը՝ ան նկատած է, որ դիմակներու, արձանիկներու եւ այլ արժէքաւոր առարկաներու ճեղքերը յաճախ կը նորոգուին տեսանելի կարերով կամ մետաղեայ կեռերով՝ առանց վնասուածքին հետքերը ծածկելու։

Աթիէ այս գործելակերպը կը հակադրէ «նորոգում»ի արեւմտեան ըմբռնումին, ըստ որուն՝ առարկան պէտք է վերադարձուի իր սկզբնական տեսքին՝ հնարաւորին չափ անթերի։ Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք զարգացած վիրաբուժութեան մէջ, յատկապէս gueules cassées՝ «խեղուած դէմքեր» ունեցող զինուորներու պարագային, նպատակը հետզհետէ դարձաւ վիրաւոր դէմքը հնարաւորինս վերադարձնել իր նախկին ամբողջականութեան՝ զանազան պատուաստումներու եւ դիմակներու միջոցով, այդպիսով ծածկելով պատերազմէն մնացած հետքերը։

Վնասուածքը պահելով՝ իշխանութիւնները իրականութեան մէջ չեն նորոգեր կոտրուածը, այլ կը ծածկեն զայն՝ փորձելով ջնջել վնասուածքին պատմութիւնը՝ բռնութեան յիշողութիւնը։
Աթիէ պատերազմի խեղուած դէմքերը կը դնէ Ապէլ Կանսի հակապատերազմական պատգամ կրող շարժապատկերին դիմաց։
Այսպիսով, Աթիէ եւրոպացին կը մղէ վերատեսութեան ենթարկելու իր իսկ պատմութիւնը՝ կարծես անոր առիթ մը եւս ընծայելով՝ անկեղծօրէն նորոգելու պատմութեան այդ ճեղքերը։



